Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Մեր ցեղին գրական ու մտաւորական կեանքին պատմութիւնը, ընկերականին հետ, գրեթէ բացարձակապէս գոյութիւն չունի անդր քան աւելի կամ նուազ վիճելի Ե. դար մը։ Այս հին ցեղին ամբողջ հեթանոսական կեանքը անստուգութեան ու մոռացման տխուր գիշերի մը մէջ մթնցած է յաւիտեան։ Հազի՜ւ թէ այսօր գոյութիւն ունենալ սկսած են հայ հնախօսութիւն մը, հայ ազգագրութիւն մը, հայ բանասիրութիւն մը՝ որոնց յայտնութիւնները այնքան անբաւական են ճշմարտութեան շառաւիղ մը սպրդեցնելու ջնջումի ու խարխափումի անթափանց մութին մէջ։ Այն սեւ աղջամուղջը, որ կը տարածուի հայ հեթանոսութեան վրայ հազարաւոր տարիներու ահագին տեւողութեան մը միջոցին, մեզի ոչինչ թոյլ կուտայ նշմարել, գրեթէ ոչինչ գուշակել կուտայ։ Անդնդային ու շուարեցուցիչ ընդարձակութեամբ պարապներուն մէջ, հազի՜ւ թէ քանի մը աւանդութիւններու ովասիսները կը ցանցնուին, տալով մեզի խուսափող ու տարտամ հեռանկարներու խաբող կրկներեւոյթը։ Հոս ալ, հրաշալիին, դիւցազնականին, աստուածայինին յաւիտենական ոսկեզօծումն է, որ ծագումի թուականներուն թանձր շքեղութիւնները կը բոցավառէ միայն, ինչպէս գրեթէ բոլոր ցեղերունը արդէն։ Հազիւ թէ բան մը գիտենք մեր տոհմին հեթանոսական շրջանին վրայ, որ պատմագիտօրէն ու ընկերաբանօրէն, թերեւս կը սահմանափակէ անոր մանկութեան, պատանութեան ու առուգութեան ամէնէ՛ն դալար ու բեղուն շրջանները։ Ընդունելի չթուիր այն ենթադրութիւնը թէ քրիստոնէական սկզբնաւորութեան հայութիւնը՝ իր տոհմային խառնուածքին լիութեան ու ամենէ՛ն արգաւանդ շրջանին հասած հայութիւնն եղած ըլլայ։ Վասն զի քրիստոնէութիւնը, իր իսկութեամբն անկումի կրօնք, ամենեւին չպիտի կրնար պատշաճիլ այդ տեսակ առողջ հանգամանքներու մէջ ապրող տարրի մը։ Բոլոր հին քաղաքակրթութիւններու առողջ եւ հուժկու մեծութիւնը՝ իրենց ոչ-քրիստոնեայ կամ հեթանոսական շրջանին մէջ կը շրջանակուի մանաւանդ։ Քրիստոնեայ Յունաստանը՝ հետզհետէ անկումի Յունաստան մը եղաւ, քրիստոնեայ Հռոմը, իր նախնական հեթանոս երիտասարդութեան մէջ վերածնելու համար, բարբարոսներու կոյս արեան պատուաստումին կարօտեցաւ։ Ասոնք պատմութեան դասն են, ու մենք անտարակոյս իրաւունք ունինք ենթադրելու թէ՝ հայ ցեղին ամենէ՛ն իսկատիպ կեանքը, իր հեթանոսական կեանքը եղած է։ Ասոր համար ապահովապէս ճիշտ չպիտի ըլլար իր գրական-արուեստագիտական ընդունակութիւնները, իր քաղաքակրթական կարողութիւնները սահմանել քրիստոնէական շրջանին հայութեան համեմատ միայն։

Բայց հոն ուր հնախօսութիւնը քիչ բան կ՚ըսէ, ուր պատմութիւնը լուռ կը մնայ ու աւանդութիւնը չի համոզեր, հոն ստեղծիչ երեւակայութիւնը կրնա՞յ արդեօք արդիւնաւորապէս գործել, վստահելի օժանդակութեամբը վերլուծական-համադրական մտքի խոհեմ գործունէութեան մը։

