Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԳՐԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐԸ ԵՒ ՌԷԹԷՈՍ ԷՖ[ԷՆՏԻ] ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Ա.

[1] Ապահովաբար, եւ առանց չարամտութեան, Պէրպէրեան էֆ[էնտի] միակ խոնարհամիտ մարդը գտնուեցաւ Պոլսահայ նախորդ սերունդի այն գրագէտներուն մէջ՝ որոնք անհերքելի մեծութեան մը հռչակովը ոսկեզօծուած տեսան իրենց անունները։ Ինքը միակը եղաւ, որ ուզեց նկատողութեան առնել գրական այն խնդիրը, զոր երեւան հանեցինք նոր սերունդէն քանի մը երիտասարդ գրողներ։ Անհրաժեշտ է այս կէտը ստորագծել, ի պատիւ իր լայն ու խորաթափանց մտքին։ Առ այժմ՝ ուրիշներուն հետ գործ չունինք։ Մենք զանոնք հանգիստ կը թողունք իրենց արհամարհանքի այն տղայական դիրքին մէջ՝ որուն հաճոյքը այնքա՜ն ախորժով ճաշակել կը թուին։ Շնորհակալ ենք Պէրպէրեան էֆ[էնտի]ին, որ մեզի առիթը կուտայ վերստին արծարծելու, վերստին մշակելու գաղափար մը, որուն ապագայ պտղաբերութենէն գրական մեծագոյն բարիքները կը յուսանք սպասել։

Իմ մասիս, մեծ հաճոյքով ճաշակեցի իր յօդուածին բոլոր սրամտութիւններն ու յատկանշական շեշտերը։ Չէ՞ մի որ ամէն մարդ՝ իր դիրքին յարմար լեզուն պատշաճ է որ գործածէ, եւ Պէրպէրեան էֆ[էնտի] իր դիրքը ճանցող մարդ է։ Այսու հանդերձ, չեմ կարծեր որ իր յօդուածով վերջակէտը դնել առաջարկած ըլլայ գաւառացի այն գրիչներուն՝ որոնք քանի մը տարիներէ ի վեր գրական ամայի հրապարակին վրայ մարզանքներ կը կատարեն։ Այդ գրական մարզանքներուն շարունակութիւնը արտօնելը իրօք պզտիկ վեհանձնութիւն չպիտի ըլլար, բան մը որուն համար ինծի հետ շատեր պէտք է երախտապարտ ըլլան գրականութեան մեծահռչակ ու սիրելի վարպետներուն։

Դառնալով բուն խնդրին, Պէրպէրեան էֆ[էնտի]ի յօդուածը սա ընդհանուր տպաւորութիւնը թողուց վրաս՝ թէ Մարդիկ եւ Իրքի հեղինակը «Վաղուան Գրականութեան» հարցը նկատողութեան առած է՝ առանց նախապէս անհրաժեշտ մտադրութեամբ հետեւած ըլլալու հոսանքը առաջ բերող գաւառացի գրողներու հրատարակութիւններուն։ Ուրեմն յանցանքը մերը չէ, եթէ Պէրպէրեան էֆ[էնտի] մեզի ըսել տալ ուզած ըլլայ այնպիսի niaiserie-ներ որոնք դուրս կը մնան մեր ծրագրէն։

Այս յօդուածով, մէկ կողմէն պիտի հերքեմ այն վերագրումները որոնց մեղադրանքը կը ծանրանայ «Վաղուան Գրականութեան» վարկածը պաշտպանողներուն վրայ, միւս կողմէն պիտի ջանամ ընդլայնել այն նկատողութիւնները՝ որոնց համեմատ Պէրպէրեան էֆ[էնտի] ու մենք տարակարծիք ենք քանի մը սկզբունքի կէտերու վրայ։ Ասոր համար՝ չպիտի կարգաւորեմ քննելի կէտերը, այլ պիտի հետեւիմ քայլ առ քայլ Պէրպէրեան էֆ[էնտի]ի յօդուածին։

