Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԿՐՏԻՉ ԱՃԷՄԵԱՆ

Ասիկա՝ հասուն տարիքին սահմաններուն վրայ դեգերող աղուորուհի մըն է, ու զինքը ուշադրութեամբ դիտողը՝ չի կրնար առանց կանխորոշ կուրութեան ստանալ ստոյգ գեղեցկութիւն մը, որ աւելի թարշամած է քան աւրուած ու քայքայուած։ Այդ գեղեցկութիւնը՝ աղուոր ու մխիթարող ենթադրութիւններ ընել կուտայ ի նպաստ հինաւուրց հարսին։

Մօտան յատկանշողներուն ու մօտան ներկայացնողներուն խճողակ երամին մէջ ուր, աւա՜ղ, ինչպէս միշտ սովորութիւն է ըսել, շատ բան կորսուած է հինէն, առանց մխիթարական բան մը շահելու ի նպաստ նորին յաւակնութիւններուն, ինքը, նախկին աղուորուհին եթէ ոչ այնքան իր համակրութեան, գէթ իր պատկառանքին անկիւնը ունի, որուն համար գոհ է, ինքը, գիտակից գոհունակութեամբ մը։

Երբեմն երբեմն, երբ նոր տանտիկիններուն յաւակնոտ անճարակութիւնները զինքը կը յուսահատեցնեն, անկեղծ ու արդարացի փառասիրութեան թափի մը մէջ, ամուր կղպուած հին դարակի մը բանալին կը դարձնէ։ Մանրակրկիտ մարդու զգուշաւորութեամբ ու, պչրանքով մը, որ տակաւին, որ մի՛շտ այնքան կը վայլէ իր գեղակորոյս ամբողջութեան, եւ, անհուն գուրգուրանքով մը, ուր մայրական բան մը կայ խանդաղատեցնող, կը բանայ դարակներ, քօղազերծ կ՚ընէ թաքստոցներ, անոնցմէ դուրս բերելու համար իր պաշտելի մատիկներուն ճարտարութեան հմայքը, մոռցուած արուեստին հպարտութիւնը, ձեռագործ մը, ժանեակի շերտ մը, տանթէլ արմէնիէնի հինաւուրց նրբին նմոյշ մը, մասնիկ մը՝ որ իմ մատուըներուն մէջ կեանք առած ու ապրած է։ Իր շուրջը գտնուողները զարմանքի ու հիացումի անակնկալ մը կ՚ունենան։ Իրա՞ւ։ Ի՞նչպէս կարելի է ուրեմն։ Ու ինքը, եթէ ոչ յաւակնութեամբ, գէթ խրոխտ շնորհով մը, որուն իրաւունքը իրն է, գիտակցօրէն կը հպարտանայ իր յաղթանակին համար։

Մէ՛կ բան միայն, եւ, աւա՜ղ, ասիկա կեանքի օրէնքն է, կը տհաճեցնէ նրբաճաշակ հանդիսատեսը, նուիրական սնտուկին կափարիչը՝ տեղի կուտայ կծու բուրմունքի մը, զոր դարակները կ՚արտաշնչեն, հոտ մը՝ որ այնքան անդիմադրելիօրէն յատկանշական է։ Մգլումի, բորբոսի, հնութեան հոտն է անիկա, հոտը երկար ատեն կղպուած, երկար ատեն գոց պահուած բաներուն, որոնք, ո՜վ դժբախտութիւն, լոյսի կեանքին զրկման դալկութիւնն ու կենսազրաւումն ունին կարծես, այնքա՜ն տխուր ու հատած է իրենց երանգն ու երեւոյթը։ Ու, հանդիսատեսը, որ միեւնոյն ատեն ճաշակագէտ մըն է եւ initié մը, չի կրնար ստանալ բոլոր արժէքը այդ հնօրեայ ձեռակերտներուն, որոնց կեանք տուող մատները, չօժտուած չեն կրնար եղած ըլլալ արուեստագէտի յատկութիւններով։ Եւ, հոտը, կծու հոտը, որ շատերուն պիտի բացարձակապէս նողկանք պատճառէր, իրեն համար տեսակ մը ախորժ ալ ունի, ախորժը հնախօսական վաւերանիւթի մը, զոր եթէ ոչ կ՚ըմբոշխնէ, այլ գէթ կը հասկնայ ու կը ճաշակէ։ Այդ ձեռակերտները, իրաւ, հինաւուրց են, բայց բոլորովին հինցած չեն, մեռած չեն, իրենց մէջ կեանքի մասնիկ մը կը բաբախէ դեռ։

Մկրտիչ Աճէմեան, հին սերունդին միակ բանաստեղծը որ կ՚ապրի դեռ ու կը գրէ, այս տպաւորութիւնը կը ձգէ վրաս։

Բայց ասոնցմով չեն վերջանար իր յատկանիշները։

Մկրտիչ Աճէմեան ունի մասնաւորութիւն մը՝ որ իր արժանիքներուն ամենէն աննշանը չէ ապահովաբար։ Եթէ Աճէմեան մեր ժամանակին ամենէն մեծ բանաստեղծը չէ, մեր ժամանակին ամենէն զուտ բանաստեղծն է անիկա առանց տարակոյսի։ Կշռութեան ու ներդաշնակութեան պաշտամունքը, մուսաներու լեզուին սէրը, ոչ ոք իրեն չափ զուտ, անխառն խանդավառութեամբ մը կ՚ենթադրեմ որ հետապնդած ըլլայ, վասն զի Աճէմեան այն տաղաչափողն է, որմէ տող մը արձակ չենք ճանչնար գէթ մենք, նորերս, եւ իր ստորագրութեան՝ համաչափ կամ կշռաւոր գիծերու ներքեւ միայն հանդիպելու վարժութիւնն ունինք։ Վասն զի մեզի համար գրեթէ պատմական իսկ չպիտի ըլլայ այն իրողութիւնը թէ, «այն ժամանակն ուր հայ թատրոնը կը ծաղկէր, Աճէմեան Թէրզեանի եւ Թղլեանի հետ թատրերգակ ալ եղած ըլլայ, թարգմանելով Շիլլէրի Աւազակները եւ հեղինակելով կատակերգութիւն մը, Ծեր սիրահարը, որու ձեռագիրն ալ կորսուած է այսօր»։ [1] Եւ եթէ բաղդատութիւնները կը սիրէք, պիտի ըսէի թէ, այս վերջին տեսակէտէն, Աճէմեան հայերու Լէոն Տիէռքսն է, զուտ pure բանաստեղծը, որ տող մը արձակի անհամաչափութիւնով չէ ընդմիջած իր կշռութիւններն ու ներդաշնակութիւնները։

Եթէ բաղդատութեան ու դասակարգութեան սէրը առաջ տանէինք, պիտի կրնայի ըսել նաեւ թէ Մկրտիչ Աճէմեան խառնուրդ մըն է ռոմանթիկի ու բառնասիէնի։ Ըսածս ընդլայնելէ առաջ պէտք է փակագծեմ թէ այս տեսակ օտար պիտակներ (étiquette) շատ դիւրութեամբ կարելի էր գտնել մեր Պոլսահայ գրողներու մեծ մասին համար։ Հիմա խնդիր չպիտի ընէի թէ այս պարագային մէջ բարի՞ք մը կայ մեր գրականութեան համար, թէ անիկա ստգտանքն է անոր։ Կ՚ուզէի միայն ստորագծել թէ, Ֆրանսական գրելակերպերուն ու գրական դպրոցներուն ուղղակի ազդեցութիւնը՝ այնքա՛ն հզօրապէս դրոշմուած է մեր գրական մարդերուն տաղանդին վրայ։

Մկրտիչ Աճէմեան՝ ռոմանթիք է իր նկարագրական եւ իմաստասիրական ոտանաւորներուն մէջ։ Առաջինները կ՚ուրուագծուին տարտամ երանգները եւ անորոշ շրջագիծերը նախընտրող վրձինի մը քմահաճոյքին համար։ Մանրակրկիտին, կենդանի իրականութեան զգացումը (sens) չկայ հոն։ Պատկերները՝ միշտ աւելի զգացումներով քան զգացողութիւններով կ՚անդրադառնան ու կը թարգմանուին։ Թերեւս ասիկա՝ մէկն է ռոմանթիզմի ընդհանուր յատկանիշներէն։ Պատկերը՝ որ կ՚անդրադառնայ աչքի ցանցենիին վրայ, հոն չի լուսանկարուիր՝ թարգմանուելու համար գոյներով ու գիծերով, այլ կը կերպարանափոխուի յուզումի մը, զգացման մը։ Անոր համար է որ Մկրտիչ Աճէմեան, զուրկ իրականին զգացումէն, միշտ անյաջող եղած է իր այն ոտանաւորներուն մէջ, ուր փորձած է Քօփէի մը կեանքոտ վրձինը գործածել, առօրեայ կեանքին շրջանակին մէջ գլորուող ու տողանցող պատկերներուն վրայ։

Իր իմաստասիրութիւնը՝ իմաստասիրութի՛ւնն է ռօմանթիքներու մեծ մասին։ Անիկա՝ ընդհանրապէս տարտամօրէն հոգեպաշտ տրամադրութիւններ՝ առկախ կը ձգէ իմաստասիրական կասկածին առջեւ։ Չի նշանակեր թէ հեգնօրէն սկեպտիկ ըլլայ այս իմաստասիրութիւնը։ Անիկա մանաւանդ վարանոտ է եւ կը կասկածի.

Ո՛չ, մի՛ հարցնեք թէ ես ինչ խորհիմ,

Գըրիչն իմ սըրտիս չէ հաւատարիմ.

Ա՛յլ է տեսակէտն իմ եւ ձերն է այլ.

Մութ թուի ձեզ հոն ուր ես տեսնեմ փայլ։

 

Շուարում մը կայ հոն, յանդգնութեան վախը կայ հոն, որ սփոփանք կը փնտռէ խարխափանքին մէջ։

Առ Գրիգոր էֆ. Օտեան ուղղուած գեղեցիկ ոտանաւորի մը մէջ, Ո՞ւր երթան հոգիք, Աճէմեանի մտքի այս վիճակը ցայտուն կերպով երեւան կուգայ.

Մեր հորիզոնէն այսպէս մեկնեցար,

Եւ երկբայութեան զիս պատեն խաւար.

Թէ քու հետ տանիս դու մահուան գաղտնիք

Ո՞վ ինձ մեկնէ թէ ո՞ւր երթան հոգիք…։

 

Ո՞ւր երթան հոգիք… իբրեւ ծաղկանց բոյր

Միթէ կը ցրուի՞ն… իբրեւ մեղմ համբոյր

Իբրեւ երգ թռուցիկ կը մարի՞ն միթէ.

Հապա ո՞ւր երթան հոգիք…

Ո՜վ գիտէ։

 

Բայց իր կեանքի ըմբռնումը, իր աշխարհահայեցողութիւնը, եթէ թոյլ կուտայիք գործածել այս բարբարոս եւ տգեղ բառը, տրամաբանական հետեւութիւնը չի թուիր ըլլալ այդ կասկածոտ իմաստասիրութեան։ Իրական կեանքին արդի պայմաններուն դառն հասկացողութեան մէջ, որ զինքը տեսակ մը համակերպող հեգնանքով կը լեցնէ, անիկա կը պահէ նորէն կերպ մը յարաբերական լաւատեսութիւն՝ որ կազդուրիչ ու զովացուցիչ է լալկան ու մահաբաղձիկ բանաստեղծներու գուժաւոր կաղկանձիւններուն մէջ։ Հոն, այդ լաւատեսութեան խորը, փորձառու մարդը կայ, որ աշխարհը կը դատէ ո՛չ թէ իմաստասիրական դրութեան բարոյական եզրակացութիւններուն համեմատ, որոնք աւելի կամ նուազ միշտ կամայական են, այլ իր համեստ եսին կողմանկիւնէն, անձնական տրամադրութիւններու անձուկ՝ այլ սրտապնդող տեսակէտէ մը։

Աշխարհիկ ու ապրած մարդու, սակաւապետ ու երջանիկ նահապետի հայրական բան մը կայ Օղիին, Սիկարին, Յետ յիսուն ձմրանին մէջ։

 

Յետ յիսուն ձմրան՝ չունիմ ստացուած,

Ոչ տուն՝ ոչ հիւղիկ յարդէ ծածկուած.

Բայց փոփոխ բախտին պարգեւներ խարդախ

Արհամարհելով երգեմ միշտ ուրախ։

 

Յետ յիսուն ձմրան՝ դեռ ծովեր ու սար,

Արտեր ոսկեվարս, դաշտ, հովիտ դալար

Դիտեմ ընդ երկար, վայելեմ լըռիկ,

Եւ այս շատ իսկ է սրտիս իմ փոքրիկ։

 

Յետ յիսուն ձմրան՝ տակաւին կայտառ

Շրջիմ հետիոտս ի ձոր եւ յանտառ,

Եւ ոչ նախանձիմ հարստին երբեք

Որ ճոխ կառքին մէջ երթայ ցաւաբեկ։

 

Յետ յիսուն ձմրան՝ պատերն են անզարդ

Համեստ սենեկիս, բայց երբ լոյս զուարթ

Ներս կը թափանցէ, ցոյց տայ ինձ պատկեր

Սիրուն զաւակացս՝ իմ միակ գանձեր։

 

Յետ յիսուն ձմրան՝ չունիմ ստացուած,

Ոչ մի թիզ պարտէզ, բայց գիտես Աստուա՜ծ,

Թէ ոչ շրթներէս թռած է գանգատ.

Թող միշտ երջանիկ բայց լինիմ աղքատ։

 

Յետ յիսուն ձմրան՝ ո՛ Տէր, ինձ մի՛ տար

Ոչ փառք մուրացիկ, ոչ սիրտ վշտահար,

Այլ տուր ինձ ճարել հացիկ անխարդախ

Եւ տուր ինձ երգել միշտ գոհ եւ ուրախ։

 

Չէ՞ք զգար թէ այս տողերուն մէջ երջանիկ ու կազդուրիչ բան մը կայ, որ կ՚սփոփէ ու կը զովացնէ։ Ու այսօր ալ, «յետ վաթսուն ձմրան» նորէն, բանաստեղծը իր նախկին տրամադրութիւնները չէ փոխած բնաւ, անցամաքելի լաւատեսութեան մէջ շարունակելով տարփողել կեանքին սէրն ու ուրախութիւնը։

 

Երբ ետիս դառնամ՝ անցեալը դիտեմ

Կեանքի առեղծուածն կանգնի ինծի դէմ,

Տիեզերական անհուն անըսպառ

Կեանքին մէջ՝ մարդուն կեանքն է մէկ պատառ,

Անծայր ծովուն մէջ հազիւ մէկ կաթիլ,

Ու կը հարցնեմ թէ կ՚արժէ՞ ապրիլ։

Ո՜հ կեանքն անուշ է ու յաճախ լեղի,

Վճիտ վտակն ալ փոխուի հեղեղի,

Տառապանք, վայելք, դառնութիւն, հաճոյք

Զիրար հալածեն կամ ընթանան զոյգ.

Ու թէ որ ճնշէ զիս կեանքին պայքար

Ծըռիմ եղեգին պէս գլուխս տկար

Ու մրրիկն անոր զիս ոչ կ՚արգելու

Հոգւոյս ձգտումներն անխռով երգելու.

Երբ ջերմ համբուրեմ վարդին լանջ քնքուշ.

Ինչ փոյթ թէ շրթունքս արիւնէ սուր փուշ։

Խեղճ փիլիսոփայք ի զուր կը յոգնիք,

Կեանքը կը լուծուի՝ բայց ոչ իր գաղտնիք.

Առեղծուած կեանքի՞ն թէ մահուան անգութ,

Ըսէք ինձ, ո՜րն է շատ աւելի մութ,

Կեանքը սերտեցի, հեշտ ու փշոտ է,

Իսկ մահը… գիշե՞ր թէ առաւօտ է։

 

Դրամին մէջ կը ցայտէ հեգնութիւնը հանդարտաբարոյ՝ այլ արդարամիտ մարդուն, կծու, խայթիչ, այլ առանց բարկութեան ու կիրքի, տեսակ մը ընկճուած համակերպութեամբ՝ նուիրագործելով տխուր իրողութիւնները՝ զոր հաստատելու դառն ու դժնդակ պարտաւորութիւնն ունի։

 

Հարկ չէ միշտ լինել խոհուն գիտնական,

Յաճախ նա որ է տգէտ աննշան՝

Ակադեմիայի ընտրուի անդամ

Եթէ ունի դրամ։

Զարմանալի են օրէնք աշխարհի,

Կարծեն թէ ճարտար խօսի եւ խորհի

Նա օր իրօք է ապուշ եւ անհամ,

Եթէ ունի դրամ։

Ընկերակցութեանց մէջ բազմի վերին բարձ,

Երկնից մէջ նաեւ յուսայ առնուլ վարձ՝

Երբեմըն նա իսկ որ է անըզգամ

Եթէ ունի դրամ։

Ի՜նչ փոյթ եթէ կաղ ըլլայ կամ քոսոտ,

Թէ համբոյրք նորա բուրեն զազիր հոտ,

Տօնեն զնա միշտ հէգ կանանց երամ

Եթէ ունի դրամ։

Նա որ ոտնակոխ առնէ զիւր պատիւ,

Եւ ծաղրէ ամէն զգացմունք ազնիւ,

Նա եւս ստանայ փառք եւ բարեկամ

Եթէ ունի դրամ։

Իրաւունք գտնայ միշտ լեցուն գրպան,

Եւ առանց խղճի կուտայ տէր-պապան

Չորս կին մէկ մարդուն, ես կը հաւատամ,

Եթէ ունի դրամ։

Ու պարզապէս տեսակ մը պաշտամունքով կ՚արտատպեմ սա տողերը՝ որոնց մաքուր յօրինուածքը, աշխուժ գրուածքն ու դալար թարմութիւնը՝ երբեք հակասութիւն մը չեն ծերունի բանաստեղծին մշտանորոգ հոգիին մէջ.

 

ԱՊՐԻԼ

Գարնան դռնէն՝ անհամբեր

Ապրիլ նայի դէս ու դէն.

Ձիւներ հալեր ու ամպեր

Ձմրան փախեր են արդէն։

Գարնան դռնէն՝ պչրելով

Ապրիլ ժպտի դէս ու դէն,

Հաշտ ու կապոյտ ծփայ ծով

Լեռներ, ձորեր կ՚ըլլան շէն։

Գարնան դռնէն՝ ոսկեցոլ

Լոյսեր գեղուն զերդ տարափ,

Ապրիլ չորս դին սփռէ խօլ՝

Վարդի խուրձեր լեցուն ափ։

Գարնան դռնէն խնկաւէտ

Հովեր փչեն մեղմօրօր,

Ապրիլ նորեկ թռչնոց հետ

Մեզ կ՚աւետէ ուրախ օր։

Ապրի՜լ, ծաղկունքդ այդ նախշուն՝

Որո՞ւ շռայլես այդ շողեր՝

Տե՛ս, ալեւոր իմ գլխուն

Բաղդը ցանեց դառն հոգեր։

Ծաղիկներուդ տակ փունջ փունջ

Յիշատակներ ունիմ տխուր,

Ու այդ հովիկ հեզաշունչ

Արծարծէ իմ սրտիս հուր։

Խամրած հոգւոյս մէջ՝ Ապրի՜լ,

Ալ չես կրնար դնել ոչ,

Անուշ բոյրէդ մէկ կաթիլ՝

Վարդերէդ մէկ ծիլ բողբոջ։

 

Վերջին տողերուն անհուն մելամաղձութիւնն իսկ իրեն մէջ ունի տեսակ մը շեշտ՝ որ շեշտը չէ բնաւ զզուանքին ու յափրանքին, այլ շեշտը՝ կեանքի վերջին անքոյթ հանգրուաններուն մէջ իր յոգնութիւնը առնող գոհունակ ծերունիին, որ երիտասարդութեան օրերուն կարմիր կարօտովը կ՚ուռի։

Եթէ որ եւ է գրող իր մտադրութիւններուն ու իր յաւակնութիւններուն համեմատ միայն հարկ ըլլար դատել, ապահովապէս կարելի պիտի ըլլար ըսել Մկրտիչ Աճէմեանին համար թէ մեր ժամանակին լաւագոյն բանաստեղծն է անիկա, համեստ երազներուն ու ժուժկալ քնարերգութեան մը բոյնը։

Այս տեսակէտէն, մեր աչքին պէտք չէ զարնեն իր մինչեւ այսօր գործածած հայերէնը՝ իր կղպուած պահարանի թթու հոտովը։ Ու քննադատութիւն մը չենք ըներ իրեն իր ոտանաւորին ալ միօրինակ յօրինուածութիւնը, որ կը յատկանշուի տասը ոտքով ու զոյգ յանգերու անընդմիջական համապատասխանութեամբ։ Այս համեստ երգիչը՝ բազմաթիւ լարերուն ու բազմահագագ շեշտերուն խիզախութենէն խուսափած է միշտ, իր միօրինակ կշռութիւնը պատշաճեցնելով իր այլազան յուզմունքներուն։

Նորէն, համարձակէի՞ արդեօք իրեն մեղադրանք մը ընել տաղաչափական օրէնքի տգիտութիւն մը, որ մինակ իրեն չի վերագրուիր, եւ որուն ստգտանքին ենթարկուած է նաեւ երբեմն՝ Պօտլէռի նման խղճամիտ արուեստագէտ մը։ Աճէմեան սխալ հնչեակ (sonnet) գրող մըն է։

Ապահովաբար ձեւը չէ որ իր տաղանդը կը շինէ։ Հնչեակի մը երկու քառեակներուն նոյնայանգութենէն չի բղխիր բանաստեղծական յուզմունքը։ Ճիշդ այս պատճառով է որ, Ալփասլան, ճարտար ու անստգիւտ տաղաչափողը, մեծահարուստ յանգաբանը, միջակ բանաստեղծ մըն է Աճէմեանին քով։

Բոլոր խնդիրը սա՛ է թէ, հնչեակը, ոտանաւորի վճռուած ձեւ մըն է, եւ անոր համեմատ գրուած ատեն միայն այդ անունը կրնայ կրել, ինչպէս բանթումը, թէրձառիման, ռօնտէլը եւն։ Պզտիկ թերութիւն մը՝ ոտանաւորի այդ նուիրագործուած ձեւերը զրկած կ՚ըլլայ իրենց անունէն, երեւան բերելով տաղաչափողին անճարակութիւնը կամ տգիտութիւնը, եւ այդչափ միայն։

Աճէմեանի համար փորձուած դիմաստուերի մը վերջին վրձինի հարուածը՝ աս չէր կրնար ըլլալ սակայն։ Մեր ժամանակին մէջ, ուր շատ են բանաստեղծներն ու շա՛տ քիչ՝ իրական տաղանդները, մխիթարական է որ այս ճշմարիտ բանաստեղծը երբեմն բանայ իր հնօրեայ դարակները, անոնցմէ դուրս քաշելու եւ մեր հիացումին ու վայելքին նուիրելու համար՝ իր ձեռագործներէն մէկը, որ եթէ երբեմն ըլլա՛յ իսկ նորազուրկ ու հնաբոյր մտքի արդուզարդ մը, այլ յաճախ գանձ մը ու գոհար մըն է։

«Արեւելեան Մամուլ», 1 Յունիս 1902, էջ 497-504։


[1]            «Մասիս», 1 Օգոստ. 1902, Հրանտ Ասատուր։