Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՔԱՊՕԹԷՆՆԵՐԸ

Երեք շաբաթէ ի վեր գիւղին տխուր ու խոժոռ հանդարտութիւնը խռոված է անօրինակ կերպով։ Մելամաղձութեան ու մտածկոտ ինքնամփոփման սովորական մշուշը սկրթուած է պահ մը կարծես գիւղի սեւ հորիզոնին վրայէն, ու ոգեւորութեան կայծեր կը բռնկին հոգիներու խորը։ Սովորաբար ստուերոտ, անժպիտ, մտահոգ դէմքերու վրայ իսկ՝ յանկարծական զուարթութեան ուրուագիծ մը կը ճառագայթէ։ Ի՞նչ պատահած է արդեօք։ Բայց «Օսմանեան Զաւեշտական թատերախումբ» մը ներկայացումներ կուտայ քսան օրէ ի վեր։ Ահագին ու անօրինակ դէպք. հինգ կամ տասը տարին հազիւ անգամ մը կը պատահի։

Գիւղին պատանի եւ երիտասարդ դասակարգը եթէ ուրախութեամբ յուզուած է. միւս կողմէն՝ տուներու խաղաղ անկիւններն իսկ խռոված են։ Ասանկ անպարկեշտ նորութիւնները մեզի համա՞ր էին։ Մանաւանդ թէ՝ անլուր բան՝ խումբին մէջ կին խաղացողներ ալ կը գտնուէին եղեր, աղջիկնե՜ր։ Ըլլալու բա՛ն է։ Ու այդ ջլթիկներ, պատկառանքի ու ամօթխածութեան նուիրական շապիկը կռնակնուն սկրթած, յայրատ նայուածքներով զինուած հանդիսասրահի մը առջեւ կը ցուցադրեն եղեր իրենց մերկ կուրծքերն ու կիսամերկ սրունքները, առանց խիպի ու խղճմտանքի։ Կիներուն պարկեշտ դասակարգը ուրիշ լեզու չպիտի կրնար գործածել։ Կան ալ որ անկեղծօրէն կը ցաւին այդ ինկածներուն, այդ թշուառներուն սեւ ճակատագրին վրան։ Անոնք չունին ընտանեկան կեանք, չունին օճախի անդորրաւէտ մթնոլորտին կազդուրիչ մխիթարութիւնները։ Կը թափառին տենդոտ յուզումնալից, ջղագրգիռ, քաղքէ քաղաք, գիւղէ գիւղ, նշաւակ բաղդին ամէն տեսակ անակնկալներուն։ Չարաբաստիկ օր մը, սեւ ճամբու մը մէջ մոլորական ուղեւորներն են անոնք, այլեւս կորուսած իրենց մարդկային անկախութիւնը, ծախուած, ինկա՜ծ։ Մանաւանդ թէ՝ հայեր էին։

Հասարակաց կարծիքը այսպիսի դեգերումներ կ՚ունենայ երջանիկ խումբին շուրջը՝ որ իր վրայ միայն խօսիլ կուտայ, սրճարանին մէջ, շուկան, տուները, երկու հոգի իրարու քով՝ անպատճառ կը խօսին անոնց վրայ։ «Մէկ աղջիկը շատ գեղեցիկ է. շատ լաւ կը պարէ եղեր. պարկեշտ աղջիկ մըն է եղեր. լկտի ու սկրթած չէ եղեր. պոլսեցի են եղեր. այսինչ տեղէն կուգան եղեր, այնինչ տեղ պիտի երթան եղեր. հապա Քօմի՞քը. սա՛նկ կը խնդացնէ, նա՛նկ կը խնդացնէ, եւն, եւն»։ Իրարու խանդավառ ու ախորժալից քօնթռանտիւններ կուտան, կը պատմեն ու կը բացատրեն իրենց սքանչացումները, գնահատումները, սրտառուչ անկեղծութեամբ։