***

Պէրպէրեան էֆ[էնտի] կ՚ըսէ. «Եւ նախ եւ առաջ, ըստ մեզ, պէտք չէ որ խնդիր ըլլայ թէ հայը ինքնայատուկ գրականութիւն մը ունենալու ընդունա՞կ է»։

Մենք բոլորովին հակառակ կերպով կը խորհինք, եւ ինծի կը թուի թէ որ եւ է ժողովուրդի համար իսկապէս ինքնայատուկ գրականութեան մը հնարաւորութիւնը՝ ինքնայատուկ կեանքի մը թէութեամբ միայն կրնայ գոյութեան իրաւունք ստանալ։ Ասիկա, եթէ չենք սխալիր, ա՛յնքան բացայայտ ընկերաբանական ճշմարտութիւն մըն է, որքան անիմաստ պիտի ըլլար՝ անոր դէմ փորձուած որ եւ է հերքումի ձեռնարկ։ Չպիտի համարձակէինք նմանապէս ենթադրել՝ թէ այդ ճշմարտութիւնը նուազ քան առ մեզ ծանօթ է Թշուառութիւն եւ Գութի բազմահմուտ հեղինակին։

Կ՚ուզենք գիտնալ՝ թէ Հայը ընդունա՞կ է ինքնուրոյն գրականութեան, վասն զի կ՚ուզենք ճշդել թէ ի՞նչ սահմանի եւ միջավայրի մէջ ունի անիկա աւելի՛ ինքնուրոյն անհատականութիւն։

Արդ, եթէ կը ներէ որ ըսենք, Պէրպէրեան էֆ[էնտի] խորհապէս կը սխալի մերժելով կարեւորութիւնը ապացուցման՝ թէ Հայը ինքնայատուկ գրականութիւն մը ունենալու ընդունա՞կ է։

Այս հաստատաբանութիւնը ընդունելէ յետոյ էր որ մենք եզրակացուցած ենք ի նպաստ գաւառներու ուր մեր ցեղը աւելի՛ ինքնուրոյն կեանքով մը ապրած է ու կ՚ապրի քան Պոլիս կամ ո եւ է գաղթավայրի մէջ։ Պոլիսը հայ մտքին կեդրոն կրնայ ըլլալ, բայց երբեք՝ հարազատ ներկայացուցիչը անոր նկարագիրներու առանձնախառնութիւններուն։ Պոլիս՝ կեդրոնն է այլասեռ բարքերու որոնք իրենց կնիքը կը դրոշմեն անխուսափելի կերպով բոլոր այն դուրսէն եկած տարրերուն վրայ՝ որոնք իրենց ազդեցութեան սահմանին մէջ կ՚իյնան։ Պոլսեցի Հայը մեծապէս կը տարբերի գաւառացի Հայէն։ Պոլսական միջավայրին մէջ՝ հայ տարրը աշխարհաքաղաքացի ընկերութեան մը ազդեցութիւնը կրած է։ Միեւնոյն բանը չէ, սակայն, հարաւի Ֆրանսացիի մը համար Բարիզեան միջավայրին մէջ։ Շատ խելացի, շատ հմուտ ըլլալու հարկ չկայ՝ այս ճշմարտութիւնը ըմբռնելու համար, որքան ալ անոնք euphémisme-ով ըսուած ըլլան։

