Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՎԻՃԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Տիկին Եսայեանի Պոլսէն Բարիզ մեկնումը՝ աղմկալից ակօս մը թողուց իր ետեւէն։ Իրա՞ւ գրական լուրջ խնդիր մըն է ան՝ զոր երեւան հանեց Արամ Անտոնեան։ Իրա՞ւ գրական կարեւորութիւն ունեցող խընդիր մըն է ան՝ զոր կը յուզէ Արամ Անտոնեան, Չիֆթէ-Սարաֆի դէմ բացած իր վիճաբանութեան մէջ, զոր կը վարէ հետզհետէ արծարծուն խանդով մը։ Արամ Անտոնեան՝ մարգարէի մը կրօնայուզութեամբ՝ կուռքեր տապալելու պատկառելի պաշտօն մը տուած է իրեն։ Մէկ կողմէն կը հռչակէ թէ տիկին Եսայեան պարզ բանագող մըն է. եւ միւս կողմէն՝ թէ Չիֆթէ-Սարաֆ անտեղի դիւցազներգակ մը, Սպանիական ասպետ մը, ծիծաղելի լրջութեամբ Տօն-Քիշօթ մըն է։ Ա՜ջ ու ձախ։ Ինչո՞ւ. որովհետեւ շաքարի տուփ ի ծանրակշիռ պատմութիւն մը կայ մէջտեղը, եւ որովհետեւ Չիֆթէ-Սարաֆ իրական տաղանդ մը տեսաւ Կեղծ հանճարներ ու հեղինակին մէջ։

Արդ, Տիկին Եսայեան ռամիկ բանագո՞ղ մըն է. Չիֆթէ-Սարաֆ ծիծաղելի Տօն-Քիշօ՞թ մըն է։ Ահա՛ խնդիրներ, որք ամէն գրասէրի համար կրնան, կը յուսամ, իրենց շահեկանութիւնը ունենալ։

Վիճաբանութեանց մէջ տեսակ մը հնարամտութեամբ, շատ դիւրին է ըսել թէ ամէն ոք ազատ է իր սեփական կարծիքը պաշտպանելու։ Այո՛, կը պատահի որ, միեւնոյն խնդրոյ մասին մարդիկ իրարու բոլորովին ներհակ կարծիքներ ունենան։ Ինչո՞ւ չէ։ Զոր օրինակ. ինծի համար մածունը ճերմակ կրնայ ըլլալ, ձեզի համար՝ սեւ։ Երկուքս ալ իրաւունք ունինք։ Իմաստասիրական գաղափարապաշտութեան (idéalisme) խորք մը կայ այս վարդապետութեան մէջ։ Ամէն ոք իր սեփական ճշմարտութիւնն ունի։ Հասարակաց ճշմարտութիւններ չկան։ Բայց մածունը սե՞ւ է արդեօք։ Ինծի կը թուի թէ, անկախօրէն կարգ մը ծանօթութեան առարկաներէ, որոնց մասին իւրաքանչիւր ոք իր ճշմարտութիւնը կը փնտռէ իր սեփական զգացողութեան մէջ, մարդկային ազգին համար հասարակաց ճշմարտութիւններ կան, որք նոյնն են բոլոր բնօրինաւոր մտքերու եւ զգացողութիւններու տեսակէտէն, ի բաց առեալ ախտաբանական պարագաները։ Այսպէս մածունը ճերմակ է ինծի՛ համար ալ, քեզի՛ համար ալ։ Որովհետեւ միակ շաքարի տուփ մը կայ մէջտեղը, Տիկին Զապէլ Եսայեանի ամբողջ գրականութիւնը բանագողութեան վրայ հիմնուած կառուցում մը չէ. որովհետեւ յայտնի, աւելի՛ յայտնի քան շաքարի տուփին պարագան, նմանութիւններ կան Պէշիկթաշլեանի կարգ մը ոտանաւորներու մէջ՝ Հիւկօիններուն հետ, ատիկա չի կրնար պատուական բանաստեղծին առթիւ կարծիք յայտնելու պատեհութեան մէջ, առաջին տեղը բռնել իբր ամենակարեւոր խնդիր, Քնար եւ Շիրիմ ի քաղցրիկ քերթողին արժանիքը հիմնայատակ ընելու։

