Շնորհալի եւ պարագայ իւր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Թ.
Եպիսկոպոսութիւն Շնորհալւոյ: Օգնականութիւն կաթողիկոս եղբօրն. Գրիգորիսի յորդորանօք եղած մատենագրութինք. Իգնատիոս Վ.   Սարգիս Վ. Շնորհալւոյ Մեկն. Մատթէի։

 

Հաւանական երեւի որ այս նոր բնակութեան եւ նոր Աթոռոյն մէջ Ներսէս ընդունեցաւ եպիսկոպոսական օծումը, իր եղբօրը ձեռքէն, եւ անոր հրամանաւ քան խնդրանօք՝ վասն զի Շնորհալի իր սովորական պարկեշտութեամբ եւ խոնարհութեամբ կը զգուշանար ամեն պատուաւոր աստիճանէ թէ եւ գրեթէ անկարելի էր ետ կենալն, այնպիսի ձեռնադրիչ մ՚ունենալով, որ թէ ուրիշ նկատմունք չունենար՝ նոյն իսկ կաթողիկոսական աթոռն ալ կ՚ուզէր շուտով թողուլ իր հարազատ եւ աւելի շնորհազարդ եղբօր։ Ամենուն յայտնի էր որ շուտ կամ ուշ Ներսէս պիտի եպիսկոպոսանայ, եւ հաւանօրէն նաեւ կաթողիկոսանայ. ուստի  իր ամօթխածութիւնն եւ հնազանդութիւնն հաւասար եղան. առանց շատ ընդդիմութիւն ցուցընելու այն բանին` ուսկից պիտի չկարենար հրաժարել՝ խոնարհեցա հայրապետ եղբօրը աջոյն տակ, եւ մեծ հանդիսի մէջ ձեռնադրեցաւ եպիսկոպոս։ Ոմանք համարին թէ 30 տարին անցած էր Ներսէս ձեռնադրութեան ատեն, այլ Գրիգորիսի սէրն եւ ջանքն, Ներսիսի արժանաւորութիւնն, եւ այն ատենուան սովորութիւնն` աւելի կարծել կու տան՝ թէ եւ քսան տարիէն ալ շատ չանցած, եւ գուցէ դեռ Ծովք դղեակը չեկած՝ եպիսկոպոսութիւնը ընդունած էր. վասն զի եւ թէ Ներսէս կը խորշէր եւ կը խղճէր իբրեւ արենակըցութեան պատճառ մը կարծեցընել այսպէս փութով եպիսկոպոսանալը, եղբայրն ալ ուշացընելը կը խղճէր՝ իբրեւ անտեսող ըլլալու այնքան արժանեաց. կամ ինչպէս աւելի գեղեցիկ ուժով կըսէ Լամբրոնացին, Գրիգորիս 

«Պատիժ անձինն իւր վարկանի

ԹԷ գըրուանաւ լոյսըն ծածկի

Աղերսանօք առ նա խօսի,

Ածել ըզշնորհն՝ ի գործ բարի։ 

Իսկ խոհականն յամենայնի`

Սիրով կամացըն հնազանդի ... 

Ձեռնադրութեամբ հօր օծանի

Եպիսկոպոս մեծահարկի»

Շնորհալին իբրեւ եպիսկոպոս առանձին թեմիկ մ՚ալ ունեցեր է, գէթ ատեն մը, (ըստ ոմանց Մամեստիա), վասն զի Ատենաբանութեանը մէջ խոնարհաբար ինքզինքը մեղադրելով կ՚ըսէ. «Եւ ոչ ՚ի Տեսչութեանն՝ սակաւուն հօտի արբուցի զջուրն հանգստեան», եւ այլն։ 