Պէրպէրեան էֆ[էնտի] կը կարծէ թէ, քաղաքակրթութեան ազդեցութիւնը շարունակուելով տարածուիլ գաւառներուն վրայ, այս վերջիններուն ալ հայ տարրը Պոլսականին հետ անխուսափելի հանգիտութիւններ պիտի պարզէ։ Զարմանալ միայն կը մնայ նմանօրինակ բարեմտութեան մը վրայ։ «Բանիբուն դիտողը» դիւրաւ պիտի կրնայ որոշել այն բոլոր նկարագրի տարբերութիւնները՝ որոնք Պոլսահայը կը զանազանեն գաւառի Հայէն։ Պէրպէրեան էֆ[էնտի] չի թուիր լրջօրէն նկատած ըլլալ՝ թէ Պոլսահայուն կեանքը մէկ զեղծ վառիանթն է միայն եւրոպական կեանքին։ Տոհմային նկարագիրը մեծ խաթարումներ կրած է հոն, տեղի տալու համար օտար բարքերու մակընթացութեան ու Պոլսահայ գրականութիւնն ալ, մասամբ ընդօրինակութիւն ֆրանսական ռօմանդիք դպրոցին արտադրութիւններուն, արտայայտութիւնը եղած է պիտակ ու օտարացած կեանքին։ Խնդիրը Զօհրապի մը, Տիկին Տիւսաբի մը, Պէշիկթաշլեանի մը տաղանդները վիճելի ներկայացնել չէ բնաւ։ Բայց ասոնք, ինչպէս դիտած էր արդէն իմ հմուտ բարեկամս «Հասկաքաղ Գիշերուկ» (Սուրհանդակի մէջ այս խնդրոյն նուիրուած յօդուածով մը) միայն հայերէն գրող գրագէտներ են առաւելապէս, ինչպէս Եզնիկը իր ժամանակին մէջ։ Պոլսահայ գրականութեան վրայ աւելի մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւն մը՝ աւելի շեշտուած ձեւի ներքեւ երեւան պիտի բերէր թէ իսկապէս անիկա հեռո՛ւ եղած է հայ կեանքին հանգամանքներուն արտայայտութիւնն ըլլալէ՝ գրականութեան ձեւին ներքեւ։

Պէրպէրեան էֆ[էնտի] կը կարծէ թէ, առաջարկելով գաւառական գրականութիւնը՝ մենք կ՚ուզենք վտարել մեր ծրագրէն մշակումը այն խնդիրներուն ու հարցերուն՝ որոնք առնչութիւն ունին ամբողջ մարդկութեան հետ։ Պէրպէրեան էֆ[էնտի] կը կարծէ թէ՝ տոհմային գրականութիւնը կը սահմանափակենք՝ հին աւանդութիւնները եւ բարքերը միայն ներկայացնելու շրջանակին մէջ։ Ապահովաբար սխալ կանխորոշութիւններ միայն կրնան իր միտքը առաջնորդած ըլլալ այդ կասկածն ունենալու, քանի որ այդպիսի բան մը ըսած չենք երբեք։

Գրականութեան մը ձգտո՛ւմն է որ զինքը կ՚ընէ համազգային կամ ոչ։ Հեղինակին մասնաւոր մտադրութիւններուն մէջ պէտք է փնտռել մարդկայնութեան միտումը, որ ուղղակի առնչութիւն չունի իր գործին տոհմայնութեան հետ։ Այսպէս է որ Թշուառութիւն եւ Գութը, Մայտան եւն., մշակած են ընկերական ու իմաստասիրական հարցեր, առանց ունենալու տոհմայնութեան նշոյլը, մինչդեռ, Թոլսթոյ, Տոսթոյիէվսքի, Կօկօլ՝ Ռուս կը մնան, Զօլա՝ Ֆրանսացի, Իպսէն՝ Նորվեկիացի, Սթրինտպէրկ՝ Տանըմարքացի, հակառակ իրենց երկերուն internationaliste եւ ընկերական լայն ձգտումին։ Ու չենք տարակուսիր թէ Պէրպէրեան էֆ[էնտի] այս նրբութիւնները չհասկցող մարդ ըլլայ։ Այս հեղինակներուն տոհմայնութեան գաղտնիքը հո՛ն է որ, իրենց ընդհանուր գաղափարները իրենց մտքին իմաստասիրական ձգտումը՝ մշակման տարրերը քաղած են նոյն իսկ տոհմային կեանքէն։ Բազմաթիւ առիթներով կրկնած ենք արդէն՝ թէ առանց բարոյական մտադրութեան ու ձգտումի, ամենէ՛ն հաճոյալի գրականութիւնը՝ իսկական նշանակութիւն չի կրնար ունենալ։ Ուրեմն Պէրպէրեան էֆ[էնտի] յանիրաւի կ՚ամբաստանէ զմեզ, եւ կ՚ապացուցանէ թէ իր նկատելի կէտերը գրած է առանց նկատողութեան առած ըլլալու ինչ որ գրած ենք ժամանակին բազմաթիւ յօդուածներու մէջ։

Բ.

Պէրպէրեան էֆ[էնտի] արհամարհանքով մը կը յիշէ նաեւ գաւառաբարբառներու հարցը։ Հակառակը չենք պնդեր թէ Պոլսահայ գաւառաբարբառը, որ արդէն այնքան հանգիտութիւն ունի բազմաթիւ ներքին գաւառներու բարբառներուն հետ, ըլլայ այսօր արեւմտեան Հայերուն գրական լեզուն։

Պոլսահայ լեզուին քերականութիւնն ու ձայնաբանութիւնն է որ թերեւս պիտի ամրապնդուի տակաւին իր գոյութեան իրաւունքներուն մէջ։ Բայց իր բառարանն ու իր գրականութիւնը՝ մեծապէս պիտի ճոխանան զուտ եւ հարազատ գաւառական բարդ կամ ածանց բառերով, որոնց հոմանիշները գոյութիւն չունին, հոմանիշներով՝ որոնք լեզուին երանգները պիտի ճոխացնեն, ոճերով ու յատկաբանութիւններով՝ որոնք լեզուին ջիղերը պիտի զօրացնեն, մկանները ուռեցնեն եւ բնորոշ յատկութիւնները շեշտեն։ Պէրպէրեան էֆ[էնտի] կրնա՞յ պնդել թէ գրաբարը լիակատար բաւարարութիւն տալու ընդունակ է օրուան լեզուին արդի պէտքերուն։

Մենք բնաւ չենք զարմանար որ Պէրպէրեան էֆ[էնտի] այսպէս խորհի։ Ինքը բնաշրջական միտք մը չէ։ Ժամանակին ալ կռուած է այն աշխարհաբարին դէմ՝ զոր այսօր այնքա՜ն գեղեցիկ կը գրէ, թերեւս առանց զգալու։

Պէրպէրեան էֆ[էնտի] կատարեալ խնդրէ շեղումներ, digression-ներ կ՚ընէ, «արուեստ»ի ու գրականութեան հարցին վրայ նկատողութիւններ ըրած պահուն։

Վաղուան գրականութեան ներկայացուցիչները, բնա՛ւ շփոթած չունին արուեստին գաղափարը՝ ընդհանուր գրականութեան գաղափարին հետ։ Անոնք՝ վաղուան գրականութեան տոհմայնութիւնը կը ջատագովեն՝ արուեստի (բանաստեղծութիւն, վէպ, թատրերգութիւն) տեսակէտէն, Պէրպէրեան էֆ[էնտի] աւելորդ զիջողութիւն մը ըրած կ՚ըլլայ ըսելով. «Ուրեմն գէթ գրականութեան այս ձեւերուն (ինչպէս, մասնագիտական ուսումներ, գիտութիւններ, իմաստասիրութիւն, լեզուաբանութիւն, բանասիրութիւն, ընկերաբանութիւն, մանկավարժութիւն, եւլն. եւլն. ) նկատմամբ անտեղի է անձեռնհասութեան խնդիր յարուցանել Պոլսեցի գրագէտներու մասին»։

Ի՞նչ հաճոյք կրնայ կենալ այս տեսակ տխմարութիւն մը վաղուան գրականութեան պաշտպաններուն վերագրուելուն մէջ։ Ո՜հ, Պոլսեցիները կրնան չզգածուիլ այդ մասին։ Մենք երբեք մտքերնուս չպիտի անցնենք թէ, օրինակի համար, Պէրպէրեան էֆ[էնտի]ի մանկավարժի եւ ուսուցչի արժանիքը կրնայ նուազիլ, վասն զի ինք Պոլսեցի է։

