Շնորհալի եւ պարագայ իւր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻԵ.
Հաւատոյ խնդիրք. Արեւորդիք. Թուղթ առ Յակոբ Ասորի,
վասն Անապականութեան  մարմնոյն Քրիստոսի

Այս ամեն տեսակ հոգեկան եւ մարմնական գըթութեան գործերէն զատ՝ զոր տեսանք ՚ի Շնորհալին, ՚ի դարման աղքատութեան, հիւանդութեանց, տգիտութեան, տրտմութեան եւ մահուան, վերագոյն հոգ մ՚ալ կար, յարմարագոյն իր պաշտամանը, որ է բոլոր եկեղեցւոյն հաւատոց ուղղութեան վերատեսչութիւնն. եւ եթէ ինքն այնքան փոյթ ունէր այնպիսի բարեաց ալ՝ որ հասարակաց կամ շատոնց ընելու գործեր են, ո՞րքան եւս առաւել այն բանին՝ որ սեփական է հայրապետի մը. ապա պէտք չէ տարակուսիլ, թե նա որ իր աչաց օգնական կ՚առնէր զբազմութիւն աչաց՝ տեսնելու ծածուկ եւ ամըչկոտ աղքատները, արթնագոյն եւ սրագոյն աչօք ալ կը դիտէր՝ հոգւոց աղքատութիւնը կամ հիւանդութիւնն ՚ի  քրիստոնէական կեանս. եւ ամենեւին չէր դանդաղեր ՚ի դեղ եւ ՚ի դարման պատշաճ եւ հնարաւոր։ 

«Եթէ աղանդ ուրեք շարժէր՝

Մեծ զօրութեամբըն խափանէր

Համաշխարհի նամակ յըղէր

Յուրաքանչիւր գործըս խրատէր».

վկայէ Լամբրոնացին։ Իրմէ առաջ ալ երկուց Վկայասիրաց արթնութիւն եւ իր իսկ գործակցութիւնն՝ մեր եկեղեցւոյն ներքին խաղաղութիւնը եւ միաբանութիւնը բաւականապէս ապահովեր էին. եւ միայն Յունաց եւ Լատինաց պատճառաւ երբեն առիթ կ՚ըլլար վիճաբանութեանց, հակառակութեանց կամ՝ կցորդութեանց։ Եկեղեցեաց մէջ ատեն ատեն մոլորութիւնք սպրդած են, բայց ոչ ամեն եկեղեցիք ալ հնարեր են մոլորութիւնս. մեր եկեղեցին ալ այսպէս աւելի հետեւող քան հնարող եղած է։ Միայն հին աղանդ մը՝ քրիստոնէութենէ ալ դուրս եւ ավելի հին՝ այլ եւ խառնուած անոր հետ, ատեն ատեն աւելի կամ պակաս յայտնի երեւած է ՚ի Հայս կամ ՚ի սահմանս Հայոց. ինչպէս եւ Շնորհալւոյ ատեն ալ յայտնուեցաւ, եւ իր մտադրութիւնն ու գրաւոր ջանքը գրաւեց՝ զայն խլելու եւ ուղղելու։

Արեւորդեաց աղանդն էր այս, կամ խառնարան մ՚աղտեղի աղանդոց, յորում անորոշակի իբրեւ ի զանազան վտակաց թափուած ժանտ ջուրք՝ միանան ՚ի մի ժողով ժահահոտ։ Ս. Սահակայ եւ Մեսրովպայ ատեն յիշեալ Բորբորիտոնքն տղմաթաթաւք (զի այսպէս թարգմանի), քիչ մը վերջը Մծղնեայք, յետոյ Պայլիկեանք, ապա Թոնդրակեցիք, եւ հիմայ Արեւորդիք, գրեթէ ամենքն ալ խառն եւ նման այլանդակ վարդապետութիւն կամ սովորութիւններ ունէին. կրնանք ալ ըսել, թե որոնք որ ՚ի ստուգութենէ հաւատոց եւ ՚ի սրբութենէ վարուց դուրս կը ցատքին՝ վերջը վերջը ՚ի նոյն այլանդակութիւն կ՚երթային միանային։ Թողլով առջի անուամբ յիշուածները, մեր պատմութեան ժամանակ անուանեալը յիշենք, որ թէ եւ անուամբ յետին՝ սկզբամբ հնագոյն է քան զայլն, եւ ամենուն ալ մայր կըրնայ կարծուիլ։ 