Եւ ի՞նչպէս կուզէք որ քապօթէնը, որ ասոնց ամէնուն ապահով գիտակցութիւնն ունի, ինքզինքը երջանիկ ու վարձատրուած չզգայ լիուլի։ Կա՞յ աւելի կազդուրիչ մխիթարութիւն քապօթէնի սնափառութեան համար քան ապահովուիլ թէ հետաքրքրութեան ու հիացման առարկան դարձած է ինքը ամբողջ հասարակութեան մը։ Ամէնէն յետին քապօթէնի կուրծքին տակ՝ Քինի մը հոգիէն բան մը ըլլալու է։ Երկու ոտքը կէս բապուճի մը մէջ, ծակ տաբատով ու հինուկ վերարկուով մը, կեանքը կոխկռտելու հարկադրուած երկայնամազ քապօթէն մը՝ քովէդ անցած ատեն զքեզ տեսնելու, աշխարհն իսկ տեսնելու ժամանակ չունի։ Իր քալուածքին մէջ ու իր շլմորած նայուածքին մէջ՝ դրոշմը կայ լուսաւոր իտէալի մը յետապնդումին լուրջ մտահոգութեան։ Եւ իրաւամբ. քանզի այնքա՜ն տխրօրէն տափակ է սովորական մահկանացուներու կեանքի հորիզոնը։ Ո՞վ իրաւունք տուաւ արգահատելու քապօթէնի վրայ։ Այդպիսի արգահատանք մը չափազանց անտեղի կերպով վեհանձն էր։ Քապօթէնը գոհ ու երջանիկ է եւ գութ կը զգայ իր վրայ ապշօրէն հիացողներուն նկատմամբ։ Հարկ չկայ որ արգահատիք իրեն. պարտաւոր էք միայն սքանչանալ։

Սրճարաններու մէջ եւ փողոցները՝ հետզհետէ ճանչցանք խումբին կարեւոր անդամները։ Տնօրէն, Սաֆվէթ էֆ[էնտի] բարի, պատուական հօճայի դրսերեւոյթով գիրուկ սիրուն մարդ մըն է։ Իր ծանրակշիռ դիրքին խորունկ գիտակցութեան լուրջ շնորհը կայ իր շարժուձեւերուն մէջ։ Զարմանալի եւ հակասական պիտի թուէր որ այս մարդը խեղկատակի եւ իպիշի դեր կատարէր բեմին վրայ։ Իբրեւ դերասան՝ քապօթէն մըն է իր կարգին, բայց իբրեւ ծեքենայիչ (parodiste)՝ Սաֆվէթ էֆ[էնտի] տաղանդի տէր մէկն է։ Հազուադէպ է որ մարդ ունենայ այնքա՛ն բազմաձեւ ճկունութիւն, յաջողապէս կեղծելու համար այնքան անհամանման թիփեր իրենց գաւառաբարբառին, իրենց տոհմային լեզուին բոլոր իսկատիպ յատկաբանութիւններովն ու երանգներովը։ Անգամ մը Սավֆէթ էֆ[էնտի] զաւեշատական ներկայացում մը տուաւ միս մինակ, ու միաժամանակ պատկերացուց զանազան թիփերու ցուցադրութիւններ, ձեւեր, արարքներ՝ որք ծաղրանկարչային չափազանցութիւններով բայց կենդանի իսկատպութեամբ տաղանդալից իրագործումներ էին։

Խումբի մէկ ուրիշ կարեւոր անդամը առաջին անգամ սա՛պէս ճանչցանք. ցրտկեկ իրիկուն մըն էր. թափառաշրջիկի երեւոյթով, թշուառ, կաղ յոգնութենէ փճացած եւ ցուրտէն ու թերեւս անօթութենէն կործանած մարդ մըն էր, որ գինետունէն ներս մտաւ ու վառարանին քով փութաց, զայն իր բազուկներով գրկելու խանդաղատանք մը դնելով իր դժգոհ ու մտահոգ դէմքին վրայ։ Յաջորդ օրը մէկէն ի մէկ կերպարանափոխ եղած էր, վերագտնելու համար իր քապօթէնի շնորհները։ Ուրիշ մըն ալ, երկայն գռուզ մազերով, տօն-քիշօթական դէմք մը, վերամբարձ խրոխտ պեխերով։ Շատ հին, շատ աղտոտ եւ գունաթափ ֆէս մը՝ այդ արուեստագէտի մազերով երջանիկ գլխին վրայ, բան մը չէր պակսեցուցած իր վսեմ գոռոզութենէն։ Մանաւանդ թէ՝ առաջին ներկայացման յաջորդ օրը՝ կարելի եղեր էր հինը նետել ու նոր ֆէսով մը փառաւորել այդ բաշերը։ Ուրիշ մըն ալ, քիւլհան-պէյի թիփ մը։ Բաւական մաքուր վրայ-գլուխ, բայց յայտնի դրոշմ մը՝ որ զինքը կը կապէ ճոխ բարձրութեան մը սահմաններէն՝ ստորնայարկի աշխարհին վաւաշանքն ու գետնաքարշ երջանկութիւններն գերադասող անհոգ ապրողի տիպարին։ Բնա՛ւ չկաղապարուած ու միշտ կատարին վրայ մէկ կողմէն դիտմամբ ճզմուած ու ճմրթկուած ֆէս մը կը կրէ հաւասարապէս բաշեղ գլուխի մը վրայ։ Ի՞նչ հմայք, ի՞նչ դիւթութիւն, այդ խիզախօրէն ուշագրաւ կանոնազանցութեան մէջ։