Ոչ քիչ անգամ մեր եկեղեցւոյ մէջ տեսուած էին կրկին եղբարք եպիսկոպոսունք, եւ երբեմն քան քահանայապետք, այլ գուցէ ոչ այսքան արժանաւոր անձինք, որով եւ աննմանք. մանաւանդ ոչ երբեք այսպիսի զուգակիցք, որք աւելի քան զ՚40 տարի միաբան, իբր արդարեւ ամոլք տիրալուծք քրիստոսեան ագարակին մէջ` շիտակ եւ անխոնջ արօրադրելով, անբաւ բարեաց բերովք լըցին զհամբարս Հայաստանեայց եկեղեցւոյ եւ զերկինս իսկ։ Պատմըչաց եւ մեր իսկ լռածը՝ դիւրաւ կըրնայ գուշակել խոհական ընթերցող կամ քննող մը, այսպիսի անզուգական զուգից այսքան երկար խաղաղական քահանայապետութեան վրայօք, որ համբաւով եւ արդեամբք մեր ազգին հայրապետութեան ամենէն պանծալի ժամանակներէն մէկն է, կըրնայ ըսուիլ թէ եւ յետինն։ Այս սքանչելի հարազատաց ձեռն ՚ի ձեռն գործակցութիւնն՝ ոչ  թէ լոկ մէկի տեղ երկու հոգւոյ առաւելութիւն մը տուած է, այլ իբրեւ մեծ միաբան բազմութեան մը, որովհետեւ իրենց միաբանութիւնն կամ միութիւնն՝ ոչ լոկ արեամբ եւ տարիքով էր, այլ կըրնանք ըսել ամենայն կերպով. եռանդեամբ, մտաւոր կարողութեամբ եւ ախորժակօք, բնականէն վեր հոգեկան սիրով, եւ իբրեւ հայրենաւանդ կտակաւ կամ պարտքով մը՝ Հայոց եկեղեցին իր առջի պատւոյն եւ բարձրութեան մէջ պահելու։ Մերձաւորաց եւ օտարաց վկայութիւնն, զարմանք եւ գովեստն եւ հաճութիւնն ալ՝ իրենց խրախոյս եւ նոր ոյժ կ՚աւելցընէին, յետ աստուածապարգեւ շնորհաց եւ զօրութեան, որ հաճեցաւ այս հարազատաց ձեռքով նոր այցելութիւն մ՚ընել մեր եկեղեցւոյն։ Բայց մենք խօսքերնիս կտրելով՝ թողունք Ս. Ներսիսի Լամբրոնացւոյ ներբողել ասոնց գործը, յետ յիշելու զեպիսկոպոսանալ Շնորհալւոյն.

«Ահա վերին կամքն Հաճեցան

Եւ Լուսաւորիչքըս գոյացան

ՅԵկեղեցի հաստատեցան

Ծագաց ի ծագըս փայլեցան.

Երկու Ընտրեալքս որոշեցան

Հոգւոյն կոչմամբ առաքեցան.

Բարձրաբարբառ քարոզ ելան

Զաւետարանն յազգըս տարան

Որք յաշտանակ լույս բարձրացան

Ի թորգոմեան տուն ծագեցան

Հիւսիսայինըն խաւարման

Փոյթ հալածող արեւ ցուցան։

Ի յառաջին աթոռ նըստան 

Կաթողիկոսք երեւեցան.

Նախ յարեւմուտըս ճոխ ելան

Եւ յարեւելս պայծառ ցուցան:

Սոցա շնորհաց նըշույլ փայման

Ջահաւորեալ տապով ջերման՝

Մեղաց ձըմեռն էառ վախճան,

Սառնամածեալ ախտքըն սուզան

Գարնանային ժամքըն հասան,

Յամպոց քաղցրիկ ցօղ հոսեցան.

Պասքեալ հոգիքն ըզմայլեցան,

Հայոց ազինքըս ծաղկեցան.

Աշխարհ ամեն խալաղացան.

Քրիստոնէից ազգ զօրացան

Եկեղեցին փակեալք՝ բացան.

Եւ վանորայք առատացան.

Վարդապետաց աթոռք եդան,

Ուսանելովն ոչ յագեցան.

Միայնութեան սիրողք եղան

Աննիրհական վարս ըստացան։  

Ի զանազան պըտուղս աճման

Յորդիասէր հարքըն տեսան.