Շատ, եթէ չըսենք ընդհանուր հեթանոսաց պէս՝ մեր նախնիք Հայկազունք ալ՝ զարեւ կը պաշտէին, քիչ կամ շատ տարբերութեամբ, եւ աւելի նմանութեամբ Պարսից եւ Մարաց. ոչ սակաւ տեղերու անուանք կան ՚ի Հայս արեւ կամ արեգակն բառով ձեւացած. եւ ինչուան հիմայ Արեւ անունը յատկաբար կրողք պակաս չեն, (ինչպէս տեսանք եւ զեղբայրն Գոհարինեանց). նոյնպէս կենաց նշանակութիւն տալ արեւուն, երդնուլ յարեւ թագաւորի, արեւը սիրել, մէկուն արեւուն մեռնիլ սիրով, կարճ արեւ, կանաչ արեւ, եւ այլն, զրուցուածք՝ հասարակ եղած են ազգերնուս մէջ. թերեւս աւելի քան ուրիշ ազգաց։ Զարմանք չէ ուրեմն որ այն պաշտօնն կամ պատիւն որ ամենէն հին եւ արմատացեալն էր ՚ի Հայս՝ ամէնէն խոր ալ թափանցեալ եւ յերկարեալ մնար, եւ մասամբ դեռ մնայ այլ, նաեւ յետ այնքան քարոզութեան եւ ջանից Լուսաւորչի, Մեսրովպայ եւ անոնց հոգեկից անձանց։ Սակայն այս այլ ստոյգ է՝ որ աւելի Հայաստանի եզերքները կամ uահմանները՝ քան` ՚ի բնամէջն երեւցած է Արեւորդեաց աղանդն, յաշխարհն Միջագետք Հայոց ըսուած, Եդեսիոյ եւ Սամուսատայ կողմերը։ Առաջին այս անուամբ զանոնք յիշողն՝ մեր պատմութեան պարագային սկիզբները բռնող եւ մեր Պահլաւունի հայրապետաց նահապետ՝ Գրիգոր Մագիստրոսն է, որ սոյն կողմերս զանոնք բնակած կ՚ըսէ, եւ Հին Պարսից մոգերուն վարդապետութեամբ «դեղեալք՝ Արեգակնապաշտք, զոր Արեւորդիսն անուանեն ինքեանք՝ Քրիստոնեայ զինքեանս յայտնապէս կոչեն, բայց եթէ որպիսի մոլորութեամբ եւ անառակութեամբ վարին՝ գիտեմք զի ոչ ես անտեղեակ»։ ինքն Մագիստրոս թէ՛ զէնքով եւ թէ՛ գրչով ընդդիմացաւ Թոնդրակեանց, զոմանս հաւանեցուց, զայլս հալածեց իր սահմաններէն. թէ եւ որոշ չըսեր թէ այս երկու աղանդքն ալ նոյն ըլլան, այլ գրուածոց միտքն զնոյն ցուցընէ։ Իրեն եւ Շնորհալւոյ միջոց գրող վարդապետ մը Դաւիթ  Ալաւկայ որդին, զոր յիշեցինք ուրիշ տեղ (161), աներկբայաբար կը նոյնացընէ զՊայլիկեանս եւ զԱրեւորդիս (զոր Արուի–որդիս կ՚անուանէ)։ Շնորհալին՝ երկու դար ետեւ՝ Մխիթար կաթողիկոս կը յիշէ զԱրեւորդիս ՚ի Մանազկերտ, ուր Թոնդրակեցւոց գլխաւոր բոյնն էր ՚ի Ժ. դարու, ըսել է որ երկուքն ալ նոյնք կամ՝ նոյնանմանք էին։ Ամենէն հին յիշող եւ կշտամբողն Յովհան իմաստասէր կաթողիկոս ալ (՚ի սկիզբն Ը. դարու), Պայլիկեանց հետ յիշէ զԱրեգնապաշտս. եւ այսպէս ամենուն տեսութիւնն ալ միաբանի մեր առաջ ըսածին, թէ նոյն այլանդակ եւ անառակ սկզբանց խառնուրդ էին այդ զանազան անուամբ  յիշեալ աղանդաւորքն։