Տակաւին ուրիշ դերասաններ ալ կային, զորս յետոյ միայն, դերասանուհիներուն հետ, բախտն ունեցանք ճանչնալու թատերաբեմին վրայ, ներկայացման պահուն։

***

Արդ, իրիկուն մը, ուր ի նպաստ ամբողջ խումբին ներկայացում մը պիտի տրուէր, ստիպուած գտայ ինքզինքս ներկայ գտնուելու։ Ներկայցումին անսովոր կերպով փայլուն ըլլալը կը հռչակուէր։ Ցորեկէն իսկ ազդեր կը պտտցնէին փողոցներուն մէջ։ Երկայն ու նեղ տախտակէ շրջանակի մը վրայ, կը փռուէր հրաշակերտ ազդանկարը։ Տաճկերէն ու հայերէն խոշոր կարմիր կանանչ գրերով կ՚ազդարարէին ներկայացումը, երգչուհի-դերասանուհիներուն, դերասաններուն անունները։ «Քանթօլար, Տիւէթօլար, Նուարդ հանըմ, Նուրիցա հանըմ թարաֆլարնտան, բանթօմիմա, ումում քումփանեա թարաֆընտան, եւն»։ Afficheին ուշագրաւ ու կարեւորագոյն մասը կը կազմէր՝ թատերախաղին զոր տռամ կ՚անուանէին, է՛ն յուզիչ, էն տռամաթիք արարուածին մէկ տեսարանը, գծագրուած տեսարաններուն մէկ նկարիչ անդամին կողմէ։ Ի՞նչ ճոխ երանգապնակ, ի՞նչ շռայլ վրձին։ Կը հիանայինք այս անհեթեթութեան գլուխ-գործոցին վրայ։ Գիծերու եւ ներկերու բարբարոս, առատաձեռն խառնուրդ մը, ուշագրաւ իր նախնականութեամբն ու ռամիկ անհեթեթութեամբ։ Կը յիշեցնէր այն տղայական պատկերները՝ զորս գունաւոր մատիտներով կը գծագրեն դպրոցականները դասագրքերու կողքին վրայ։

Ազդանկարն շուկաներուն եւ փողոցներուն մէջ կը պտտցնեն խումբէն երկու կարեւոր դէմքեր։ Կը հնչեցնեն զանգակ մը, եւ կը հռչակեն արտակարգ ներկայացումին շլացուցիչ ստորոգելիները։ Բզէզներու, գնչուի անվարտի տղոց, դպրոցէն փախստական ստամբակներու վոհմակ մը անոնց ետեւէն կախուած է։ Քապօթէնները, շուկաներէն անցած ատեն, անսահման գոհութեան, արհամարհոտ բաւականութեան ճառագայթարձակ դէմք մը կը պտտցնեն, իրենց շուրջի գեղջուկ թշուառութիւններուն վրայ։

Վերջապէս, գիշերուան ժամը երկուքին, կ՚երթանք ի թատրոն։ Հայոց ազգային կալուածներէն թանգարան անուանեալ գինետան մէկ մասին մէջ կառուցուած է թատերաբեմը։ Օղիով ու գինիով մկրտուած անուանակոչութիւն մը, այս թանգարան անունը. այնքա՜ն ճահադէպօրէն հեգնական։