Փրկչին անուանն ըզփառըս տան

Ըզնոյն հայցեն մինչ ՚ի վախճան»։ 

Կաթողիկոսի վերաբերեալ անմիջական գործերն՝ ՚ի հարկէ Գրիգորիս գործէր. այլ գործոց մեծագոյն մասն Շնորհալւոյ ձեռօք կատարուէր, եւ սա մանաւանդ էր գործողն, նա հրամայող կամ վաւերացընող. վասն զի հաւանութիւն եւ կամք հաւասար էր երկոցուն։ Ներսէս թէ եւ որոշակի փոխանորդ կամ աթոռակալ կոչուած չէ կաթողիկոսին, այլ իրօք առաւել էր քան զայն. ոչ միայն ներքին վարչութիւն եւ հոգք հայրապետանոցին, այլեւ գրուածք եւ պատգամաւորութիւնք՝ Շնորհալւոյ ձեռօք եւ անձամբ կատարուէին։ Միով բանիւ յամենայնի առաւել Ներսէս կ՚երեւէր եւ փայլէր, քան Գրիգորիս, բայց եթէ ի հանդիսական տեղիս եւ գործս։ Այս բանիս գըլխաւոր պատճառն յայտ է որ Ներսիսի շնորհաց եւ ձրից առաւելութիւնն էր. թէպէտ եւ Գրիգորիս իսկ չնորհազարդ, վսեմական, զգօն եւ հմուտ, այլ իր մեծ փառքն՝ մեծագոյն եւս փառք ունէր մօտը, ինչպէս պայծառ աստղ մը պայծառագոյն աստեղ մը քով, որուն ոչ միայն աննախանձաբար տեղի կու տար Գրիգորիս, այլ եւ պատուասիրաբար յառաջ անցընէր, մինչեւ ուր որ կըրնար թող տալ կաթողիկոսական միաթոռութիւնն։

Անշուշտ մէջերնին բաժնած էին գործոց եւ գրուածոց մասերը. Գրիգորիս վերը յիշեալ կաթողիկոսի անմիջական գործերէն դուրս՝ առանձնական պարապմունք ընտրած էր իր մեծ քեռւոյն Տօնամակը աւելի ճոխացընել, նորանոր վարուք եւ վկայութեամբք սրբոց, եւս առաւել Ներբողենիք, այսինքն գովասանական ճառիւք Տնօրինական եւ Տիրամօր տօնից, եւ սրբոց ոմանց. քանի մ՚ալ ինքնագիր յoրինած է. ասոր համար կոչուեցաւ Փոքր Վկայասէր եւ Գրող Ներբողինից. որպիսի են Ս. Աստուածածնի ծննդեան եւ սննդեան գովասանական պատմութիւնն, եւ «Դրուատ գովեստի Տնօրինական տեղեաց Երուսաղէմի», եւ այլն։ Ասոնցմէ զատ գեղեցիկ շարականն Աւետեաց՝ Խորհուրդն անճառ, նաեւ Բ Ծաղկազարդի ըսուած կանոնն , ( Մեծահրաշ այս խորհուրդ ). իրեն կ'ընծայուին Ջրօրէնեաց գեղավսեմ տալն ալ, «Ո՜վ զարմանալի խորհուրդս այս մեծ յայտնեալ», ըստ ոմանց եւ ՚ի պատիւ Լուսավորչի երգուածն՝ «Ի յելս արեւու արեւ»։ Առաջինն կըրնայ մեր բանաստեղծական դպրության փոքր գրուածոց չքնաղագոյներէն սեպուիլ, եւ վսեմութեամբ ու պարզութեամբ ու զանազանութեամբ իմաստից յայնքան համառօտութեան՝ Շնորհալւոյ իսկ երեց եղբօր մը արժանաւոր գրուիլ։ Կան ձեռուընիս քանի մը ջերմեռանդն եւ զղջական աղօթքներ ալ յանուն Գրիգորիսի կաթողիկոսի, բայց ստուգիւ ասոր ըլլալը չեմք գիտեր, եւ հաւանական են յետնոց ըլլալ։ Բայց այս քանի մը յիշեալ, միանգամայն եւ քանի մը տեսակ գրաւոր արտադրութիւններէն կ՚իմացուի՝ որ Գրիգորիս ալ հանճարեղ անձն էր, եւ ոչ միայն աթոռով այլեւ գրչով կըրնար իր քեռւոյն եւ եղբօր հետ դասակարգիլ, եւ քան զնա ավելի բարձր եւ խիզախ թռչիլ բանաստեղծական թեւերով։ ԱJլ չեմ գիտեր իր անձնական գրուածներո՞վն աւելի արդիւնաւոր է մեր դպրութեան մէջ, թէ ուրիշներու ալ գրել տալովը. որոց մէջ եթէ առաջինն է իր հարազատն Ներսէս, իրենց հին ուսումնակիցքն՝ Իգնատիոս եւ Սարգիս ալ՝ արժանաւորք են իրենց դասակցութեան եւ յիշման։