Արդ Շնորհալւոյ հայրապետութեան ատեն՝  Սամուuատայ կողմը գտուող Արեւորդեաց մէկ մասն՝ որ « ազգաւ եւ լեզուաւ ՚ի տոհմէ Հայոց են», ինչպէս կ՚ըսէ ինքն, փափագ ցուցին մտնելու իրենց ազգի սուրբ եկեղեցին. պատգամաւոր խաւրեցին առ հայրապետն, որ արդէն լսեր եւ հարցուցեր էր անոնց աղանդոյն վրայօք, հիմայ ալ ասոնց հարցընելով տեղեկացաւ. եւ տեսնելով որ կը հրաժարին իրենց այլանդակութենէն նզովիւք եւ երդմամբ, յանձն առաւ ընդունելու զիրենք յեկեղեցի, պատշաճը պատուիրելով եւ սովրեցընելով։ Իրենց ընկերաց բազմութիւնն ալ զնոյն խնդրեցին Սամոստիոյ առաջնորդէն, որ էր Թորոս քորեպիսկոպոս, իսկ սա քաղքին աշխարհական գլխաւորին հետ՝ որ կոչուէր Գազան, գրեց առ հայրապետն եւ հրահանգ ուզեց։ Շնորհալին գրով պատասխանելով՝ նախ նմանեցընէ զԱրեւորդիս՝ նոյն ատենի Յունաց մէջ Պողոմելեան [1] աղանդաւորաց, որք յիրաւի նման աղտեղի սովորութիւններ ալ ունէին, եւ որոց համար շատ ժողովներ եղած է քիչ մ՚առաջ ՚ի Կոստանդինուպօլիս (յամս 1143. 1144. 1147, եւ այլն. ) եւ մերժուած էին ՚ի պատրիարքացն Յունաց կանոնական գրովք. երկուքին սկիզբն ալ հեթանոսական ժամանակներէ առաջ եկած կ՚ըսէ. եւ բաղդաւոր սեպելու իր ժամանակը՝ որ Լուսաւորչէն փախչող խաւարասիրաց որդիքն՝ հիմայ կ՚ուզեն ՚ի լոյս գամ. ուստի պետք է ընդունիլ կարեւոր զգուշութեամբք. վասն զի եւ շատք ստոյգ կը համարին անոնց դարձը։ Իսկ եթէ ոմանք «դարձեալ անդրէն ՚ի փսխածն իւրեանց դառնան, մեզ եւ ոչ մի ինչ է վնաս յաշխատանսն. ՚ի բաց ընկենուլ՝ արդար դատաւորին է»։ Թղթոյն հետ իր աշկերտներէն քանի մը հոգի խաւրեց ՚ի Սամոստիա, որ քաղքին բոլոր եկեղեցւոյ ուխտին հետ առաջնորդութեամբ քորեպիսկոպոսին՝ կանչեն զԱրեւորդիս ՚ի դուռն մայր եկեղեցւոյն, եւ հարցընեն թէ ճշմարտիւ կ՚ուզե՞ն թողուլ իրենց աղանդը եւ թէ այսպէս՝ հրաժարի՞ն ՚ի սատանայէ, յարեւմուտս դառնալով եւ երեք անգամ թքնելով ՚ի դէմս սատանայի։ Յետ զայս ընելու՝ լաւ իմացընեն իրենց աղանդոյն ծռութիւնը եւ գարշութիւնը. թէ՝ արեւն լուսատու է երկրիս՝ Աստուծմէ դրուած, ինչպէս ուրիշ աստեղք ալ. թէ՝ բարտի ծառն՝ զոր պատուէին՝ դէպ յարեւ դառնալուն համար, ուրիշ ծառերէ առաւելութիւն մը չունի. եւ թէ՝ սուտ է թէ Քրիստոսի խաչն բարակ ծառի փայտէն էր. այնպէս ալ ըլլար՝ ծառն պատուելի չէր. այլ հին հեթանոսութենէ առաջ եկած է այն պաշտօնն։ Ապա յարեւելս դարձընելով զանոնք՝ հարցընեն թէ հաւատա՞ն յամենասուրբ Երրորդութիւնն, ՚ի Մարդեղութիւն Քրիստոսի եւ ՚ի տնօրէնութիւնս, եւ այլն. եւ զայս դաւանութիւն ընդունելով՝ մտցընեն, յեկեղեցի. անկնունք տղայքը մկրատեն, մեծերը նախ խրատեն խոստովանեցընեն եւ ապա մկրտեն, իսկ արդէն մկրտեալները՝ միայն խոստովանեցընեն ապա միւռոնով օծելով ճակատնին՝ խառնեն հաւատացելոց հետ, սովրեցընելով քրիստոնէական պարտքերը եւ խրատելով որ չգայթակղին բնիկ քրիստոնէից եւ քահանայից իսկ պակսութիւններէն վասն զի ոչ անոնց գործն՝ այս Քրիստոսի բանքն են մեզի կանոն. եւ «՚ի լաւսն եւ յընտիրսն հայեսցին, եւ յայնցանէ առցեն իւրեանց օրինակ բարեաց»։ Մասնաւորապէս ըզգուշացընել զկանայս ՚ի կախարդութենէ եւ ՚ի դեղատուութենէ։ Յետ այլ խրատուց խորհուրդ կու տայ հայրապետն որ անոնց մանչերէն ընդունակներն՝ առնուն ՚ի կրթութիւն եւ յուսումն սուրբ գրոց, ինչպէս որ ինքն ալ ուզեր էր իրեն եկողներէն, եւ նոքա ալ յանձն առեր էին. որպէս զի քահանայութեան ալ արժանանան. «որպէս եւ յորդւոց Քրմացն՝ Ս. Գրիգոր ուսոյց եւ ձեռնդրեաց քահանայս եւ եպիսկոպոսունս»։ Յետ ամենայնի կը պատուիրէ ամենայն ջանիւ՝ յիշել չտալ անոնց Արեւորդի անունը, այլ քրիստոնեայ միայն անուանել։ Քաlանայից ալ խրատ կու տայ զգաստութեամբ վարուիլ եւ չգայթակղեցընել զանոնք՝ եկեղեցական տուրք կամ նուէրք պահանջելով, այլ իրենց աշխատութեան փոխարէն՝ աստուածային վարձուց յուսալ:

