ՄՈԼՈՐՈՒՄ
Պատրանքներովդ
ահա,
կեա՛նք,
թշուառութեամբըդ
դարձեալ,
Սադրանքներովըդ
վայրագ
կը
հըրես
զիս
աւելի
Խորը
հոգւոյս,
ուրկէ
խոյս
հազիւ
փորձեր
էի
տալ
Եւ
սիրել
քեզ…
Կը
ճընշես
զիս
խաւարովն
անցեալի
Ու
գալիքով
մը,
որուն
դեռ
լոյսն
հեռու
է
մենէ…
Զիս
կը
սպաննես
ամէն
օր,
կը
փրցընես
մէկ
առ
մէկ՝
Բոլոր
թելերս
սիրոյ։
Ամէն
մէկ
ժամըս
ժամն
է
Բաժանումի
մը
տըխուր։
Ամէն
մէկ
օրս
յուսաբեկ
Անկում
մըն
է,
հեռացում
սիրած
բոլոր
բաներէս,
Որոնց
երբեմըն
հասնիլ
տենդով,
խանդով
փորձեցի։
Ամէն
մէկ
պահ
ժպտելով
ու
դիւթելով
կը
դաւես,
Ինչպէս
դաւեց
Տալիլան…
Ու
ձայն
մ’ահա,
կեա՛նք,
ինծի
Կը
փսփըսայ
շարունակ՝
ինչ
որ
ըսաւ
Սամսոնին։
Ա՜,
ձըգէիր
ինծի
գէթ՝
մահէն
անդին
աշխարհներ
Տեսնող
հաւատքըս
իմ
հին
ու
բարութիւնս
երբեմնի…
Կեա՛նք,
կը
հեգնես
դարձեալ
զիս…
Ամենէն
մեծ
չարիքն
էր
Որ
կըրնայիր
տալ
ինծի.
ոչ
բաժնուիլ
կարենալ
Քեզմէ
եւ
ոչ
քեզ
սիրել…
Այլ
մընալ
լոկ
կենդանի
Իբրեւ
մեռել
մը,
իբրեւ
մարտիկ
մը
պարտեալ,
Նաւ
մը՝
օտար
ծովուն
վրայ,
որ
ոչ
մէկ
ափ
կը
տանի։