Ասոնց մէջ կարգաւ եւ պատուով առաջին է Իգնատիոս վարդապետ, որ եւ եպիսկոպոս եղած է, հաւանօրէն սոյն Գրիգորիսի ձեռնադրութեամբ, որ եւ յանձներ էր իրեն Ղուկասու աւետարանին մեկնութիւնը գրել, իսկ նա կը դանդաղէր, կամ գործոյն դժուարութեան, կամ որ եւ է պատճաւ. մինչեւ, ըստ աւանդութեան, տեսլեամբ քնոյ  տեսաւ գեղեցիկ եւ լուսաւոր տաճար մը, ուր կը մտնէին իր ընկերակիցքն, եւ իրեն թույլ չէր տըրուեր մտնելու, որովհետեւ չէր աշխատած՝ անոնց պէս հոգեւոր գրչութեան, եւ կաթողիկոսին յանձնածը չէր կատարած։ Ասկէց յորդորուելով, կ՚ըսեն, ձեռք զարկաւ եւ գրեց Ղուկասու աւետարանին մեկնութիւնը. համառօտ խօսքերով, այլ իմաստը բովանդակելով, առանց երկար քննաբանութեանց եւ յիշատակութեան հին հարց գրուածոց. միանգամայն եւ յստակ հայկաբանութեամբ եւ հանճարեղ դարձուածքներով, որով մեր դպրութեան ամենէն ճարտար եւ յստակաբան գրչաց եւ համառօտչաց մէկն կամ գլխաւորն է։ Գրութեան տարին չէ նշանակած յիշատակարանաւ, կամ ընծայականաւն առ Գրիգ. Կաթողիկոս, այլ յայտ է որ ԺԲ դարուն կիսէն յառաջ գրած է, թերեւս քան զոմանս ուշ սկսելով՝ այլ աւելի շուտ աւարտելով. վասն զի յամին 1146 Կունդ Սարգիս անուամբ արեւելցի վարդապետ մ՚ալ, աշակերտ մեծիմաստ Սարկաւագ վարդապետի, Ղուկասու աւետարանի համառօտ մեկնութիւն մը գրելով՝ կը հաւաքէ ՚ի զանազան Հարց եւ վարդապետաց գրածներէն, որոց մէկն ալ կոչէ Տէր Իգնատիոս