Պատմութիւնն աւելի բան մը չի զրուցեր ասոնց համար. հաւանիմք որ շատերն սրտանց դարման եւ միաբան մնացին ընդ քրիստոնեայս, բայց Արեւորդեաց աղանդն մնաց անկէ ետեւ ալ. ինչպէս տեսանք վերը, որ ՚ի կէս ԺԴ դարուն ալ մեր կաթողիկոսաց մեկն յիշէ զանոնք. դար մը ետեւ ալ յիշեն այլք՝ այս կողմերս. որոց մէկն բարտի ծառոյն հետ կը յիշէ նաեւ զբամբակին եւ զշուշանն, զոր յարեւ դառնալնուն համար՝ պատուէին Արեւորդիքն։ Անոնցմէ վերջն ալ ծաղկերգու քերդող մը [2] կ՚ըսէ ուրիշ բուսոց համար.

 

«Սինձ, երիցուկն ու եղէրդակն կու ըսպասեն  Արեւորդուն.

Նոցա երամն ուրիշ է, կու շրջին զօրն հետ  արեւուն»։

 

Կարծուի թէ դեռ հիմայ ալ թէ բուն Հայաստան մի քանի մ՚անկիւն, թէ Միջագետաց կողմ գըտուին Արեւորդիք, եւ ասոնցմէ ըլլան lօս Շէմսի կոչուած աղանդաւորքն։

Մեր ազգին եւ եկեղեցւոյն մերձաւորք եւ դրացիք տեսնելով իրենցմէ տարբեր ծէս մը, բնականապէս կը դիտէին հետաքննութեամբ վարդապետութիւնն ալ. յորում՝ կամ մէկ կողմէն կամ մԷկալէն շատ հեղ հասկընալու եւ բացատրելու պակասութիւն ըլլալով՝ չեղածն եղած կարծուէր, եղածն՝ աւելի կամ պակաս, եւ այս բանիս համար ոմանք բարեսիրութեամբ ոմանք ալ ոչ նոյնպէս կը խօսէին եւ կը գրէին ընդ Հայոց եւ ընդդէմ Հայոց. ինչպէս երկու ոգւով շարժածներն ալ յիշեցինք տեղ տեղ մեր պատմութեանը կարգին։ Ասորիք՝ որ աւելի մերձաւորք կարծուին դաւանութեամբ, նաեւ յետ գայթակղական բանակռուութեանն զոր խափանեց Գրիգորիս, շատ ծանր եւ այլանդակ մոլորութեան կարծիք մ՚ունեցան մերայոց վրայ, որպէս թէ Յուլիանեայ Ալիկառնացւոյ աղանդէն ունենան. այն որ Քրիստոսի տնօրէնութիւնները եւ  մահը՝ ոչ կատարելապէս մարմնով ըստ ամենայն  մարդկան՝ կ՚ըսէր, այլ առաչօք իմն այնպէս երեւցած, եւ բնապէս անչարչար մնացած։ Թերեւս Է. դարէն ի վեր այսպիսի կարծիք մը մտած էր, գուցէ ոմանց անզգույշ եւ անորոշ գրութեամբ, nրոց դէմ գեղեցիկ եւ իմաստասիրութեամբ գրելով  հերքեր է ՅովՀաննէս Իմաստասէր կաթողիկոսն, Ընդդէմ Երեւութականաց անուանեալ ճառիւ։ Յետ այնքան դարուց՝ մեր Շնորհալւոյ հետ պատրիարքութեան աթոռ ելլող Միխայէլն Ասորի՝  այսպիսի կասկած մը յայտնեց առ կաթողիկոս մեր, թղթով եւ նուիրակութեամբ Յովհաննու Եպիսկոպոսի մը՝ որուն գրով կարճ պատասխան մը տուաւ Շնորհալի, նզովելով զՅուլիանոս եւ զհետեւողսն, « այլ եւ զանիրաւ զրպարտողսն զմեզ։ Բայց մեք խոստովանիմք զՔրիստոս խաչեցաւ եւ  մեռաւ մահկանացու բնութեամբ, ստուգապէս եւ ոչ առաչօք». մնացածն ալ թողլով որ բերնուց իմացընէ իր նուիրակն»։

Այս կարծեաց կամ կասկածի գլխաւոր առիթն՝ ոչ այնքան Քրիստոսի մահուան վրայ թուի, որքան իր մարմնոյն եւ կրից ապականելի կամ անապական ըսուելու խնդրոյն վրայ. որովհետեւ մերոնք  յաճախ անապական կոչելով զմարմինն՝ տարակոյս ձգեր էին դրացեաց՝ թէ այդ բառով նաեւ անչարչար կամ անտկար իմանան զնա, կամ որ եւ  է անմեղ եւ անախտ մարմնական կրքէ եւ կարեաց  ալ ազատ։ Այս բանիս վրայօք դեռ Գրիգորիսի կաթողիկոսութեան ատեն Յակոբ անուամբ գիտնական Ասորի վարդապետ մը Մելիտինէ քաղքէն, որ թուի թէ էր Սալիբայ որդի անուանեալ հռչակաւոր մատենագիրն, որ եպիսկոպոսացեալ Դիոնեսիոս [3] կոչեցավ, գրեր եւ հարցուցեր էր առ  մերսն, թէ ի՞նչպէս կ՚իմանան, մանաւանդ Քրիստոսի սննդառութեան նկատմամբ։ Այն ատեն ասոր ալ պատասխան գրած է Շնորհալին, նախ գովելով Ասորի վարդապետին հմտութիւնը, զոր իմացաւ իրեն գրուածները թարգմանել տալով, «խոհական մակացու իմաստուն մերասեռ» Ստեփանոս անուամբ մէկու մը, որ եւ Յակովբայ թուղթը բերէր էր. հետոյ քիչ մ՚ալ կը մեղադրէ զնա՝ արժանապէս, թէ չէր վայելեր այդպիսի բանի վրայ խնդիր ընել եւ գրել. եւ եթէ հիմա ինքն ալ պիտի պատասխանէ՝ միայն ասոր համար է՝ որ չկարծուի թէ կ՚արհամարհէ զինքը, կամ թէ չի գիտեր ըսելիքը. եւ քիչ մը Ս. Հարց խօսքերով, քիչ մ՚ալ իր մտածութեամբք կը պատասխանէ, թէ ինչպէս անապական կ՚իմանայ զՔրիստոս. եւ թէ ոչ այնքան ակամայ եւ նուաստ կարեաց տակ ընկնալն՝ Քրիստոսի կատարեալ մարդկութեան սեպելու է, որքան կամաւ տիրելն ակամայից ալ. որով հետեւցընէ թէ Յակոբայ քննածը (սննդառութիւնը) պէտք չէ ընդունիլ Քրիստոսի վրայ իբրեւ հասարակ մարդկան կրածը, այլ իբրեւ տիրաբար սպառուած, որպէս թէ կրակով մը հալուած եւ ցնդած։ «Մերս Հայաստանեայց եկեղեցի, կ՚ըսէ ՚ի վերջաբանին, ՚ի սկզբան հաւատալոյ քրիստոնէութեան մինչեւ ցայժմ՝ յայս դաւանութեանս վերայ հաստատեալ է, խոստովանել զմարմին Տեառն անապական՝ ՚ի ծննդենէն մինչեւ ցյաւիտեանս. ոչ ՚ի կամաւոր չարչարանաց եւ ՚ի մահուանէ, այլ ՚ի պարսաւելի եւ յակամայ կրից»: Աստուածաբանից թողլով աւելին այսպիսի խնդրոց վրայ, թէ հարկ իցէ խօսիլ, մենք աւելի կը սիրեմք Շնորհալւոյ խորշումը եւ խղճումը, թէ եւ չափազանց ալ երեւի ոմանց յաստուածաբանից. եւ ալ աւելի սիրեմք իր փափուկ պարկեշտութիւնը, երբ յետ Քրիստոսի վրայ խօսելու՝ իբրեւ կնիք կարծեացն կ՝աւելցընէ, ամեն տեսակ փափուկ շրջահայեցութեամբ. «Հաճելի էր իմոցս մտաց ընտրութեան, եթէ համարձակէի ասել ոչ միայն զայն մարմին՝ զոր միացաւ ընդ Բանին, այլ եւ զԿուսին սրբոյ՝ յետ անճառելի միութեան՝ արտաքոյ դնել այսոցիկ կրից, որպէս եւ բոլորիցն ախտաւոր շարժմանց, որք ըստ հոգւոյ եւ մտաց. զի ուր Աստուած բնակի տիրապէս՝ ոչ ծառայէ բնութեանս, որպէս եւ ոչ մորենին եւ ոչ հնոցն» [4]: Այնքան ախորժիւ կ՚ընթեռնումք Շնորհալւոյ այս վերջին տողերը, որքան որ քիչ բանիւ կ՚իմացընեն իր մեծ պատկառանքն եւ սէրն առ Կոյսն այն, որ յետ Աստուծոյ՝ առաջին սուրբ եւ ամենարժեայ էութիւն է։ Նոյն ախորժիւ կը յիշեմք եւ իր գրածն առ Յոյնս, թէ «Այնքան պատուի ՚ի մէնջ (Հայոցս) արժանաւորն պատուոյ յերկնաւորաց եւ յերկրաւորաց, Մայրն Աստուծոյ Մարիամ, մինչ զի զբանս նորա (զՄեծացուսցէն) ոչ ՚ի լոկ աւուրան երգեմք, այլ ՚ի կիւրակէս միայն եւ ՚ի տօնս տերունականս» [5] ։ 



[1] Այսպէս կ՚անուանէին Բուլղարաց լեզուով, որ կը նշանակԷ Աստուած - ողորմեա, զի այսպէս կ՚ըսէին ստէպ աղօթից մէջ. այլ Պայլիկեանց եւ Մանիքեցւոց կարծիքներն եւ անառակ սովորութիւններն ունէին. ասոնց գըլխաւորն Վասիլ յայտնեցաւ այս ԺԲ դարուս սկիզբները։ 

[2] Դաւիթ Սալաձորեցի ՚ի Կարնոյ։

[3] Սա է որ Մարաշու եպիսկոպոս եղած ատեն գերի բռնուեցաւ ՚ի Ստեփանեայ։ Տես յերես 306։ Շատ բան  գրած էր սա Հայոց ցիսից դէմ, նաեւ մեր ազգին ծագման վրայ. այս կարեւոր գրուածս հիմայ անյայտ է։ - Ասսեմ. Մատենադ. Արեւել. Բ, 164. 170. 182, եւ այլն։

[4] Ասոր նման կ՚ըսէ եւ ՚ի Մեկնութեան Մատթէի, Ա. 25. «Պարտ է հաւատալ, թէ յորմէ հետէ եղեւ Կոյսն բնակարան Հոգւոյն եւ Բանին, բառնալ ՚ի նմանէ բոլոր կրից մարդկայնոց Ոչ միայն թէ յախտաբիծ ցանկութեանց, այլ եւ բովանդակ հարկաւոր կարեաց՝ հաւատարիմ Է արտաքոյ լինել նմա յայնմհետէ»։ 

[5] Այսպէս սահմանուած էր ՚ի նախնեաց մերոց, այլ յետ Շնորհալւոյ՝ ջերմեռանդութեան յաճախութիւնը վերադասելով քան զպատիւ սեփական՝ ամենօրեայ ժամասացութեան կարգը մտած է Մեծացուսցէն ալ հանդերձ իր շարականովը, յետոյ նաեւ Հանգստեան ժամուն մէջ ալ մուծուած է։