Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Հայ հեթանոսութիւնը այսպէս նկատողութեան առնելով, երբէք եզրակացուցած չենք ըլլար անոր մեծութիւնը, ընդարձակութիւնը, ճոխութիւնը՝ համեմատութեամբ իր դրացի ժողովուրդներունին։ Ինչ որ կ՚ուզէի մատնանշել, ու ինչ որ պիտի շարունակէի դեռ ջանալ մատնանշելու, սա՛ է թէ՝ Հայ Միտքը, դարերու ընթացքին մէջ բացարձակ ստրուկ հետեւակութեան մը մեղադրանքներուն միայն չարժանացաւ։ Քանակական տարողութենէ աւելի՝ որակական նշանակութեամբ կրնանք պիտակել զինքը։ Մեր ապացուցումի տենջանքներուն՝ լիովին բաւարարութիւն կուտան հաստատումը իր բազմաճիւղ ճկուն ընդունակութիւններուն որոնք կրնան մթնցած ըլլալ պատմական պիտանութիւններու աղջամուղջին մէջ։

Հասնելով Հայոց գրաւոր գրականութեան թուականներուն, միեւնոյն բանը պիտի նշանակենք։

Ոսկեդարը, սխալ դատողութեան մը համեմատ միայն Հայ Մտքին առաւօտը նկատուած ըլլալու է։ Դիտողութիւնը թոյլ չի տար միամտօրէն կարծելու թէ, ոսկեղէն դարու բացարձակապէս կատարեալ ու բնաշրջութեան յետսագոյն հանգրուանները հասած լեզուն իր ետին ունեցած չըլլայ արդէն երկար ատենէ ի վեր զարգացական ուշագրաւ աստիճանաւորումներ։ Մէկ կողմ թողնէինք նոյն իսկ Գողթան Երգեր ու լեզուն, որ արդէն այնքա՜ն կատարեալ, ա՜յնքան նրբաճաշակ գեղեցկագիտութեամբ լեզու մըն է, նկատելով որ անոնց հնութեան աստիճանները դեռ չեն ճշտուած։ Ոսկեդարը, ինչպէս արդէն նկատած են բանասէրները, թերեւս աւելի լեզուական զարգացման շրջան մը կամ մտաւորական բողբոջման արշալոյս մըն է։ Չպիտի կրնանք բնաւ ըսել թէ մեր ցեղին ինքնուրոյնութեան ամենէն յատկանշական շրջանին սկզբնաւորութիւնն է ան։ Ինչ որ ընկերաբանօրէն անկումի երեւոյթ մը նկատուած է պատմութեան մէջ, անհնար է ընդունելի համարել իբրեւ զարգացման դարագլուխ։ Քրիստոնէութիւնը եկաւ, մեծագոյն հարուածը տալով ցեղին սկզբնական նկարագրին։ Ամբողջ քանդում մը, կործանում մըն էր ան, որուն կը վկայէ պատմութիւնը բացորոշ կերպով։ Հեթանոսական կեանքը, իր բոլոր հանգամանքներով, իր սարօքը, եւ քրիստոնէական աշխարհը, իրարու ծուռ կը նայէին, իրարու կռնակ դարձուցած էին, անվկանդ ատելութեան մը սարսափին ենթարկելով զիրար։ Պայքարը երկար չտեւեց. յաղթութիւնը՝ անկումի տխուր ու ժխտական կրօնքին կը վիճակէր իրերու մէկ անխորտակելի ճակատագրականութեամբը։ Տրդատի մը հռովմէական կորովն իսկ՝ պիտի խամրէր հոգեկան անարիւնութեան եւ աղցաւոր ջղայնութեան մը տխուր վախճանին մէջ։ Եւ խոնարհումը այս հեթանոսական ուժի հսկային, Անակի զաւկին անուշ ու փաղաքուշ խօսքերուն թունաւոր հրապոյրին տակ, խորհրդանշական երեւոյթ մըն է։ Տրդատ եւ Գրիգոր՝ իրենց անձերուն մէջ կը խորհրդանշեն հեթանոս հայութիւնը եւ քրիստոնեայ հայութիւնը։

Քրիստոնէութիւնը, ազգերու անհատական նկարագիրը համահաւասար մակերեւոյթի վերածող այդ համաշխարհային կրօնքը, իրեն ետեւէն բնականաբար պիտի քաշքշէր համաշխարհային մտքի մը բոլոր երեւոյթը։ Տոհմին հաւաքական իմացականութիւնը, տոհմին ոգին, ինչպէս նաեւ իր գրականութիւնը, ուժով ու հարուածող ազդեցութիւնը պիտի կրէին նոր կրօնքին։ Ու այդ արտաքին ազդեցութիւնը պիտի գար այն կեդրոններէն՝ ուր աւելի ընդարձակ եւ աւելի բեղուն հողի վրայ կրցած էր ուռճանալ Աւետարանին խօսքը, Աթէնք, Հռոմ, Աղեքսանդրիա, Բիւզանդիոն, ուր ղրկուեցան՝ զարգանալու համար՝ մտքի լոյսը մեր մէջ տարածելու կոչուած անձերը։