Իսկ Սարգիս վարդապետ՝ դասընկերն Իգնատիոսի, որ Սեաւ Լերանց Քարաշիթու ըսուած վանքը կը բնակէր, գրած է եօթն կաթողիկեայ թղթոց մեկնութիւնը, երկար քննութեամբ եւ ա՛լ երկար խրատական յորդորակօք, ջանալով Ոսկիբերանի ոճոյն հետեւել։ Բոլորովին տարբեր ճամբայ մը բռնելով իր դասակցէն, որքան նա համառօտ կ՚անցնի, այնքան սա երկար եւ ուշ. բայց շարագրութիւնն նոյնպէս յստակ, եւ աւելի պարզ ու վայելուչ ըլլալով, զրուցուածքն ալ կակուղ եւ սրտաբուղխ, անախորժ չըլլար կարդալու։ Այս ընդարձակ գործն Հաւաստեա քանի  մը տարուան մէջ գրուած է, տեղ մը կը յիշէ հեղինակն որ Քրիստոսի հազար թուականէն մինչեւ այն գրելու ատենն՝ 156 տարի անցեր էր, եւ ասով կ'իմացընէ իր մատենագրութեան ժամանակն ալ։ Յետ որոյ տեսնելով ինքն հեղինակն որ գրուածքին երկարութիւնն կը դժարացընէ օրինակները շատցընել եւ շատոց ընթերցանելի ընել, քանի մը տարի վերջը, համառօտեց իր գիրքը, եւ նոր գործ մը հրատարակեց. սակայն առաջինն եւ ընդարձակն աւելի ընդունելի եղաւ յետնոց, եւ տպագրեցաւ ալ   ՚ի Կոստանդնուպօլիս, քիչ մը համարձակ ձեռօք։ Այս գրուածիս ատեն՝ կը յիշեցընէ Սարգիս իր ծերութիւնը, «Աղաչելով վասն իմ ծերոյս Սարգսի` զՏէր». թուականն ալ կը նշանակէ, այսպես. «Հայ թուականն յայնմ ամի՝ յորժամ կատարեցի զհամառօտս, յիշատակ ինձ եւ իմոցն, եւ ՚ի վարժումն մանկանց նորո առագաստի մօրս մերոյ՝ վերինն Երուսաղէմի, Ժե էր ընդ վեցհարիւրի՝ ի փառս Քրիստոսի». որ է մեր Շնորհալւոյ կաթողիկոսանալու տարին, 1166։ 

Սա ինքն Հայրապետս Ներսէս ալ հաւաքած է Կաթողիկեայ թղթոց համառօտ մեկնութիւն մը՝ ՚ի բանից Ս. Հարց, որոյ հին օրինակ մը գտուի մեր ձեռքը, գրուած իր մահուընէն 26 տարի ետեւ, յամի 1198. յորում հեղինակն անունն յիշատակարանին մէջ քերուած է, այլ ուրիշ օրինակ յայտնապէս կը վկայէ, թէ հեղինակն էր «Հայրապետական արժանացեալ շնորհի եւ վարդապետական վիճակեալ աստիճանի, Տէր Ներսէս, մականուամբ Կլայեցի, հմտասիրացն հետեւելով պարուց», եւ այլն. եւ այս կըրնայ լու ծանել զտարակոյս ոմանց՝ որ [1] իրեն չեն համարիր  այս գրուածը. զոր մանաւանդ պէտք էր հաստատել մեր օրինակին մէջ անմիջապէս թղթոց մեկնութենէն վերջը՝ Շնորհալւոյ գրած կամ սրբագրած Ս. Սարգսի վկայաբանութիւնն, եւ գրոց նախագաղափարն՝ Շնորհալւո եղբօրորդւոյ Գրիգոր Ապիրատ կաթողիկոսին ըլլալն։ Այս մեկնութիւնս Սարգսի գրածին պէս միատարր մեկնութիւն չէ, այլ Ս. Հարց խօսքերն հատուած հատուած շարած եւ իրարու ագուցած, անուննին ալ նշանակելով։