Օրինակի համար կրնանք խորհիլ թէ Սումերա-Ակկատեան հնագոյն քաղաքակրթութեան մը աւերակներուն վրայ բողբոջած, շրջապատուած Քաղթէական, Ասորական ու Պարսկական այլատարր քաղաքակրթութիւններէն, յաւիտենական թատերաբեմ բոլոր այլացեղ ժողովուրդներու ատելութեանց արիւնոտ խաչաձեւումին, հայ աշխարհը չէր կրնար զուրկ նկատուիլ ինքնուրոյն գոյութեան մը կարողութենէն։ Օժտուած՝ ցեղային պահպանումի ու ինքնամփոփման տեսակ մը զարմանալի յատկութիւնով, արդիւնք՝ թերեւս իր ապրած միջավայրին հողագիտական հանգամանքներուն ու կլիմայական յատկանիշներուն անիկա դարերու միջոցին կրցած է յարատեւել իր անհատական գոյութեան մէջ, ընդդէմ բիւրաւոր վտանգներու։ Իր քաղաքական կեանքը ու թերեւս ուրիշ ցեղային խնդիրներ ու խտիրներ թոյլ չեն տուած իրեն՝ քանակական ընդարձակութեան մը բարիքները միացնել անդորր կենցաղի մը առաւելութիւններուն։ Բայց, գերազանցապէս բազմապատուաստ ցեղ, անիկա իր մէջ երեւան հանած է այլաձեւ հանգամանքներ իւրացուցումի ու յարմարումի ընդունակութիւններուն։ Ի հարկէ չպիտի համարձակինք ենթադրելու թէ բացարձակ մեծութեամբ հայ քաղաքակրթութիւն մը բնաջինջ եղաւ մեր ետին։ Բայց պիտի կրնանք ըսել թէ նախ քան քրիստոնէական թուականը գոյութիւն ունեցաւ աւելի կամ նուազ իսկատիպ հայ գրականութիւն մը, թերեւս հայ արուեստ մը, արտայայտութեամբ՝ գէթ մէկ տարտամ դրոշմով օծուած՝ իր կեանքի հանգամանքներուն։ Ու անիկա, հայ ցեղը, հասնելու համար քրիստոնէական թուականի մը երեւոյթին, անհրաժեշտապէս պէտք է կատարած, լրացուցած ըլլայ բնաշրջական որոշ պարբերութիւններ որոնք հարկն են ընկերական գոյութեամբ ապրող ցեղերուն։

Ինքնուրոյն գրականութիւն մը, ինքնուրոյն արուեստ մը ունենալու համար, անհրաժեշտ է ինքնուրոյն անհատականութեամբ կեանքի մը գոյութիւնը։ Եթէ այսօր կորսուած են, կամ եթէ բաղձալի ընդարձակութեան մը մէջ գոյութիւն չունին այն վաւերանիւթերը որոնք հայ ցեղի մը գրական առանձնայատուկ ընդունակութիւններուն վարկածը պիտի ապացուցանէին, անդին կը մնայ անոր տոհմային տեւականութեան անժխտելի իրականութիւնը, բարձրագոյն քաղաքակրթութեամբ ազգերու յաջորդական կործանումներուն լուսանցքին վրայ։ Ասիկա իր բնորոշութիւնը յատկանշող գիծերուն կարեւորագոյնը, իր արուեստի գործին ամենէ՛ն գեղեցիկ փոխարինութիւնն է արդէն ինք իր մէջ։ Ու այս ոգին, ցեղային անհատականութեան յամառ ու անյաղթելի ոգին է որ, շարունակուած է գերագոյն նուաստացման ու վերջնական անձնուրացութեան այն կրօնքին, քրիստոնէութեան մէջ ալ։ Երկու կամ երեք եկեղեցական մեծ բաժանումներու մէջ, Հայ. Եկեղեցի մը կրցած է կանգուն գոյութիւն մը ունենալ միս մինակ։

