Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գարունը. Ուրուանկարներ. Վայրենի փունջ. Հոգիին յատակը.

Շատոնց արդէն պապուկ ձմեռը գնաց, անտանելիութիւններու երկայն շղթայաշար մը իր ետեւէն քաշելով։

Գաւառացիին կեանքը, որ մսկոտ խտացում մը, քաշուած ու կարկամած կծիկ մը եղած էր խիստ եղանակին անհամբոյր շունչին տակ, ապրիմ-մեռնիմի շուշանաթոյր տերեւիկներուն նման կծկուած գրկախառնումի մը մէջ սուղնալով, հիմա, գարնան առոյգ արեւին արծաթէ ու ադամանդէ ճաճանչներուն տակ նորէն կը բացուի, կը լայննայ, իր բովանդակ առաձգականութեանը մէջ ծաւալելով դէպի արտերն ու այգիները, դէպի դաշտերն ու լեռները, փոխուելով դարձեալ հողի եւ քրտինքի կարծր՝ այլ հեշտ կեանքին։

Իր միօրինակ պարզութեան մէջ տաք թոնիրներու շուրջը բոլորուող աւանդավէպերու, նարեկի ու սաղմոսի ընդարմացած կեանքը հիմա նորէն իր բնական վիճակին կը վազէ, բնութեան ծոցը, դնդերներուն եւ մկանունքներուն մէջ լեցուելով, ու հոգիէն եւ միտքէն պահ մը բաժնուած հողագործին համար՝ Աշխատութեան, մարմնի կեանքին, կենսական զօրութեան մէջ կեդրոնանալով միայն։

* * *

Անցեալ իրիկուն, երբ արեւը հիանալի նուաղումի մը մէջ լեռներուն երկայն գօտիին ետեւ կը թաղուէր, բարեկամի մը հետ քաղաքէն դուրս ելանք։ Մայիսի մեղմ ու փոշիացած անձրեւ մը դեռ նոր դադրած էր ցնցղելէ դաշտերու կանաչութիւնը։ «Բալան ջրող» հեզանազ անձրեւ մը, ինչպէս կ՚ըսեն, որուն թացը տակաւին զգալի էր ոտքերնուս տակ։ Անձրեւէն լուացուած ու չափազանցօրէն մաքուր, վճիտ կապոյտին մէջ դեռ կը լողային ամպիկներու ճերմակուռուցիկ վաթկաները, անսահման կապոյտ սնդուսը իրենց թոյլ ու անշրջագիծ արատներով վէտվէտելով։ Անմիջապէս քաղաքէն դուրս, քեզ շրջապատող թանձր կանաչութեան մէջ, զոր անփութօրէն ու տղայական հաճոյքով մը կը կոխկրտես, տարօրինակ բան մը կը զարնէ դէմքիդ, զեփիւռը՝ շա՜տ մեղմ, ու լերան ու անտառի ծաղիկներուն վայրագ բոյրերուն զգլխիչ խառնուրդովը համակուած։ Տարօրինակ անուշութիւն մը վերջապէս, որուն մէջ բոլոր կարողութիւններուդ վերափթթումը կը զգաս, թուելով քեզի զեփիւռին հետ ծծել երակներուդ մէջ ապրելու առուգութիւնն ու աւիւնը։ Անբացատրելի շուարումով մը հոգիդ ծփծփուն, չես կրնար տպաւորութիւնները դասաւորել, եւ ընդհանուր տարտամութեան մէջ գարունը վայելես, Գարունը՝ կուսական ու մանկունակ։

