Վանքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱՆՔԸ (ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ՄԸ ՕՐԱԳԻՐԸ)
Է.

Դեկտեմբեր. . . .

Գիշերը խուցս քաշուեցայ, Նարեկէն հատուածներ կը կարդամ։

Այլուր՝ երբեք այսքան ըմբռնելի եւ վսեմ երեւցած չէր ինծի այդ աստուածային գործը։ Հիմա կը հասկնամ Նարեկի ճգնարանին արժէքը։ Մարդկային ձեռքերէ դիտմամբ դուրս նետուած մենաւոր եւ կորսուած կէտի մը վրայ է որ հոգին կրնայ գտնել անաշխարհիկ մտածումը ու երկնային ներշնչման անձնատուր կ’ըլլայ։

Կեանքի ձեւերէն զուրկ այս մենարանը՝ գիշերներու անսփոփ խաւարին մէջ, ձիւնի գթութեանն ու հողմերու պահպանութեանը յանձնուած, սրտիս մէջ կ’արթնցնէ երկիւղածութեան կայծը, ու խռովելէ յետոյ հոգիս՝ անոր վրայ սպեղանիներու նման կը ծաւալէ իրերու իտէական եւ անշահախնդիր վայելումը։

Իրա՛ւ Նարեկէն առաջին անգամ ըլլալով գերբնականին ճաշակը կ’ընդունիմ, նման մեղապարտի մը, որ ոսկեայ սկիհէն կը ստանայ, ծիրանի գինիով օծուն հաղորդութեան մասնիկը։

Այս հոգեկան վայելումներս քիչ կը տեւեն սակայն, կը պատահի որ գիրքը գոցելէս անմիջապէս վերջ՝ օրուան հոգերով բեռնաւորուիմ կամ թէ սիրոյ մը զօրաւոր հրապոյրն զգամ։

Ի՞նչպէս մեղմել կիրքը երիտասարդի մը, ըլլա՜յ կղերական, կարմիր արիւնին մէջ, ի՞նչպէս սպանել մտածումը որ երակներուն ջերմին սարսուռէն կ’արթննայ եւ կ’ըղձայ բաներուն էն ամօթալին այլ անո՜ւշը, կինը։

Նարեկացին չտառապեցա՞ւ արդեօք կուսական մարմին կարօտով. Աղթամարի մէջ յայտնուող Աստուածամարը իր երազին կինը չէ՞ր արդեօք։ Ապաշաւի այդքան հզօր աղաղակներ հանելու համար, մեղքերու նոյնքան ուժգին խածատումը զգալու է մարդ։

Ամօթալի բաներ կ’ըսես Արտակ, ամօթալի՜…

Չեմ կրցած հաշտեցնել մատղաշ տարիքն ու պարտքը՝ զոր Եկեղեցին դրած է մեր վիզին անուրի մը նման։ Իրա՛ւ Նարեկն ու զբաղումներս կը մոռցնեն շատ անգամ կիրք, բայց սպաննել չեն կրնար, անյուսալի րոպէի մը այնպէս կ’ելլէ նստելու մէջս՝ որ ես անոր ստացուածքը կ’ըլլամ։ Պէտքը կը զգամ բաներու, զորոնք վայելած չեմ, բայց համով ըլլալու են. սիրուիլ, շոյանք ստանալ, էգ մարմինի մը հետ առընչակցիլ կ’ուզեմ։

Ես ձախաւեր մը եղած եմ, միշտ ըսեր եմ ասիկա, ամչկոտ մէկը, չեմ կրցած ընել այն՝ որուն արդէն տէր են վարդապետներու մեծ մասը։ Պոլսոյ վարդապետներէն շատեր սիրուհիներ կը պահեն, ու քանի մը եպիսկոպոսի զաւկըներուն վրայ կը խօսուէր։

Այս գիշեր նոյն չարչարանքը այցելեց ինծի, քունը չմօտեցաւ աչքերուս։ Կիսովին հագուած գացի որբերու յարկաբաժինը։ Բարձրանալով սանդուխներէն ու մութ նրբանցքէն անցնելով՝ գտայ ինքզինքս ննջասենեակներուն մօտ։ Լռութեան մէջ շնչառութիւններու ալեակը կը փռուէր մեղմին այլ յարատեւ կոծումով։

Գետնին վրայ ձգուած երկու շարք անկողիններու մէջ թեթեւ քայլերով պտտեցայ՝ քանի մը վերմակներ ուղղելով։ Ոմանք իրարու հետ պառկեր էին, երկու վերմակ ունենալու համար։ Լա՛ւ չէ այդ բանը, սակայն ցուրտն ալ անողոք է, այնքան անողոք որ քիւերէն սառի սլաքներ կառկախուին ու ամէն առտու քանի մը սափոր ճաթած կը գտնենք…

Իմ սարսուռս ալ նուազ չէր. ապակիները սառեր էին՝ ծածկուած եղեամի հաստ խաւով մը. հովը կուգար անընդհատ քերուրտիլ անոնց վրայ, հեռաւոր աղաղակներու՝ իր ծեծուող կողերուն զայրոյթը խառնելով։

Լռութիւնը կը սիրեմ՝ սակայն եթէ շատ երկար տեւէ վախով կը լեցուիմ։ Ան մէջս կ’արթնցնէ միսթիքական բան մը ու գութով կ’ողողէ էութիւնս։

