Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Մ. ՄԱՄՈՒՐԵԱՆ

Եթէ այն պէտք է ըլլայ դիմաստուերի մը յատկանիշը, որուն համեմատ, ուսումնասիրուած դէմքին ամէնէն մտահար ու ամէնէն կարկառուն գիծերը, իրենց բնորոշ նկարագրով, երկրորդական կարեւորութիւնները խորհրդապահ ստուերարկութեամբ մը ծածկող տարտամութեան մէջէն կը ցցուին, իբրեւ այս՝ Մամուրեանին վրայ կը տեսնեմ չորս մասնաւորութիւններ, որ իր դէմքը կը տարորոշեն մեր գրական դիմաստուերներու ալպօմին մէջ։

Մամուրեան՝ մեր օրուան գրողներուն ամէնէ՛ն ծերն է։ Ինքը միակը եղած է որ յիսուն տարուան գրական գործունէութեան մը մէջ իր տաղանդը երիտասարդական թարմութեամբ մը արժեցնելու տեւական կորովը կրցած է պահել։ Մեր միջավայրին համար, ուր գրականութիւնը տակաւին ասպարէզ մը չէ, ու կը մնայ փորձութեան այն նրբանցքը, քաւարանը՝ ուրկէ քիչերու տրուած է յաղթական դուրս գալու դիմացկունութիւնը ունենալ, յիսուն տարուան աննկուն ու մշտադալար անընդհատ պտղաբերութիւն մը՝ ճշմարիտ երեւոյթ մը կրնայ նկատուիլ։ Մամուրեանի դէմքին ամէնէն յառաջակարկառ գիծն է աս ապահով։ Այն բազուկը, որ կէս դար աշխատած է անխոնջ, ասեղով հոր բանալու տաղտկալի համբերատարութեան մէջ, պատկառելի բազուկ մըն է։ Գրական հորիզոնին վրայ թերեւս բազմաթիւ եղած են ասուպի մը սխրալի երեւոյթները։ Քիչեր՝ արեւի մը անխափան ու անշէջ կենսականութիւնը կրցած են պահել, գրական հորիզոնին պատահական ամպամածութիւններուն մէջ։

Գաղափարի փառասիրութիւնը, գաղափարի կիրքը, խանդավառութիւնը՝ ոչ մէկ հոգիի մէջ կրցած է այնքան յորդազեղ թանձրութեամբ վերանորոգ, մշտանորոգ անցամաքելիութեամբ երեւան գալ։ Իր շուրջի գրական անկումներուն ու բարձրացումներուն, մեծութիւններուն ու պզտիկութիւններուն, զղջումներուն ու դասալքութիւններուն մէջ, այս միամիտ ծերունին, անխախտ կրցած է պահել այն դպրոցականի, վարժապետի համոզումը՝ թէ ժողովրդի մը իմացական ընդհանուր զարգացումը՝ զարգացումներուն ամէնէն իրականն ու ամէնէն ազնիւն է, եւ գրչի աշխատութիւն ու գրականութիւն՝ այն տարրերն են, որ միեւնոյն ատեն պատճառ ու արդիւնք, հիմնաքարը կը կազմեն այդ զարգացման։ Ասոնց փոխարէն, մեծանուն ծերունին, աննման իր եղբայրակիցներու շատին որոտընդոստ ծափասիրութիւններու տխուր ախորժակին, տեսակ մը բարձրագոյն ու հպարտ փառասիրութեամբ, ուրիշ վարձատրութիւններ չէ փտնռած, եթէ ոչ՝ ներքին գոհունակութիւնը, գիտակցութիւնը՝ պարտականութիւններ, ու պաշտելի պարտականութիւններ կատարած ըլլալուն, դեղ ու դարման փնտռելով աշխատութեան մէջ, բարոյական ու մտաւոր զարգացման փառասիրութեան մէջ։ Աշխատութեան աստուածացումը ասկէ աւելի արժանի կերպով մը կարելի չէր հռչակել։

Նկարագրի այս անցամաքելի տեւականութեամբ ուժը՝ Մամուրեանը անհատապէս կը ներկայացնէ մեզի իբրեւ բարձր զարգացման հասած կենսաբանական տիպար մը։

Այլ սակայն, մտքի ու գրչի աշխատութեան մէջ, կէս դարու տոկունութիւնը թէեւ ըլլայ մեծ բան մը ինքնին, եւ եթէ այդ տոկունութեան քանակութիւնը զմեզ կը հրաւիրէ հիանալու կենսաբանական թիբին մեծութեան վրայ, անոր որակն էր որ զմեզ պիտի առաջնորդէր այդ տոկունութեան բարոյական ու ընկերական արժէքը, այսինքն իսկական արժէքը, պիտակել։

