Տեղատւութիւն եւ մակընթացութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՏԵՍԻԼՔ

Անդնդագոռ կորկոններ՝ [1] ծառերն յանկարծ կը պոռան։

Դեւի գուժկան սուլոցէ վերջ,

Ագռաւներու երամի պէս կը թեւածէ հովը աշնան։

Պատերուն դէմ հարուածներ են ճիրաններու,

Օձագալար հսկայական պոչերու։

Կառք մը արագ կը սահի գիշերն ի վար։

Զառիթափ մը՝ դողդղացող ստուերներով սալարկուած։

 

Ձեռք մ’անծանօթ վար առաւ զիս հըպարտութեանս պատուանդանէն,

Ճմռթկեց զիս, անջատելով իմ կորովիս արմատներէն։

Ցնցեց, նետեց երանութեան կատարներէն։

 

Քաղաքն օտար՝ ելեկտրական ակռաներով,

Հինգ յարկ վարէն բացուած երախ՝

Ցընորաբեր, զիս վար քաշող խորխորատ։

 

Ձեռք մը յանկարծ դարձուց կախարդ բանալին։

Հըմայքները մարեցան։

Աներեւոյթ անթելները գուժեցին…

 

Ընկճումն է մութ եւ անորոշ օրերու,

Ստրկացման մշտական թոյնն ու խոնջէնքը կեանքին,

Մարմինիս մէջ հեռագրական ձողերու դող։

Մեծ փոփոխումը կրկին։

Եւ դէպի ռումբ՝ պատրոյգին վրայէն հոսող բոցին պէս, ըսպառնալից՝

Վայրկեանները կը վազեն խորհրդաւոր…

 

Ահրիմանի եւ Որմիզդի պայքարէն՝ օր մը ծընայ։

Չար ու բարի ոգիներ օրրանիս շուրջ, սրտիս համար կռուեցան։

Եւ ես մեծցայ մերթ միամիտ, մերթ խիզախ։

Սփլիններու [2] եւ սրբութեան սիրահար շրջան մը մեծ։

Յետոյ յանկարծ մետաղներ հոգիիս մէջ հնչեցին։

Ոսկեխոյզի պէս եղայ արկածներէն կարծրացած, եւ քալեցի…

Բայց ահա վիհը կրկին, փնտռտուքէ մը վերջ սին։

 

Ձագ է ձգներ ծակերուն մէջ ցըւիքներուն հովը աշնան։

Պատերն ի վար, պատերն ի վեր,

Խաւարին մէջ, խարխափելէն, ծարաւ ամբոխ մը կը շարժի։

Կ’ելլեն, կ’իյնան, մերթ կը սողան արձակելով կաղկանձիւններ

Եւ բողոքի վայրի ճիչեր…

Ոտքի կ’ելլեն յովազներն, արջերն, ջրաղուէսներն ու առիւծները բոլոր

Զորըս ոչ մէկ Որփէոս պիտի կրնար հըմայել։

 

Հովը թմբուկ կը զարնէ ու վշտի փող։

Ստուերներու իր դղեակին դուռին առջեւ

Կ’ողբայ արքայ մը ցասկութեամբ.

Կարգը իրն է, իր աղջկան, կոյսին վերջին.

Կոյսերէն վերջ, որ նետուեցան մէկ առ մէկ՝ հրէշին առջեւ։

 

Կարօտ մը խոր, թախիծ մ’ամեհի հովը կը բերէ։

Կ’ողբայ, կը կանչէ սիրուհի մը հին։

Օ՜ երբեմնի գըրելու եռանդըս կոյս։

Օ՜ իմ սէրըս երբեմնի աշնան թախծոտ գիշերներու։

 

Խնդուքի բուք, դուրսը սուգ է ու փսփըսուք։

Դուրսը աշուն, բոյր մը խոնաւ եւ խորհուրդ մը անմեկնելի։

Մայթերուն վրայ կը հնչեն սմբակները դաշնամուրի մ’արշաւող։

 

Լոյսեր գոյն-գոյն՝ ամէն վայրկեան կը հասուննան,

Մեղրածորան կը փրթին տանիքներէն։

Բիւրեղահունչ բաժակներ փրփըրացայտ կը յորդին։

Օ՜ արեւոտ իմ արտերս՝ շշուկին մէջ թաց հովին,

Օ՜ իմ դղեակս ծովեզերեայ ժայռերուն յաղթ կատարին…

 

Ի՜նչ երգեհոն, թրթըռացող ի՜նչ առագաստ գիշերին մէջ։

Եւ հովն ահա կը շըփոթուի իմ տենչերուս յորդումին հետ։

 

Տա՜լ, տալ արեւելեան բռնակալի մը նման

Գեղեցկութիւնն՝ աւազանին օձերուն,

Եւ թմբուկի, սըրինգներու ձայներով խեղդել ցաւի ճիչերն անոր։

Եւ խըրախճանքն ապրիլ անվերջ՝ հազարմէկեան գիշերներուն։

Տա՜լ, աղջիկը տա՜լ, որպէսզի մեզ կաշկանդող

Չար դիւթանքները քակուին

Եւ աղբիւրները հոսին յորդահոսան։

 

