Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԿՐՕՆՔ ԵՒ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ

Բարոյականը, բնազանցական ի՛նչ բացատրութիւն ալ տրուի անոր, որպիսի առնչութիւններ ունի կրօնքին հետ։ Կրօնական զգացումը, ամէնէն անհեթեթ կռապաշտութենէն՝ մինչեւ ամէնէն նրբամոլ աստուածաբանական ըմբռնումները. ի՛նչ ձեւով կ՚ազդէ մարդոց բարոյականին վրայ։ Իրա՞ւ է թէ՝ առանց կրօնի չկայ բարոյական։ Իրա՞ւ է թէ կրօնական զգացման բացակայութիւնը՝ բարոյականին չգոյութեան ախտանիշ մըն է։ Իրա՞ւ է թէ ամէնէն աւելի բարոյականը կը զարգանայ հոն՝ ուր կրօնական զգացումը աւելի տաք է աւելի հոծ։ Յետոյ նաեւ, ճշմարի՞տ է թէ՝ գիտութիւնը, պիտանաբար հակակրօնական, կ՚անբարոյականացնէ։

Ահա՛ մեծ խնդիր մը։ Խնդիրներուն ամէնէն տագնապալիցը ու ամէնէն հրատապը։ Քաղաքական մեծամեծ անձնաւորութիւններ, նեղութիւնը յանձն կ՚առնեն յաճախ՝ յանուն կրօնքին իրենց իմաստութիւնը վատնելու։ Ասիկա՝ առատաձեռնութիւն մը՝ բայց շքեղանք մըն է միեւնոյն ատեն։ Գիտութիւնն ալ իր մեծամեծ պաշտպաններն ունեցած է սակայն։ Իրաւունք ունինք կարեւորութենէ զուրկ չնկատելու՝ երբ վկայութիւններ կուգան Սբէնսրներէ, Վալլասներէ, Հքսլիներէ, Պէռթլօներէ, Ռիշէներէ։ Ու վիճաբանութիւնը որքան տաք՝ նոյնքան ծանրակշիռ է, այն հետեւութիւններուն համեմատ՝ որով մարդիկ պիտի շարունակէին կարծել թէ՝ առանց կրօնքի բարոյական չկայ, ու կրօնքը կը բարոյականացնէ, կամ՝ ճշմարտութիւնը ասկէ տարբեր, շա՛տ տարբեր բան մըն է։

Ենթադրութիւնները, կանխակալ համակրութիւններու եւ հակակրութիւններու համեմատ տրուած վճիռները, անպայման կերպով չեն կրնար վերջնական ու գոհացուցիչ բան մը ըսել կանխորոշութենէ զերծ ու անշահախնդիր հետաքրքրութեան։

Ասոր համար՝ չէզոք կերպով իրողութիւններու վրայ առարկայօրէն պէտք է ուսումնասիրել հարցը, թէ ի՛նչ է կրօնական հաւատալիքներու ազդեցութիւնը՝ անհատին բարոյական վարմունքին վրայ։

Ահա այս բանը փորձած է Իտալացի հռչակաւոր ոճրագէտ Լօմպռօզօի աշակերտը, Էնռիքօ Ֆէռռի, իր ուսումնասիրութիւններուն տեղեկաբերութիւնն ընելով Կրօնք եւ ոճրականութիւն անունով յօդուածի մը մէջ։

Որովհետեւ արարքներու որոշ սահման մը չկայ, որուն ասդիի կամ անդիի կողմը գտնուելով մարդիկ բարոյական կամ անբարոյական ըլլային, ասոր համար Էնռիքօ Ֆէռռի նկատողութեան կ՚առնէ մարդասպանութիւնը, իբրեւ բացարձակ անբարոյականութիւն, եւ կ՚ուսումնասիրէ կրօնական հաւատալիքներու ազդեցութիւնը՝ մարդասպան-ոճրագործին վրայ։

Ուսումնասիրութեան չուկէտը սա՛ կրնար ըլլալ ուրեմն, եթէ իրօք կրօնական հաւատալիքը բարոյացուցիչ ազդեցութիւն ունենար մարդոց վրայ, պէտք էր որ բոլոր ոճրագործ-մարդասպանները անկրօններ ըլլային։ Ամէնէն առաջ ասիկա հերքելու համար պէտք չկայ գիտական խրթին հետազօտութիւններու կամ վիճակագրական ծանրատաղտուկ ուսումնասիրութիւններու։ Պարկեշտ մարդիկ ու հանած-վարածներ՝ հաւասարապէս կը գտնուին անկրօններու եւ հաւատացեալներու մէջ։ Ասիկա՝ առաջին հարուած մըն է, որով իրողութիւնը կուգայ խորտակել բարոյականին ու կրօնքին միջեւ ենթադրուած անխզելի կապը։ Միւս կողմէն դժուարութիւն չկար ապացուցանելու թէ՝ մարդասպանին մօտ մեծ համեմատութեամբ կրօնական զգացումը կը տիրապետէ, իր ընկերական դիրքին, կրթութեան ու մտաւորական զարգացման համապատասխան եղանակաւորումներովը։