Հարկ համարեցանք նշանակել այս բաներս, մեր Շնորհալւոյ որ եւ է թէ աներկբայ թէ երկբայական երկասիրութիւնները անծանօթ չթողլու համար՝ միանգամայն յիշելու եւ այն ատեն Գրիգորիս կաթողիկոսի ունեցած փափագը՝ Ս. Գրոց դիւրահաս մեկնութիւններ հրատարակելու. որոց կարող եւ հարմար գիտէր իր այսպիսի հին ուսումնակիցները։ Անհնար էր որ ասոնց մէջ ալ չգտուի իր բազմահանճար հարազատն. եւ ահա՝ եթէ ոչ Կաթողիկեայց թղթերը հեղինակօրէն մեկնեց, նոր Կտակարանաց առաջին գիրքը սկսաւ մեկնաբանել. եւ երեւի թէ կանուխ ալ սկսաւ այս գործը: եթէ յառաջաբանին մէջ յիշած խոնարհ երախտապարտութիւնն առ իր կաթողիկոս եղբայրն՝ համարինք իբրեւ նոր յիշատակ մ՚իր դաստիարակութեանը, եւ ոչ հնացեալ՝ իր խոնարհ սրտին մէջ, որ ինչուան ետքն ալ իբրեւ օտար եւ նուաստ եկեղեցական մը՝ կը պատուէր զԳրիգորիս իբրեւ հայրապետ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ, եւ կը սիրէր իբրեւ հարազատ. եւ երկուքն ալ կը յայտնէ իր Յառաջաբանիւն։ «Սիրոյ զօրութիւն՝ գերազանց է քան զբնութիւն եւ եթէ առ ոմանս՝ իցէ պանծալի ըստ մարմնաւոր իրիք պատճառաց, որպիսի՞ իցէ բոլորիցն կրողաց ըստ իմումս պատահեալ անձին՝ առ ՚ի քէն գթութեանց. ոչ յաղագս բնաւորականին միայն կապակցութեան արեան, որ հանուրց է առիթ եւ փոքրոգեաց, այլ սակս գերազանցելոյ բանի եւ գրոյ՝ ներգործեցելոյ առ իս բարեաց Ձեռնարկեալ յայս առաջարկութիւն՝ ըստ պատուասիրաբար քում հրամանի, գլու՜խ պատուական, յետ գլխոյն եկեղեցւոյ, Գրիգորիոս կաթողիկոս Հայոց», եւ այլն։ Գըրուածին կերպին համար ալ կ'իմացընէ, որ իր կամքն էր «հաւաքել զտարածեալ բանս սըրբոցն, եւ դնել հանդէպ իւրաքանչիւրումն աւետարանականաց բանիցս է՛ ինչ զի զնոյն եդաք նկարագրութիւն ՚ի մեկնողացն բանից, եւ է՛ զի զառ ՚ի նոցայն միտս՝ մերովս բանիւ, յորժամ ընդարձակագոյն ճառիցին բանք. եւ թէ յայլ եւ յայլ տեղիս ցնդեալք՝ ՚ի մի են բերեալ ընտանեգոյն բանին զուգելով. փոքր ինչ եւ ՚ի մէնջ յաւելեալ՝ անփոյթ եղելումն ՚ի նոցունց բանի. զորս յայլոց այլոց ՚ի գիրս գտեալ, եւ է զորս ՚ի մերոց ներածութեանց. որպէս զի ամենեքումք փառաւորեսցի անկարօտն փառաց Աստուած»։ Այսպիսի անոյշ խօսքերով է եւ մեկնութիւնն, որուն սկիզբը արժան համարած է հին աւետարանաց համաբարբառ ըսուած ցանկերուն վերեւ պէսպէս նկարներուն, խորանաձեւ կամարներու, կենդանեաց, զարդուց եւ այլն, խորհըրդաւոր միտքեր տալ կամ տրուածը բացատրել։ Իսկ մեկնութիւնն Սարգսի գրուածին պէս միաձոյլ է, առանց յիշելու եւ վկայութիւն կանչելու զՍ. Հարս, թէ եւ շատ հեղ անոնց բերնով կը խօսի. ինչպէս ինքնին իմացուց յառաջաբանին մէջ. եւ յայտնի է որ պէտք էր ամենէն աւելի Ս. Յովհան Ոսկիբերանին իմաստներն առնուլ, որ այնպէս ընդարձակ եւ պայծառ բացայայտած էր զՍ. Աւետարանիչը, եւ զոր նախնիք մեր՝ գրողին յարմար ոսկեղէն հայկաբանութեամբ մը թարգմանած են. իսկ մեր Շնորհալին այն ոսկի բերանին բղխածն՝ իր արծաթափայլ բանիւ եւ գրչով յերիւրած յարմարած է հասարակաց մտաց դիւրահաս, եւ միջակ չափով. իբրեւ անարուեստ արուեստով մը, որ սքանչելի պարզութեան հետ՝ մտաց յագուրդ կու տայ եւ սրտի հանգիստ։ Այս գործս Շնորհալւոյ գլխաւոր գործոց մէկն է, եւ ալ աւելի պիտի ըլլար, եթէ այնու ոճով շարունակուած մինչեւ ՚ի վերջ աւետարանին՝ մեզի հասած ըլլար. սակայն իր գրածն եւ մեկնածն մինչեւ յ՚17 համար Ե գլխոյ Մատթէոսի հասած եւ հոն դադրած է. եւ այսպէս գտաւ 100 տարի վերջը՝ Կիրակոս պատմիչ, որ «ոչ գիտեմ, կ՚ըսէ, թէ վասն ի՞նչ պատճառի խափան եղեւ», շարունակութիւն մեկնութեանն. 50 տարի ալ ետեւ, (յամին 1316) մեծ բանասէրն Յովհաննէս Երզնկայեցի, շատ քննեց՝ բայց չկարցաւ ստուգել թէ ինչու անկատար մնացեր էր Շնորհալւոյ երկասիրութիւնն. եւ թէպէտ «ոմանք զմահն ասացին խափանումն, եւ այլք զհոգ հայրապետական աթոռոյն, եւ կէսք թէ գրեաց՝ եւ չէ ՚ի միջի [2], բայց սոքա ինձ ոչ եղեն հաւանելի», կ՚ըսէ. եւ իր առանձին կարծիքը չի յայտներ. բայց միայն կ՚իմացընէ, որ իրմէ առաջ ոմանք ձեռք զարկեր էին շարունակելու Շնորհալւոյ սկսածը , «սակայն ոչ էր կարգաւոր որպէս Սրբոյն, այլ հատակոտոր արարեալ զբանս առաջին մեկնչաց, նաեւ զբնաբանութիւն աւետարանին արտաքս մերժեալ, ուստի ոչ գոյր դիւրաւ յիմացումն  «ընթերցողացն», եւ այլն։ Այս ակնարկեալ մեկնիչներէն մեզի յայտնի եղածն է Արիստակէս վարդապետ մը եւ իր աշակերտն Եփրեմ, որք Երզընկացւոյն ըսածին պէս՝ շարունակած էն մեկնու. թիւնը՝ Ոսկիբերանի հետեւելով միայն, կամ՝ համառօտելով զայն։ Իսկ ինքն Թադէի վանքը նըստած ատեն՝ ուսումնասիրաց աղաչանօք յորդորուած՝ ջանալով ըստ կարի Շնորհալւոյ ոճը բըռնել անոր դադրած տեղէն (յ՚18 համարոյ Ե գըլխոյն) յառաջ տարած եւ աւարտած է բոլոր Մատթէի աւետարանին մեկնութիւնը, ՚ի նոյն ինքն Շնորհալիէն շնորհք եւ լոյս առնելով, ինչպէս կըրնանք իմանալ ըսածը, թէ մեկնութիւնն առած է մասամբ «յառաջին սրբոցն. եւ է զի ՚ի ծագմանէ նշուլից շնորհաց վերասացեալ առնն Աստուծոյ՝ ՚ի միտս մեր ... խառնելով զնսեմատեսակ բանիցս տգեղութիւն՝ ընդ չքնաղագիւտ եւ լուսատեսակ իմաստիցն պայծառութիւն. գիտելով եթէ Պօղոսի շնորհէ վարձս՝ ըստ տնկելոյն, եւ Ապօղոսի՝ ըստ ոռոգելոյն. վասն որոյ աղաչեմ ... վստահութեանս մերում ներող լինել», եւ այլն։ Արդարեւ Երզնկացւոյ յուսոյ եւ փափագանաց յարմար՝ իր վրայ Ներսիսի շնորհաց նշոյլքն ծագեալ կ՚երեւին, որով կըրցեր է մտնել «յընդարձակութիւն անդնդական խորոց լայնութեան, ՚ի խորութիւն ծովուս անցանել եւ յեզր աւետարանական բանիցս հասանել», գեղեցիկ վստահութեամբ եւ յաջողութեամբ, եւ մեծ շնորհակալեաց արժանի է։ Սակայն եթէ մեր ծարաւը կը լեցընէ, ոչ երբեք կը յագի փափագն եւ ցաւն՝ բուն իսկ Շնորհալւոյն ամբողջ գրութիւնը չունենալնուս, իր սքանչելի ոճով եւ հնարքովը. այն աստուածաշունչ կերպովը՝ զոր ի սկզբանն յիշեցինք, իբրեւ տեսլախառն զմայլմամբ եւ յափշտակութեամբ , որով կրկնակի նմանի Ոսկիբերանի։ 