Մայթերուն վրայ՝ աչքերն անյագ ստորերկրեայ ամբոխին։

 

Բայց ի՜նչ տխուր գերութիւն՝ այս հասարակ կեանքը մեր։

Լըռութիւն է. կը սահիմ։

 

Մեռելներու այս աշխարհին վրայ փըռուած՝

Աղբիւրներուն գլխուն պառկած հրէշն հըզօր, եօթգլխանի։

Եւ այդ հրէշին շուրջ թշնամի մեր քերթութեան՝

Ուղիներուն վըրայ բոլոր՝ գըրական

Նոյնքան ահեղ եւ այլանդակ կերպարանքներ։

Կուզեր, կաղեր, վէրքէն կրծուած դէմքով մարդեր.

Աղանդաւոր մոլորածներ ու վըհուկներ միջնադարեան,

Շարաւածոր աչքերով չարագործներ…

Խելագարներ…

 

Կ’անցնիմ քովէն սոփեստներու մենակեաց,

Եղերագոյժ քերթողներու, որ կարծեցին գանձեր գտնել,

Գործարանի ծխնելոյզ մը իր բերնին՝

Փողահարող բանաստեղծ մը։

Ուրիշ երգեր հրթիռներու պէս կը պոռթկան

Շրթունքներէն մարդոց, որոնք

Եղբայրութիւնն աւետող պիւթոնիսներն են մեր դարուն,

Բայց որոնց սեւ սրտերուն մէջ վատասերած՝ որդերն իրար կը հըրեն։

 

Արեան յորդող ջրվէժներու ժըխորն է գիշերային հովին մէջ,

Եւ աղաղակն՝ իրար կրծող սնափառ հոգիներու։

Լաց է եւ կեղծ ազգասէրի պոռչըտուք, չար բամբասանք,

Հայհոյանք է եւ ուրացում՝ փսխուած աղօթք,

Շարաւոտ երգ, յաղթանակի յիմար ոռնոց։

 

Ձեռք մ’անծանօթ վար նետեց զիս հպարտութեան պատուանդանէն։

Եւ կը սահիմ ես գահավէժ։

Մեռած մայրըս դեւերու իր հեքիաթը կը պատմէ մինչ,

Ծառերն հեռուն, բարձրաձայն Շոփենհաուըր կը կարդան,

Եւ ուրիշներ՝ « Սիլ-Մարիա ՜» [3] կ’աղաղակեն անդադար…

Եւ յուշեր են, փուշերու, սոսինձամած,

Թունաւոր բոյսերու պէս յարածուփ։

 

Լըրագիր մը փսփըսալով կը սահի վար թաց մայթերէն։

Ձայնն է հրեղէն թմբուկներուն, որ կ’արշաւեն։

Արքան հսկայ խոստումներով մունետիկներ է հաներ.

 

-Ան կը դառնայ անոր փեսան,

Ան կը ստանայ անհուն գանձերն այս կայսրութեան,

Ան կը տիրէ անմահութեան գաղտնիքին,

Եւ կ’ունենայ հոգիներու բանալին, անուն եւ փառք…

Ան կը տեսնէ տեսիլներ, որ ոչ մէկ աչք կը տեսնէ։

Ան կը նստի լոյսը հանող կախարդական թռչունին վրայ

Եւ եօթը լեռ, եօթը երկինք կը բարձրանայ։

Ու ժըպիտ է։ Ադամանդ եղունգներու փայլատակում։

Խաւարին մէջ կը շարժին կընոջական երկու կոնքեր։

Ճերմակ ու վառ մորթին տակ միսերը թանձր օձերու պէս կը սահին։

Կէս մը հրեշտակ, կէս մը գազան՝

Մահուան սեմին իսկ ան կ’ըսէ.

 

-Դժբախտութիւնն է գեղեցիկ, երջանկութիւնն է տըգեղ։

Բարձրացումիդ պայմանն եմ ես։

 

Օ՜, ի՜նչ պատրանք.

Մանկութենէս ի վեր զայն կը փնտռէի։

Քարափներու վրայ օտար՝ կ’երազէի խորհրդաւոր իր ճամբան։

Եւ ահա արդ՝ ես անոր հետ դէմ դէմի…

Բայց մեղկ, բարի աղջըկան տեղ պատանեկան օրերու

Ըսփինքսի պէս ան կը կառչի ահա կուրծքիս։

Կը դընէ զիս վճռական ճիգին առջեւ։

Օ՜ քերթութիւնս բազմադիմակ ու յարափոխ։

 

Բնազդներս անգամ օտար ու դէմ են ինծի։

Ամենէն խոր մեկուսացումս անգամ՝ միշտ

Խաչաձեւուած է արտաքին հոսանքներով համայնական։

Յուսաբեկումն է բանալին փղոսկրէ յոխորտ աշտարակին։

Իր հիմերը կը հանգչին գոռոզութեան եւ չարութեան հողերուն մէջ։

 

