Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Աշունն եկաւ վերըստին,

Խոնաւ, մըռայլ, սըգաւոր,

Տերեւները կը թափին

Տըժգոյն, վըտիտ ու չոբչոր։

 

Սուր սարսափ մը անսովոր

Կը սաւառնի իմ չորս դին,

Եւ հոգիս է վիրաւոր

Նըման այրի նոր հարսին։

 

Հանդիսաւոր սուգերուն

Սեւ օրուան մը մօտալուտ՝

Ունիմ կասկածն ես անգութ։

 

Եւ հեգնալից ու ժպտուն՝

Կ՚ապրիմ ցաւոտ՝ այլ զըւարթ,

Վերապահմանց մէջ հըպարտ։