Եռանդոտ պայքարող մը, անխոնջ վիճաբանող մը, աննկուն հակառակորդ մը ըլլալ՝ թանկագին յատկութիւններ են հրապարակագրի մը համար։ Բայց զանոնք իրենց իսկական կշիռին, կարեւորութեան ու արժէքին մէջ բռնելու համար՝ ճշմարտասիրութիւն, անկեղծութիւն եւ բարեկամութիւն պէտք է։ Երբ համարձակախօս էք, վեճասէր էք, եռանդոտ էք, կռուի մէջ չէք ընկրկիր, ու ձեր այս առաքինութիւնները կը պարզէք հասարակութեան ապացուցանել ջանալուն մէջ թէ՝ մածունը սեւ է, կը կասկածին ձեր անկեղծութեան ու ձեր բարեմտութեան վրայ։ Չէք դադրիր, անշուշտ, համարձակախօս ու կռուասէր ըլլալէ, թերեւս աւելի՛ կը բազմապատկուի ձեր սրտառուչ եռանդը, կործանելու համար ձեր ընդդիմախօսը։ Ասոնք հերքելի պարագաներ չեն։ Նախ՝ չարժեր արդէն։ Բայց գիտէ՞ք թէ այլեւս հաւատք չեն ընծայեր ձեզի։ Մանաւանդ որ, ինքզինքնիդ կոչած ըլլալով հասարակութեան խօսելու, հասարակութեան վստահութիւնը գրաւելու պաշտօնին, չեն հաւատար ձեզի, կը կասկածին ձեր վրայ, երբ մածունին համար կը պնդէք թէ սեւ է։

Բոլոր յամառ վիճաբանողներուն մէջ միշտ աւելի՛ կիրք, եռանդ կամ անհաշիւ եսասիրութիւն մը կայ, որք կը պղտորեն անկեղծ խոհականութիւնը, յստակ դատողութիւնն ու մտաւորական պարկեշտութիւնը։ Բոլոր կրքոտ վիճաբանութիւնները իրենց բովանդակ հնարքներով ու ճարպիկութիւններով, զրաբանութիւններ են միայն, բանի մը չեն ծառայեր, եւ յագուրդ կուտան նոյն իսկ այն աղբիւրներուն, որոնցմէ կը բղխին։

Տիկին Եսայեանի խնդրին մէջ՝ Անտոնեան չկրցաւ ներկայանալ շատ վստահելի անկեղծութեամբ վիճաբանող մը։ Ուղիղ համեմատութիւն չկայ իր առարկութիւններուն սաստկութեան, իր յարուցած աղմուկին մեծութեան եւ խնդրին իսկական կարեւորութեան մէջ։ Երկդիմի նկարագիր մը կուտայ իր հետապնդումներուն։ Այն տպաւորութիւնը կը թողու որ, կը վիճաբանի՝ պարզապէս վիճաբանած ըլլալու համար։ Իր մաղձը՝ ամենէն տիրական տարրն է իր մանուածապատ շարժուձեւերուն։

Ամէնէն աւելի որոշ կերպով, սակայն. Անտոնեան՝ Տօն-Քիշօթ անուանեց զՉիֆթէ-Սարաֆ եւ Տիկին Եսայեանը հռչակեց իբր երկրորդական գրող մը եւ պարզ բանագող մը։

Անտոնեան կը քարոզէ՞ թէ ամէն ոք ազատ է իր կարծիքը հրապարակելու իբր ճշմարտութեան ցոլացում։ Անշուշտ, ամէն ոք ազատ է իր կարծիքը յայտնելու։ Ամէն ոք ազատ է իր կարծիքը նկատելու ճշմարտութեան ցոլք։ Բայց այդչափ միայն։ Ճշմարիտ գրական արժանիք մը հիմնայատակ ընելու անբարեմիտ ջանքը՝ այդպէսով միայն կրնայ բացատրուիլ։

