Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Սուրէն Պարթեւեան՝ ՔԱՅՔԱՅՈՒՄ. ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ. ՍՕՓԱՃԻՆԵՐԸ

Կիլիկեան Արհաւիրք էն յետոյ, որ լրագրական աճապարոտ ու հեւասպառ յօդուածներու անկարկատ յուշատետր մ՚է, Սուրէն Պարթեւեան կը հրատարակէ իր Քայքայում ը։ Ձօնը, «Անոնց՝ որ մնացին հայրենի հողին կառչած կը ձօնեմ փախչողներու կեանքէն քաղուած այս էջերը». կերպով մը կ՚բացատրէ տասներկու անջատ հատուածներ, իւրաքանչիւրն անկախ դրուագ մը. որք սակայն իրարու լծորդուած են հասարակաց հանգամանքով մը, պատկերացնելով եղերական ճակատագիրն այն դժբախտ հայատունկերուն, որք մեծ կոտորածներու թուականներուն՝ մայրենի արտօրայէն արմատախիլ եղան, եւ հալածիչ հովերու հետապնդումէն խժդժօրէն վռնտուած, շուարուն հոգիներով քայլամոլոր, գացին ապաստան մը, հողի պատառ մը փնտռել՝ անհիւրընկալ այլուրներու դժխեմ ափունքին վրայ։ Օտարութեան մէջ, իր արեւն ազատելու յետամնաց յոյսին կառչող Հայութեան քստմնելի պատմութիւնն է ան, պատմուած մեծատաղանդ եւ սքանչելի գրագէտի մը կողմէ, որ է ինքն իսկ՝ Սուրէն Պարթեւեան։

Եւ ի՜նչ զարհուրելի պատկերաշար ընդհանուր բարոյաթափութեանը արմատախիլ հոգիներուն, որք իրենց բոլոր ազնիւ թռիչքները կորսնցուցած են այլ եւս, թռիչներ՝ որ զիրենք փրկէին անկումներու նախատինքէն, եւ հիմա կ՚սողան կ՚քաշքշուին անբարոյականութեան յորդ կղկղանքին մէջ, որ եւ է բարձրացումէ, որ եւ է փրկութեան հաւանականութենէ բոլորովին յուսաթափ։ Մարդկային սեւ զանգուածներ, որք միահաղոյն կ՚գլորին կորուստի ամենակուլ անդունդի մը խորը, եւ որոնց աննսեհ ճակատագրով անշահախնդրօրէն շահագրգռուո՜ղ մը չկայ աշխարհիս մէջ։ Եւ պատկերաշարը ցաւալիօրէն ճոխերանգ է։ Հոն է մեր կղերականութիւնը, որ հայկական ցաւն օտարին գթութեամբ կ՚շահագործէ, անհաւատալի ու շնական պաղարիւնով մը, ի հաշիւ իր ցաւագար միսին դժնէ ախորժակներուն։ Հոն է յարանուանական մարդորսութիւնը, որ իր իսկապէս ցամաք անթռիչ հաւատքին անհանդուրժելի բեռը հարկադիր կ՚ընէ շուարուն հոգիներու եւ անօթի ստամոքսներու վրայ, ի շահ աստենի աղտոտ քսակի մը պարարտացման կամ անդենի արքայութեան մը ծակաչք ստացման միշտ անձնական տեսակէտներուն։ Յետոյ, «Փրկութեան Բանակ»ը, խեղճ անօթի Հայ գաղթականութեան արիւնոտ քրտինքը, որ յանուն քաղաքակրթութեան եւ յանուն մարդասիրութեան կ՚արդիւնաբերուի, բարի եւ գթասիրտ շահագործումին ձեռքերուն մէջ։ Հոն է նաեւ դիւրին բարեկեցութեան մը գիրկն յղփացած Հայ մեծատունը, որ անարգ ու աժանագին գթութեան մը երանութիւնը կ՚պարգեւէ ինքն իրեն։ Խանդաղատելի՜ գթութիւն, որ կ՚սնանի մարդկային արժանապատուութիւններու սպանդին եղերական ու արիւնարբու վայելքով։ Յետոյ մռայլամած պատկերաշարն՝ այս անգամ ճշմարիտ գթութեան զոհերուն, արջառացած նախիրը քաջալերեալ թշուառութեան…։ Ու, վերջին պահուն, չարաչար ու հմայաթափիչ անկումը, օտար հողի վրայ, Հայ կնոջ ու Հայ աղջկան աւանդական պարկեշտութեան…։

Հալածական Հայութեան բարոյաթափումն օտարութեան մէջ, ահա՛ թելադրիչ շարժառիթ մը, որ Սուրէն Պարթեւեանի նման վարպետի մը գրչին տակ կ՚իյնայ։ Եւ տաղանդաւոր գրագէտը զայն մշակած է տեսակ մը դառն եւ յանդուգն հեշտամոլութեամբ, տեսակ մը զգայապաշտ գինովութեամբ՝ որ իր գրականութեան նկարագիրն է արդէն։ Դիտողութիւնը տարօրինապէս հզօր է եւ թափանցող, նկարչութիւնը՝ պերճ ու բարդ, եւ պատկերացումը՝ ուժգին, ապրող, զկծեցուցիչ կենդանութեամբ մը կենդանի։ Պարթեւեանի ոճին մէջ կախարդական բան մը կայ, որ կ՚գերէ, որ հաճոյքի ու հեշտանքի խնջոյք մըն է ճշմարիտ գրականութիւնն հասկցողին ու սիրողին համար։

Պարթեւեան հակառակ անոր որ իրեն արժանի համբաւի մը չէ տիրացած տակաւին մեր մէջ, մեր ամէնէն տաղանդաւոր գրագէտներէն է։ Իր տաղանդը պէտք է նկատել գրականութեան այլամերժ ու բարձր տեսակէտէն միայն։ Հոն՝ ինքը մին է այն քանիմըներէն, որք արժանի են խստապահանջ հիացումի մը մաքուր արդարութեան։ Խիստ նրբացած, գրեթէ ախտաւոր զգայնութեան մը բարդ սահմաններուն հասած, խորապէս հեգնապաշտ ու հիանալիօրէն սկեպտիկ այս գրագէտը, որուն խռովեալ խղճմտանքին խորն Համլէթ մը կ՚մենախօսէ ամէն վայրկեան, չեմ գիտեր թէ ի՛նչպէս կ՚ապրի իր ձանձրացած հրապարակագրի շինծու կեղեւին մէջ, վիճելի ու վիրաւորելի լրջութիւններու տարտամ կառուցումներ փորձելով տակաւին, ու յետամնաց հաւատքի մը մխիթարանքն ստեղծագործել ջանալով իր փլփլկած հոգւոյն համար։

Այն անկեղծ սքանչացումը զոր ունիմ իր բարձր տաղանդին նկատմամբ, կ՚թոյլատրէ ինծի փափագելու որ, Պարթեւեան, երկրորդական մտահոգութիւններով մոռցնել չտայ ինքն իրեն ու իր հիացողներուն այն մեծ գրագէտը որ կայ իր մէջ, եւ Հայ գրականութեան տայ՝ ինչ որ կայ իր մտաւորական խառնուածքին մէջ ամէնէն աւելի ազնիւ ու ամէնէն աւելի թանկագին։

Քայքայում ը առաջին համտեսութիւն մըն է արդէն, զոր անհրաժեշտաբար ճաշակելու են բոլոր ճշմարիտ գրասէրները։ Եւ ուրախ եմ հաստատելու որ հեղինակն իր այս առաջին գրքին կողքին վրայ չի վարանիր յայտարարելու իրմէն նոր հատոր մը, որ մամլոյ տակ է։

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ. Անգամ մը որ սեղանին վրայ ունինք զայն, պոլսահայ հրատարակչականը, կարելի չէ չվերադառնալ անոր, խորհրդածութիւններով ու կարծիքներով հասունցնելու համար գաղափարը, իր ամենամաքուր ու ամենագործնական ձեւին ներքեւ։ Եւ յոյս ունիմ որ այս անգամ ձեռնարկողները իրենց համար պատուի խնդիր պիտի նկատեն տեսակ մը յամառ յարատեւութիւն դնել առնուած առաջին քայլերուն մէջ, եւ թոյլ չպիտի տան որ անգամ մը եւս առիթ ունենանք մենք մեզի մեղադրելու մեր թեթեւամիտ, յողդողդ ու դիւրաբեկ նկարագիրը՝ հաւաքական ձեռնարկներու մէջ։

Ամէնէն առաջ՝ պէտք է խիստ որոշապէս ու մանրամասնօրէն սահմանել մեր հրատարակչականին նպատակը, եւ յետոյ կազմակերպել միջոցները։

Հրատարակչականի մը նպատակը պէտք է ըլլայ ըստ իս, մտաւորական գրաւոր գործունէութեան բարձրագոյն ու ազնուագոյն ոլորտին պատկանող աշխատութիւններու նիւթական քաջալերանքին մէջ սահմանափակուիլ։ Դիւրին ու թեթեւ ժողովրդային գրականութիւնը, դասագիրքը, բռօբականտի պռօշիւռը, վարդապետական, կամ մոլեռանդական քարոզը, մասնագիտութիւնը, եւ առ հասարակ դիւրավաճառ քուրջի կտորը՝ անպայման վտարուելու են նպատակէն դուրս։ Հրատարակչականը պէտք է քաջալերէ ճշմարիտ տաղանդները միայն, հին թէ նոր, որոնց գործերը սահմանուած են կերպով մը մնալու մեր մտաւոր պատմութեան արձանագրութիւններուն մէջ։ Մասնագիտական գործերէն կարելի է առնել հեղինակութեան, նորութեան, ինքնատպութեան նկարագիր ունեցող շատ հազուագիւտ աշխատութիւններ միայն։ Կարելի է ընդունիլ նաեւ, մեծ վերապահութեամբ, վերեւ նշանակուած տեսակէտներուն ուղղուող ու ճշմարիտ տաղանդով իրագործուած թարգմանութիւններ։ Այսպէս, հրատարակչականին նպատակը պէտք չէ խճողել, տարտամցնել։ Այս կէտը խիստ կարեւոր է։ Տեղի չկայ որ, յայտագրի տրամադրութիւններու առաձգականութեան հետեւանքով բարոյական ու նիւթական զեղծումներու կամ չարաշահութեանց պատրուակ դառնայ հրատարակչականը։

Հեղինակութեան իրաւունքի փոխարինութեան եղանակն ալ բազմաթիւ նկատելի կէտեր ունի։ Ամէնէն պատշաճ, հրատարակչականի մը իսկական նպատակներուն ամէնէն համապատասխան ձեւը՝ ըստ իս՝ միահաղոյն վճարման ձեւն է։ Այդ եղանակը գործադրելու համար պէտք է հիմնուիլ հետեւեալ սկզբունքներուն վրայ. որոշել ըստ սեռին, թէ գիրքը քանի՞ օրինակ պէտք է տպուի, հաշուել տպագրութեան եւ յարակից աշխատութիւններու բոլոր ծախքերը, սահմանել վաճառման գինը, զեղչի համեմատութիւնը, եւ բոլոր օրինակները վաճառուած նկատելով, աչքի առջեւ կեցող զուտ շահը մէջտեղ դնել իբր հեղինակի իրաւունք, միանուագ սաչափ առ հարիւր վար դնելով իբր հրատարակչականին եկամուտի աղբիւր։ Ճշմարիտ քաջալերութեան սկզբունքը, ըստ իս, այդ եղանակով կարելի է գործադրել։

Խնդիր է նաեւ՝ ներկայացուած ձեռագիրներու քննութեան ու գնահատման աշխատութիւնը, որ ըստ իս, ամէն անգամ պէտք է վստահուի, միշտ վճարման սկզբունքը յարգելով, ձեռնհաս ու բարոյապէս եւ նիւթապէս անկաշառ քննադատի մը։

Միւս կողմէն, կնճռոտ ու դժուարին նկարագիր մը կ՚ներկայացնէ հիմնարկութեան ու կազմակերպութեան մասը, որ առանձին պէտք է ուսումնասիրուի, եւ որուն նկատմամբ անհրաժեշտ է լսել գործնական մտքերու խորհուրդը։

