Վանքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱՆՔԸ (ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ՄԸ ՕՐԱԳԻՐԸ)
ԺԵ.

Մարտ . . .

Ա՜հ միամիտ եմ, անմի՜տ մը որ կորուստի կ’երթայ…

Հիւանդութեանս հետեւող քանի մը օրերու անզգայութիւնը՝ ինծի կարծել տուաւ թէ ամէն բան վերջացած էր եւ թէ պիտի դադրէին առաջին իսկ օրերէն մէջս ծլող կասկածելի համակրութիւնները, որոնք սիրոյ կրնային յանգիլ։ Սիրոյ մը նախազգացումն ունէի, բայց կը մերժէի ճշմարտութիւնը ըսել ինքզինքիս։

Հիմա Շուշանը կը սիրեմ ես…

Բայց իրօ՞ք սիրոյ մը իրականութիւնը փլած է վրաս, թէ շքեղ՝ այլ վաղանցիկ ուրուանկարն է անոր։

Պոլիս՝ քանի մը աղջիկներու համակրած եմ, սակայն այդքան առաջ չեմ կրցած երթալ. սիրոյ պտուղը, որ շատ քաղցր ու դառն է կ’ըսեն բանաստեղծները, չեմ ճաշակած ես։

Բայց ահա կը զգաս անոր առաջին քայլերը սրտիդ տրոփիւնին մէջ Ա՛րտակ…

Շուշանը հիւանդութեանս ծառայեց ինծի, հրեշտակի դեր կատարեց. իրեն ի՞նչ կրնայ նուիրել վարդապետ մը՝ երախտագիտութենէն զատ։

Սի՜րտը… կ’ըսէ սիրտս։

Անիծուած է կուսակրօնին սիրտը. չոր պիտի մնայ ան կեանքի աւիշէն զրկուած ոստի մը պէս։ Ոստը կրնա՞յ ծաղկիլ. պէտք չէ ծաղկի… Բայց՝ այրելու յարմար է։

Սրտիս մէջ կայծ մը ինկած է, ոստոստուն, մանրիկ, մրկող կայծ մը. բա՜ւ է. անիկա կրնայ հրահրիլ, մեծնալ, մոխիրի վերածելու համար զիս։

Պիտի գօտեպնդուիմ սակայն. կիրքը սկզբնական սաղմին մէջ խեղդել առաքինութիւն է, ու ես առաքինի ըլլալ պարտական եմ ամէն բանէ առաջ։

Լա՛ւ է Շուշանին երախտագէտ ըլլալ. գաղտնօրէն կամ հազիւ մատնող ժպիտներով հասկցնել իրեն մաքուր սրտի մը մաքրագոյն շնորհապարտութիւնը, բայց՝ անյայտ ու ծածուկ ապրող զգացումը ցեխի չափ անարժէք է կ’ըսեն, ու մանաւանդ՝ տխուր չէ՞ երախտագէտ ըլլալ երբ սէրը կ’արհամարէ զինք, ու ոստիւնով մը կրնայ խեղդամահել, սրտին մէկ դժխեմ անկիւնը։

Հիմա սա վայրկեանին, նորէն յամրօրէն բան մը կը բարձրանայ մէջս. ան կը բարձրանայ ու ես կ’ընկղմիմ. իր դառնահամ ու յորդող կոհակէն կը վախնամ ես. իր ժպիտը սիրոյ ժպիտին կը նմանի, անոր նման անծանօթ է ինձ, ահարկու այլ մտերիմ…

Կը դառնամ ետիս, տեսնելու համար մէկը. ոչ ոք կայ թափուր ու լռին սենեակիս մէջ. սրտիս բաբախումը եթէ զայն չի լեցներ, սակայն ուժգին կը թափահարէ ականջներուս առջեւ։ Ու մինչ կը հարցնեմ՝

Ո՞վ կը փնտռես մենաւոր ու տառապեալ հոգիս։

Կ’ըսէ էութիւնս՝

Շուշա՜նը… Շուշա՜նը…

Այո՝ Շուշանը, յիմար Վարդապետ…։

Կողս մխրճուող ցաւի մը հետ երկար ատենէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով արտասուելու պէտքը կը զգամ…

Ձգե՜մ գրիչն ու իյնամ մահիճիս վրան…