Բայց այդ ֆանթէզի էն անկախօրէն, Տիկին Եսայեան գրած ըլլալով Սպասման Սրահ ին մէջ վէպը, Կեղծ Հանճարներ, Սկիւտարի Վերջալոյսներ անուն գործերը, գրած ըլլալով ուրիշ բազմաթիւ հատուածներ, նորավէպեր, արձակ քերթուածներ, որոնց ամենքն ալ իսկատիպ արտադրութիւններ են, անկեղծութեամբ, բնականութեամբ լի, ինքնուրոյն զգացողութեամբ թրթռուն ու տաղանդով արտայայտուած, տգէտ, սխալ, սուտ կամ անբարեմիտ է զինքը երկրորդական գրագէտ մը եւ պարզ բանագող մը անուանել։ Ի՞նչ օգուտ, Տիկին Եսայեան ուշադրութեան արժանի տաղանդ մըն է մեր արդի գրականութեան մէջ։ Անիկա՝ ճոխ, բարդ, նուրբ, անհունօրէն դիւրազգած sensibilité մըն է, եւ այս բոլորը կը հաստատեմ, պարտաւոր եմ հաստատելու այն իրաւամբ որ՝ Տիկին Եսայեանի արտադրած գրական գործը իր նկարագրովն իսկ կը հարկադրէ զիս ատոր, ինչպէս Անտոնեանի բռնած ընթացքը, իր նկարագրովն իսկ, կը հարկադրէ որ զինքը նկատեմ ներկայ պարագային մէջ՝ պարզ վիճասէր մը, անբարեմիտ, մաղձոտ, կործանած՝ իր հակառակասիրութեան ոգիին մէջ։ Յետոյ նաեւ սխալ, անհեթեթ, բոլորովին անպատշաճ, բոլորովին շինծու է Չիֆթէ-Սարաֆը նմանցնել Տօն-Քիշօթին՝ որովհետեւ Չիֆթէ-Սարաֆ Տիկին Եսայեանը գնահատեց իբր լաւ գրագէտ ու պարսաւեց անոր խուլ հակառակորդները՝ որք իրաւամբ գոյութիւն ունին եղեր եւ որոնց ձայնը այսօր ահա աւելի ուշագրաւ ձեւի մը ներքեւ լսելի կ՚ըլլայ։ Յետոյ նաեւ, երբէ՛ք բարեմտութեան, ողջախոհութեան արդիւնք չէ ծիծաղելի տիպարներու անհեթեթ նմանութեան մը մէջ խայտառակել, թեթեւօրէն ծաղրել ջանալ երկու գրագէտներ՝ որք լաւ գրողներ ըլլալէ ուրիշ հանգամանքով չեն ներկայանար հասարակաց նկատողութեան։

Անշուշտ, արդէն ըսուեցաւ, ամէն ոք ազատ է իր կարծիքը ուզածին պէս յայտնելու։ Բայց կ՚երեւի թէ ամէն ոք փոյթ չըներ որ իր կարծիքը ունենայ կշիռ ու կարեւորութիւն։ Վասնզի ատոր համար անհրաժեշտ են՝ ճշմարիտ հասկացողութիւն, անկողմնակալ ու լուրջ դատողութիւն։ Ատոր համար՝ անհրաժեշտ են անկեղծութիւն եւ ուղղամտութիւն։ Այս պայմաններէն դուրս յայտնուած որեւէ կարծիք՝ զուրկ է կարեւորութենէ, արժանահաւատութենէ։ Շաքարի տուփի մը ապուշ պատմութիւնը մէջտեղ նետելով իրաւ է թէ տկար մտքերը գայթակղեցուցած կ՚ըլլան Տիկին Եսայեանի մասին իրաւ է թէ վնասած կ՚ըլլան անոր համբաւին, տգէտ ու դիւրահաւան ընթերցողներու անկարեւոր շրջանակի մը մէջ, բայց այդչափ միայն։ Ասիկա լուրջ քննադատութիւն մը ըլլալէ հեռի կը մնայ միշտ։ Շաքարի տուփէն վեր, ի՞նչ ընենք, բայց ասիկա այսպէս է, որքա՛ն ալ, չեմ գիտեր ինչո՛ւ, չեմ կրնար, չպիտի կրնամ հասկնալ թէ ինչո՞ւ արդեօք։ Անտոնեան կամ իրեն նմանողներ չուզեն մանաւանդ տեսնել թէ՝ Տիկին Եսայեան հեղինակն է մէկէ աւելի ուշագրաւ իսկատպութեամբ վէպերու եւ բազմաթիւ գրական կտորներու՝ որք ինքնուրոյն գրական խառնուածքի մը պտուղներն են, առանց առարկութեան, առանց տարակոյսի։ Մեր մէջ գրականութիւնը սիրող ու պաշտպանող մտքեր, տարբեր կերպով չեն կրնար անշուշտ մտածել։ Հարկ չկայ նոյն իսկ որ Տիկին Եսայեանի գրական տաղանդին մասին մեր ունեցած հասկացողութեան մէջ հիմնովին ապահովուելու համար, մտաբերենք թէ այս հայ գրագիտուհին Բարիզի նման գրական բծախնդիր ու դժուարահաճ միջավայրի մը մէջ անկեղծ գնահատականներու արժանացած է իբր այս։