Բուխերիկին ճռոցին հետ, մետաղային ձայնն է յանկարծ թռչունին,

Որուն սատափ, սեւ կտուցէն մարդու արիւն

Եւ փրփըրուն փետուրներէն դեղին բոցեր կը հոսին։

Բայց ի՜նչ մեծ յոյս յանկարծ. սիրտս արմատէն կը շարժի։

 

-Տամ, տամ սուրի հարուած մը՝ ճիւաղին, որ ինծի տան

Սմուռք [4] հաւը փրկութեան։

Տամ, տամ միսերըս տամ,

Բաւական է որ գզգզուած ոսկորներս հպին փարթամ

Ափունքներուն լոյս աշխարհին սկզբնական։

Ես ես ըլլամ ներդաշնակ խաղաղութիւն։

Տամ, տամ, եւ ես հասնիմ բարութեան լուսէ լերան կատարին։

 

Եւ ուժ մ’յանկարծ կը պրկէ հասակս ամբողջ։

 

Օ՜, ի՜նչ հըրաշք երբ երկինքը սուրի մը փայլը կ’առնէ։

Երբ արիւնը կը հոսի հորիզոնէն,

Ուր կը ցցուին յանկարծ՝ նոր ու բիւրեղէ քաղաքներ։

Ի՜նչ հըրաշք երբ կ’անհետանայ չար ոգին գիշերներու հողմակոծ։

Կը շառաչեն լայնածաւալ թեւերն ահա մեծ քաղաքին։

Ի՜նչ հըրաշք երբ մեր մարմինը կ’արիւնի։

Կը թեթեւնանք, մենք կ’ուժովնանք

Մեր միսերէն փրցուած ամէն մէկ շերտի հետ։

Կեանքի վարի խաւերէն, թշուառութեան ծովէն եկող ամէն ալիք,

Հովի ամէն մէկ հարուած, մեր բարձրացման կը մղէ մեզ։

Ու մեր հոգին՝ իր ցաւերէն խըթանուած՝

Ինքն իր մէջէն կը խոյանայ աւելի վեր։

Ահա կրկին սրբութեան եւ կուսութեան խորհուրդը՝

Եւ վերադարձն յաղթական գիտակցութեան

Եւ ողողումն անսահման՝ մեծ արարքի մը յոյսին, մեծ կորովին։

Կը սրբանայ, կը բարձրանայ ինծի հետ շուրջս ամէն ինչ…

 

Ծառերն բոլոր աղօթող թափօրի պէս կը շարժին, լուսաբացին։

Իրենց ծուխէ մազերն հովին՝

Ծխնելոյզներն հրեշտակներու պէս կ’ողողեն քաղաքն հսկայ,

Որուն ամէն մէկ տանիքն արծաթափայլ տաւիղ մըն է արդ հնչուն։

Պատուհանները բոլոր կը վերածուին պղինձէ վառ զանգերու։

Մայթերն օծուած են սրբազան հեղուկով։

Երաժշտութիւնն է յորդառատ աղբիւրներուն։

 

Օ՜ ինչ հըրաշք մետաղափայլ այս լոյսը մեր,

Որ կը ստեղծէ, կ’ապրեցընէ ու կը սպաննէ ամէն ինչ՝

Մեծ գալիքի մը համար։

Ուրախութեան, խաղաղութեան մրմունջն է արեւին մէջ։

Ի՜նչ հըրաշք՝ տարածութիւնն անսահման.

Անհուններու ջինջ քամին՝ մեր տենդակէզ շրթներուն վրայ։

Մեր մղկըտող վէրքերուն վրայ։

 

Ոսկորներըս կը շողշողան հեռաւոր ժայռերու պէս։

Ժայռերն ահա կը բացուին գլխուս վրայ։

Երկինքն ահա կ’ընդլայնի. Ավընիւ, ավընիւ տը Փարի…

Բարութիւն…

Մարդկութիւն մ’ուխտաւոր։

Սալարկներուն վրայ թրթըռուն ճառագայթներն արեւուն։

 

Տենդէն պրկուած կոպերուս մէջ

Կը ծընին նոր, պայծառ աչքեր։



[1]            Կորկոն. - Հելլենական դիցաբանութեան ստեղծած կերպարներէն. վիշապազարդ գլուխով կանացի էակ:

[2]            Սփլին. - Վիշապապաշտական-անկումային ժամանակաշրջանի §յատուկ¦ տրամադրութիւն, մելամաղձութեան համապատասխանող. մշակութային նորոյթի մեկնակէտ:

[3]            Սիլ Մարիա. - Տեղանուն` Ալպեան գօտիէն: Հաւանաբար կþակնարկէ Նիցշէի, որ հաճախեր է այդ վայրը:

[4]            Սմուռք. - Առասպելական թռչուն, արեւելեան հեքիաթներու աշխարհէն: Տեսնել նաեւ « Փիւնիկ եւ Սմուռք » քերթուածը, « Միջնաբերդ » բաժինին մէջ: Հոս ընդնշմարուող հեքիաթային ոլորտը պիտի զարգացուի նոյն « Միջնաբերդ »ի « Հրահաւ »ին մէջ: