Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

 

ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԵՒ ԻՐ ՆՈՐ ԳԻՐՔԸ

[1] Թերեւս չափազանցութիւն չէ ըսել թէ, հայ քնարը բաւական ատենէ ի վեր չէր հնչեցուցած այսքան վեհ, այսքան լայնաճախր սաւառնումով հնչիւն մը։ Ցեղին Սիրտը ապահովաբար մէկն է այն գիրքերէն, որք անմոռանալի կը մնան գրականութեանց պատմութեան մէջ։ Դանիէլ Վարուժան, որուն անունին երէկ միայն կը հանդիպէինք Սահմանադրութեան ճամբով մեր դռուըներէն ներս մտնող սկսնակներու շարքին մէջ, այսօր արդէն իսկ նշանակելի կարեւորութեամբ բանաստեղծ մըն է, եւ քննադատութիւնը, իր պաշտօնին նուիրականութեան գիտակից, պարտի զինքը ողջունել անվերապահ խանդավառութեամբ, հայկական Ամենադից մեհեանին սրբազան կամարներուն տակ։

Աշխարհ լեցուն է մերթ ահազդեցիկ ու բազմադղորդ մեծութեամբ՝ այլ խիստ վաղանցիկ փառքով աստուածներով։ Այնքա՜ն շուտ կուգան ու կ՚երթան։ Քիչերուն տրուած է յաւերժանալ ժողովուրդներու սրտին, համարման ու պաշտամունքին մէջ։ Բանաստեղծը՝ այդ երանելի ճակատագրով ճակատագրուած բախտաւորներէն է։ Դանիէլ Վարուժան՝ հին դարերէն ու հին աւանդութիւններէն կուգայ մեզի։ Պիտի ըսէի թէ՝ ծովերու սրտէն դուրս եկող հրեղէն եղէգի մը փողէն ծնունդ առած առասպելական պատանեկիկ մըն է ան, բոցեղէն մազերով ու արեգակէ աչքերով, որ մեզի կուգայ պատգամել՝ հեթանոս Հայութեան հինաւուրց բնազդներէն, որ տաղերգե՜լ կուգայ մեզի՝ Ցեղին Սիրտը ։ Ողջո՜յն ուրեմն նորաստեղծեալ հեթանոսական ծիրանի հանճարին, ողջո՜յն, ցնծութենէ արտասուաթոր աչքերով ողջո՜յն, դափնեպսակ մաքրափայլ ճակտին՝ աստուածընտիր օծեալին, հա՛յ բանաստեղծին։

Ցեղին Սիրտը հաւաքածոյ մըն է զանազան մանր ու երկայնաշունչ քերթուածներու։ Ձօնը՝ գոհար մըն է, զոր բանաստեղծը, իր սրտին ադամանդեայ զանգուածէն կը փրցնէ կը հանէ՝ նուիրելու համար իր հայրենիքին ու իր ցեղին։ Քիչ անգամ այսքան գեղեցիկ ու այսքան սրտագին երգուած բանաստեղծութիւն մը կարդացած եմ։ Ամէնէն ճարտարահնար վերլուծումը՝ հմայաթափ պիտի ըներ անոր վճիտ գեղեցկութիւնը։ Կարդալու է մանաւանդ՝

 

Եղեգնեայ գըրչով երգեցի փառքեր.
Քեզի ընծայ, իմ հայրենիք
Սօսեաց անտառէն էի զայն կըտրեր…
Քեզի ընծայ, հին հայրենիք
Եղեգնեայ գըրչով երգեցի քուրմեր.
Ընդ եղեգան փող լո՛յս ելանէր:
 

Եղեգնեայ գըրչով երգեցի կարօտ.
Ձեզի ընծա՜յ, հայ պանդուխտներ
Ան տարաշխարհիկ բոյսի մ՚էր ծըղօտ…
Ձեզի ընծա՜յ, հէգ պանդուխտներ
Եղեգնեայ գըրչով երգեցի հարսեր.
Ընդ եղեգան փող ո՛ղբ ելանէր:
 

Եղեգնեայ գըրչով երգեցի արիւն.
Ձեզի ընծա՜յ, սուրի զոհեր
Ան ծլած էր մոխրի մէջ իբրեւ կընիւն…
Ձեզի ընծա՜յ, կրակի զոհեր
Եղեգնեայ գըրչով երգեցի վէրքեր.
Ընդ եղեգան փող սի՛րտս ելանէր:
 

Եղեգնեայ գըրչով որբ տունս երգեցի.
Քեզի ընծա՜յ, հայր ալեհեր
Ցամքած աղբիւրէն մեր զայն յօտեցի…
Քեզի ընծա՜յ, մայր կարեվէր
Եղեգնեայ գըրչով օճախս երգեցի.
Ընդ եղեգան փող ծո՛ւխ ելանէր:
 

Ու պայքա՜ր, պայքա՜ր, պայքա՜ր երգեցի.
Ձեզի ընծա՜յ, հայ մարտիկներ
Գրիչս եղաւ անթրոց սըրտերու հնոցի…
Ձեզի ընծա՜յ, քաջ մարտիկներ
Եղեգնեայ գըրչով վրէժ երգեցի.
Ընդ եղեգան փող՝ բո՛ց ելանէր:

Նեմեսիս ը, որ քերթուածաշարին գլուխ-գործոցներէն մին է, կրօնազգած յափշտակութեամբ մը կը կարդամ։ Հզօր, հրաշունչ, դիւցազնագեղ ու վեհ այդ քերթուածը միայն գրած ըլլալը, բաւական էր ոսկեձոյլ պատուանդանի մը ամուր փառքն ապահովելու համար Դանիէլ Վարուժանին։ Յղացման ի՜նչ վեհաշուք մեծութիւն, եւ արուեստի ի՜նչ առնագեղ կորով, այդ ողիմպական շնորհով ու կատարելութեամբ բանաստեղծութեան մէջ։ Սրբապղծութիւն պիտի համարէի տող մը իսկ ընդօրինակել անկից, այնքա՜ն անբաժանելի ամբողջութիւնը նուիրական կը թուի ինձ հրաշալի քերթուածին, զոր կարելի չէ կարդալ առանց ինքզինքը դղրդուած զգալու հոգւոյն գեղեցկապաշտ կրքերուն ամենէն բուռն թափին մէջ։

Չեմ ուզեր մի առ մի յիշել բոլոր քերթուածները, որոնց մէջ գլուխգործոցներ չեն պակսիր, ինչպէս են՝ Վահագն հեթանոս գինովութեամբ հզօր բանաստեղծութիւնը, Յաղթողը, այնքա՜ն պատկերալից, նկարչագեղ, որուն մէջ Հիւկօյական պերճութիւն մը յորդան կուտայ, Կիլիկեան Մոխիրներուն, Հովիւը, Արմենուհին ՝ թանկագին եւ հրաշալի են յղացման վեհութեամբ, զգացման խորութեամբ եւ ուժգնութեամբ, պատկերներու հզօր ու շնորհագեղ ճոխութեամբ։ Հօրս բանտին մէջ, Կարօտի նամակ, Լուացարարուհին, Ալիշանի Շիրմին առջեւ, Պապս, զմայլելի քերթուածներ են, ուր կը թրթռայ մաքուր, միամիտ եւ խորապէս զգայուն սիրտ մը վերին աստիճան համակրելի, ուժգնօրէն խանդաղատելի։

Վարուժանի բանաստեղծութեան նկարագիրը խիստ ճոխ է։ Պայծառ, հզօր, շնորհալի եւ առատօրէն ստեղծագործ երեւակայութիւն մը, թրթռուն եւ մանկական միամտութեամբ մեծ սիրտ մը՝ իրենց ակունքներուն բոլոր արդիւնաբերումը կը դնեն տրամադրութեանը տակ՝ դասական մաքրասիրութեամբ հզօրակամ ու ջլապիրկ արուեստի մը, որ մարզուած է եւրոպական հին ու նոր մեծագոյն հանճարներու մօտ՝ եղբայրական երկարատեւ յաճախումի մը մէջ։ Եթէ կարելի էր աւելի յատկանշօրէն բացատրել Վարուժանի բանաստեղծութեան նկարագիրը, պիտի ըսէի՝ խորապէս, աւանդականօրէն հայ հոգի մը՝ ի սպաս եւրոպական Արուեստին։

Դանիէլ Վարուժան գաւառացի է։ Բուսած է այն երջանիկ երկինքին տակ որ ծնունդ կրցած է տալ Մխիթար Աբբայի նման տիտանի մը։

Ժամանակ մը, մօտաւորապէս տասը տարի կայ, անբացատրելի ըլլալու աստիճան յամառութեամբ մը, ըսած եմ թէ « վաղուան գրականութիւն » մը գոյութիւն պիտի ունենայ, որ պիտի ըլլայ մեր հարազատ հայ գրականութիւնը, զոր Պոլիսը չի կրնար տալ, եւ որ մեզի պիտի գաւառէն գայ։ Տեսակ մը անդիմադրելի ուժգնութեամբ յայտնատեսութիւն՝ այս բանը ինծի ըսել տուած է։ Այն միջոցին՝ գրաքննութիւնը կար, եւ ամէն բան իր յայտնի բացատրութեամբ կարելի չէր ըսել։ Բայց վաղուան գրականութեան դատին պաշտպանութեան մէջ այնքա՜ն համոզում ու այնքա՜ն անկեղծութիւն ներքնապէս ինքզինքս պարտադրուած զգացեր էի դնելու որ՝ գրեթէ այդ առթիւ ամէն բան ըսած եմ մեղմաբանութիւններով։ Գաղափարը թերեւս բացարձակապէս իմս չէր, բայց զայն ձեւաբանողն ու մէջտեղ դնողն ես էի։ Ու զիս հասկցողներ գտնուեցան։ Նոյն իսկ ունեցայ կռուի թանկագին ընկերներ։ Բայց Պոլսոյ մէջ չհասկցողները, ծաղրողները, դատափետողները՝ աւելի շատ էին։ Գաղափարը ամենալուրջ նկարագիրն ունէր ապահովապէս՝ մինչեւ այն օրը ամուր ենթադրուած պատուանդաններու հիմերը քանդելու։ Այդ նախատեսութեամբ էր անշուշտ, որ Պէրպէրեան էֆէնտին, խոնարհելով իր ողիմպիական բարձրութենէն, իրեն համար պարտականութիւն համարեց ինծի դէմ ծառանալու, իր պատկառելի անձին մէջ խորհրդանշելով պոլսահայ միտքը, եւ իր անհերքելի հեղինակութեան ներքեւ ջանալով ջախջախել զմեզ ու մեր պաշտպանած գաղափարը, Յաջողեցա՞ւ իր այդ ձեռնարկին մէջ. չեմ գիտեր։ Միայն սա բացորոշ է որ բախտին մէկ անակնկալ բերմամբ, վաղուան գրականութեան գաղափարը կը սկսի ահա այնքան իսկ շուտ ոտքի վրայ կանգնիլ։ Թրքահայոց մէջ, օրուան նորագոյն գրականութեան ամէնէն նշանակելի դէմքերը գաւառացիներ են, Մայր Երկրին հարազատ արգանդէն ծնունդ առած ընձիւղներ, որք իրենց խառնուածքին հետ կը բերեն ցեղին հինաւուրց հանճարը բնորոշող յատկութիւններ։ Եթէ վաղը գրական վերածնունդ մը ունենանք, անիկա թերեւս պիտի տեղի ունենայ այն ուղղութեամբ իսկ՝ զոր պիտի մատնանշէ մեզի գաւառացի գրագէտներու հանճարէն բղխող մաքուր ճառագայթը։ Այդ ուղղութեամբ, ռուսահայ ազդեցութիւն մըն ալ պիտի կրենք։ Բայց այդ ազդեցութիւնը փոխադարձ միայն պիտի ըլլայ անշուշտ։ Ռուսահայը մեզի պիտի մեղադրէ մեր այլասերումը, եւ պիտի յիշեցնէ ցեղին աւանդութիւնը. մենք՝ անոր պիտի մատնանիշ ընենք իր մեծ թերութիւնները, ու պիտի սորվեցնենք արուեստին հիմնական նշանակութիւնը։

Ահա՛ թէ միջանկեալօրէն ի՛նչ խորհրդածութիւններ կը թելադրէ ինծի Ցեղին Սիրտը ին հրատարակութիւնը։

Վերադառնալով Վարուժանին, պիտի ըսէի թէ ոսկիի ճոխ հանք մըն է։ Չեմ գիտեր թէ ի՛նչ թանկագին բաներ պիտի տայ մեզի տակաւին։ Բայց նոր բացուած ոսկիի հանք մըն է, եւ իր արտադրութիւնը թէեւ ըստ քանակութեան առատ՝ բայց ըստ տեսակին անզուտ չէ տակաւին։ Շատ մը այլասեռ տարրեր կը նշմարուին հոն, որոնցմէ պէտք է մաքրուի պատուական ոսկին։ Արդարեւ Վարուժան տակաւին անհաւասար արուեստագէտ մըն է։ Չափազանց աւշառատ է։ Շատ արտադրելու պէտքը թերեւս տրամադրութիւն չի թողուր իր բանաստեղծութիւնն աշխատելու։ Արձակունակ մաս մը կայ հոն, որ տափակութեան կը յանգի յաճախ։ Նաեւ՝ երբեմն բեմական կամ արտասանական ճոռոմ շեշտ մը՝ որ զեղծ նօթ մը կը մնայ ընդհանուր ներդաշնակութեան մէջ։ Վարուժանի կանոնաւոր ոտանաւորներն ընդհանրապէս աւելի գեղեցիկ թուեցան ինծի։ Հաճելի չէ նաեւ այն ջանացուած, ուզուած, եւ իր ծայրայեղ ձգտումներուն մէջ այլ եւս անժամանակակից դարձած ազգամոլութիւնը, զոր մերթ կը ցուցադրէ Վարուժան, իրեն հետ բերելով կարծես իբր Վենետիկեան աւանդութիւններու յետսամնացութիւն։ Այս ամէնը թերեւս կ՚եղծանեն ոսկիին մաքրութիւնը։ Բայց հոգ չէ։ Բաւական է որ ոսկիի հանք մը կայ մէջտեղը։ Ապահովաբար հետզհետէ աւելի պիտի մաքրուի, նորանոր գանձերով օժտելով հայ աղքատիկ բանաստեղծութիւնը։

Այդ հաւատքով, սրտագի՜ն խանդավառութեամբ եւ խորին անկեղծութեամբ կը բարեւեմ իր գրքին հրատարակութիւնը։

 

«Ձայն Հայրենեաց», 12-25 Մարտ, 1910, թիւ 21 (71)


[1]            Ցեղին սիրտը, քերթուածներ, մատենաշար «Ազդակ», թիւ 3, հրտ. «Արծիւ» ժողովրդ. գրավաճառանոցի, 1910, Կ. Պոլիս։