Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԵՂԻԱ ՏԷՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆ

Եղիա Տէմիրճիպաշեան՝ արտակարգ գրագէտի անվիճելի յատկութիւններ ու միջակ մտքի մը անտանելիութիւնները ունի հաւասարապէս։ Ոչ ոք իրեն չափ անհաւասար եղած է իբրեւ արուեստագէտ ու իբրեւ խորհող։ Բոլոր ընդդիմակութիւնները անցած են իր ալեկոծ հոգիին մէջէն, ու բոլոր հակառակ հասանքները զիրար խաչաձեւած են հոն չարաչար։ Մէկ ակնարկով անկարելի է ընդգրկել այս կնճիռը, եւ մատիտի քանի մը անփոյթ հարուածներով շրջագծել՝ բացարձակապէս անհնար այս դէմքը, ստուերի նման տարտամ ու խուսափուկ, ալիքի նման զաղփաղփուն ու յեղյեղուկ։

Իրմով զբաղողները՝ զինքը կը դատեն, առանց վերապահութեան, այն տարասեռ տպաւորութիւններուն համար՝ զոր գրագէտին երկուութիւնը գերակշռօրէն կը ձգէ իր յաճախորդներուն վրայ։ Մինչդեռ ամենէն առաջ հարկ էր զինքը հասկնալ ու բացատրել մանաւանդ, արդար դատաստանին իրաւունքին համար։

Եւ ահա՛ ատոր հակառակն է պատահածը, ինչպէս վերը ըսի արդէն։ Ապշեցուցիչ ու անախորժ անհեթեթութեան մը տպաւորութիւնը կը ձգէ միամիտ, անկեղծ սիրտերուն վրայ, որոնց մէջ նողկանքը բնական է հակասականին ու կնճռոտ նրբութեան նկատմամբ, մինչդեռ թելադրող ու անպատճառաբանեալ հիացումով մը կը համակուի՝ դիւրահաւան անհասկացողութեան մը բազմութիւնը։

Առաջինները չեն կրնար սիրել զինքը, հակառակ իր բարութեան մեծ համբաւին։ Իր հակասութիւնը՝ խորհողի յատկութիւն չէ, իր իմաստասիրութիւնը՝ երկիւղալի է ու վտանգաւոր, թէեւ շատ սխալ պիտի ըլլար իր անխոնջ շեղաբանութիւններուն մէջ ճանչնալ որոշ իմաստասիրութիւն մը, եւ իր մտաւորական իսկութիւնն ալ՝ խորունկութեան մեծադղորդ պիտակով պատկառելի դատարկութիւն մը։ Անոնց համեմատ, Տէմիրճիպաշեան, ախտաւոր միտքը, աղէտք մըն է որ եւ է առողջ գործարանաւորութեան մէջ։ Տէմիրճիպաշեանի գրականութիւնը, իր թելադրողի ու հրապուրողի գերազանց յատկութիւններով. վասն զի ուժ մը, հրապոյր մըն է ան, բայց ախտավարակ ու վնասակար, մեր մէջ ամբողջ գրական թարմ սերունդ մը գերեզմանական խոնաւ ցանկութիւններով վառեց։ Անոր համեմատ չէ՞ր որ ճշմարիտ բանաստեղծները հարկ էր ըլլային տժգոյն ու թոքախտաւոր։ Իր անձնական բարոյականը կամ բարոյագիտութիւնը, որուն ջիղը՝ մութին ու իմացական մենաւոր գիջութեան հրայրքը, անէութեան կիրքն ու մահուան մոլեռանդութիւնն է, գերազանց անբարոյականութիւնն է, եթէ որ եւ է բարոյական սկզբունքի գնահատութիւնը կրնանք ընել այն հակամիտութեան աստիճանին համեմատ՝ զոր ան կը հրաւիրէ դէպի կեանքին բնական, ներոյժ ու զեղուն բողբոջումը։ Եւ, բնազանցական ցաւագարութիւնները միշտ դուրս ձգելով լուսանցքէն, ի՞նչ բարոյական աւելի ուժեղ է ու գեղեցիկ քան այն՝ որ կը հանդիսանայ իբրեւ կեանքի սկզբունք։

Բնութիւնը, երբ ինքզինքը կը ներկայացնէ մարդուն մէջ կեանքի ձեւին ներքեւ, տեսակ մը ներքին ուժ է, թերեւս Շօբէնհաուէրի կամքը (Wille) որ անդադար կը մղուի զարգանալու, ուռճանալու, յորդան տալու՝ այս թատերաբեմին վրայ։ Ինչ որ կը հակառակի զարգացման այս գործին, կը պատճառէ ցաւը ու վերջնականօրէն կը յանգի մահուան, ինչ որ կը նպաստէ ընդհակառակն անոր՝ կը պատճառէ հաճոյքը եւ կեանքի ուրախութիւնը։ Մարդս իրեն հետ կը բերէ այս տրամադրութիւնները, եւ մահուան ընդվզումը, մանաւանդ երբ մահը անժամանակ է, ցաւերուն ամենէ՛ն ուժգինը կը մնայ, ու, իմացականութիւնն իր բոլոր հնարքներով չի կրնար հակազդել այս ընդվզումին դէմ։ Ուրեմն, բարոյականը, այս տեսակէտէն, զուտ օգտակարական դառնալով կեանքի ծաւալման հանդէպ, ինչ որ Մահուան դրդում մը, Մահուան պատրուակ մըն է, կը դառնայ անբարոյական։

Ու դատապարտութիւններուն թուումն մասանցն է որ կը շարունակուի։

Փիլիսոփայական հակասութիւնը՝ հոգեբանօրէն ի՞նչպէս կարելի է բացատրել Տէմիրճիպաշեանին մէջ։ Օկիւսթ Քոնթին ու Լիթռէին ցամաք դրապաշտութիւնը (positivisme), Շօբէնհաուէրի ու Քանդի տեսլապաշտութեան (idéalisme) բարեկամութեանը հրաւիրուելու կատակը որքա՜ն քմահաճ ու թռուցիկօրէն կամայական կ՚երեւի, թէեւ ըլլայ այնքան աղմկայարոյց ու ցուցամոլ։ Պատճառն այն է որ Տէմիրճիպաշեանին պակսած է անհատական միութեան գեղեցկութիւնը։ Երբեք որոշ ինքնութիւն մը չէ կրցած ստորագրել ինք իր մէջ։ Մաշուած առնականութեան մը եւ կեղծ ու պեխաւոր իգականութեան մը ճաշակները հրապուրած են զինքը։ Ամբողջ իր գրականութիւնը բարեկենդանի երփներանգ ու փոփոխական դիմակաւորումներու տպաւորութիւնը կը ձգէ, զաւեշտական՝ այլ տխուր տողանցումի մը մէջ ցուցադրուելով իբրեւ Գրասէր Ատոմ, Նուրանիա, Մելանիա, Թեւանիօ, Մոնազ, Հուր Հայրան, Ճին Յակոբ, եւն. ։ Ասիկա կը նշանակէ թէ բնա՛ւ ինք իր անհատականութենէն գոհ չէ կրցած ըլլալ, ու երբե՛ք վստահ՝ տիրական այնպիսի յատկանիշներու վրայ, որոնք անհատական նկարագիրներու ինքնութիւնը կը կազմեն ու կը յաւերժացնեն։ Կրօնական հաւատքին ու անաստուած գիտութեան մէջ՝ անդադար ու ջլատիչ կոծկոծումը, վստահութեան ու պայծառատեսութեան վախը, գերագրգիռ հիւանդագին զգայնութեան մը արդիւնքն են թերեւս, բացատրուած՝ վայրկեանին թռուցիկ ու վաղանցուկ տարասեռ տպաւորութիւններովը, ու բանականութիւնն ու կամքը դադրած են գիտակցօրէն գերակշռելէ։ Ասոր հետեւանքն է անտարակոյս որ՝ գաղափարներուն ցտելով միայն կ՚անցնի Տէմիրճիպաշեան, առանց վստահ ու անդրդուելի քայլով մը կայ առնելու անոնց մէջ։

Այս իմացական փոփոխամտութիւնը ինքն իսկ ջանացած է բացատրել անհո՜ւն միամտութեամբ մը, Աւելին Ճառին ցուցամոլ եւ ուռուցիկ յառաջաբանին մէջ։ Այն նորամոյծի (novateur) հրապուրիչ դերը, զոր ինք իր վրան առնել կ՚ուզէ փիլիսոփայական, գրական եւ բարոյական հակառակամարտ դրութիւններու ու վարդապետութիւններու ախոյեան հանդիսանալով փոխն ի փոխ, չի պարզուիր բնաւ այն պատմութիւնով՝ զոր յառաջ կը բերէ Սբէնսէրէն, տրուած իբրեւ բացատրութիւն՝ միջակ միտքերու միայն նմանելու տրամադրութեան եւ նորամոյծներու անկախ յառաջապահութեան։ Այլ երբե՛ք իրական novateur մը չէ ինքը, վասնզի զուրկ է տիրական գաղափարի մը, խանդավառող տեսլականի մը գերագրգռութենէն ու կարկառուն գերակշիռ ձգտումի մը ուժէն։ Ստրուկ հետեւող մը իր անմեթոտ, անկանոն բազմաթիւ ընթերցումներուն, իւրաքանչիւրին տպաւորութեան եւ ազդեցութեան տակ՝ իր անհատականութեան մէջ խանգարուած ու խճողուած, անյաջող ժողովրդականացող (vulgarisateur) մըն է միայն, աւելի կամ նուազ անջիղ, աւելի կամ նուազ գրքունակ։ Իր կարծեցեալ տարակերպութիւնները? (paradoxe) պարզ հակասութիւններ են, ու, հոգեբանօրէն, ախտանիշները կեղծ մտքի մը եւ ցուցամոլ ու սնոպ նշանակութեան մը։ Վասն զի այս բոլորը չենք կրնար նկարագրի եւ իմացականութեան դիւրաթեքութեամբ բացատրել, եթէ այս վերջինն այն յատկութիւնն է որ, Բոլհան հոգեբանին համեմատ, կը կայանայ «տեսակ մը աւելի կամ նուազ դիւրութեան մէջ՝ փոփոխուելու, ծնելու նոր տարրեր, եւ յարմարելու նոր պարագաներու՝ առանց ձեւազեղծ ըլլալու կամ ձեւալուծուելու»։

Կը յիշէ՞ք իր պուտտայականի ունայնասիրութիւնը՝ որ ամէնուն ծանօթ է։

Բայց գիտէի՞ք նշանակութիւնը այս խորհրդաւոր կատակին։

Մտիկ ըրէք մանաւանդ։

Բոլոր միւս երեւոյթներուն նման՝ կեանքը, որուն ձեւին ներքեւ երեւան կուգանք, համայնական անէութեան մը ծոցէն դուրս շեղումի թշուառական եւ անխելք փորձ մըն է։ Կեանքը չէ իսկական իրականութիւնը։ Անիկա՝ պատրանք մը, ներկայացում մըն է, ինչպէս բովանդակ առարկան մարդկային ճանաչողութեան։ Կեանքը յարատեւ ցաւ մըն է, քանի որ անդադրում ճիգ մը կ՚ենթադրէ անէութեան, chose en soi-ին անդորր ու օրինաւոր շաւիղէն։ Անէացումն է միայն հանգստաւէտ իրականութիւնը։ Մարդուն համար՝ որ մատնուած է կեանքի դժբախտութեանց, Նիրվանան այն միջոցն է՝ որով, մեր անցաւոր գոյութեան ուրացումովը, կը յաջողինք վերադառնալ անէութեան խաղաղ ծոցը։

Rentre dans le néant que la vie a troublé,

բանաստեղծ Լըգօնթ տը Լիլի գեղեցիկ բացատրութեան համեմատ։

Տէմիրճիպաշեան, որ մեր մէջ յոռետեսութեան առաքեալը ըլլալու փառքը կը վայելէ, Շօբէնհաուէրի աշակերտ մը կը դաւանի ինքզինքը։ Տիտղոսը փայլուն ու հրապուրիչ է հարկաւ։ Դժբախտութիւն է որ, սակայն, փիլիսոփայութիւնը այնքա՛ն իսկութեամբ անտարբեր ըլլայ բարոյականին, ինչպէս գիտութիւնը, եւ, փիլիսոփային անկարեկիր ու չեզոք նայուածքը՝ ընդմիջուած ըլլայ անհատական խառնուածքներու պէսպիսութեամբը գունաւորուած սեւ կամ պայծառ ակնոցով մը, երբ փիլիսոփան բարոյագէտի մտադրութիւններ կ՚ստանձնէ։

Այսպէսով է որ յոռետեսութիւն ու լաւատեսութիւն, այդ երկու թելադրող բառերը, հաւասարապէս գոյութեան իրաւունք ձեռք բերած են երկինքին տակ։

Անտարակոյս շատ ապուշ ու անխելք պիտի ըլլար պնդել թէ՝ աշխարհիս դժբախտները իրաւունք չունին տխուր ըլլալու, ինչպէս նաեւ բարեբախտները՝ զուարթ։ Բայց ո՞վ կրնայ իրաւունք ունենալ վճռելու թէ՝ կեանքը չարժեր ապրիլ ընդհանրապէս։ Այո՛, ես կ՚ընդունիմ թէ կայ իրօք առողջ ու անդրադարձ յոռետեսութիւն մը՝ որ ժխտական ու կործանարար չէ սակայն։ Անիկա աւելի այլասէր դժգոհութիւնն է որ, անձնականութեան նեղ առանձնոցէն դուրս գալով, կը լայննայ, կը տարածուի ամբողջ մարդկութեան վրայ խորունկ գիտակցութեան մը լրջութեամբը, եւ առողջ, կորովի եւ փրկարար նպատակներով։ Այս ձգտումը՝ յատկանիշն է արդէն ժամանակակից մեծագոյն գրականութիւններուն։

Տեսակ մը անիմաստ fatalismeի ճակատագրականութեան արդարացումովը ընդունիլ կեանքը իր բոլոր դիմայեղումներուն մէջ, այդ լաւատեսութիւնը քիչ մը շատ միամիտ ու վտանգաւոր պիտի ըլլար։ Պէտք էր դժգոհ գաղափարաբանութիւն մը՝ կեանքի լաւագոյն հեռանկարներուն գինովութիւնը տար մեզի, մեր ապրելուն իբրեւ նպատակ։ Կեանքին մէջ, ըստ Շօբէնհաուէրի, եթէ նոյն իսկ տառապա՛նքը ըլլար դրական, սփոփանքները կամ անոնց հաւանականութիւնները կան, որ կրնան սրտապնդել։ Պէտքերուն ցաւին՝ կրնայ յաջորդել գոհացման հաճոյքը կամ անոր հնարաւորութեան գաղափարապաշտ մխիթարանքը։

Անձուկ իմաստով լաւատեսութիւն ու յոռետեսութիւն՝ իրաւացի են միայն՝ երբ կը սահմանափակուին լոկ անձնական շրջանակի մէջ։ Պարզ փորհարութիւն մը՝ աշխարհը ցաւի ու արցունքի հովիտին վերածելու իրաւունք չունի, եւ, հանգիստ մարսողութիւն մը՝ չի կրնար անսխալօրէն վճռել «Tout va pour le bien dans le meilleur des mondes possibles», Լայպնիցեան առած՝ զոր այնքա՜ն հիանալիօրէն ծաղրած է Candideի հեղինակը։

Իրերը եւ աշխարհը դատելու համար բարոյական նշանակութեան տեսակէտէն, կարելի եղածին չափ աշխատելու է դուրս ելնել անձնականութեան նեղլիկ խցիկէն, եւ փոխանակ զուտ եսական օգտապաշտութեան մը ձգտելու, պէտք է հասկնալ բնութեան գործը այնպէս՝ ինչպէս որ է։

Մահն իսկ, որ ցաւերուն մեծագոյնն է, երբ կը հասնի կերպով մը իր ժամանակին, երբ իր պաշտօնը լրացուցած գործարանաւորութիւն մը կը հարուածէ, պէտք է դատուի իմաստասիրական ճշմարտութեան տեսակէտէն։ «Պարտինք ընդունիլ ու կրել մահը ո՛չ իբրեւ չարիք մը կամ վիշտ մը, այլ իբրեւ կեանքի վերջին fonctionը, պարտքի մը հատուցումը, եւ գերագոյն պարտականութիւնը։ Անիկա իրականացումն է ամէն էակներուն հասարակաց օրէնքի մը օգտակար իրենց համար ու փրկարար մեզի համար իսկ։ Քանի որ մեր նախորդները մեռած են իրենց տեղը մեզի տալու համար, մենք ալ պարտինք մեռնիլ՝ տեղ բանալու համար մեր յաջորդներուն»։ [1]

Ասկից աւելի վսեմ ու պարզ մտքի հաւասարակշռութեամբ կարելի չէր դատել աշխարհի գործը։

Այլ եթէ կ՚ուզէք, յոռետեսութիւնը բացարձակապէս առաջ մղենք, կեանքը նկատելով Շօբէնհաուէրի համեմատ «Անդադրում որսորդութիւն մը, ուր մերթ որսացող ու մերթ որսացուած, էակաները իրարու ձեռքէ կը քաշկռտեն սարսափելի որսամսի մը փերթերը, ամէնով իրարու դէմ մղուած պատերազմ մը, տեսակ մը ցաւին բնական պատմութիւնը՝ որ սապէս կը համառօտուի ուտել՝ առանց պատճառի, միշտ տառապիլ, միշտ պայքարիլ, յետոյ մեռնիլ, եւ այսպէս յաջորդաբար դարերու դարերուն մէջ, մինչեւ որ մեր մոլորակին կեղեւը փսորուի ցիրուցան, ամենափոքր մասնիկներով»։

Այս այնքան միակողմանի հաւատքն իսկ ուր սկզբունքով կ՚ուրացուի ուրախութեան գոյութիւնը, իրաւունք պիտի տա՞ր իրաւացիօրէն եզրակացնել թէ՝ ելքի ճամբայ մը կայ անէութեան, ո՛չ լինելութեան, կամքի (Wille) ուրացման մէջ, ելք մը՝ որուն իրագործումը այնքան անհեթեթ է ու անհասկնալի՝ որքան անոր հետեւանքը՝ անստոյգ։ Ծիծաղելի չի՞ դառնար մարդկային ճղճիմ իմացականութիւնը, երբ բնութեան անյեղելի օրէնքին, կեանքի սկզբունքին կը յաւակնի ընդդիմադրել իր ողորմելիօրէն լիրբ ու արգահատելիօրէն խեղճուկ մէկ քմահաճոյքը։ Կարելի՞ բան է արդեօք բնութեան լուսանցքէն դուրս՝ գոյութեան ժամադրավայր մը հաստատել մեր եսին։ Կարելի՞ բան է արդեօք, եթէ նոյն իսկ մարդկային տեսակը՝ ամբողջական միահաղոյն ինքնասպանութեան մէջ հնարաւոր ըլլար մէջտեղէն վերցնել, կարելի՞ բան էր արդեօք՝ քայքայել ջնջել բնութեան այն ոյժերը՝ որոնք կրցած են իրարու քով գալ, իրարու հետ համաձայնիլ, գործարանաւոր ու ինքնագիտակ կեանքը տօնելու համար մարդուն մէջ, եւ որոնց այդ համերաշխութեան յատկութիւնը՝ առ այժմ որ եւ է կերպով խանգարուած ըլլալ չի թուիր (??)։

Չէ՛, վախճանական պատճառներու սկզբունքին համեմատ չէր, ո՛չ ալ բացարձակ լաւատեսութեան մը միամտութիւններուն մէջէն, որ պիտի ուզէինք մարդկային կեանքին նպատակը եւ ճակատագիրը սահմանել։ Ըստ ինքեան՝ կեանքը ո՛չ աղէկ ըլլալու է՝ ոչ գէշ բացարձակօրէն։ Կարելի է միայն հաստատել ամէն հաւասարակշիռ իմացականութեան համար, թէ՝ կեանքը, մարդուն մէջ հասած ինքնագիտակցութեան բարձրագոյն վիճակին, մեզի կը յայտնուի գեղեցիկ երեւոյթ մը, եւ իր պաշտօնին ու ելեւէջներուն մէջ՝ ունի խանդավառող ու յարատեւ գործունէութեան հրաւիրող պատահումներ՝ որոնց համար անգիտակցօրէն, բնական մղումով, հաճոյք կ՚զգանք յոգնիլ, որոնց համար կը զուարթանանք, եւ կը հետամտինք ապրելու կռիւին։ Այս տրամադրութիւններուն մէջ, ա՛լ բարոյական նշանակութիւն չեն կրնար ունենալ ո՛չ փիլիսոփայական ճշմարտութիւնը, նոյն իսկ այնքա՜ն իր իսկութեան մէջ ժխտական, ոչնչական, յուսահատեցուցիչ, ոչ ալ ախտաւոր հոգիի մը յոռետեսութիւնը, այնքա՜ն անձուկ, այնքա՛ն միակողմանի ու եսական։

Եթէ փիլիսոփայութիւնը կը միտի տրամաբանօրէն ունայնութեան, եթէ վախճանական պատճառներու չգոյութիւնը կը յուսահատեցնէ մարդը, թերեւս տրամաբանական ըլլայ եզրակացնել թէ՝ կեանքը չարժեր ապրիլ, քանի որ բացարձակ նպատակի մը գոյութիւնը ցնորք մը կը դառնայ։ Ասիկա՝ զուտ մարդկային իմացականութեան մէկ ընդունակութիւնը, տրամաբանութիւնը, պահանջելի չի կրնար ըլլալ որ բնութեան օրէնքները վարէ։ Եւ ան, բնութիւնը, որ չի ճանչնար թէ ի՛նչ է տրամաբանութիւն, ճիշդ ատոր ապացոյցը տուած է սուտը, պատրանքը, դէպքերու կոյր շարայարութիւնը դնելով կեանքի սկզբունք։ Նախապատմական շրջաններէն մինչեւ մեր օրերը, նկատողութեան առնելով մարդկային բնաշրջման բարոյական ազդակները, կրօնք, աւանդութիւն, հաւատալիք, եւն., կարելի է հաստատել թէ՝ մանաւանդ ստութիւնը կրցած է ըլլալ անկախօրէն բացարձակ ճշմարտութենէն՝ որ ըստ ինքեան ոչնչական է, կեանքի զարգացման սկզբունք [2] ։ Նիցչէ իրաւունք ունի ուրեմն ըսելով՝ թէ «Հարկ է ոչ-ճշմարիտը ընդունիլ իբրեւ կեանքի պայման»։

Իրաւցընէ, եզրակացնելու համար, տղայական չպիտի՞ ըլլար տիեզերքին կրաւորական դիրք մը հրամայել՝ հանդէպ մարդկային իմացականութեան՝ որ մասն է ամբողջին։

Այս բոլորէն յետոյ՝ Տէմիրճիպաշեանին անկեղծութիւնը չէ որ կասկածելի պիտի ուզէի նկատել։ Իր պարկեշտ ու մաքուր մարդու համբաւը՝ անվիճելի է։ Դիտմամբ ծանրացայ միայն այս կէտերուն վրայ, անոնց ազդեցութեան հակասութիւնները մատնանշելու համար իր մտադրութիւններուն ու յաւակնութիւններուն հետ, որոնք երբեմն նոյն իսկ անիմաստ լաւատեսութեան մը նշանառութիւն կը փորձեն։

Այլ եթէ առհասարակ իր մահաբաղձ ու ժխտական ոգին ստգտանք մը ըրի իրեն, չեմ կրնար արդարութիւն չընել իր ուրիշ մասնաւորութիւններուն համար՝ որ նշանակելի պիտի մնան մեր արդի գրականութեան մէջ։

Այնքա՜ն նանրասէր, այնքա՜ն միամտօրէն անձնագով ու ռէքլամին համար այնքա՜ն ախտավարակ զգայնութեամբ զգայուն այս մարդը՝ Օտեանէն յետոյ, առաջնակարգ արձակագիր արուեստագէտն է մեր աշխարհիկ գրականութեան առաջին շրջանին։ Ոչ ոք իրեն չափ ամենակարող Աստուածն է իր գրչին, այդ մոգական, առաձգական, գերառաձգական փետուրին՝ որուն այնքան արուեստոտ էջեր կը պարտինք։ Տէմիրճիպաշեան՝ մեր ամենէն իսկատիպ գրողներէն մէկն է, լեզուի ու ոճի տեսակէտէն։ Իր լեզուն ու իր պարբերութիւնը՝ ինքնայատուկ արուեստ ու գեղեցկութիւն ունին։ Ես զինքը կը համարիմ անկապաշտ մը, (décadent) ոճի ու լեզուի տեսակէտներէն, եւ այս վերադիրը իրեն համար մեղադրանք մը ըլլալէ շատ հեռի է։ Ընդհակառակն։ Պոտլէռի, որուն անունը, Հայնէինին հետ առաջին անգամ իրմէ կարդացած եմ, Ցաւին Ծաղիկներուն յառաջաբանին մէջ, Թէօֆիլ Կօթիէ բանաստեղծը սապէս կը սահմանէ անկապաշտ լեզուն. «Դիւրին բան չէ սակայն պատուելիօրէն (pédant) արհամարհուած այդ ոճը։ Վասն զի անիկա կը բացատրէ նոր գաղափարներ՝ նոր ձեւերով ու բառերով, զոր դեռ նոր կը լսենք»։

«Հանճարե՛ղ, կնճռոտ, գիտուն, երանգաճոխ ու խուզարկութիւններով լեցուն է ան, որ կը հեռանայ միշտ լեզուին սահմաններէն, փոխ կ՚առնէ բոլոր բառարաններէն, գոյներ քաղելով բոլոր երանգապնակներէն, խազեր՝ բոլոր ստեղնաշարներէն, ջանալով արտադրել ինչ որ ունի մտածումն՝ ամենէն անճառելի, ու ձեւը իր ամէնէն տարտամ, ամենէն խուսափուկ շրջագիծերուն մէջ. կ՚ունկնդրէ ան, զանոնք թարգմանելու համար, ջլախտին նրբին մտերմութիւններուն, խոստովանութիւններուն՝ հինցող կիրքին որ կ՚ապականի, եւ անհեթեթ բանդագուշանքներուն հաստատուն գաղափարին՝ որ յիմարութեան կը միտի։ Անկապաշտութեան այս ոճը՝ վերջին բառն է բանին՝ նեղը դրուած՝ արտայայտելու ամէն ինչ, մղուած գերագոյն չափազանցութեան»։

Թէոֆիլ Կօթիէն կարդալէ առաջ անշուշտ՝ Տէմիրճիպաշեան իր յատուկ բառարանը ունեցաւ։ Բառին կիրքը, բառին մոլութիւնը՝ ոչ ոք իրեն չափ առաջ տարած է։ Կը սիրէ, կը պաշտէ զանոնք, բառերը, այնչա՛փ մը՝ որովհետեւ անոնց երախտագէտ կ՚զգայ ինքզինքը այն հաճոյակատարութեան համար՝ որով անոնք անկարելի ճկունութիւններու յանձնառու կ՚ըլլան իր ամպոտ ու միսթիկ մտքին կնճռոտ ու հիւանդագին արաբենիները (arabesque) պատկերացնելու համար [3], որքան իրենց սոսկական գեղեցկութեան պատճառով։ Դիտելի է թէ իր բառերը՝ միշտ ֆրանսերէններու թարգմանութիւններ չեն։ Իր ստեղծածները կան անոնց մէջ, նորերը, անթարգմանելիները, բոլորովին գեղեցիկ ու յանդուգն, բարբարոս կամ նազելագեղ, յաւէտ իսկատիպ բառեր՝ որոնք իսկատիպ գրիչներու ծայրը միայն գոյութեան իրաւունք կրնան ունենալ, բացատրելով անոնց արտակարգ խառնուածքը եւ իմացականութեան նրբերանգները։ Նարեկացին ալ միեւնոյն երեւոյթը չի՞ ներկայացներ միթէ, ինչպէս շատ իրաւամբ դիտել տուած է Յովհաննէս Գազանճեան։ Ասոր համար է որ առաջին հանդիպողին նոր բառեր շինելու մարմաջը՝ այնքան ցաւալի ու ռամիկ հետեւանքներ կրնայ ունենալ։

Տէմիրճիպաշեան՝ մեծ բանաստեղծի ու փիլիսոփայի համբաւ ունի մեր մէջ։ Արմատական բան մը չկրցան ընել անոնք՝ որ այս համբաւը բզքտել ջանացին հանրութեան համոզումին մէջ։ Ամենէն վերջը, քննադատութեան անողոք դատաստանին առջեւ, որ իր ունայնութիւնը բացը կը հանէր, Տէմիրճիպաշեանին անունը՝ բարի մարդուն ու հիւանդին չքմեղանքովը փաստաբանեցին։ Կարելի չէր չկարեկցիլ, ու ընելիք չէր մնար այլեւս։ Հասկնալի է թէ հասարակութեան մը համար շատ դժուար ըլլար հին վարժութենէ մը յեղակարծօրէն հրաժարիլ։ Նախապաշարումը ի՞նչ անմեղ ու խանդաղատեցնող միջոցներու կրնայ դիմել, ինքզինքը պաշտպանելու համար սրբապիղծ յանդգնութեան դէմ, եթէ այս վերջինը նոյն իսկ ըլլայ օգտակար ու բարերար։

Տեսակ մը խղճի միտք կայ, սակայն, որ զիս շատ անգամ անհանգիստ ըրած է, զգացման մը տկարութիւններուն մեղադրանքով տագնապելով։ Ինչպէ՞ս յանձն առնել Գաղափարին զոհողութիւնը, զգացումին անունով, որ տկար է, որ այնքան երբեմն անզօր է բանաւարութեան առջեւ։

Ասոր համար է որ պիտի համարձակիմ, թէեւ այնքա՜ն ցաւելով, ինչպէս դիւրահասկանալի է, ըսել թէ՝ Տէմիրճիպաշեան, աւա՜ղ, չեղած է իր համբաւին մարդը։

Ի՞նչ պիտի մնայ իր իմաստասիրութենէն, ըսէի՜ք։ Չէ՞ք հաճիր խոստովանիլ թէ՝ բառին պատկառելի փայլին հանդէպ՝ իր ճղճիմ ու հիւանդոտ մտածումը պիտի խանծի, ինչպէս յարդի շիւղ մը՝ վառարանի բոցին մէջ։ Ու այս դժբախտ փորձէն՝ զինքը չպիտի փրկեն, աւա՜ղ վերստին, ո՛չ Սաքիու-Մունին, ո՛չ Կոմփիւկիոսը, ո՛չ Շօբէնհաուէրը, ո՛չ Սբէնսէրը, ո՛չ Օկիւսթ Քօնթը, ո՛չ իսկ Լիթռէն, որոնց անունները հազարաւոր անգամներ կարդացած է մեր գլխին, առանց անոնցմէ լուրջ ու հասկնալի բան մը պատմելու մեզի, եւ որոնց մտերմութեան մէջ ապրած ըլլալ հաւատացուցած է զանոնք՝ որ քննադատութեան սկեպտութիւնը չճանչնալու չափ բարեմիտ են, բարեսի՜րտ են մանաւանդ։ Այս պայմաններուն տակ, համարձակութիւնն ունեցէք խոստովանելու՝ թէ այս փայլը կեղծ է ու այս աղմուկը կատակասէր ու անտեղի։

Շատ կը հաւատա՞ք թէ բան մը, լուրջ ու յաւերժագեղ բան մը պիտի մնայ իր բանաստեղծութենէն։ Նախ, իր արձակը փոխն ի փոխ հեզասահ առուի մը քնքուշ ու նազոտ հեծկլտանքը, արաբական նժոյգի մը ջլապիրկ ճկնութիւնը կամ գահավէժ գետի մը շուարուն ու յորդ գնացքն ունի, իր տաղաչափութիւնը՝ կաղ մուրացկանի մը ողորմելի կոտրտուումներով կը յատկանշուի։ Տէմիրճիպաշեան այն տաղանդն է՝ որ գրած է ժամանակիս ամենէ՛ն դժուարընթեռնելի ոտանաւորներէն, միշտ աղտոտուած գրաբարի գարշելի ցեխացայտերով, [4] ու մի՛շտ աւելի ռամիկ եւ արձակունակ, մինչդեռ իր արձակը՝ մերթ կշռական արձակ մըն է։

Յետոյ, եթէ իր գրչէն ելած երկայնաշունչ աշխատութիւն մը այսքան երկար տարիներէ ի վեր տակաւին գոյութիւն չունեցաւ, իբրեւ յուշարար իր անունին՝ ապագայ սերունդներուն, իր հատուածեալ տաղանդին երփներանգ փետրափոխութիւններն ալ՝ տակաւին քիչ մը ատենի համար, ծաղկաքաղներու եւ հատընտիրներու մէջ քաշքշուելէ, գեղագիտութեան ուսուցիչներու կարճ շնչառութիւնը՝ վայրկենական ընդլայնումներու ենթարկելէ յետոյ, պիտի մոռցուին, պիտի մէկ կողմ նետուին։

Երբեմն՝ sentimental էր մեր ամբողջ հասարակութիւնը։ Ինքն էր որ Տէմիրճիպաշեանը սնոյց՝ իր անմահութեան միամտօրէն յանդուգն թեկնածութիւններուն մէջ։ Ոմանք, երբեմն, իր լալկան եսապաշտութիւնը, իր փորի ցաւերուն անտանելի պատմութիւնները, իր «անձնական գրականութիւն»ը, այնքա՜ն քիչ Շօբէնհաուէրեան կամ Պուտտայական, նկատելով որ, արուեստին տեսակէտէն, անձը հարկ է քաշուի, իր տեղը փոխ տալու համար գաղափարին, նկատելով որ «արուեստը եւ բանաստեղծութիւնը հարկ է ըլլան անանձնաւոր» առարկայական, ըստ իր սիրած իմաստասէրին, զոր ինքը կարծած էր ընել Ամիէլին, Հայնէին կամ Պայրընին հանգիտութեամբ, տափակ ու տղայական գտան։ Այդ բանը զարմանք ու վիշտ պատճառեց իրեն, այնքա՜ն անակնկալ էր, եւ, յուզմունքի գերագոյն վայրկեանի մը մէջ, իր միամիտ գիտակցութիւնը սրուած զգաց յայտարարելու թէ՝ այն մելաններուն համար՝ զոր աննկատ շռայլութեամբ վատնած էր այսքա՜ն տարիներէ ի վեր հոս, հոն, ինքզինքը «արժանի կ՚զգար հայ ժողովրդեան սիրոյն ու յարգանաց»։ Կրնայի՞ք ըսել թէ ասիկա անօրինակ դժուարապահանջութիւնն ըլլար։

Այլ բացարձակապէս ոչնչութեան չէ կարելի վերածել այս մարդը՝ որ այնքա՜ն յոգնած է գրականութեան համար։ Կէտ մը կայ՝ ուր իր մատուցած ծառայութիւնը անվիճելի է։ Բայց այս այնքա՜ն աւելի ցաւալի է՝ որքան այդ կէտը՝ իր յաւակնութիւններուն ամենէն աննշանը պիտի մնայ։ Հո՛ն են այն քառորդ երկոտասանեակ ֆրանսահայ ու հայաֆրանս բառարանները, զոր պատրաստելու տաղտուկը յանձն առած է, ո՛չ թէ հայ ուսանողներուն օգտին մտադրութեամբն անշուշտ, վասն զի ատիկա քիչ մը շատ տափակ եւ ռամիկ պիտի ըլլար, այլ իր բառաշինական միամտութիւնը գոհունակօրէն զբօսցնելու արուեստագիտական քմայքով։ Այլ, ըսի՞ արդէն, աշխարհի հեգնութիւններն անողոք կ՚ըլլան, եթէ Տէմիրճիպաշեանին գրագէտի անունը՝ դուռը բաց մոռցուած քանարիկի վանդակի մը տպաւորութիւնը ձգել սկսած է, անդին, մինչեւ նորագոյններուն ու կատարելագոյններուն երեւումը, իր բառարանները պիտի թղթատուին հայ աղքատիկ ուսանողին երախտագէտ ձեռներուն մէջ, որ, հեղինակին նորակերտ բառերէն հրապուրուելէ աւելի, իրաւա՛մբ աւա՜ղ, Նորայրին կամ Նուպարեանին պատկառելի ու անմերձենալի վսեմութենէն խոյս տուած պիտի ըլլայ, «ի հարկէ ստիպեալ»։

«Արեւելեան Մամուլ», 1 Մարտ 1902, թիւ 5, էջ 243-253



[1]            Bordeau. Causes et origine du Mal (Revue Philosophique, Août 1900), cité par Galante, Précis de sociologie.

[2]            «De Kant à Nietzsche», par Jules de Gaultier.

[3]            «Բառերուն նշանակութիւնը անձանց համեմատ կը փոխուի», կը գրէ տեղ մը։

[4]            Յօդուածագրին գրաբարի դէմ սոյն թշնամանիկ յարձակումն անհեթեթ ու անիմաստ կը գտնենք։ Ծանօթ. «Արեւ. Մամուլ»ի խմբ.