Քրիստոնէական Դ. Ե. Զ. դարերը, մարդկային ազգի քաղաքական ու մտաւորական պատմութեան ամենէն խառնակ շրջաններէն մէկին կը համապատասխանեն։ Յունաստան շատոնց կորուսած էր իր ինքնութիւնը. Հռոմ, յունա-լատին խառնուրդի մը ճոխ լուսարձակութիւններուն վերջալոյսին հասած, բարքերու կազմալուծման եւ մտքի երբեմի առոյգ թռիչքներուն երկրաքարշութեան մէջ կը մթննար։ «Պատմութեան այս միջավայրը ուր կը հասնինք՝ Գ. եւ Դ. դարերու ատեններն է, Աղեքսանդրիոյ եւ Հռոմի մեծութեանց իյնելու միջոցին։ Ա՛լ Յունաստան իր փառաւորութիւնը չունի. Ատտիկեան գրականութիւնը դեղնած՝ Պլուտարքոսէ ի վեր իսկ իր նախկին պայծառութիւնը կը կորսնցնէ, Աղեքսանդրիա եւ Պաղեստին՝ մ էթաֆիզիք ուսումնասիրութեան մը ախտերուն մէջ կը տառապին, անթիւ կրօնային աղանդներու ծնունդ տալով։ Բլօթէն, Պորփիւր, Եամպլիկ, Բրօքլիւզ՝ միսթիք աստուածաբանութիւն մը մշակած էին Նորա-Պղատոնեան տեսիլներով» [1] ։

Ահա՛ այս տեսակ պատրաստութեամբ հողի մը վրայ էր որ մտաւորական աշխարհին մէջ պիտի գար տիրապետել Բանին թունաւոր ու ժխտական հմայքը։ Ու իմացական գործունէութեան իբրեւ ամբողջ արտայայտութիւն, աստուածաբանական դժուարութիւնները պիտի կնճռոտէին բնազանցական նրբամոլութիւններու մէջ, իբրեւ գրական արուեստի գործ մէջտեղ դնելով քրիստոնէական պերճախօսութեան մը փայլուն սնոտիքը։

Ահաւասիկ թէ ո՛րպիսի հանգամանքներով մտաւորականութիւն մը իր ազդեցութիւնը պիտի բանեցնէր հայ հանճարին վրայ։ Ու հոն, այդ սահմաններուն մէջ, դարձեալ Պրոյերիոս մը, Դաւիթ Անյաղթ մը երկուքն ալ ոչ կրօնականներ ըստ իս, բաւական պիտի ըլլային վկայելու՝ ի մասին իրենց պատկանած ցեղին իմացական ընդունակութիւններուն։

Բայց ինչ որ ուժգին կերպով հարկ է ստորագծել ի նպաստ Ե. դարու գրական գործունէութեան, բաց ի քանի մը ստուգիւ յիշատակութեան արժանի ինքնատիպ գործերէ Խորենացի, Եղիշէ, ապահովապէս թարգմանական գործերն են անոնք, որոնց գլուխը, յաւիտենական գիրքը, Աստուածաշունչ ը։ Լաւ ու անկաշկանդ մտքով ուսումնասիրուած՝ թարգմանութեան գործը շատ բան պիտի կրնայ ըսել նորէն ի պատիւ հայ մտքին ճկուն ընդունակութիւններուն։ Հոն պիտի ստուգենք բարձր աստիճանով իւրացումի կարողութիւն մը, հանդէպ օտար մտքին ամենէն գեղեցիկ, ամենէն բարձրօրէն ազնուական յատկութիւններուն։ Այդ կարողութիւնը՝ իր աղբիւրն ունի նոյն իսկ ցեղին ընդածին խառնուածքին մէջ, այլապէս՝ անհնար պիտի համարէինք այդքան կատարեալ ու անթերի իրագործում մը։ Վասն զի իր սեփական ստացուածքն էր հրաշալի գործիքը, լեզուն, գերազանցապէս ճապուկ, ունենալով յարմարումի բոլոր ընդունակութիւնները նրբօրէն գեղեցիկ ու քմահաճօրէն պչրոտ, նազոտ, երաժշտական։

Յետոյ, միանգամ գիրկը ինկած անձնուրացութեան կրօնին, ուսում եւ մտաւորական զբաղում դարձած՝ բացարձակ մենաշնորհը վանքերու խոնաւ մթնոլորտին, ա՜լ ճակատագրական էր որ Հայ Միտքը չկարենա՜ր փորձել ձերբազատութեան որ եւ է շարժում՝ եկեղեցական ոգիին սահմաններէն դուրս։

Յաջորդող դարերն ալ, ուրիշ բան չպիտի կրնան ըլլալ այլեւս, բայց եթէ շարունակութիւնը Ե. րդին, տեղատուութեան մը ու մակընթացութեան մը յաջորդական բարձրացումներուն ու խոնարհումներուն մէջ տատանելով։

 

«Ձայն հայրենեաց», 1909, 7-20 Մայիս, թիւ 29,

1909, 23-5 Նոյեմբեր, թիւ 3 (53)։



[1]            «Մեթոդի վրայ» (Կոստանդեան), էջ 41։