* * *

Ու կը դիտենք հիմա։ Մինինիկ ջղուտ այծեր եւ նորածին գառնուկներ կանանչը լայնօրէն կը վայելեն։ Անդին արտի մը մէջ, խոտերուն մէջ թաղուած, պզտիկ խաշնարածը, երկու հաստ եւ հուժկու եզներու, առոյգ իշուկի մը եւ ցատքրտող անխորհուրդ քուռակի մը համեստ ընտանիքը կ՚արածէ, գեղջուկ սրինգին միօրինակ սայլին անուշ ու անիմաստ գալարումները զեփիւռին ծփանքներուն մէջ թռցնելով։ Այգիներուն մէջ ծառերը կափ կանանչ են, ոմանք ալ դեռ ճերմակ, հրեշտակային փետուրիկներու քնքուշ ու թափանցիկ պլուզներու մէջ փաթթուած։ Արտերը, որոնք մեր շուրջը կը փռուին, ցորենի, գարիի եւ թռչնակերի մատաղ թաւիշներուն ամէնէն անուշ կանանչութիւնը կը ներկայացնեն։ Անտառի մը ծոցէն, պուրակի մը խորէն երգի ձայներ կուգան, որոնք կարծես միամիտ քերթածն են համասփիւռ կանանչին. ու խաղերը, փողոցի եւ ստամբակի ժողովրդային խաղերը, որոնք իմաստ չունին, հողին զաւակներուն բերնին մէջ այս պահուս այնքա՛ն իմաստալից են ու քաղցրիկ։ Լեռներու մարդուն շիտակ սրտին պարզ, դիւրահասկնալի թրթռումը կայ անոնց մէջ, որ տառապանք մը, յուզում մը, եարին կարօտը՝ կամ սրտին հրճուալից պոռթկումը կը բացատրէ, որ առողջ՝ ու նրբութիւններու վարակումէն կատարելապէս զերծ հոգիի մը պարզունակ խորհրդանշանը կը ներկայացնէ։ Ասոնց ամենուն աւելցո՛ւր եզի մը բոժոժին նրբահունչ թէնթինը, որու ալիքները հեռո՛ւն, դաշտերէն գալով՝ լսելիքներէն հոգիին մէջ կը ծաւալին։ Արտոյտները, իրենց փոդարձ տարփատենչ երգերուն, ճուի՛ ճուի՜ներուն մէջ, իրենց թռչունի բնազդական բաղձանքներուն գեղեցիկ արտայայտութիւնը դուրս կուտան, սլանալով երբեմն դէպի վեր, շա՛տ բարձրը, թրթռուն թեւաբախումներով ամպերուն մօտ սաւառնելով։

Պուրակներէն վայրի վարդեր քաղենք, որոնց հոտը իրենց անբաժան մտածում մը եւ յիշատակ մը կը զարթուցանէ. ու անխնամ փունջեր կը կապենք արիւնի կարմիրով նրբավիզ հարսնուկներէն, դաշտի ծաղիկներէն, որոնք անուն չունին. եւ ուժգին հոտը, ներդաշնակօրէն բաղադրեալ անգայտ բուրմունքը այդ կարմրիկ ու կապուտիկ ծաղիկներուն, դեղնորակ ու ոսկեթոյր տերեւներուն, զգլխիչ հոգին այդ անտառի զաւակներուն, իրենց մէջ ունի մոգութիւնը եւ տարտամ պատրանքը կեանքի կապոյտ երազներուն եւ շուշանաթոյր յոյսերուն։

Բոլորովին նոր, բոլորովին թարմ ես մը, կը զգաս մէջդ, ազատուած ու գրեթէ մաքրուած հինին անբաժան գիտակցութենէն որուն տարտամ եւ ստուերային ցոլքը մնացած է միայն։ Վերանորոգում մը ամէն բաներուն. յիշատակներն իսկ, հոգիդ ու սիրտդ անցեալին կապող այդ նուրբ մոգական ժապաւէնները տարօրինակ թարմութիւն մը ունին, մելամաղձօրէն անուշ ու դիւթիչ։

  * * *

Կը շարունակենք յառաջանալ ցախաստաններու ոսկեզօծ ծաղիկներուն մէջէն, որոնց հոտը հոգին կը փայփայէ, ու կը մտնենք ծառախիտ անտառին մէջ։ Թմբիներու անուշ ու ծաւալուն շունչը կուգայ մերինին խառնուիլ, հեշտ որորում մը տալով ուղեղին, ու իր բուրմունքը՝ թոքերէն երակներուն թափանցելով։

Ընկողմանիլ բարձր շագանակենիներուն ստուերին տակ ու կանանչներու առատութեանը մէջ, զատուած սովորական կեանքին խարխափանքներէն ու խռովքներէն, վայելել բնութիւնը գեղջուկի մը պէս գէթ իր ընդհանուր ֆիզիքական ազդեցութիւնը միայն զգալով, հաճոյքներու ամենէն թափանցողն ու հովուերգական է. ի՞նչ վնաս, եթէ նոյն իսկ շա՜տ խուսափուկ ու շատ վաղանցիկ ըլլայ այն…

Վերջալոյսը հետզհետէ կը մարի, կը սպառի հեռաւոր լեռներուն թանձր շղթային ետեւ, ու մթնշաղի կիսաթափանց ստուերը անշօշափելի մութ շղարշով մը կը փաթթէ առարկաներու շրջագիծերը։ Թաւուտներու մութին մէջ փոսուռաները իրենց աղու փոսփորափայլումը կը հոսեցնեն սիրատարփ քթթող աչուկներու պէս եւ լուսածոր ասուպներու նման մերթ ընդ մերթ լուսեղէն ակօսներ կը գծեն օդին մէջ։

Ու գարնանային գիշերի մը տիրապետութեան մէջ ակնասեւեռ երազանքները՝ սփոփանքի թռուցիկ հաճոյքը կուտան մեզի։

 

«Հայրենիք», 24 Մայիս, 1894, թիւ 821