Իսկ իր աշխատանաց՝ (դժուարին կամ հակառակեալ բանից Ս. Աւետարանին` մեկնութիւնը գտնելու) վկայ ունիմք յիշատակ մը, որ կը ծանուցանէ մեզ, թէ զխնդիրն Ս. Յովսեփայ հօրն անուանը, (զոր Մատթէոս Յակոբ կոչէ, Ղուկաս՝ Հեղի) լուծելու համար, հարցուցեր էր նաեւ Ապուսայիտ Ասորի բժշկին եւ հնագիտին, եւ անոր եկեղեցւոյն աւանդութեամբ ստուգեր, որ Հեղեայ անորդի մեռնելովը՝ Յակոբ առեր էր անոր կինը, ըստ օրինաց Հրէից, եւ անկէ ունեցած զաւակն Յովսէփ՝ իր որդին էր բնութեամբ, այլ օրինօք՝ որդի Հեղեայ. ինչպէս որ նոյն իսկ Հեղի եւ Յակոբ ալ եղբարք էին համամարք , այլ տարբեր հայրերէ, մէկն ի Մատթանայ (զոր Մատթէոս  յիշէ) միւսն ՚ի Մելքեայ (զոր Ղուկաս յիշէ)։ Այսպէս ալ կը գրէ Շնորհալին, ըստ սովորութեանն լռելով իր մեկնութեան աղբիւրները, վասն զի ոչ եթէ իր հմտութիւնը կ՚ուզէր յայտնել, այլ ընթերցողը հմտացընել. ասոր համար չէր խորշեր եւ չէր զանց առներ հետամուտ ըլլալու հաւաստագոյն աղբիւրներու, ո՛ր եւ է խնդրոց եւ գիտելեաց համար։ Եւ ահա նոյն յիշեալ Ասորի հեղինակին հարցուց եւ քննեց իր բնական աշխարհին մէջ եղած անուանի Եդեսիոյ քաղաքին սկզբնաւորութիւնը, որոյ վրայօք իր հռչակեալ Ողբքը պիտի գրէր, ինչպէս տեսնենք յետոյ։ Իսկ հիմայ բաւական ըլլայ ըսածնիս ՚ի ցոյց գովելի եւ վստահալի երկասիրութեան մեր Շնորհալւոյն, եւ իր անխոնջ աշխատանացն՝ ՚ի գիւտ ճշմարտին. յատկութիւն մը՝ որ իր ամեն յատկութեանց ալ կրկին արժէք կու տայ։



[1] Չամչեանն, Պտմ. Հայ. Գ. 86։ 

[2] Յառաջաբանէն յայտնի եղաւ որ եղբօրը կաթողիկոսութեան ատեն սկսած էր գրել այս Մեկնութիւնը, բայց Լամբրոնացին՝ առանց Մատթէոսի անունը տալու՝ աւետարանի մեկնութիւն գրել Ներսիսի կաթողիկոսութեան ատեն կը ցուցընէ: