Շնորհալի եւ պարագայ իւր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԴ .
Կրօնական բանագնացութիւն ընդ Հռովայ Եկեղեցւոյն. Ոթոն Ֆրիզինկայ ժամանակագիր։ Ս. Բեռնարդոս. նմանութիւն ընդ Շնորհալւոյ. —Հայկական զուգադիպութիւնը. Վանք Հայոց ՚ի Սալուեան Ջուրս Հռովմայ. Խնդիրք Հայոց։

Քաղաքական շարժմունք եւ շփոթք դադրելիք չունէին, եկեղեցական խնդիրք ալ չէին պակսիր, մեկ մ՚ի Յունաց կողմանէ մէկ մ՚ի Լատինաց. հարկ սեպեցին մեր հայրապետքն՝ առաջին յարմար գտած միջոցին նուիրակութիւն մը վարել  յարեւմուտս, առ Ս. Քահանայապետն Հռովմայ. ղրկեցին՝ որպէս երեւի՝ ՚ի գարնան 1144 տարւոյ, թէ եւ շատ ուշ հասան նուիրակքն իրենց դիտած տեղը։ Սիօնի եւ Անտիոքայ ժողովքներէն ալ առաջ թղթակցութիւն եւ բանագնացութիւն եղած ըլլալն՝ Հռովմայ եւ Հայոց աթոռոց մէջ վկայուած է, թէ եւ վկայական գրուածք եւ թուղթքն չեն գտնուր հիմայ. ՚ի Սիս գրուած կաթողիկոսաց գաւազանադրութեան մէջ (յորմէ կ՚առնու եւ Մխիթար Ապարանեցի ՚ի վերջ ԺԴ դարու) կըսուի, թէ՝ «Առ սա (Գրիգորիս)՝ Հայրապետն, Հռոմայ գրեաց թուղթ, եւ խնդրեաց կատարել զտօն Ծննդեանն եւ Մկրտութեանն՝ ընդ մեծ եկեղեցին Հռոմայ եւ ամենայն տիեզերք. եւ արկանել ջուր ՚ի սուրբ խորհուրդն։ Եւ յետ սորա Իննովկենտիոս Պապն զնոյնս գրեաց եւ եցոյց հարկաւոր»: Իննովկենտիոսի նախորդն է Ոնորիոս Բ Պապ, որ քահանայապետեց յամս 

1124–30. ըսելէ որ այս միջոցին առաջին անգամ՝ թղթակցութիւն եղած է այս կրօնական եւ ծիսական խնդրոյ վրայ, զոր առաջ եւ ետեւ ամեն Հռովմայ հայրապետք ալ առաջարկած են Հայոց. յետոյ զնոյն կրկներ է Իննովկենտիոս Բ (1130–1143) հաւանօրէն իր նախայիշեալ Ալպերիկ նուիրակին ձեռօք, յամին 1141, ինչպէս նշանակէ մեծանուն վարդապետն Եսայի Նչեցի. «Նոկենտիոս Պապն Հռոմայ, որ էր ի Հինգ Հարիւր եւ յիննսուն թուին Հայոց». եւ որ աւելի փափագելին էր մեզի, կ՚աւելցընէ Եսայի թէ իր ատեն՝ յետ իբր 100 կամ քիչ մ՚աւելի ամաց՝ «ունիմք այսօր ՚ի միջի մերում՝ զԽնդիրն (Պապին) հանդերձ Պատասանական բանիւ», Գրիգորիսի եւ Ներսիսի. զոր մեք հիմայ գրողքս՝ դժբաղդաբար ոչ ունիմք։ Այլ որչափ Եսայեայ նշանակածէն գուշակուի՝ այս պատասխանին յառաջ գրուած է քան զնուիրակութիւն Հայոց, եւ իմաստն ալ թուի բացատրութիւն մը Հայոց եկեղեցւոյն սովորութեան, թէ ինչու այն երկու տօները՝ Ծննդեան Քրիստոսի եւ Մկրտության՝ մէկ օր կը տօնեն. նոյնպէս ալ Բաժակին խնդիրը, որուն փոփոխութիւն ընելն ալ՝ այնպիսի ժամանակ՝ յորում Հայ. ք զանազան տիրապետաց իշխանութեան տակ եւ մէկմէկէ հեռու՝ ոչ միայն չէին կըրնար ժողովիլ մէկ տեղ ՚ի խորհուրդ , այլ թերեւս գրով եւ նուիրակով ալ դժար էր բան հասկըցընել, միաբանութիւնն՝ ընդարձակելու տեղ՝ գուցէ ներքին անմիաբանութիւն եւ կռիւ կըրնար պատճառել ինչպէս քիչ մ՚առաջ Աղթամարեցոց, եւ յետոյ Հաղբատեցոց գործեր եւ գրերն ալ վկայեն ։ Այս բանիս համար էր որ Մեծ Վկայասէրն ալ նոյն թելադրութիւնն ընդունելով իր անուանակցէն, Գր. Է Պապէն, չէր կըրցած նոր փոփոխութիւն մ՚ընել։ Յոյնք ալ ուրիշ խնդիրներէ զատ, այս բաներուս վրայ կը վիճէին ընդ Հայոց եւ կը ստիպէին. բայց որովհետեւ շատ աւելի Հակառակութեամբ եւ ուրիշ պատճառներով, եւ իրենք ալ Հայոց խոչընդակն սովորութիւններ եւ ծէսեր ունէին, ոչ միայն չէին կըրնար միաբանիլ, այլ եւ իրարու մերձաւորութեան պատճառաւ՝ մէջերնին վէճն անպակաս էր։ 

Այս բանիս ալ ճար մ՚ընելու, եւ Հռովմայ բարձրագոյն աթոռէն վկայութիւն եւ հեղինակութիւն մ՚առնելու յոյս ալ կ՚երեւի Հայոց նուիրակութեան մէջ, գէթ ըստ բանից մէկ հատիկ Լատին ժամանակագիր եւ ականատես վկային այս դէպքիս, որ է Ոթոն՝ Պաւիերայի Ֆրիզլինկէն քաղաքին արքեպիսկոպոսն, արժանայարգ անձն թէ՛ վարուք, թէ՛ պատուով եւ թէ՛ գիտութեամբ, որոց համար Մեծ մականուանի. Աւստրիոյ տօնելի սուրբ իչխանի մը (Լուդովիկոսի) որդի, ինքն ալ Ոթոն՝ Երանելի անուանեալ, եւ բռնի (Կիստերսեանց) վանքէն հանուելով եպիսկոպոս ձեռնադրուած (1138+1158)։ Իր ժամանակակցաց մէջ ամենէն աղէկ գրողն ալ կը սեպուի. գլխաւոր գրուածն է Ժամանակագրութիւնն, սկսեալ ՚ի հին դարուց՝ մինչեւ իր օրերը. եւ գրեթէ այս մեր կարեւոր դիպուածին յիշատակութեամբ կ՚աւարտէ պատմութիւնը, այն ալ կիսակատար յիշատակութիւն մ՚է. վասն զի նուիրակութեան հետեւանքն չի յիշուիր։

Արդ ըստ այսմ ականատես վկայի՝ Նուիրակքն Հայոց, որոց մէջ յիշէ եպիսկոպոս մը` առանց անուան եւ տեղւոյ, (որով զատ իր յիշած Գաբուլացւոց Ասորի եպիսկոպոսէն, զոր ոմանք նոյն  Հայը կը կարծեն), հետ տարի ու կէս ճամբորդութեան եկան հասան ՚ի Վիդերպոյ քաղաք Իտալիոյ, ուր գտնուէր այն ատեն Պապն. ըսել է յաշնայնի 1145 տարւոյն։ Այսչափ երկար ուղէգնացութեան պատճառը չըսեր, եւ զարմանալի է։ եթէ Նուիրակքն ուզէին ծովով երթալ՝ թուի թէ կըրնային յԱնտիոք եւ ՚ի Տրիպօլիս կամ յԱքքեա անցնիլ, կամ ՚ի նաւահանգիստ Տարսոնի, եւ ոչ այնքան ուշ հասնիլ յԻտալիա, այլ թուի թէ ցամաքային ճամբայ բռնած են նախ, գուցէ արեւելեան Հայ եպիսկոպոսաց հետ տեսնուելու համար. եւ թերեւս իրենցմէ վերջը ԺԳ եւ ԺԴ դարուն Լատին քարոզչաց եւ Նուիրակաց նման՝ հիւսիսային երկար ճամբան ընտրեր են, Կովկասէն եւ Վոլկայի եզերքէն անցնելով, մտնելով յԵւրոպիա, ՚ի թագաւորութիւնս քրիստոնէից, եւ անկից առաջ գալով մինչեւ Հռովմ եւ Վիդերպոյ։ Եթէ արդարեւ առջի տարւոյն գարնան ճամբայ ելած էին՝ կըրնային գիտնալ Բ Իննովկենտեայ մահը (23 սեպտ. 1143), եւ կաթողիկոսին թուղթն ուղղած կ՚ըլլայ առ յաջորդ նորա, որ է Եւգենիոս Գ, աշակերտ գերահռչակ Ս. Բեռնարդոսի, որ այն ատեն արեւմտեան եկեղեցւոյ արեգակն էր ինչպէս Շնորհալին ալ Հայոց՝ յարեւելս. եւ գուցէ չափազանցութիւն չըլլայ ըսելն, թէ այն ատեն եկեղեցւոյ մէջ ասոնք էին երկու ամենէն նշանաւոր անձինք, վարդապետութեամբ եւ սըրբութեամբ։

Եթէ պատմութիւննիս պարզ անպատրուակ պատմութիւն չըլլար՝ կը փափագէի որ Հայոց աթոռէն եկած Եպիսկոպոս նուիրակն ինքնին Ս. Ներսէս ըլլար. այն ատեն անհրաժեշտ տեսաւորութիւն եւ գրկակցութիւն մ՚ընել կու տայի այս երկու հոգեւոր հարազատաց, կամ հոգեծին ջուխտակաց, այն աննման եւ իրերանման մաքրակենցաղ շնորհազարդ եւ մեղրածորան Վարդապետաց: Այլ դարձեալ ասոնց այս գերագոյն նմանակցութիւնը եւ մերձաւորութիւնը՝ վիպասանութեան փափագածէն եւ պատմութեան ժխտածէն վեր կը դասեմ. եւ գրեթէ բռնադատիչ եւ անտնօրինելի հարկ կը զգամ՝ հօս ընդհատելով մերոց նուիրակութիւնը՝ ներկայացընել պատմութեանս մէջ այս մեծ կերպարանքը, Ս. Բեռնարդոսը. եւ այս ոչ այնքան իր անհաւասարելի մեծութեանն համար, որքան նուրբ նմանութեան մը ընդ Ներսիսի Շնորհալւոյ, եւ խորհրդական յարաբերութեան մը ընդ Հայութեան. որպէս թէ Հայոց հովանաւոր հրեշտակն՝ ասոր սուրբ հոգին ալ երբեմն իր թեւոց տակ առած ըլլայ։ Ընթերցողս ալ յուսամ, կ՚արդարացընէ ըսածս՝ զարմանալի հանդիպութիւններ տեսնելով. եւ ով ալ որ ընդհանուր եկեղեցւոյ պատմութիւն գիտէ՝ չի տարակուսիր զԲեռնարդոս այն դարուն մէջ արեւմտեան եկեղեցւոյն հոգի տեսնել, զՇնորհալի՝ արեւելեան եկեղեցւոյ հրաշալի շունչ։ Աստուածային նախախնամութեան զարմանահրաշ գործերէն մէկն է ասոնց նորօրինակ զուգութիւնն. եւ պարտք է ճանչնալ եւ օրհնել զգործ Աստուծոյ։

Նոյն իսկ Բեռնարդոսի ծննդեան տեղն, Փռանկաց Ֆոնդէն գեղն Տիժոնի (Fontaine-les-Dijons) իրեն պաշտպան ունէր եւ ունի Ս. Ամբրոսիանոս [1] մը, զոր աւանդութիւն տեղւոյն եւ ժամագիրք եկեղեցւոյն՝ ճանչնան Հայազգի եպիսկոպոս մը. եւ կ՚ըսուի թէ ծնողքն Սարմատաց կամ Վրաց կողմերէն էին՝ հեթանոսութեան ժամանակ, եւ  հալածանքէ փախչելով եկան ՚ի Հայաստան, բնակեցան յԱրտամէտ (Վանայ մօտ ?). հօն ծնաւ Սուրբն, եւ Սառլատուն (Սալնատուն, Սալնոյ ձոր ?) քաղաքի եպիսկոպոսին օգնական եւ յաջորդ եղաւ. յետոյ իր հայրենի երկիրը գնաց քարոզելու, ուր եւ նահատակեցաւ։ Ի՞նչ կերպով եւ ե՞րբ իր նշխարքն եւ պաշտօնն փոխադրեցան ՚ի Ֆոնդէն Փռանկաց, յայտնի չէ։ Ծանօթն այս է, որ Բեռնարդոսի մայրն բարեպաշտ տիկինն Ալիծա՝ շատ ջերմեռանդ էր իր եկեղեցւոյ Սրբոյն, ուր ստէպ նուէրքներ կ՚ընծայէր, եւ որոյ բարեխօսութեան պտուղ Համարէր իր Բեռնարդն ալ Նուարդն ալ, (զի այսպէս կ՚անուանէր իր կրսեր որդեակն, Nivarde), ուրիշ զաւկըներն ալ, որք եւ ամենքն իրեն պէս յետոյ հրաժարելով յաշխարհէ` կրօնաւորեցան. ինչպէս նաեւ իրենց քոյրն (Հոմելինա) նման մեր Ներսիսի քրոջ (Մարիամու), եւ ամենքն ալ ՚ի դասս Սրբոց յիշատակուին։ Բեռնարդ 10 տարի առաջ քան զՆերսէս եկաւ յաշխարհ (1091) եւ 20 տարի անկէ առաջ վերափոխեցաւ (1153)։