«Իսկ յաւէտ արուեստագիտական նկարագիր ունեցող գրական սեռերուն համար նիւթին եւ առարկային խորապէս տոհմայնութեան կամ մանաւանդ գաւառականութեան պահանջումը բացարձակապէս օրինաւո՞ր է»։ Մենք կը պատասխանենք. գրագէտի մը տաղանդը, զոր մանաւանդ կը յարգենք իր ուրոյն յատկանիշներուն ու հակումներուն համեմատ, որ եւ է գրական դրութեան մը (ռօմանթիզմ, նաթիւռալիզմ, եւլն) կանոններուն հպատակեցնելու միտքէն հեռու ենք։ Ընդհանրապէս խօսելով, եւ ո՛չ թէ բացարձակապէս, վաղուան գրականութեան ամբողջութեան համար, արուեստի գործերուն նիւթին տոհմայնութիւնը կը ջատագովենք, առանց հիմնական մերժումի մը մէջ ուրանալու իսկատիպ տաղանդներուն աղուոր անհեթեթութիւնները՝ որ գոյութիւն կրնան ունենալ ամէն տոհմի գրականութեան մէջ։ Չենք ալ ժխտեր արժէքը Օռիանթալներուն, Նաչէզներուն, Սալամպօին, Մատամ Քռիզանթէմին, Մառիաժ տը Լօթիին, եւ բոլոր տարաշխարհիկ վէպերուն՝ որոնք ֆրանսական ընդարձակածաւալ գրականութեան մէջ պզտիկ սիրուն ածու մը կը ծաղկեցնեն միայն։ Ասոր համար է որ կ՚ընդունինք թէ Պոլսահայ գրականութիւն մը կրնայ գոյութիւն ունենալ իբրեւ մաս ամբողջին։ Բայց ճշմարիտ գրականութեան մը ընդհանուր յատկանիշը կը կայանայ էապէս իր ցեղայնութեան մէջ։ Հնդիկ գրականութիւնը՝ հնդիկ հոգիին ճառագայթումն է, իր մասնաւոր խառնուածքին համեմատ. հեթանոս Յունաստանը՝ իր քաղաքակրթութեան մեծ մասը կը խտացնէ իր մատենագրութեան մէջ՝ իր ինքնուրոյն նկարագրին համեմատ։ Միեւնոյն բանը կրնան ըսել բոլոր ազգերու գրականութիւններուն համար։ Ու որքա՛ն անձուկ, որքա՛ն ալ սահմանափակ ու համեստ՝ հայ գրականութիւն մըն ալ հայ խմորին առանձնայատկութիւններուն արտայայտութեամբը կրնայ գոյութիւն ունենալ։ Այս ըմբռնումին համեմատ, ի՞նչպէս ընդունիլ թէ Պոլսահայ գրականութիւնը կրցած է ըլլալ իսկապէս տոհմային գրականութիւն։ Եթէ նոյն իսկ Պոլսահայ գրականութիւնը ուղղակի արտայայտութիւնը եղած ըլլար Պոլսահայ կեանքին, մեծ բան էր նորէն։ Պարոնեա՛ն մը միայն ունինք, որ կրցած է իսկատիպ հայ գրականութիւն մը ընել, եւ Ռուսահայերուն հոտառութիւնը այդ բանը կրցած է մեր ուշադրութեան յանձնել։

Եթէ միջավայրին ու վայրկեանին քննութիւնը կը բացատրէ արուեստի գործերուն նկարագիրը, եւ եթէ կրնանք վերջապէս սահմանել այն պայմանները՝ որոնք անհրաժեշտ կը դառնան տոհմային գրականութեան մը կարելիութեան, ապա ուրեմն չմերժենք գաւառական ըսուած գրականութեան կարեւորութիւնը։ Իրաւ, գաւառը չտուաւ դեռ մեզի այն գրագէտը՝ որ տոհմային գրականութեան ճամբան պիտի հարթէր, բայց նկատելի է թէ, գաւառը մասամբ զուրկ գտնուած է մտաւորական զարգացման բոլոր պայմաններէն եւ միւս կողմէն ուղղակի ազդուած է Պոլսահայ մտքէն։

Խնդիրը ա՛յն է թէ, Պոլսեցիի ու գաւառացիի կռիւ մը չէ գոյութիւն ունեցողը, ինչպէս դիտած էր արդէն «Հասկաքաղ Գիշերուկ»։ Գրականութեան մէջ ինքնաճանաչման եւ ինքնամփոփման փորձ մըն է զոր կ՚ուզենք ընել, խաթարումէ ու օտար հակազդեցութենէ զերծ։ Անոնք որ անխափ ու խոր գիտակցութիւնը ունին վաղուան գրականութեան կարեւորութեան, չպիտի սպասեն որ Պոլսեցիները նուիրագործեն զանի։ Գաղափարը իքնին պիտի ընդունուի՝ ճշմարտութեան ուժին շնորհիւ՝ զոր իր մէջ կը պարունակէ։ Մտածելու նոր եղանակ մըն է ասիկա՝ որ այսօր հազի՜ւ թէ կը ծնծնայ, բայց վաղը հոսանք պիտի կազմէ, ու անոնք որ այսօր կը յամառին ճշմարտութեան լոյսը ուրանալ, հաւատացեալներու պիտի փոխուին առանց գիտնալու, ինչպէս աշխարհաբար գրել սկսան առանց ուզելու։

«Մասիս», 7 Ապրիլ 1901, թիւ 14

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ

Վաղուան Գրականութեան վրայ քննութիւն մը բանալու նպատակով ծանօթ Հարցարանը հրատարակուած ատեն խոստացած էի ընդհանուր եզրակացութիւն մը հանել ստացուած պատասխաններուն ամբողջութենէն։

Այսօր՝ այդ եզրակացութիւնը իր բնական ճամբէն շեղած է։ Պատճառն այն է որ ձեռնարկը գրեթէ վրիպանք մը եղաւ ու փոխանակ Վաղուան Գրականութեան վրայ քննութիւն մը կատարուելու, վիճաբանութիւն մը միայն տեղի ունեցաւ։

Գիտէ՞ք ինչու։

Անոր համար որ, մեր ամենէն մեծահամբաւ գրագէտներն իսկ տակաւին չեն հասկցած թէ ի՞նչ է լրագրական enquête մը, քննութիւն մը, եւ ի՞նչ եղանակով կը պատասխանուի անոր։

Մեր բարքերը ինչպէս փորձը ցոյց տուաւ, այս տեսակ նրբութիւններու եւ պատշաճութիւններու վարժութիւնը չունին եղեր տակաւին։ Անշուշտ ներելի չէ շատ զարմանալ։ Բայց աղէկ կ՚ըլլայ որ անգամ մը բացատրենք թէ ի՞նչ է այս տեսակ enquête մը եւ ի՛նչպէս կ՚ըմբռնուի ու ի գործ կը դրուի ան՝ եւրոպական թերթերու եւ հանդէսներու մէջ։

Օրուան նորութեան մը, իմաստասիրական, գրական, ընկերաբանական սուր ու շահեկան հարցի մը մասին մասնաւորներու կամ հասարակութեան կարծիքը հաւաքելու եւ ընդհանուրին ուշադրութեան յանձնելու համար տեղի կ՚ունենան ընդհանրապէս լրագրական enquêteները։ Ասոր համար քանի մը ձեւեր կրնան ի գործ դրուիլ։ Հարցումը կա՛մ մէկ անգամէն հրապարակ կը նետուի թերթին մէջ, ուղղուելով հասարակութեան, եւ ստացուած պատասխանները հրատարակելով, ինչ որ տեսակ մը plébiscite է եւ կամ, եւ ասիկա գործածուած ձեւերուն լաւագոյնն է, նախապէս կ՚ուղղուի մասնաւոր նամակներով ծանօթ անձնաւորութիւններու, որոնք կը փութան իրենց կարծիքը եւ կամ պատասխանելու անկարողութեան չքմեղանքը գրաւորապէս յայտնել, անպատճառ, առանց զանցառութեան, չթերանալու համար գէթ քաղաքավարական հարկի մը առջեւ։

Այս վերջին ձեւին մէջ, Հարցարանը կ՚ունենայ ընդհանրապէս ինքնին բոլորովին չէզոք բնութիւն մը։ Պարզապէս հարցական պարոյր մըն է ան, առանց կանխակալ թելադրութիւն մը ի գործ դնելու մտադրութեանը այն անձին մտքին վրայ՝ որուն կ՚ուղղուի։ Այս պայմանին մէջ, Հարցարանը հրատարակող Հանդէսը, անտարակոյս ունենալով հանդերձ իր մասնաւոր կարծիքն ու մտածումը, երբեք մտքէն չանցըներ որ իր ընդունելիք պատասխանները անպատճառ համակարծիք ըլլան իրենին հետ, ու, անխտիր կը հրատարակէ նպաստաւոր կամ աննպաստ պատասխանները բոլոր անոնց՝ որոնց դիմած էր իրենց կարծիքը ունենալու հետաքրքրութեամբը։ Եզրակացութիւնը՝ զոր ինք կը հանէ, ոչ այլ ինչ է եւ կրնայ ըլլալ արդէն՝ բայց եթէ դասակարգութիւն մը եւ հակակշիռ մը յայտնուած կարծիքներուն բնութեան։ Ամէն տեսակները կրնան գոյութիւն ունենալ հոն. կարծիքներ՝ որոնք իրարու կը ժպտին, զիրար կը համբուրեն կամ իրարու կռնակ կը դարձնեն պարզապէս։ Բայց պատասխանողներէն ո՛չ մէկը մտքէն կ՚անցընէ հարցումին սահմաններէն դուրս ելլել, օրինակի համար ըսելու՝ թէ ինչո՞ւ ատանկ հարցում մը կ՚ըլլայ իրեն, թէ՝ անտեղի է ան, կամ անոր հեղինակը անընդունակ յաւակնոտ է, եւլն։ Վասն զի կ՚ըմբռնէք թէ ի՛նչ ցաւալի անփափկանկատութեան մը մեղադրանքը կրնայ հրաւիրել իր վրայ՝ այդ ընթացքը բռնող մէկը, ինքզինքը պարզապէս ծիծաղելի դրութեան մը մատնելով։

Հարցումին տէրը կրնայ անտարակոյս իր եզրակացութեան մէջ ապրեցնել նաեւ իր անձնական հակումը եւ մտադրութիւնը։ Բայց այս Հարցարանին սահմանէն դուրս միայն իրաւունք ունի քննադատելու կարծիքներ՝ որոնք կրնան աննպաստ ըլլալ իր կանխամտածութիւններուն։ Ճիշդ միեւնոյն իրաւունքով, Հարցարանին սահմանէն դուրս մնալու պայմանին մէջ միայն կրնան քննադատուիլ հարցումը հրապարակ հանողին անհատական կարծիքները։

Ահա՛ այս ձեւին ներքեւ տեղի կ՚ունենան enquêteները եւրոպական հանդէսներուն կամ թերթերուն մէջ։

Մասիսի խմբագրութեան հետ համերաշխօրէն՝ մենք ալ գրեթէ այս ձեւին ներքեւ ուզեցինք քննութիւն մը բանալ Վաղուան Գրականութեան վրայ։

Ինչ որ սակայն տեղի ունեցաւ՝ ակնկալութիւններու հակառակն էր։ Առաջին օրէն էսնաֆական նախանձոտութեան լեղին դուրս տուող պատուելիներու թէլլալներ ու ինքնագովութեան յաւակնոտ մունետիկներ գտնուեցան արդէն կարգ մը թերթերու մէջ։ Եւ բոլոր այն սնափառութիւնը արհամարհող եւ համբաւամոլութենէն փախչող պատուական գրագէտներէն, որոնք այնքա՛ն շուտով փութացած էին իրենց առաջին հրատարակութեան տպաւորութիւնը վերյուշել զգայուն ու գեղեցիկ շարադրութեան մը մէջ, ո՛չ ոք գտնուեցաւ որ հարցումին պատասխանէր, անոր իւրաքանչիւր հատուածանիշերու կարգին համեմատ։ Երկու երեք հոգի միայն բարեհաճեցան պատասխանել, առանց սակայն հարցարանին պայմանները լիովին յարգելու փափկանկատութեան։ Անոնց մէջ գտնուեցան նաեւ՝ որ դատափետեցին հարցարանին նկարագիրը, քննադատելով նոյն իսկ անոր ձեւն ու հեղինակը։

Անակնկալ մըն էր ասիկա, զոր կրեցինք, յաջորդող ընդհանուր լռութեան մը մէջ, սպասելով մինչեւ այն օրը ուր Պոլսահայ գրականութեան ապագայ վաճառականներէն մին յարձակման նշանը կուտար վերին աստիճանի լուրջ հնարամտութեամբ մը։ Եւ ահա՝ անհամբեր սպասումի մը մէջ հատնողները ամէնքն ալ իրենց խորշերէն դուրս եկան խուռներամ։ Երեւան եկածը՝ շփոթ ու խլացուցիչ աղմուկ մըն էր մանաւանդ, եւ գրական ֆանթէզիի ու գրական ժամանցի բոլոր թեթեւամտութիւնները չխնայուեցան հասարակութեան համբերատարութեան, նոյն իսկ իրենց քմահաճոյքին մէջ խնդրին լրջութիւնը արհամարհելու եւ ծաղրելու ողորմելիութեան մը ախտանիշերը ցոյց տալէ չզգուշանալով։ Յարձակումը, որ երկարատեւ եղաւ ու իր chef-ի signal-ին ամէն կերպով արժանի, կը շարունակուի դեռ, առանց զիս կամ իմ գրչի կռուի եղբայրակիցներս անհանգիստ ընելու։ Անիկա կրնայ դեռ շարունակուիլ, ուղղակի կամ անուղղակի, այս կամ այն ձեւին ներքեւ, որքան ատեն որ ուզէ։ Անոր բանաւոր նշանակութիւնը իմ ջղայնութիւնս ցնցելու կամ դիւրազգածութիւնս վիրաւորելու չափ կշիռ չունի։ Վասն զի պէտք չունիմ համոզելու թէ՝ մարդ իր չհասկցած եւ հետեւաբար չսիրած բանը մանաւանդ տրամադիր կ՚ըլլայ թեթեւամտօրէն, քէյֆի, ֆանթէզիի, ժամանցի համար ծաղրելու։

Միայն թէ չեմ կրնար չնշանակել այս իրողութիւնները իբրեւ բարացուցական վաւերանիշ մեր գրական կեանքին մէջ։ Այս ձեռնարկին, որ ա՜յնքան աղմուկ հանեց, ու ա՜յնքան պարկեշտ գրագէտներու համբաւին սպառնալու հանգամանք մը ունեցաւ, բնական եզրակացութիւնը շատ օգտակար կրնայ ըլլալ մեզի համար։ Նախ սորված կ՚ըլլանք թէ գրական կեանքին մէջ ի՞նչ է հասկացողութեան ու նրբամտութեան աստիճանը՝ մեր ամենէ՛ն համբաւաւոր կուռքերուն, եւ յետոյ, կ՚իմանանք թէ տարբերութիւն մը կա՞յ մեր ու եւրոպական ազգերու գրական բարքերուն ու բարեկրթութեան աստիճանին միջեւ։

Ահա՛ այս է միայն Վաղուան Գրականութեան հարցարանին եզրակացութիւնը, որուն ա՜յնքան անհամբեր ու շնչասպառ հետաքրքրութեամբ սպասողներ կան եղեր, այն պատասխաններուն ու այն վիճաբանութեան համեմատ՝ զորս մամուլը հրապարակ հանեց։

Իսկ թէ, Վաղուան Գրականութեան խնդիր մը՝ անկախօրէն Մասիսի հարցարանէն կրնայ գոյութիւն ունենալ ու վիճաբանուիլ՝ անհերքելի է անշուշտ։ Վասն զի ոչ ոք, առանց տկարամտութեան, իրաւունք պիտի կրնար ունենալ աս ու ան արգիլել ջանալու՝ մեր գրականութեան յոռի ձգտումները քննադատելու եւ մտածման նորագոյն հորիզոններ ու գրական նորագոյն արշալոյսներ մատնանշելու տրամադրութեան մէջ։

 

«Մասիս», 30 Յունիս 1901, թիւ 26


[1]            Արտաշէս Յարութիւնեանի այս յօդուածը պատասխանն է Ռ. Պէրպէրեանի այն յօդուածին, որ լոյս տեսած է 1901ի Մասիսի մարտ 10ի թիւին մէջ։ Ն. Գ. Բ.