Տեղատւութիւն եւ մակընթացութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԴԱՇՏԱՀԱՆԴԷՍ

Կանաչազարդ բլուրը կ’ուռէր տիկսըրինգի մը պէս հեռուն։

Սէն գետն անոր տակ երկարող՝ եղէգէ փողն էր թրթըռուն։

Մայրամուտին մէջ շէկ ապուխտ, խորոված միս, օղիի հոտ՝

Երկինքն ի վեր հսկայ ծուխեր, երգեր էին, ճիչեր խանդոտ։

 

Պաղ աղբիւրը քաղցրակարկաչ սոխակ մըն էր Հայաստանի։

Ծառերը շէկ դրօշներ հագած՝ հարսներ էին ժիր, կենդանի։

Զարմացում էր մինչեւ քըսան մըղոն անդին Ժիւվիզիէն.

Ս’է լը կրան պալ, ս’է լը պալ տէ, ս’է լը կրան պալ տէ զ’Ա ր մէնիէն։

 

Ակնայ աղջիկն իր գունագեղ հագուստներով եւ Փարիզի

Գիշերազգեստ կըրող Շաքէն կը պարէին հոն միասին։

Պրազիլիական լալահառաչ նուագախումբին թանկոյին մերթ

Կը մասնակցէր հայրենազուրկ մեր քեմանչէն սատափակերտ։

 

Մէջընդմէջ ճառ, աճուրդ էր, վէճ, ու ողջոյններ կը տեղային

Խորհրդային առաջնորդներ ըՍտալինին եւ Պերիային։

Բոլորը մէկ՝ մերթ կ’երգէին. «Շիրկանալը պայլշեւիկ է…»։

Մանչ մը Չարենց կ’արտասանէր շրթունքներովն իր կարագէ։

 

Գինով մը խրոխտ՝ կը բացատրէր վերաշինաց միութեան ոգին,

Ու գովեստներ կ’ուղղէր սրտանց՝ նոր աւաններ կերտող Հօկին։

Թօթուելով իր վիշտերն հազար ու տոգորուած յոյսերով նոր,

Հայ ժողովուրդն այսպէս մեծցած՝ ինքզինք հըպարտ կը զգար, հըզօր։