Բաւական պտտելէ վերջ այդ վախը զգացի. խորհեցայ լուսամուտներուն առջեւ, ձիւնակոյտերու տակ պառկած պաղ դամբաններուն ու անոնց մէջ քայքայուող մարմիններու վրայ։ Մանկութեան օրերէս ի վեր հաւատացած եմ չար ոգիներու գոյութեան. դեռ տղայ ամէն գիշեր ուրուականներ կը տեսնէի, որոնք զիս կը գրկէին վեր բարձրացնելով ու կը ձգէին պարապին մէջ մեծ քրքիջներ արձակելով, ահաբեկ լաց մը կը ձգէի եւ ծնողքս հազիւ կրնային սփոփել զիս։

Երբեմնի այդ նախապաշարումներն իրենց հետքը ձգած են վրաս, հիմա ալ թափուր վայրերու երկիւղով կը սնիմ…

Ու իրաւ ի՞նչ է վանք մը գիշեր ատեն, մանաւանդ ասանկ ձմեռ գիշեր մը. դամբան ափ մը մարդոց։ Տեսակ մը կղզի է ան զոր կ’արգելափակեն բնութեան անողոք օրէնքներն, ձիւնն ու հովը։

Այցելող չկայ, չկայ ուխտաւոր, ուղեւոր մը անգամ՝ օրուան լոյսով իր մօտէն չանցնիր։

Շաբաթներէ ի վեր ճերմակ մասնիկներ կ’արշաւեն միահարթ տարածութեան մը վրան, մռայլ երկնքի մը տակ, իբր թէ ալ արեւուն լոյսը յուսալ երազ մը ըլլար, ու կեանքին դառնալ պատրանք…։ Սակայն գիւղեր, քաղաքներ կան՝ ուր որչափ ալ դժբախտ ըլլան մարդիկ, գիշերուան սա պահուն կրնան հանգիստ քնանալ կամ նստիլ, կրնան խօսիլ բարեկամի մը, զաւակներու, հարսի մը հետ. եւ մանաւանդ այս պահուն է որ կինը շրթները կը բանայ հեշտանքին, ինչպէս ծաղիկ մը իր բաժակը արեւի շողին։

Պահ մը մէջս մարած վրդովիչ սիրոյ զգացումով՝ նորէն լեցուեցայ։

Պոլիս քարոզչութեանս միջոցին ալ կը տառապէի, բայց կ’երեւի գոհացում գտած էի, գոնէ աչքերս ու ձեռքերս զրկուած չէին. մին կը տեսնէր ու միւսը կը զգար շրթներու տաքութիւնը։

Հոս զրկուած եմ բոլորովին։ Կը մոռնամ, մէկը կայ, շնորհալի աղջիկ մը, այլ որուն երեսը չեմ կրնար համարձակօրէն նայիլ, հայրենի վանքի մը մթնոլորտը այնքան աններող է։

Մտածումներու այս կարգին մէջ՝ երբ կը խորհէի մեկնիլ, ետիս դարձայ վերմակի մը շարժիլը տեսնելով։

Օ՜… Խաչեր, չե՞ս քնանար, արթո՞ւն ես… բա՞րձր կը խօսէի արդեօք տղաս… բան մը իմացա՞ր… ըսէ…

Ո՛չ… ի՞նչ բան…

Ապահովուած նստայ իր բարձին մօտ, հարցումներ ընելով։

Չե՞ս քնանար… ինչո՞ւ եկած միջոցիս ձայն չի հանեցիր. կը մսի՞ս, ըսէ՛ տղաս, բանի մը կը խորհիս, ինչո՞ւ ասանկ նիհարցած կը տեսնամ քեզի…

Ու իրաւ գունատ լոյսի մը տակ՝ Խաչերի դէմքը տժգոյն ու հիւծած կ’երեւար։

Բան մը չունիմ Հայր Սուրբ…

Անկողնին մէջ պզտիկ տեղ մըն էր գրաւած Խաչերը, ասիկա ինծի կրկին խորհիլ տուաւ անոր ազազուն մարմնին վրայ, ու գթութեամբ լեցուեցայ։

Բոլոր հարցումներս, պնդումս, աղապատանքս անօգուտ անցան. ի վերջոյ սկսաւ արտասուել լիօրէն, ու ես բեկեալ կը դիտէի արտասուքներուն կոպերէն ծագիլը, տարածուիլը սառնենիին եւ բիբերուն վրայ, յետոյ այտերէն մեղմօրէն հոսելով բարձի ստուերին մէջ անհետիլը։

Չեմ գիտեր ո՞ր վէպին մէջ ասանկ հիւծող փոքրիկի մը նկարագրութիւնը կարդացած եմ… կարծեմ ի վերջոյ մեռած ալ է։

Մայրիկիդ վրա՞յ կը խորհիս Խաչեր… Ձեր տունի՞ն վրայ…

Չի խօսեցաւ։ Հակառակ անտանելի ցուրտին՝ երկարօրէն նստայ մանուկին քով, շոյելով անոր քրտնաթոր ճակատը, մինչեւ որ քնացաւ ու թրջուած դէմքը ստացաւ ժպտուն այլ պարտասած խաղաղութիւն մը։

Վեհարանի սանդուխին տակ, դիտելով տնտեսուհիներու սենեակը, ինձ թուեցաւ թէ՝ կը լսեմ Շուշանի հեզ ձայնը. կանգ առի՝ յետոյ իր լուսագիծ հասակը տեսայ դրան սեւութեան մէջ… երա՜զ…

Յանցաւորի սոսկումով վազեցի սենեակս…