Գրիգորիսի կաթողիկոսութեան տարին (1113) Բեռնարդոս ալ մտաւ Ջրհոր ըսուած վանքը (Cîteaux) կամ Կիստերսեան Բենեդիկտեանց ուխտը, եւ երկու տարիէն հազիւ 25 տարեկան՝ նոր վանքի մը շինող եւ հայր եղաւ, Պայծառաձոր կոչուած (Clairvaux), որ արդարեւ իր բնակութեամբն եւ կարգերով մեծապես պայծառացաւ եւ հռչակեցաւ։ Երբ Բ Իննովկենտեայ քահանայապետութեան սկիզբը հերձուած ծագեցաւ Անակլետի հակաթոռութեամբ եւ ժողով մ՚եղաւ ՚ի Բիզա քաղաքի, Ս. Բեռնարդոս երեք չորս տարի աշխատեցաւ քարոզելով եւ յորդորելով՝ աշխարհէ աշխարհք քաղքէ քաղաք, եւ շատերը՝ թէ՛ առանձնական մարդիկ, թէ՛ ամբողջ հասարակութիւններ եւ պետութիւններ՝ հաւանեցուց օրինաւոր Պապին. իր սրտաբուղխ եւ հոգեբուղխ խօսքին ոչ ոք կըրնար ընդդիմանալ կամ չյաղթուիլ. վասն զի էր միանգամայն քաղցր եւ հզօր, գիտուն եւ շահիչ, կրակոտ եւ ոչ այրող, եւ թէ այրէր՝ զմոլութիւնս եւ զմոլորութիւնս, այլ ոչ զանձինս, որով շահէր եւ զմոլորեալս. յորոց աշխարհահռչակ եղած է դիպուածն Ապելարի, Ելոյիսայ սիրահարին, որոց երկրաւոր սէրը յԱստուած դարձընելով անմատացուց, մինչդեռ Գրիգորիս եւ Ներսէս Ասորւոց եւ Հայոց վէճերը եւ խնդիրները կը հանդարտեցընէին բանիւ եւ գրով։ Արեւմտեան վէճերը հանդարտելէն ետեւ՝ Բեռնարդոս գնաց ի Հռովմ (1140) ուխտ. ուր Իննովկենտիոս Պապն իրեն յանձնեց Հին վանք մը Բենեդիկաեանց, կարգաւորելու եւ շէնցընելու։ Այս վանքս քաղքին սովորական շրջանակէն դուրս է, եւ Ս. Պօղոս առաքելոյ նահատակութեան տեղը, որ ՚ի հնուց ՚ի վեր Սալուեան Ջուրք կ՚ըսուի [2], նաեւ Երեք–Աղբերք, որք ըստ աւանդութեան բարեպաշտից՝ բղխած են Ս. Պօղոսի գլխոյն կտրուելէն ետքը իրեք անգամ թաւալած կամ ցատքած տեղերը. առջի դարերէն սկսեալ քրիստոնեայք այն կողմերը շատ մեծ ու փոքր եկեղեցիներ եւ յետոյ վանքեր ալ շիներ էին, որոցմէ մէկն ալ կարծուի ըլլալ Հայոց վանք՝ Ռենատոսի անուամբ յիշուած յ՚Է դարու [3] ։ Ս. Բեռնարդոսի տրուած  վանքն՝ յանուն իր եկեղեցւոյն՝ կոչուէր եւ կոչուի Ս. Անաստաս [4] եւ Ս. Վինգենտ, մօտ յԵրիս Աղբերսն. որոց մօտիկ է եւ Ս. Աստուածածնի եկեղեցեակ մ՚ալ, ուր օր մը Ս. Բեռնարդոս պատարագելու  ատեն տեսիլք մը տեսաւ, իբրու թէ լուսեղէն սանդուղ մը կար սեղանէն ինչուան յերկինս, որով քաւեալ ննջեցելոց հոգիք կը վերանային, եւ այնու յիշատակաւ մինչեւ ցայժմ կոչի տեղին (Scala Cœli) Սանդուղք Երկնից: Ս. Բեռնարդոս այն վանքը քիչ մը կարգավորելէն ետեւ շուտով դարձաւ, եւ իրեն տեղ խաւրեց իր համանուն եւ սրբակրօն աշակերտը՝ Բեռնարդոս Բիզացին, որ ըստ ոչ կարծեաց վարդապետին՝ յետ մահուան Իննովկենտեայ եւ իր երկու կարճակեաց յաջորդաց (Կելեստինոս Բ եւ Լուկիոս Բ) Պապ ընտրեցաւ (27 փետր. 1145) եւ կոչեցաւ Եւգենիոս Գ. առ որ իր սուրբ եւ մեծ վարդապետն խրատական գիրք մը գրեց, անոր ծայրագոյն պաշտօնը զգուշութեամբ կատարել տալու համար։ Այս երկու (Բեռնարդոս) վանահարց Ս. Անաստաս գտուած ատեն՝ արդեօք Հայք ալ վանք ունէին հօն, եւ արդեօք Եւգենիոս նախ հօ՞ն տեսած էր այս մեր արեւելեան ազգայինքը՝ իրենց հայրենի լեզուաւ եւ ծիսիւ՝ իրեն միանձանց հետ երբեմն աղօթակցելու Ս. Պօղոսի ուխտատեղիները։ Յայանին այս է, որ մեր օրերս քիչ տարի առաջ (1869) յիշեալ Ս. Անաստաս եկեղեցւոյն յատակը նորոգել պէտք եղաւ, խոնաւութիւնը ցամքեցընելու համար, եւ աստիճանները քակելու ատեն՝ տակէն ելած . քարերուն մէջ գտուեցան երկուք մ՚ալ հայերէն արձանագրութեամբ, մէկն ՉԺԶ (1267) թուականաւ, միւսն գեղեցիկ խաչվէմ մը` «ՉԾԴ (1305) թուականաւ եւ յստակ արձանագրութեամբ, ՚ի յիշատակ հանգուցեալ Վարդան Ճգնողի մը, որուն միաբանքն ալ կը յիշուին հօն՝ ՚ի Գլխատան Վանս (Հայոց). շատ տարիներով եւ դարով առաջ հնագոյն հայ խաչ արձան մ՚ալ գտուեր էր ՈՂԵ (1246) թուականաւ, որ հիմայ Հռոմայ Լատերանեան թանգարանը դրուած է. անկէ քանի մը տարի առաջ ալ գրուած գիրք կայ ՚ի Հռոմ (1240) յանուն Ստեփանոսի քահանայի, որ կը յիշուի նաեւ ՈՂԵ եւ ՉԺԶ թուոց արձանաց մէջ ալ. եւ Ս. Բեռնարդոսի հօն այցելութենէն միայն դար մը ետեւ ըլլալով, միանգամայն եւ Հնագոյն քան զամենայն եկեղեցեաց եւ վանաց Հայոց յԻտալիա, կըրնայ կարծուիլ՝ թէ երկու Բեռնարդոսից հou գտուած ատեն ալ ըլլային իրենց դրակից եւ ուխտակից Հայ միանձունք. եւ յառաջ քան զնուիրակութիւն Գրիգորիսեանց՝ Պայծառաձորոյ հիմնադիրն եւ Անաստասայ աբբայն՝ իբրեւ բոլոր հայութեան նուիրակ տեսեր էին մեր հեռաշխարհիկ ուխտաւորները։

Դառնանք հիմայ մեր բուն պատմութեան եւ խնդրոյն։ Նուիրակքն Հայոց անշուշտ զՊապն կարծէին գտնել ի Հռովմ, բայց այս տեղ քաղա . քական շփոթութեանց կասկած ըլլալով` նորընծայ Պապն՝ որ շտապ ընտրուած էր, շտապաւ մ՚ալ եւ լռելեայն հեռացաւ անկէ, ուրիշ վանքի մը մէջ ձեռնադրութիւն եւ հովուապետական գաւազանն առաւ, ու գնաց նստաւ ՚ի Վիդերպոյ, Հռովմայ եւ Դոսկանայի սահմանաց միջոց հին քաղաքը։ Հոս մեր նուիրակներն գտան զՍ. Քահանայապետը, եւ կատարեցին իրենց յանձնուածը։ Բերած եւ տարած թուղթերնին հիմայ չգտուելով՝ ստոյգ չիմացուիր թէ գլխաւորապէս ի՞նչ բանի համար էր, եւ ի՞նչ հետեւանք ունեցաւ։ Ժամանակագիր պատմիչն Ոթոն՝ որ ներկայ ալ էր, եւ տեսաւ եւ խօսեցաւ Նուիրակաց հետ, որոշ եւ բաւական տեղեկութիւն մը չիտար, մանաւանդ թէ շփոթութիւն կայ ըսածին մէջ, ինչպէս նաեւ մեծաբանութիւն, որ կամ նուիրակաց կողմէն մըտած է, կամ գրչագրաց այլայլագրութենէն։ Վասն զի նախ կաթողիկոսին համար կ՚ըսէ թէ «այսպէս կոչուի՝ վասն զի անթիւ, այսինքն հազարէն աւելի (!) եպիսկոպոս ունի իր իշխանութեան տակ»։ Իսկ նուիրակութեան գլխաւոր պատճառն՝ անոնցմէ լսածին համեմատ՝ Էր Յունաց եւ Հայոց վէճն , մանաւանդ պատարագի վրայօք. Յոյնք՝ Հայոց անապակ բաժակը կը մեղադրէին, Հայք՝ անոնց խմորուն Հացը [5] ։ Երկրորդ վիճի առիթն էր Ծննդեան եւ Մկրտութեան տօնից միութիւնն կամ՝ զատութիւնն. ասոնցմէ դուրս ուրիշ խնդիրներ ալ ունէին, կ'ըսէ. եւ եկեր էին Հռոմայ Քահանայապետը դատաւոր բռնելով՝ իրմէ հրահանգ մ՚առնուլ պատարագի արարողութեանց վրայ։ Իսկ Ս. Պապն քաղցրութեամբ լսելով անոնց, փոխանակ վարդապետութեան՝ ըսա, որ իրենք իրենցմէ դիտեն Լատինաց թէ թիւ եւ թէ ձայնաւոր հանդիսական պատարագ մատուցանելը, եւ իմանան ծիսից տարբերութիւնը կամ՝ նմանութիւնը։ Տօնական օր մ՚ալ . Պետրոսի եկեղեցւոյն նաւակատեաց, (յ՚18 նոյեմբերի) ինքն Պապն կը պատարագէր, մեր Նուիրակքն ալ ուշի ուշով կը դիտէին. մէջերնէն եպիսկոպոս մը յանկարծ տեսաւ Պապին գլխուն վերեւ արեւու պէս պայծառ լույս մը, մէջն ալ երկու աղաւնի որ կ՚ելնէին կ'իջնէին։ Չորս դին դարձաւ զննելու թէ արդեօք պատուհաս մը ծագած էր լոյսն, կամ՝ աղաւնիքն եկած, սակայն յարմար բան մը չտեսնելով՝ համոզուեցաւ որ հրաշալի երեւոյթ մ՚էր, եւ նշան ուղղութեան Հռովմէական եկեղեցւոյ. զոր եւ աներկբայաբար ընդունելով՝ ամենուն պատմեց տեսածը, եւ հանդիսական ժողովի մէջ ալ զնոյն վկայեց։ իսկ Ս. Պահն ազնուական խոնարհամտութեամբ ըսաւ, թէ տեսածն իր արժանաւորութեանը համար չէր, այլ տեսնողին հաւատքին, որով Աստուած ուզեր է յայտնել ճշմարտութիւնը, որպէս զի ինքնին ընտրեն Նուիրակքն ինչ որ պետք է ընդունիլ եւ իմացընել զիրենք ղրկողներուն։