Բանասիրօրէն նկատողութեան առնելով խնդիրը, հեթանոսական կեանքի այն թանկագին մնացորդները, գողթան երգերը, բաւական բան չպիտի՞ կրնային ըսել աւելի կամ պակաս ինքնուրոյն ու իսկատիպ գրականութեան մը հաւանականութիւններուն ի նպաստ։ Անոնց լեզուն, իր գեղարուեստական ճաշակով յօրինուածութեամբը, գեղեցկագէտ ժողովրդի մը լեզուն միայն կրնայ եղած ըլլալ։ Հոն՝ արդէն մաքուր արուեստի մը կը միանայ բանաստեղծական ներշնչման մաքրութիւն եւ հարազատութիւն, այն տպաւորութեան համեմատ՝ զոր ընդհանրապէս կը թողու անոնց ընթերցումը։ Անոնց ամբողջութիւնը՝ ճշմարիտ հայ դիւցազներգութեան մը համբաւին արժանի պիտի ըլլար։ Ու ի՛նչ հերետիկոսութիւններ ալ միտի այսօրուան բախտախնդիր հայ հնախօսութիւնը, առայժմ անոնք կը մնան հայոց հեթանոսական գրականութեան թանկագին մնացորդները։ Անոնց մէջ կը գտնենք մենք աւանդավէպերու բանասիրական կրկին յատկանիշերը, բանաստեղծական զգացում եւ խորհրդանշան։ Ինչ որ ալ եղած ըլլայ ներշնչման նախնական շարժառիթը այն բանաստեղծութեամբ եւ խանդավառութեամբ արբշիռ Գողթնացիին, որ յօրինեց Վահագնի վերագրուած ներբողը, հոն բացորոշ կը տեսնենք՝ ցեղին հոգին, ցեղին հաւաքական բնազդական իմաստասիրութիւնը, առոյգ ու առողջ, կենդանի ու ջլապիրկ։ Հոգին՝ արեւի ողողումի մը բոցեղէն գինովութիւններուն վարժութիւնն, ու երեւակայութիւնը՝ յանդուգն ճախրանքներու միտումն ունի, ծիրանեգոյն երանգներու փափկաճաշակութեամբը։ Հասնելու համար մինչեւ Գողթան երգերուն դիւցազներգական շեշտը, ի՞նչպէս հնարաւոր ըլլար մերժել՝ նպաստաւոր ենթադրութիւններ՝ նկատմամբ զուտ կրօնական միսթիկական ոգիին արտայայտութիւնը եղող բնապաշտ բնութենապաշտ բանաստեղծութեան մը, որուն այնքա՜ն յատկանշական ցոյլքն է որ, դարեր ու դարեր ետքը, շարականներուն լուսաւոր շողշողանքին ընդմէջէն պիտի ծիածանուի։ Երկիրը, իր բազմերես, բազմաձեւ կերպարանութեան մտահար ընդդիմակութիւններով, իր ջրաբանական հանգամանքներով, բնական տեսարաններուն անհերքելի ճոխ գեղեցկութեամբը, ի հարկէ նպաստած էր բնապաշտ բանաստեղծական ներշնչումի մը բոլոր յորդ եղանակաւորումներուն։

Վերջին պահուն, ահագին, թանձրազանգուած դարերու անյաղթելի կուտակումին վրայէն խիզախ ոստում մը կը փորձէ միտքը, փոխադրուելու համար դէպի նախնական օրերը մեր մանուկ քաղաքակրթութեան։ Գիտութիւնը՝ երկրորդուած՝ համադրական մտքի մը լուսաւոր յայտնատեսութեամբը՝ կը ներկայացնէ մեզի այդ փոքրիկ՝ այլ հոգիով մեծ ժողովուրդը, խիզախ, յանդուգն, ինքնուրոյն, հպարտ, ունենալով իր փառասիրութիւններն ու իտէալը։ Չորս կողմէն յարձակում կրած վիթխարի քաղաքակրթութիւններու յորդումներէն, միշտ սպառնացուած՝ հսկայ մակընթացութիւններու քանդումներէն, զարմանալի, հրաշալի, պատկառելի է անհատական զգացումին տարապայման զարգացումը՝ այդ պզտիկ ցեղին մէջ, որուն շնորհիւ, ինքը, կորուստի անդունդին վրայ, լերկ ժայռի մը կառչած բազէ, իր ակնարկին ներքեւէն անցնիլը տեսաւ բազմաթիւ քաղաքակրթութիւններու ուրուականներուն։ Այս ճշմարտութիւնը ըմբռնելու համար՝ շլմորած տոհմասիրութեան մը պէտք չկայ, այլ զայն արհամարհելու համար, ճաղատ բանասէրներու եւ իսկատպութեան դեւէն բռնուած հնախօսներու մտքի տափակութիւնը երբեմն պայման է։

Ու, վերստին, բանասէրը ստիպուած կը գտնէ ինքզինք միշտ անդարմանելի դառնութեամբ մը փակել՝ հայ հեթանոսութեան այս թելադրող այլ անողոքօրէն ապերախտ էջը։