Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԱԼՈՒՍՏ ԿՈՍՏԱՆԴԵԱՆ

Տեսակ մը ցնցող շլացում կը համակէ զիս, ամէն անգամ որ Գալուստ Կոստանդեանի վրայ կը խորհիմ։ Ու, իր մահուանէն ի վեր որ առիթները բազմապատկուած են իր վրայ խորհելու, հետզհետէ կը համոզուիմ թէ այդ մարդը իրօ՛ք եզական ու թանկագին տիպար մըն է եղեր։ Եւ անհուն ցաւ մը կը համակէ զիս, վասն զի աստուածները կը մեռնին, ու անոնց տեղերը պարապ կը մնան. հորիզոնին վրայ մեծ դէմքեր կ՚անհետանան, եւ հողը, ուր նոր տունկերը կը ծլին, կը սնանկանայ ազնուազգի պտղաբերութիւններէն, ա՜լ յուսատու չերեւիր ու տատասկներու անշահ բուսականութեան մէջ խոպանացած է, աւա՜ղ։

Գալուստ Կոստանդեան գիտուն միտք մըն էր, թէեւ կը հաւաստեն մեզ թէ իր աշխատանոցին մէջ գիտունի ձեռքեր ալ կիրառութեան դրած է։

Ասով՝ չեմ ուզեր ըսած ըլլալ թէ՝ գիտուններէն ու գիտուն միտքերէն բացարձակապէս սնանկացած է ալ հայ շրջանակը։ Վասն զի Մանուէլեան՝ իր անունը փառաւոր միացման գիծով մը կցած է այսօր Մաթիա Տիւվալի պէս հոյակապ գիտունի մը անունին, ու Գօլօլեան՝ իր անձնական գիտական խուզարկութիւններուն վրայ ֆրանսերէն ուսումնասիրութիւններ կը հրատարակէ ու կը գնահատուի։ Աւելի մեզի մօտիկ, Տօքթ. Տաղաւարեան, իր ծանօթութիւններուն անսպառելի շտեմարանէն ամէն օր բան մը ունի ներկայացնելիք՝ մեր հասարակութեան հետաքրքրութեան։ Եւ դեռ ուրիշ անուններ չեն պակսիր, զոր կարելի չլլար յիշել, շարքը պատկառելիօրէն երկարելու համար։

Չէ՛, չըսի եւ չուզեցի ըսել թէ հայ գիտական միտքեր ու հայ գիտուններ չունի՛նք ալ։ Պիտի ուզէի ըսել, պիտի ուզէի շեշտուած ձայնով մատնանշել, սակայն, թէ՝ Գալուստ Կոստանդեանին պէս գիտական միտքեր ա՜լ չարտադրեր մեր հողը։ Խղճմտօրէն ուշադրութիւն ըրէք դիտելու՝ թէ տեսակ մը կեդրոնախոյս զօրութիւն դուրս կը նետէ մեր սահմաններէն սերմերը՝ որ այդ հազուագիւտ բոյսը պիտի արտադրէին, ու հայ մտքին լաւագոյն, ազնուագոյն բողբոջները՝ վտարանդի գետիններու հիւրընկալութիւնը կը փնտռեն։

Կոստանդեան պարզ ժողովրդականացնող մը չեղաւ միայն։ Անիկա միեւնոյն ատեն անկեղծ ու կորովի կռուող մըն էր։ Կոստանդեան՝ հայերուն Պիւհնէրը պիտի կրնար համարուիլ։

Professionnel, արհեստով գիտուններ կան, որոնք գիտութիւնը գիտութեան համար կը մշակեն, իրենց աշխատանոցին մենամոլ առանձնութեան մէջ, եթէ զիրենք չառաջնորդեր բարձրօրէն մարդկային փառասիրութիւն մը այն վտանգաւոր ձեռնարկներուն մէջ՝ ուր իրենց կեանքը մահուան սարսափին տակ կը դողայ ամէն վայրկեան։ Լավուազիէներուն, Կէյ-Լիւսաքներուն, Նանզէններուն շառաւիղն է աս։

Չէզոք ձեռքով մը՝ գիտութիւնը ժողովուրդին հրամցնողները, գիտութեան սնունդին կառսոնները կան, ինչպէս մեր Տաղաւարեանը, անփոյթ՝ իմաստասիրական ընդհանրացումներու եւ եզրակացութիւններու մասին։ Կա՛ն նաեւ կռուողները՝ գիտութեան հաւատքի համար։ Գիտութեան առաքեալներն են անոնք, որ ճշմարտութեան խօսքը կը քարոզեն։ Վասն զի հո՛ս ալ կայ այն ներսէն մղում տուող անճողոպրելի ու մաքուր ուժը, որ կ՚անուանուի հաւատք, եւ առանց որուն՝ մեծ գործերը պիտի ճռզէին, պիտի ցամքէին՝ գաճաճ ու վրիպոտ անճրկումներու մէջ։ Ու գիտութեան հաւատքը անո՛վ աւելի վսեմ ու փառայեղ է որ, մարդկային իմացականութեան կրօնական-բնազանցական պէտքին՝ ամենէն աւելի տրամաբանական ու բանաւոր պայծառութեամբ կը թուի գոհացում տալ։ Ահա՛ այս վերջիններուն խումբէն կը համարուին Պէռթըլօները։

Գիտութեան իմաստին, գիտութեան բանին աւետարանող մըն էր նաեւ՝ Գալուստ Կոստանդեանը։ Իր գրքոյկը, Մեթոտի վրայ, որուն վերլուծումը չպիտի բնաւ փորձեմ ընել, տեսակ մը հանգանակ է, ուր կը տաքնայ ու կը բռնկի իր վճռական մարդու բացարձակ անկեղծութիւնն ու խանդավառութիւնը։ Այդ խանդավառութիւնը՝ շինիչ ըլլալէ առաջ պարտաւորուած էր կործանարար ըլլալ։ Ատկէ՝ այն հալածանքը, որ առաքեալին կրունկը կը հետապնդէ դարերէ ի վեր։ Վասն զի պզտիկ ոճիր չէ յանդգնութիւնը՝ որ կը միտի մտաւորական ու բարոյական հանդարտ ու երջանկաբեր statu quo-ի մը ամբարիշտ տակնուվրայութեան [1] ։

Կոստանդեանինը, Կոստանդեանի ոճիրը, մանաւանդ, մեծագոյններէն էր այնպիսի ժամանակի մը ու այնպիսի հասարակութեան մը մէջ՝ որուն համար իմաստութեան սկիզբը՝ յաւէտ ճակատագրուած ըլլալ կը թուի՝ Աստուծոյ վախը։ Իրաւամբ աստուածաշնչական շանթ մը պէտք էր հալածէր այդ մահկանացուն՝ որ իր հէգ ու անբախտ նախահօր հիւանդագին հետաքրքրութեան մէկ հեռաւոր վերապրումին վտանգաւոր ախտանիշը ցոյց կուտար, հաւադարձական երեւոյթով։ Գիտութեան ծա՜ռը։ Ո՜հ, ահա՛ սկզբնական ոճիրը, որ մարդը դրախտէն վռնտեց, այն դրախտէն՝ ուր Տգիտութիւնը, անդորր ու ապահով, զինքը երջանկութեան լուսացանցին մէջ կը պարուրէր։ Կը տեսնէ՞ք ինչպէս կը պատժուէին աստուածային առաջին պատուէրին դէմ խիզախուած ընդվզումները։

Ու Կոստանդեան՝ Գիտութեան ծառին տարաբախտ հետաքրքիրն էր։ Անոր համար մեր հասարակութիւնը զինքը դրախտէն վռնտեց, անոր համար սատանան՝ այդ անբարիշտ հայուն եղբայրը կարծուեցաւ։ Իր գրքին համար, զոր ցուցամատին մէջ կ՚անցնէին, զինքը բանադրեցին, նզովեցին, ամէն ինչ ըրին՝ սատանան, Ուէլսի անտեսանելի մարդը մատնացոյց ընելու նպատակով։ Ահագին սպառնալիքի մը սարսափը սաւառնած էր՝ փիլոնաւոր խղճմտանքներուն վերեւ։ Քահանային սեւ գրուանը՝ անկումի ցնցում մը կրած էր։ Ու ժամանակին պատրիարքը իր տոպրակ մը շքեղ մօրուքով, կը պատմեն, բողոքական պատուելիի մը աստուածաբանութեանը պարտաւորուեցաւ ապաւինիլ, հերքելու համար գայթակղութեան ու կործանումի խօսքը, ու փրկելու, պաշտպանելու համար անոր դէմ՝ հնօրեայ նուիրականութիւններուն մասնատուփը։ Միթէ կրնա՞ր ներելի ըլլալ՝ խորտակել զայն, եւ իր ախտը ու մթին պարունակութիւնը՝ ճշմարտութեան պայծառ լոյսին ցուցադրել։

Մեթոտի վրայ գրքոյկը սակայն, իմաստասիրական անհեթեթութիւններուն կամ կրօնական հերձուածներու հանդիսարան մը չէր, տեղի տալու համար այդ իրարանցումին։ Մէկ կողմէն, բնական ու բնապատմական գիտութիւններու յայտնած ճշմարտութիւններուն համեմատ, կը պարունակէ անսեթեւեթ ու համառօտ ուրուագիծ մը, այն ճամբորդութեան՝ զոր մարդկութիւնը կատարած է «Ծննդոց» մթին չուկէտէ մը՝ մինչեւ այսօր, «համազգային ու անկղեր լուսաւորութեան Քանան»ին սահմաններուն մօտիկ։ Միւս կողմէն, հաւատական ու տրամաբանական եւ կամ աստուածաբանական ու բնազանցական ըմբռնումներու աւերակներուն վրայ՝ գրական կամ գիտական մտքին յաղթանակը հռչակող ու քաջալերող գործ մը եւ գիտական մեթոտի ամենէ՛ն պերճախօս, ամենէ՛ն ուժով ու անկեղծ ջատագովութիւն մըն է, զոր երբեք կարդացած ըլլանք։

Կոստանդեանի գործը ըլլալով պարզ ժողովրդականացնողի եւ interprèteի գործ, իր արժանիքը շատ յարաբերական կրնար մնալ, այնպիտի ընկերութեան մը մէջ՝ որուն ա՛րդէն մասամբ օտար չըլլար գիտութեան ամբարշտութիւնը։ Բայց, այնպիսի միջավայրի մը մէջ, զոր կենդանացնող շունչը դեռ աստուածաբանական ծակ ու ողորմելի փքոց մը կը հայթայթէ, Կոստանդեանի արժանիքը, ինչպէս արդէն մատնանշեցինք, գաղափարի մարդուն կամքոտ ու անվեհեր արիութեան վրայ հիմնուեցաւ։ Իր գործը այնքան հմտութեան որքան կռուի գործ մը եղաւ։ Գիտունի համեստութիւնը՝ գաղափարի պաշտամունքովը խանդավառուածի պարագային լծորդուած, ամէն նկատողութիւն սրբած էր իր առջեւէն, ու ճշմարտութեան սէրը՝ անձնական ճղճիմ հաշիւներուն մոռացումը բերած էր։ Ապա թէ ոչ, գիտունը, գիտա՛կ զինքը շրջապատող աշխարհին իմացական ու բարոյական աւանդութիւններուն, իր աշխատանոցին մենական պատերուն մէջ առանձնացած, քթին ծայրը արհամարհանքի ու հեգնութեան ժպիտ մը, կրնար իր գործը շարունակել իր անձնական հաճոյքին համար միայն, ինչպէս Պ. Ժօռտանը, Զոլայի Աշխատութեան մէջ։ Այլ Կոստանդեան՝ «երկար տարիներու զննութեան ու մտածողութեան» հարուստ պաշար մը՝ իր անձին ու իր եսասէր հաճոյքին վերապահելու, զայն իր մտքին մէջ կղպելու տեսակ մը կծծի ունայնասիրութիւնը չունեցաւ։ Այո՛, իրեն պէս լեցուն մարդու մը համար, որ չէր անգիտեր իրեն սպասող ընդունելութիւնը, զինքը շրջապատող թշուառ խաւարին վրայ ճշմարտութեան պայծառ լուսամուտէն ինքնագոհ եւ արհամարհոտ նայուածք մը միայն պտտցնել՝ դիւրին ու հաճելի պիտի կրնար ըլլալ անտարակոյս։ Այն ատեն սակայն, իր բոլոր արժանիքը՝ ամուլ հմտութեան մը տժգոյն արժանիքը միայն պիտի ըլլար։

Կոստանդեան՝ չկրցաւ տոկալ սակայն. իր անհատական ներգործութիւնը՝ պարտաւորուեցաւ տեղի տալու հաւաքական հակազդեցութեան, տգէտ, անխելք, կոյր, եւ Արեւելեան Գիտական Մատենաշարին Ա. հատորը՝ պարտաւորուեցաւ նաեւ ըլլալու՝ վերջինը։

Կոստանդեան լռեց, վասն զի հնար չէր ուրիշ կերպ ընել, ու իրեն հետ նա՛եւ այն քանի մը հազուագիւտ բարեկամները, Մսերեան, Ոսկան, եւն., որ գիտութեան դրօշը պահ մը կանգուն պահել փորձած էին։ Հերոսը՝ վերջնականօրէն պարտուած ու իր մէջ՝ գաղափարը անդարմանելիօրէն ինկած պիտի նկատէինք եթէ մեզի չիմացնէին թէ՝ հեռու ըլլալէ դասալիք մը, որ կը մատնէ իր պաշտամունքն ու կ՚ուրանայ իր հաւատքը, Կոստանդեան կ՚աշխատէր միշտ իր propagandeի գործին մէջ, բայց այս անգամ ֆրանսերէն գրելով։

Յետոյ, մահուանէն վերջ, իր կտակը իր իսկատպութեամբը եկաւ միեւնոյն բանը շեշտել։ Հազար լիրա արժողութեամբ մատենադարանը՝ Իզմիրի Յոյն ընթերցատան կը նուիրէր։

Իր կենդանութեանը իր վերարկուին քղանցքին հետամտող թափառկոտներուն ջոլիրը՝ այս անգամ իր դիակին շուրջը խմբուեցաւ բացարձակ անվախութեամբ։ Քաջութեան բարձրագոյն աստիճանն էր այս։

Իրաւ, Կոստանդեան քէնոտած մըն էր թէեւ, ու որեւէ քէն՝ ժխտական հոգեբանութենէ մը կը թուի բղխիլ, բայց իր կտակը իր գործին տրամաբանական շարունակութիւնը կ՚երեւայ ինծի, ունենալով իր մէջ բարոյական խիստ նշանակութիւն մը, զոր ժամանակին ոչ ոք դիտեց։ Մեր հասարակութիւնը՝ նուրբ ձեւերէն ոչ կը հասկնայ ոչ կ՚ախորժի։ Կոշտ կերպերը միայն կրնան մեզի զարնուիլ ու ազդել։ Կոստանդեան՝ դաս մը կ՚ուզէր տալ մեզի տակաւին, հասկնալ ուզէինք կամ ոչ։ Միթէ մենք արժէքը պիտի գիտնայի՞նք իր նուէրին. խոզին առջեւ անխելքութիւն չէ՞ր մարգրիտ նետել։

Ու բոլոր կատաղութիւնները նորէն բռնկեցան անպաշտպան դիակին շուրջը։ Բոլոր սեւ խղճմտանքներն ու բոլոր պլշկած հոգիները իրենց աղտեղութիւնը փորձեցին իր յիշատակին։ Կոստանդեան հայ չէ՜ր, Կոստանդեան տոհմասիրութիւն չունէր, Կոստանդեան օտարամոլ էր, Կոստանդեան անբարոյական էր, Յոյն հոմանուհիի մը հետ կը կենակցէր։

Անհունօրէն կը տխրիմ ու ցաւոտ հարցում մը կը յաճախէ միտքս։

Այդ բարոյականութեան միեւնոյն մունետիկները, որ իրենց հռետորութիւնը վատնեցին հէգ պատուական գիտունին մաքուր յիշատակը աղտոտելու, իրենց ճարտարախօսութիւնը, իրենց երգեցիկ տիրացուութեան տաղանդը արդեօք ի՞նչպէս պիտի գործածէին, եթէ Կոստանդեան ազգին նուիրած ըլլար այն մատենադարանը՝ որ աղբերակը եղած էր իր անբարոյական ու անբարիշտ մտածումին։ Այն ատեն ազգը պէտք ունեցած պիտի ըլլա՞ր արդեօք անաստուածի մը, անկրօնի մը, աշխարհաքաղաքացիի մը, վտանգաւոր մարդու մը այդ պիղծ ու վնասակար նուէրին։ Գայթակղութիւնը նուա՞զ մեծ պիտի ըլլար արդեօք. Կոստանդեան քաւած պիտի ըլլա՞ր իր Մեթոտի վրայն, եւ հարկ չպիտի՞ ըլլար բանալ հին տետրակներ, քրքրել հին հաշիւներ, ու այրել, ոչնչացնել այդ գիրքը, խեղդել այդ կայծերը, որոնք, ի վնաս բոլոր յարգուած կեղծաւորութիւններուն, ի վնաս բոլոր նուիրական ու պաշտելի ստութիւններուն, Աստուած մի՛ արասցէ, կ՚սպառնային ճշմարտութեան հանդիսաւոր ու մեծ հրդեհը բռնկցնել։

Ասոնց բոլորին եզրակացութիւնը այնքան օգտակար է, որքան անուղղակի առնչութիւն մը միայն ունի Կոստանդեանի դիմաստուերին հետ։

Բայց այս մարդը ձեզի ներկայացնել փորձած ատենս, յուսահատութիւնը չէ որ կը համակէ զիս մեր ապուշութիւններուն ու մեր տգիտութիւններուն համար։ Կոստանդեանին յիշատակը կորովաբեր ու կազդուրիչ ընկեր մըն է միշտ։ Ասոր համար է որ, ես ալ, մտածողներու ամենէն յետինը, որ հայ մեծ մարդուն յիշատակին արդարութիւն ընել փորձեցի, իրեն հետ կը հաւատամ թէ, «դրական օրէնքները զմեզ կը գերեն, բնական լոյսը՝ հաւատոյ խորաններուն կանթեղները կը խաւարեցնէ։» եւ «Չենք կարծեր որ մէկը կարենայ առանց կրքի ու նախադատութեան ամէն ինչ քննել՝ եւ այս համոզումին չի գալ։ Իրը եւ իրաւը այնքան կապուած են մէկ մէկու, շօշափելի եւ զննելի եղելութիւնները այնքա՛ն մեծ հեղինակութիւն մը ունին իբրեւ յաւիտենական ճշմարտութիւն, որ անհնար է փիլիսոփայութեան հետեւիլ, առանց ուշ կամ կանուխ գիտական մեթոտի աշակերտելու»։

Յ. Գ. Բացատրութիւն մը, նախորդ յօդուածիս, (Եղիա Տէմիրճիպաշեան) լուսանցքին ներքեւ գրաբարի առթիւ Ար. Մամուլի խմբագրութեան կողմէ եղած դիտողութեան մասին, որ թիւրիմացութենէ մը առաջ եկած է։

Գրաբարը սկզբունքով արհամարհող մը, ատող մը չեմ։ Ընդհակառակն ես իմ ուրոյն հիացումս ունիմ՝ այդ լեզուին ուրոյն գեղեցկութեանն ու ճոխութեանը մասին։ Իմ ըրած դիտողութիւնս՝ գրաբարախառն աշխարհաբարին դէմ էր, եւ աշխարհաբարին մէջ գրաբարամոլ ձեւերը, ասութիւնները նկատած էի գարշելի ցեխացայտումներ, որ արդի աշխարհիկ լեզուին հետզհետէ զտուող մաքրութեան ու սահունութեան կը վնասեն։ Այս էր ահա ըսել ուզածս։

 

«Արեւելեան Մամուլ», 15 Ապրիլ 1902, էջ 386-392


[1]            Աշխարհի չորս կողմ ցիրուցան կրօնային հասարակութեան մը միութեան եւ քայքայուն գոյութեան խարիսխը կազմող կրօնի եւ եկեղեցւոյ հիմերը քանդող փիլիսոփայութիւն մ՚էր ձախող եւ յայտնապէս անդէպ ու անժամ։ «Մեթոտի վրայ» գիրքը՝ որ ո եւ է կերպով չպատրաստուած հայ անհատը կ՚շլմորէր, կը սասանէր վտանգաւոր կերպով ու յայտնի վնասով։ - Ծ. խմբ. «Ա. Մ. »ի