Երկրորդ պատճառ կամ խնդիր նուիրակութեան՝ տարօրինակ կամ նորալուր բան մը կաւանդէ Ոթոն. յիշեալ եպիսկոպոսն՝ որ նուիրակաց գլուխ կը յայտնուի, պատմեց, որ իրենց Հայոց սահմանակից Հեթանոս ազգ մը կար, որոց զաւակներն հոտած եւ գարշելի կը ծնանէին, եւ ինչուան որ Հայոց մկրտել չտային՝ չէին ազատիր այդ պատուհասէն։ Բայց երբ մեծնային՝ իրենց ծնողաց ծուռ աղանդով կ'ապրէին։ Հիմայ Հայք խիղճ ընելով՝ թէ արդեօք օրինաւո՞ր է մկրտել զանոնք՝ որ հաւանօրէն յետոյ հեթանոսաբար պիտի ապրին, եւ չկարենալով ինքնին որոշել այս յիրաւի ծանր խնդիրը՝ Հռովմայ աթոռոյն վճռին կը սպասէին։ Արդարեւ ոչ միայն եկեղեցական՝ այլ  եւ պատմական հետաքննութեան արժանի բան մ՚է գիտնալն՝ թէ ի՞նչ ժողովուրդ էր այդ սահմանակիցն Հայոց, արդեօք Տաւրոսի խորշերուն մէջ մնացած հեթանո՞ս յունախառն ցեղ մը, թէ՝ (որ աւելի հաւանական կ'երեւի) Թուրքաց ցեղ մը, ինչպէս կըրնային ըլլալ Իկոնիոնի Սուլտանին հպատակներէն ոմանք, որոց վախէն Հայք չէին  համարձակեր մերժել անոնց խնդիրը, եւ գարշահոտ ծնունդները մկրտելով անուշահոտ կ՚ընէին: Շնորհալին իր Ընդհանրականին մէջ կը խօսի այս Թուրքաց երախայից մկրտութեան վրայոք, ինչպէս պիտի յիշենք իր տեղը։ Պատմիչն ասկէ աւելի բան չըսեր. եւ ոչ ալ  քահանայապետին վճիռը այս բանիս վրայօք. որ հիմայ ալ կըրնայ աստուածաբանական խնդիր կամ դէպք (casus) մ՚ըլլալ։

Աւելի փափագէինք որ առջի խնդրոյն վրայօք եղած եւ որոշուածն յիշած ըլլար Ոթոն. որ թուի թէ ինչուան վերջը ներկայ չգտուելով նուիրակաց հօն եղած ատեն, գործոյն վերջը չէ տեսած եւ լսած. այլ սկիզբը կ՚ըսէ, թէ Նուիրակքն՝ Հայոց եկեղեցւոյն Ուխտին կողմանէ ամենայն հպատակութիւն մատուցին Ս. Պապին։ Պատմիչին արժանաւոր հաւատարմութեանը վրայ տարակոյս չունի, այլ Նուիրակքն անծանօթ ըլլալով՝ կըրնան աւելի պակաս տարակուսելի ըլլալ իրենց կողմանէ մէջ բերուածները։ Հայոց հազարաւոր եպիսկոպոսները, ամենակերպ հպատակութիւնը, եւ եպիսկոպոսին տեսիլքը միով բանիւ, զՅոյնս յաղթահարելու կամ լռեցընելու համար՝ Լատինաց աւելի բան մը շնորհած կ՚երեւին, որուն յայտնի նշան չի գտուիր [6] ։ Իսկ Ս. Քահանայապետին կողմանէ՝ Իննովկենտիոսի Բ եւ Գրիգորի Է-ի գըրածին համեմատ կոնդակ մ՚ալ տրուիլն՝ վկայուած է այս թուականէս երկու դար ետեւ Մխիթար կաթողիկոսի ատեն եղած Սսոյ Ժողովէն. որոյ ըսածն՝ թէ բաժակի եւ տօնից [7] խնդրոյն վրայօք սուրբ Հարց վկայութիւնները «գտցես ՚ի թուղթն Եւգինէոսի Պապին Հռովմայ, զոր գըրեալ է առ Տէր Գրիգորիս կաթողիկոս՝ եղբայր մեծին Ներսիսի Կլայեցւոյ», կ՚իմացընէ ալ թէ ոճով եւ երկար գրուած թուղթ էր, եւ թերեւս անկէ առեր էր Գրիգոր Անաւարզեցի կաթողիկոսն իր առ Հեթում Բ գրածները։ Այս թուղթէն՝ եւ ընծաներէն զատ, ինչպես էին գաւազան եւ քօղ կամ գլխի թագ առ կաթողիկոսն, անշուշտ եւ առ գործակից հարազատն Ներսէս [8], շատ հաւանական է որ նուիրակքն աղէկ մը քննելով Հռոմայ մեծ եկեղեցւոյն ծէսերը, զոր հօն աւելի կատարեալ եւ անկասկած կըրնային դիտել՝ քան Անտիոքայ եւ Եդեսիոյ կողմերը, հետերնին բերած ըլլան նաեւ ծիսական գրքեր. եւ անկէ պատճառած ըլլայ մեր Մաշտոցի Ձեռնադրութեանց կարգին փոփոխութիւնը եւ ընդարձակութիւնը ինչպէս վերոյիշեալ Մխիթար կաթողիկոս գրելով առ Կլեմէս Զ (1343) որոշակի կ՚ըսէ, թէ ասկէ 200 տարի առաջ ընդունեցան Հայք Լատինաց Ձեռնադրութեան նոր կարգը. եւ ուրիշ մ՚ալ աւելի որոշակի, թէ Եպիսկոպոսի եւ քահանայի օծումը՝ զոր Հայք չունէին՝ Յունաց պէս, ընդունեցան ՚ի Լատինաց Ներսիսի Կլայեցւոյ ատեն. եւ հօս ալ 200 տարի առաջ ըսելով, ճիչդ մեր հիմայ տեսած նուիրակութեան ատեն կը հանդիպի. եւ այս կարգաց հայերէն յարդարմունքն ալ՝ մասամբ` մեր Շնորհալւոյ գրչին։ Եթէ այնպիսի ձեռքէ մ՚անցած չըլլար՝ գուցէ այնպէս ընդհանուր Հայաստանեայց ընդունելի ալ չէին ըլլար այս կարգքս, որք Լատին եւ Հայ եկեղեցեաց միաբանութեան գեղեցկագոյն պատուաստ կամ պտուղ մը կըրնան սեպուիլ։ Այնպիսի խոհական եւ աստուածարեալ հայրապետաց ջանքով՝ ծիսիւ եւ լեզուաւ օտար եկեղեցեաց յարմարութիւնք եւ միաբանութիւնք աւելի դիւրաւ կը յաջողէին քան քանի մը դար ետքը, երբ քաղաքական փոփոխմամբք ալ հեղինակութեանց զուգակշռութիւնն շատ այլայլեցաւ. Հայոց տէրութիւնն տկարացեալ, ազգն զանազան իշխանութեանց եւ ազդեցութեանց տակ ցրուեալ, որով կաթողիկոսական իշխանութիւնն ալ նուազեալ. իսկ Աւինիոնի Պապից հեղինակութիւնն, մանաւանդ մեր ընտանի եւ օտար ամբաստանողաց փչմամբ, շատ զօրացեալ. սրտից ազատ սիրոյ հաղորդակցութիւնն կ՚ամփոփուէր եւ տեսակ տեսակ կերպարանքներ կ՚առնուր։ Այնպիսի ատեն կշռոց յոյժ վերացեալ եւ թախանձեալ կողմն՝ ծանր հարկեր ալ կըրնար դնել կամ պահանջել ՚ի խոնարհելոյն, ինչուան ուզել որ, զատ յայլոց, Հայոց եկեղեցւոյ Ձեռնադրութեան նոր կարգերն ալ նորէն թարգմանուելով՝ քըննուին. եւ Մխիթար կաթողիկոս թէ՛ Հին եւ թէ՛ նոր քահանայական եւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեանց կարգերը լատիներէն թարգմանել տալով (Պեմունդ անուամբ կոմսի մը) խաւրեց խնդրողին։ Ո՛ր եւ է միաբանութիւն այն ատեն սերտիւ եւ սրտով կ՚ըլլայ, երբ երկու կողմէն ալ ըստ կարելւոյն հաւասարութիւն կամ չափաւորութիւն մ՚ըլլայ. զի ինչուան որ երկու թաթքն ալ գծի մը վրայ չզիջանին՝ կշիռքն չի հանգչիր։ Գերակայութիւն եւ ստորակարգութիւն՝ անհաւասարելիք կ՚երեւին ախմարաց. այլ սէր եւ խոնարհութիւն բարձրն ու ցածը կը հաւասարեն, միաբանեն, միացընեն։

Ասկէ աւելի յայտագիր մը չունենալով մեր նուիրակաց ըսածին եւ լսածին, եւ ոչ իրենց դարձին ճամբուն, կամ մեր հայրապետաց ըրածին եւ գրածին, դառնանք մեծ քաղաքական տեսարանի մը, զոր եւ ոմանք կերպով մը կը կապեն այս նուիրակութեան հետ. եւ կ'ըսեն թէ ասոր մէկ վախճանն ալ էր ՚ի քրիստոնէից օգնութիւն խնդրել ընդդէմ Թուրքաց, որ է ըսել Խաչակիր զօրք յարուցանել յետ տիրելոյ նոցա Եդեսիոյ քաղաքին։ Սակայն սխալ է այդ կարծիքդ. որովհետեւ մեր նուիրակաց ճամբայ ելնելէն շատ ժամանակ վերջը հանդիպած է Եդեսիոյ առումն. եւ Ոթոն յայտնապէս կ՚ըսէ թէ Ասորւոց Գաբալայ [9] թեմին եպիսկոպոսն էր այս բանիս խնդիր ընողն, կողմանէ Անտիոքայ պատրիարքին ու բրընձին, եւ ասոր մօրը՝ որ Երուսաղէմի թագաւորին դուստր էր, եւ ուրիշ Լատին իշխանաց. յայտ է ուրեմն որ ինքն ներկայ 1145 տարւոյն մէջ ճամբայ ելեր է, մինչդեռ Հայք ՚ի գարնան նախընթաց տարւոյն, որուն վերջը հանդիպեցաւ Եդեսիոյ արկածն, զոր իրենք ալ հօս Պապին քով լսած պիտի ըլլան. թերեւս այն ատեն իրենք ալ աւելցուցած ըլլան իրենց կողմերուն տագնապեալ վիճակը յայտնելու։ Արդ որովհետեւ այն դիպուածն աւելի մեծ դիպուածի մը պատճառ եղաւ, որ զարեւմուտք նորէն դրդեց յարեւելս դիմելու, միանգամայն եւ մեր պատմության նոր յիշեալ գլխաւոր անձանց, մանաւանդ Բեռնարդոսի եւ Շնորհալւոյ, մէկմէկ կերպ գործելու եւ գրելու առիթ եղաւ, արժան է որ զանոնք յիշենք



[1] Արաբացի եւ Եթովպացի լեզուաւ թարգմանած Ս. Հարց հին հաւաքածոյ գրոց մէջ՝ գտուին եւ բանք Ս Ափրոս Հայ հայրապետի կամ եպիսկոպոսի մը, Ե դարէն առաջ. այլ բուն ժամանակն, կամ վերոյիշեալ նահատակին հետ նոյն ըլլալն եւ չըլլալն՝ յայտնի չէ

[2] Ad Acquas Saluias.