Տիկին Եսայեանի գրական արտադրութիւնը, ըստ իս, որ մեծապէս համակիր եմ իր տաղանդին, ունի միակ ստգտանք մը։ Հապճեպ, նոյն իսկ մերթ շնչասպառ է ան, որով եւ մերթ կանխահաս ու քիչ մը անխնամ։ Կարծես թէ, յաճախ մանրախիղճ հոգածութեան մը կարօտին մէջ կը տժգունին այդ տարօրինակ ինքնուրոյնութեամբ ծաղիկները, որք իր գրական փունջը կը կազմեն։ Ասիկա մեծ մասամբ կարելի է վերագրել անոր որ՝ Տիկին Եսայեան ըլլալով մանաւանդ օտար միջավայրի մէջ կազմուած տաղանդ, բաւական ժամանակ չէր ունեցած ընտելանալու լիովին մեր լեզուի բոլոր պահանջներուն, բոլոր գաղտնիքներուն։ Ատիկա պիտի ըլլայ ժամանակի գործ մը միայն։ Մանաւանդ թէ ողջամիտ դիտող մը դիւրաւ պիտի տեսնէր որ, Սպասման Սրահ ին մէջէն մինչեւ Կեղծ Հանճարներ եւ Իր ատելութիւնը ՝ կատարելութեան ճամբուն վրայ ի գործ դրուած յառաջդիմութիւնը մեծ է։ Կեղծ Հանճարներ ը անթերի գործ մը կը խոստանար ըլլալ։ Ասոնք պաղարիւնով յայտնուած բացատրութիւններ են, ո՛չ թէ արդարացուցիչ հնարքներ։

Գալով շաքարի տուփին՝ բոլորովին անկարեւոր միջադէպ մըն է ան, դրացիին աչքին մէջ ընդնշմարուած աննշան շիւղ մը։

Եւ եթէ եզրակացութիւն մը կայ, եւ անոր կ՚սպասուի անպատճառ, հասկացողութեան եւ բարեմտութեան հակառակ է դատափետել Տիկին Եսայեանի գրական արժանիքները, տարակոյսի ներքեւ ձգել անոր գրական պարկեշտութիւնը, եւ աշխարհի չորս հովերուն լիաթոք ու բերանաբաց պօռալ, մեծագործութիւն մը ըրածի պարզամտութեամբ թէ պարզ բանագող մըն է ան, մինչդեռ իրօք՝ անիկա չէ ուրիշ բան, եւ այս ամենուն համար յայտնի՞ է, եթէ ոչ՝ նոր սերունդին երկու կամ երեք լաւագոյն գրողներէն մին, տոգորուած կատարելութեան տենջով, բարձր ու ազնիւ արուեստին մաքուր մտահոգութեամբ։

Իսկ ան միւսներուն ըրածը, չարախօսութիւն, անբարեմտութիւն է, որքան ալ ճարտարութիւն դնեն իրենց շարժուձեւերուն մէջ։

 

«Արեւելեան Մամուլ», 1906, 26 Ապրիլ, թիւ 18, էջ 442-445