Էնռիքօ Ֆէռռի իր հաստատաբանութիւնները կը հանէ սակայն վիճակագրական վաւերանիւթերու, անձնական հետազօտութիւններու եւ արժանահաւատ գիտնականներու տեղեկաբերութեանց վրայ ուսումնասիրուած։ Այնպէս որ, ոճրական հոգեբանութեան գրական ուսումնասիրութիւնը չի հաստատեր, ընդհակառակը, կրօնական զգացման ազդեցութիւնը, իր աւելորդապաշտութեան նախկին ձեւին կամ իր ներքին հաւատքի ու զգացման աւելի բարեշրջուած ձեւին ներքեւ, անհատներու ընկերական վարմունքին վրայ։

Այս նկատողութիւններուն իբրեւ եզրակացութիւն, մտքերնուս չանցնենք կարծելու թէ՝ կրօնական զգացումը կ՚ուզենք դատապարտել իրբեւ դրդող ոճրականութեան։

Խնդիրն ա՛ն է թէ՝ կրօնական զգացում ու բարոյական՝ միեւնոյն ակունքէն չեն բղխիր։ Անոնց բնութիւնը իրարմէ անկախ է թէեւ, բայց կրնան անոնք ճամբուն վրայ իրարու միանալ երբեմն։

Կրօնական զգացումը կրնայ նուիրագործել բարոյական արարքը։ Ասիկա՝ անհերքելի է։ Մարդ միշտ կը փնտռէ իմաստասիրական կամ բնազանցական նշանակութիւն մը տալ իր արարքներուն։ Անոր համար է որ քրիստոնեայ մը, զոր օրինակ, բարութիւնը կը ջանայ հիմնել կրօնական զգացման վրայ։ Բայց ասոր ճիշդ հակառակը կրնանք հաստատել նաեւ անկրօններու մէջ։ Եթէ հաւասար անկողմնակալութեամբ ընդունինք թէ անկրօններու մէջ եւս բարոյական նկարագրի անստգիւտ նմոյշներ հազուադէպ չեն, պիտի տեսնենք որ անկրօնն ալ իր արարքը բնազանցական կռուանին վրայ հիմնելու չի վարանիր, կրօնքին ուրացման մէջ գտնելով ճշմարիտ բարոյականին պատրուակները։

Բայց զտուած ու յստակ իրականութեան մէջ, մարդիկ՝ հաւատացեալ ըլլալէ անկախաբար բարոյական կամ անբարոյական են, ինչպէս նաեւ անհաւատ ըլլալէ անկախաբար բարոյական կամ անբարոյական են։

Արդ, վերադառնալով կրօնական զգացման իսկական նշանակութեան, կրնանք եզրակացնել թէ՝ անիկա կրնայ զօրացնել բարոյականը՝ բարոյական մարդու մը մէջ, բայց երբէք չի կրնար բարոյացնել ոճրագործը՝ որ հիմնապէս զուրկ է այդ զգացումէն, բարդ պատճառներու մառախուղի մը մէջ ընկղմած։

Այն ատեն եթէ ոճրական հոգեբանութիւնը չի հաստատեր հասարակաց հոգեբանութեան սա ինքնածին պատրանքը՝ թէ կրօնքը վարիչ ուժ մըն է մարդկային բարոյականութեան, կրօնքին ու գիտութեան մէջ որ եւ է հակառակութիւն՝ դրական հիմ չի կրնար ունենալ։ Եւ անոնք որ, կրօնական զգացման աւելի կամ նուազ արուեստակեալ բարձրացումին մէջ կը յաւակնին ունենալ տեղ մը ու պարիսպ մը ընդդէմ արդի ժողովրդային ոգիին շարժման, կրնան տեղի տալ աւելի կամ նուազ եսամոլ պատրանքի մը, բայց չեն կրնար ի նպաստ իրենց բնաբանին վկայութեան կոչել մարդկային հոգեբանութեան հիմնական ծանօթութիւնները։

 

«Արեւելեան Մամուլ», 1903, Սեպտեմբեր 24, թիւ 39, էջ 925-927