Վարագոյրը դեռ չէ բացուած։ Ներկուած կտաւ մըն է ան, որուն վրայ ծով մը, շոգենաւ մը եւ Պոլսոյ Գըզ-Քուլէսին։ Առաջին եւ երկրորդ կարգի տոմսակներու կամայական բաժանում մը հաստատած են, բայց չի գիտցուիր թէ ուրկէ ուր է անոնց սահմանը։ Մտնողներու ելնողներու խուռն բազմութիւն մը խճողած է հանդիսասրահը։ Հանդիսականները մեծ մասով կը բաղկանան պատանիներէ, երիտասարդներէ։ Խելքը խրատ մարդու ցանկալի համբաւին տիրացած դէմքեր՝ ի հարկէ չպիտի ուզէին գտնուիլ այդպիսի կասկածելի միջավայրի մը մէջ։ Քանի մը ոստիկանութեան պաշտօնեաներ՝ կարգապահութեան հսկելու պաշտօն ունին։ Աղմուկը, իրարանցումը, անկարգութիւնն ու խառնաշփոթութիւնը սահման չունին։ Մթնոլորտը ծանրացած, մթնցած եւ անհանդուրժելի դարձած է ծխախոտի մուխով, արտաշնչութիւններով, զազրելի գարշահոտութիւններով, դժոխքի ստորերկրեայ յարկաբաժնի մը պէս։

Ժամ մը պարտաւորուեցանք սպասելու, որպէսզի հանդիսականները ամբողջանան, աւելի կամ նուազ կարգապահութիւնը հաստատուի, որ ատեն՝ վարագոյրը բացուեցաւ, նուագախումբին կողմէ նուագուած պարերգով մը։

Այն ատեն տեսարան եկաւ 14-15 տարեկան աղջիկ մը, եւ սկսաւ երգել ու պարել, հետեւելով զարնուած եղանակին։ Ծեփուած դէմքով, ետեւէն անխնամ թողուած մազերով, կիսամերկ դեռաբոյս կուրծքերով, տրտմութեամբ ամպոտած նայուածքով տղեկ մըն է։ Իր նիհար բազուկները օդին մէջ կ՚ուրուագծեն կշռութիւններ, պատրանքին անտեսանելի թիթեռները բռնելու հետամտութիւն մը ձեւացնելով մատներու ծայրով։ Երգելու եւ պարելու համար՝ ի գործ կը դնէ իր նորավարժ տաղանդին բովանդակ թափն ու եռանդը։ Բայց իր ամբողջութեան մէջ հէգ ու որբունակ բան մը կայ՝ որ կ՚արգահատեցնէ։ Երգած ատեն՝ իր վիզին վրայ կ՚ուռին երակներ, ու կը բացատրեն իր մարած, անփայլ ձայնին տառապեցնող ճիգերը։ Զօրաւոր, անճողոպրելի ատամնագոյցքին մէջ բռնուած թշուառականի մը տպաւորութիւնը կը թողու։ Բայց ինքը շատ գոհ ըլլալ կը թուի հոն, երբ որոտընդոստ ծափահարութիւններով քաջալերուած կը գտնէ ինքզինքը, իր սկսնակ երգչուհիի այս վարժութիւններուն մէջ։ Այսպէս, շարունակեց 4-5 վարագոյր, զանազան տեսակ պարեր ձեւացնելով ու երգելով։ Յետոյ ֆարսայի ելաւ դերասաններէն մէկին ընկերակցութեամբ, դրամական նուէրներ հաւաքելով հանդիսականներէն։ Հոս ալ իրեն համար ստորնութեան պարագայ մը չտեսնուեցաւ։ Այդ պայմաններու մէջ դրամ հաւաքող մը պարտաւոր է շատ մը անհանգստութիւններու հանդուրժել։