Այս տեսակէտէն ալ Մամուրեան, ըստ իս, մեծագոյն դէմքն է մեր գրական դիմաստուերներու ալպօմին։ Միակը եղած է այս «ծերունին» որ երբեք չի «հինցած»։

Մամուրեան եթէ չէ եղած գրականութեան խիզախ novateur մը, այսու հանդերձ աւանդամոլ ու յետամնաց մըն ալ չէ եղած։ Այն իմաստասիրութիւնը, զոր պիտի կրնայինք հանել իր գործէն՝ գիտական ճշմարտութեան սէրն է, որ կը տիրապետէ իմացական ու տրամաբանական ամէն սքօլասթիք նրբութիւններու եւ հնարամտութիւններու վրայ։ Իբրեւ այս՝ Մամուրեան բնաշրջական մըն է, որ կը հաւատայ թէ երկիրն ու մարդերը, աշխարհածնական ու բարոյական կարգին մէջ, սահմանուած են անդուլ յառաջդիմելու՝ դէպ ի նորանոր լաւագոյն կատարելութիւններ։ Այս նկատողութեամբ, իրեն համար, գրականութիւնը աւելի քան պերճանք մը եղած է։ Ինքը, ամէնէն խելացին մեր գրագէտներուն, սակայն թերեւս ամէնէն ազնուաճաշակը չէ եղած։ Մամուրեանը՝ իր իսկատիպ գործին ու խմբագրականներուն մէջ ճանչնալէ յետոյ, դժուար կ՚ըլլայ զինքը հաշտեցնել իր թարգմանութիւններուն անհաւասար ընտրութեան հետ։ Թերեւս իր ժամանակին անձուկ ճաշակէն վարուած էր նաեւ ինքը, վասնզի գիտենք այսօր թէ՝ Ալեքսանդր Տիւմա՝ իբրեւ արուեստագէտ կամ իբրեւ ձգտում ունեցող գրագէտ՝ տոհմիկ գրագէտ մը չէ, Ֆրանսայի մեծագոյն արժանիքներուն ու իրական փառքերուն սերունդէն։ Բայց Մամուրեան բոլորովին անխորհուրդ թարգմանող մը չի կրնար եղած ըլլալ։ Ինքը՝ իր ժամանակին հոգեբանութիւնը հասկցած մարդ էր։ Քանինե՜ր գիտեմ, որոնց վրայ Աթոս մը իր ասպետական մեծութենէն, Տ՚Արդանեան մը իր անձնուիրութենէն, Արամիս մը՝ իր նենգամիտ խելացիութենէն ու Բորդոս մը՝ իր պաշտելի միամտութեամբ սրտոտութենէն բան մը ձգած են։ Նեղուած եմ միայն որ՝ Կէօթէի այն մահասարսուռ Վերթերին ալ թարգմանիչը՝ Մամուրեանը եղած ըլլայ, այդ փոքրածաւալ՝ բայց մեծ կործանումներով լեցուն գրքին՝ որուն արուեստագիտական մաքուր արժէքը, իմաստասիրական լայնածաւալ կենսալիր համաստուածութիւնը՝ տխուր ու ժխտական եզրակացութեան մը, մեռալաբոյր վերջաւորութեան մը, անձնասպանութեան ջատագովանքին մէջ կը մթննայ։

Իբրեւ հրապարակագիր՝ Մամուրեան կը յատկանշուի մեր հրապարակագիրներուն մէջ՝ իր միեւնոյն ատեն գրիչ ու գաղափարներ շարժելու կարող մարդու հանգամանքով։ Շատերուն տրուած է տեսակ մը գրելու, արտադրելու դիւրութիւն, ուր բառերու արուեստին մէջ գաղափարներ քանդակելու տաղանդը կը պակսի։ Ուրիշներ ալ թերեւս ունեցած են լաւ գաղափարներ՝ առանց զանոնք յաջողապէս արտայայտելու տաղանդին։ Մամուրեան՝ հաւասարապէս գրչի ու մտքի տաղանդ ունի, առանց ըլլալու թէեւ՝ տոհմիկ արուեստագէտ մը։ Իր ոճը՝ առոյգ ու կորովի է, բնատիպ ու տոկուն գոյնով մը, առանց դժուարին ծալքերու, մանուածոյ ճկունութիւններու եւ կորութիւններու։ Աւելի քառակուսի, անկիւնաւոր է, առանց բացարձակ վարդապետական ըլլալու։ Իր պարբերութիւնը՝ չունի թռուցիկ, շոյտ ու շնչասպառ արագութիւնը, կտրատ խօսքերու մէջ իր գաղափարները բզքտելու անհամբերութեան։ Եւ առանց ըլլալու բոլորովին դանդաղ լուրջ է ան, երբեմն կուտակուած ու հոծ, եւ մտրակի ճկունութիւններուն փոխարէն՝ պահելով լախտի վստահ ու անվրէպ գրչի հարուածը, որ միշտ անողոք եղած է, առանց թուլնալու որ եւ է երկրորդական նկատողութեան առջեւ։

Մամուրեան ունեցած է նաեւ homourը, տեսակ մը հեգնութիւն, որ հեռու է թեթեւ ու զուարճասէր ծաղրը, կամ Ֆրանսացիներուն անիմաստ ու տմարդի պլակը ըլլալէ, այլ կը կայանայ իրերու ցաւալի կողմը՝ հեգնական դիմածռումի ընդմէջէն ցայտեցնելու յատկութեան մէջ։ Օրինակ՝ Շահնուրի թղթակցութիւնները, հեգնութեան ու սրամտութեան այդ պզտիկ գլուխ գործոցները, եւլն։

Մամուրեան մեր հրապարակագիրներուն ամէնէ՛ն խելացին ու ամէնէ՛ն հմուտը, միշտ հաճելի գրող մը եղած է, զոր յաճախ սիրով ու անհամբերութեամբ ու ամէն ատեն օգտակարութեամբ կարելի է կարդալ։

Ահա՛ Մամուրեանը, իր ամէնէն յատկանշական գիծերուն մէջ։

Խնդիր է սակայն թէ, ի՞նչ է portraitisteի պայմանը, գրական դիմաստուերի մը պարագային մէջ։ Պէ՞տք է միայն յատկանշական գիծերը ուսումնասիրելով բաւականանալ, թէ կրնայինք նաեւ գրչի ծայրը դպցնել երբեմն՝ երկրորդական մասերու։

Այս վերջին պարագան եթէ կարելի ըլլար, պիտի ըսէի թէ՝ Մամուրեանի ոյժը, հակառակ իր այնքա՛ն լաւ եւ օգտակար յաւակնութիւններուն, չէ կրցած ներգործական հանգամանք մը ստանալ մեր օրուան գրականութեան մէջ։ Այդ ոյժը՝ Իզմիրի մէկ անկիւնը՝ աւելի կամ նուազ ամուլ վատնում եղած է դժբաղդաբար, պարագայ մը՝ որուն պատասխանատուութիւնը չգիտեմ իրօք որո՛ւ պէտք է բեռցնել, Մամուրեանի՞ն՝ թէ մեզի՝ որ չենք գիտցած մեր ստացուածքը եղող բարիքէ մը կարելի օգուտը քաղել։

Հուսկ ապա, Մամուրեան, այդ փառաւոր նահապետը մեր Գրականութեան, կը յիշեցնէ ինծի Էմիլ Վէռհառն սէմպօլիստ բանաստեղծին Դարբինը, իր աշխատութեան գինովութեամբը ու կիրքովը տարուած մարդը, որ ինքզինքը նուիրած անդուլ՝ գաղափարին իրագործումին, «առանց երբեք իր ակռաներով գարշելի աղմուկներ ծամծմելու, իր ճակատը՝ մաքուր վախէ ու թշնամանքէ, բոցերուն վրայ հակած, ու ճառագայթարձակ» հաւատարիմ է մնացեր գրողի կոչումին, որուն դէմ չէ մեղանչած բնաւ։

Մամուրեան՝ իր տոհմին իմացական ու բարոյական գործունէութեան մասին, ընդարձակ սահմանի մը մէջ, բարձր ու լայնածիր հայեցողութիւններ ունի։ Անձուկ միտքը չէ ան, որ իր կեանքի նպատակը ճղճիմ սահմաններու մէջ կը պատնէշէ։ Գաղափարային ձգտումի այս բարձրութիւնը՝ որուն կը միտին իր հոգին ու գործը, զինքը վեր կը բռնեն ամէն երկբայութենէ, ամէն կարճ նկատողութենէ։ Մամուրեան, այս հայեցակէտէն, իտէալիստ մը, գաղափարապաշտ մըն է։

 

«Մասիս», 20 Յունուար, 1901, թիւ 3, էջ 33-35