Նախնական դրամագլխի մը գոյացման համար բացի այն հիմնական միջոցներէն, որոնց վրայ պիտի խորհուէր, պէտք չէ զանց ընել նաեւ լրագրական ընդհանուր հանգանակութեան մը եղանակը, նուիրատուներու անուններուն հրատարակութեան մտքին վրայ հիմնուած։ Հայ լրագրութիւնը պէտք չէ զլանայ իր այս աջակցութիւնը յօգուտ ընդհանուր գրականութեան։ Ըստ իս, կարելի է բան մը սպասել գրասէր Հայ հասարակութեան բարեյօժարութենէն։ Ես քիչ մը վստահ եմ, Հայութիւնը, որ դարերէ ի վեր բարեգործած է, չպիտի զլանայ իր լուման, իրագործմանը համար նպատակի մը, որ թէեւ այս անգամ բարեգործական չէ, բայց որուն տեւական քաղաքակրթական նշանակութիւնը բարեգործականին չափ բարձր է ու կենսաւէտ։ Խնդիրը՝ վստահութիւն ներշնչել գիտնալուն վրայ է։

Լրագրական յօդուածի մը մէջ զետեղուած այս նօթերը, որ կ՚յանձնուին ծրագրի կազմութեան առժամեայ մասնախումբին նկատառման, որ եւ է յաւակնութիւն չունին։ Անոնք ո՛չ վերջնական են անշուշտ եւ եւ ոչ ամբողջական։ Հոն պարզուած սկզբունքային տեսակէտներն առնելով, կարելի է մանրամասնել ու կատարելագործել ծրագիրը, ենթարկելով զայն մտադիր ու համբերատար մշակումի մը։

Ուրիշ առթիւ թերեւս խօսիմ ուրիշ մանրամասնութեանց վրայ։

ՍՕՓԱՃԻՆԵՐ. Բիւզանդիոն ի Խմբագրապետին անձին դէմ գործուած արարքն ըստ ամենայնի տգեղ, անարգ, գռեհիկ ու բացարձակապէս անարդարանալի արարք մըն է անշուշտ։ Անզէն ու ինքնապաշտպանութեան անպատրաստ ու անընդունակ մարդու մը վրայ յարձակելէն աւելի դիւցազնական քաջութիւն կարելի չէ երեւակայել։ Բայց ամէնէն աւելի ասիկա ա՛յն հեգնական ու անողոքօրէն բացարձակ իմաստն ունի թէ՝ մարդիկ, երբ որ եւ է ձեւի տակ, ու ձեւը բնաւ կարեւորութիւն չունի հոս, մոլեռանդ են դարձեր, այլեւս ընդունակ են նոյն իսկ՝ իրենց պաշտած աստուածներուն անունով մեղանչելու։ Այսպէս, օրինակի համար, ազատութեան պանծալի սկզբունքին ի սպաս իրենց թանկագին ու նուիրական կեանքը վտանգի դնելու պատրաստ մարդիկ կան, որք պաշտելի անձնուիրութեամբ եւ սրտայոյզ փթամտութեամբ կը գիտնան սօփա բարձրացնել յանուն ազատութեան՝ նոյն ինքն ազատութեան գլխին վրայ։ Ի՜նչ ահռելի, բայց նաեւ ի՛նչ ողորմելի պատրանքներու նշաւակ է մարդկային գիտակցութիւնը։

Աշխարհի իրերէն ու իրողութիւններէն բղխող ճշմարտութիւնը՝ պարզամոլ դիւրութեամբ մը ընդգրկելու եղանակ մը կայ, որ մոլեռանդներունն է առ հասարակ. ի՛նչ դասակարգի ալ պատկանին անոնք, եւ, ամէն մոլեռանդի մէջ, ծիծաղելի միամտութիւն մը կայ, մերթ դաժանօրէն ու չարաշուքօրէն վտանգաւոր։

 

«Բիւզանդիոն», 1910, Ապրիլ 24 7 Մայիս, թիւ 4114