Քիչ վերջը հանդիսասրահը նոր խանդավառութեան մը մէջ որոտաց, ուրիշ երգչուհիի մը երեւումով։ Ասիկայ քիչ մը աւելի մեծ էր, հաւանականաբար 18-20 տարեկան։ Գեղեցիկ էր ու շնորհալի։ Իր ձուաձեւ դէմքին վրայ, յունական արձանի մը խաղաղ ու ներդաշնակ կանոնաւորութեան գիտակցութիւնը կը հանգչէր։ Յայտնապէս գիտէր թէ ի՛նչ կ՚սպասուէր իրմէ։ Գիտէր նաեւ թէ ո՛ր աստիճանով տաղանդ եւ ընդունակութիւն կար իր մէջ՝ հանդիսասրահին ակնկալիքներուն գոհացում տալու։ Կը կրէր վարդագոյն պաթիսթէ օձուտ հոլանի պարեգօտ մը, վերէն վար թոյլ կերպով հագնուած, որ խենեշ անգաղտնապահութեամբ մը կը մատնէր իր կուրծքերուն շուշանաթոյր թարմ կլորութիւնները։ Իր նշաձեւ մթին աչքերուն ծարիրին ընդմէջէն, ցանկութեան ճրագներուն փայլը կ՚ստորագծուէր։ Իր բոլոր ձեւերը, կշռուած գիտակից արուեստի մը հրաւիրող հնարքներուն շնորհը կը կրէին։ Ազնուապետական շատ նուրբ ու մանր ձեռքեր ունէր, որոնց մատներով, իր կարգին, պարած ատեն, կշռաւոր շարժումներու մէջ, պատրանքներու հրթիռներուն կարծես կը հետապնդէր։ Իր նուրբ ու ճկուն իրանին, իր կաթնաւէտ կուրծքերուն, իր բարեձեւ պորտին ու իր նրբաձոյլ սրունքներուն բոլոր ընդունակութիւնները, բոլոր առաձգականութիւնը ի հանդէս բերաւ։ Պորտի խաղը մանաւանդ՝ հանդիսասրահը խենեշանքի, մծղնեայ արբշռութեան մը բուռն մոլուցքովն ու տենդահարութեամբը համակեց։ Ապուշ ու բերանաբաց հիացումներ, ցանկութեան ու գինովութեան զառանցանքներ, հառաչանքներ, մեղմ ու մարա՜ծ ձայնարկութիւններ՝ բուռն աղաղակներու ընդմէջէն, կը լեցնէին մթնոլորտը։

Պարուհիին շարժումներուն, նայուածքներուն, իր ամբողջութեան մէջ՝ ամէն բան կը պատշաճէր պարերգին ցանկութեամբ օծուած խօսքերուն։ Վերէն վար թոյլ հագուած թեթեւ պարեգօտը, կ՚զգայացնէր պորտին կշռաւոր ելեւէջները կուրծքերուն երերտկումները, որոնց կ՚ընկերանային արտայայտիչ, բացատրող դիմածռումներ, բազուկներու կշռական դանդաղ եւ ստորագծող շարժումներ։

Այդ արբեցողութեան վայրկեաններէն մին էր, երբ յանկարծ դուրսէն ուժգին նետուած քար մը կուգայ խորտակել գինետան պատուհաններէն մին որ ցրեխ ցրեխ կը փշրուի, անհամար կտորուանքներ թափելով հանդիսականներուն վրայ։ Այս բարբարոս ու վտանգաւոր ընդմիջում ընողները փողոցի պզտիկ ստահակներ են, որք դուրսը, գինետան դրան առջեւ, խռնուած են, ու կ՚աշխատին ներկայացումը դիտել, բեղկերուն եւ վարագուրուած պատուհաններուն ծերպերէն զիրար հրմշտկելով, զիրար կոխկրտելով։

Վերջապէս մթնոլորտը ծանրօրէն ելեկտրացած է, բագոսեան տօնի մը հեշտական սարսուռներով։ Շունչ առնել կարելի չէր մուխի եւ արտաշնչութեանց այդ հեղձուցիչ ողողումին մէջ։ Ու երգչուհին դեռ կը պարէր ու կ՚երգէր. միշտ կը պարէր ու կ՚երգէր, մինչեւ բարձրագոյն խանդավառութիւն, մինչեւ յիմար զառանցանք։ Չեմ գիտեր թէ ի՛նչ անսովոր ծափահարութիւններ քանի՛ անգամներ զինքը ի բեմ հրաւիրեցին իր լաւագոյն յաջողութիւններուն մէջ։ Նուարդ հանըմ կ՚երեւի թէ վարպետ պարուհի մըն է։ Իր փառաւոր ասպարէզին բոլոր հնարքներուն գիտակից է, եւ կարող՝ զանոնք յաջողապէս գործադրութեան դնելու։

Վերջապէս ալ յոգնած ըլլալու էր։ Ներեցին այլեւս իրեն որ վերջացնէր, եւ իր կարգին ֆարսայի ելաւ։ Հանդիսասրահն այն աստիճան խճողուած էր որ հանդիսականները կարծես իրարու վրայ նստած էին։ Քապօթէնը շրջեցաւ այդ խաժամուժին մէջ, մետաքսեայ դրամապանակ մը ձեռքը, եւ հաւաքեց անոր մէջ բարեսիրաբար նետուած հինգ կամ տասը փարանոց շռայլութիւնները։ Անանուն, անծանօթ, վայրկենական սիրահարներ՝ քանի մը ղրուշի մեծանձնեայ առատաձեռնութիւն մը շատ չգտան իրենց համեստ ու դժբաղդ՝ այլ առատասիրտ քսակին համար։ Եւ երգչուհին անցաւ այդ ամբոխին մէջէն, իր սրունքները չկրնալով փրկել արբշիռ հանդիսականներուն տենդոտ ձեռքերուն ու սրունքներուն ցանկավառ հետապնդումներէն։

Հոս կը վերջանար իր տեսակին մէջ ամենէն իսկատիպ մասը այս երեւոյթին։ Երկրորդ մասը, մելօտրամական ներկայացումի նմանութիւն մը, իրական քապօթինաժի մաս մը կը կազմէ։ Հարուստ եւ ազնուական ընտանիքի մը մէկ հատիկ գեղանի աղջիկը, յանկարծ կը սիրահարուի եկեղեցիին դուռը մուրացկանութիւն ընող երիտասարդի մը։ Եւ այդ արտառոց սէրը կը մղէ զինքը զոհելու իր հայրը՝ զոր կ՚սպաննէ այդ մուրացիկը, ծպտեալ փախստական մը, եւ իր եղբայրը՝ զոր ինքն իսկ դաշունահար կ՚սպաննէ, ազատելու համար անոր կշտամբանքներէն ու հետապնդումներէն։ Ասոնց ամենը շուտով եւ դիւրին տեղի կ՚ունենան եւ իրարու կը յաջորդեն։ Արդարութիւնը, սակայն, ինչպէս պիտի գուշակուէր, կը գտնէ ու ձեռք կ՚անցնէ ոճրագործները։ Մուրացիկ տղան կը յանձնուի աստուածային զուգադիպութեամբ մը դահիճի մը՝ որ իր պարտքը կատարելէ յետոյ միայն կ՚զգայ թէ իր իսկ կորսուած զաւակը գլխատած ըլլալու սարսափելի պարագային մէջ կը գտնուի, եւ անձնասպան կ՚ըլլայ։ Վերջին վարագոյրը կը բացուի ու կը գոցուի գլխատուած սիրահարին, կախաղան հանուած աղջկան, եւ ինքնասպան դահիճին դիակներուն վրայ, որք կը զարմանան թէ ի՞նչպէս յանկարծ իրարու քով կը գտնուին։

Առանց յուշարարի կատարուած այս դերերը, ըստ Տիկին Մէթէրլինկի, հանճարեղ բաներ ըլլալու են, կ՚երեւի թէ Խնդիրն այն է որ, լացողներ իսկ գտնուեցան։ Բայց գտնուեցան որ, հոն ուր պատշաճապէս պիտի կրնային լալ, խնդացին յանկարծ։

Մեկնեցայ թատրոնէն՝ տպաւորութիւններուս համրիչը քակելով։

Ահա՛ թատերական ներկայացումի մը համարատուութիւնը՝ գաւառին մէջ։

Բայց տակաւին խումբը մեկնած չէ ու գիւղին սովորական անդորրը կը մնայ խանգարուած, վերիվայր շրջուած՝ անօրինակ կերպով։

 

«Արեւելեան Մամուլ», 1905, Ապրիլ 13, թիւ 16, էջ 427-433