Տեղատւութիւն եւ մակընթացութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆՁՐԵՒԻՆ ՏԱԿ

Կրակի ձայնով կ’իջնէ անձրեւն իրիկուան

Երակներուս ու ջիղերուս թուփին վրան։

 

Անդրադարձի գիշեր, խաւար քաւարաւն։

Շուրջըս անվերջ հողն ու ծառերը կ’եռան։

 

Անձրեւին մէջ կուլան անոնք, որ աշնան

Հովէն՝ ինծմէ անվերադարձ պոկուեցան։

 

Անրձեւին մէջ մղձաւանջի ծաղր մը մերթ.

-Ըմբռնեցի՞ր, օ՜ մեղաւոր հողակերտ.

 

Արցունք է, լաց՝ հոս, ամէն բան, ամէն բան.

Տերեւաթափ, նեխում. շշուկ է թաղման։

 

Ու Տիրոջ վախն այս, մրրիկի մը նըման,

Կ’ալեկոծէ, կը մըղէ զիս խոնարհման.

 

Կը դարձընէ մարգրիտներու սերմնացան։