[3] Renatus. այս վանաց տեղն յայտնի չէ այս կողմս ըլլալն. վանքը յիշէ Ս. Գրիգոր Մեծն ՚ի վերջ Զ դարու, իսկ մեր յիշեալ ատեն (յամի 649) Թալաս անուամբ վանաց երեցն՝ մէկ մը Ս. Աստուածածին եւ Ս. Անդրէաս վանաց հայր կոչուի, մէկ մ՚ալ Ռենատոսի վանաց Հայոց կամ Հայուհեաց. վասն զի գրչագիր օրինակաց մէջ թէ՛ Armenorum գրուած կայ եւ թէ՛ Armenissarum. կայ եւ Armenistarum գրուած, որով հաւանական կ՚ըլլայ առաջինն, այսինքն միանձանց եւ ոչ միանձնուհեաց։ 

[4] Այս է Ս. Անաստաս Պարսիկն զոր կը տօնեմք, որ եւ նահատակեցաւ յամի 628, եւ քիչ վերջը Հերակլ կայսր անոր գլուխը եւ նշխարաց մաս մը խաւրեց ի՝ Հռովմ, թերեւս ՚ի ձեռն իր նիզակակից Հայոց եւ այն ատեն շինուեցաւ հօն եկեղեցին յանուն սրբոյն։ 

[5] Ոթոն, կարմիր հիմայ հրատարակուած գործն յայտնի սխալ կ՚ըսէ թէ Հայք ալ Յունաց պէս խմորուն հացով կը պատարագէին։ 

[6] ԹԷ ոչ այս դէպքս՝ նոյն ժամանակի ուրիշ դէպք մ՚ալ կասկած մը կու տան Հայոց վրայ՝ հնարագիտութեան, թէ եւ աւելի յօտարաց հնարեալ թուին։ Նոյն ժամանակագիրն Ոթոն կը պատմէ իր ուրիշ գրուածի մը մէջ (Պատմութիւն գործոց Ա. Փրետորիկոսի կայսեր), որ գրեթէ ճիշդ այս Հայոց նուիրակութեանս տարիները, յորում եւ խաչակիր զօրք հանելու հրաւէրք եղան, ինչպէս պիտի տեսնենք քիչ մը վերջը, մարգարէական գրուած մը հրատարակեցաւ այն ատեն տիրող փռանկաց Լուտվիկ Է թագաւորին վրայօք: իբր թէ կիւրոսի պէս պիտի տիրէ Բաբելոնի եւ արեւելից - իր վարդագոյն դրօշներն պիտի թռչէին ինչուան Հերակլեայ գործոց տեղերը, եւ  պիտի բացուէր իրեն դուռն Բ եւ ուրիշ խրթին եւ անիմանալի խօսքեր. զոր մեծ յարգութեամբ կ՚ընդունէին Փռանկք նաեւ բարեպաշտ անձինք. եւ ոմանք կարծէին թէ Սիբիլլական գրոց մէջ գտուած է, ոմանք ալ թէ Աստուած յայտներ է Հայու մը. Cuidam Armenio divinitus revelatum affirmaretur: Մեր մէջ Ագադրոնի, Մեթոտիոսի եւ Մեծին Ներսիսի անուամբ գուշակական գրուածք կան, աւելի աշխարհիս վերջի ժամանակին վրայոք, արդեօք ասոնց մէ՞կն է Ոթոնի յիշած յայտնութիւնն առ Հայն, թէ բոլորովին այլ ինչ, աւելորդ համարիմ քննել, անստոյգ եւ անպիտան համարելով:

[7] Կըրնայ ըլլալ որ զօրութեամբ այս Կոնդակին Գրիգորիս ուզած ըլլայ տօնից աւուրց յարմարութիւն մ՚ընել, գոնէ Աւետեաց տօնը որոշակի եւ հանդիսիւ տօնել. եւ անոր համար յօրինած ըլլայ Խորհուրդն անճառ շարականը

[8] Լամբրոնացին U. Ներսիսի վարուց վիպասանութեան մէջ կ՚ըսէ.

      «Մեծն ի Հըռոմ լուրըն Հասեալ

      Առ Հայրապետն որ անդ նըստեալ.

      Նա գաւազան եւ քօղ յըղեալ

      Գըրով ըզսէրըն պահանջեալ».

      սակայն ետեւի ըսածներէն կ՝երեւի որ այս բանս Եգենիոսէ առաջ պապ մ՚ըրած է. ինքն` ալ անշուշտ առանց ընծայի չէ դարձուցած կաթողիկոսին նուիրակները

[9] Gabulensis ըստ Ոթոնի, Հալէպի կողմերը քաղաք մը, որ թուրքերէն ալ Ճապուլ կոչուի