Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Հայերը, Թուրքիոյ սահմանադրութեան սեմին վրայ, դառնագոյն ու արիւնլուայ փորձառնութեամբ մը անգամ մը եւս համոզուեցան թէ տակաւին ներելի չէր իրենց՝ ազատութեան կենդանարար գաղափարին խտացուցած քաղաքական ու ընկերային կեանքի մը համարձակ հոգեբանութիւնն ապրիլ անխափան՝ այնպիսի երկրի մը մէջ, որ տակաւին շէրիաթ կը հոտի, ու արիւն կը մխայ, եւ որուն մթնոլորտը լեցուն է խաւարի ոգիներով։

Ատանայի հարուածը՝ անբուժելի խոց մը բացաւ ցեղին սրտին վրայ։ Ու Հայը, յանուն արդարութեան, իր սրտմտութիւնը փորձեց. անօգո՜ւտ էր։ Ու Հայը՝ իր բողոքի արցունքոտ ձայնը փորձեց, վերստի՜ն անօգուտ։ Ու Հայը իր դառն աղաչանքը փորձեց՝ եւ մի՜շտ անօգուտ։ Բոլորը՝ պողպատէ ժայռին դէմ նետուած ապակեայ սնամէջ գնդակներու նման փշրուեցան։

Եւ քանի որ ապրելու որոշումը տուած էր ըստ իր ցեղային ժառանգական բնազդին, անդրադարձաւ այն պայմաններուն՝ որք տակաւին սա երկրին մէջ հնարաւոր պիտի դարձնէին այդ հեգնօրէն խանդավառող մղումը կենդանի պահելու։

Քրիստոնեայ Եւրոպայէն յոյս չկա՜ր։ Մարդասիրութիւնը թուղթէ շքեղ աշտարակ մըն էր, որ անձնական շահի տարամերժ նկատողութեան առջեւ կը խորտակուէր, ծիծաղելի ու տղայական փառքով մը։ Մարդասիրութի՞ւն. Յիմարական խօսք մը, գրքունակ առաքինութեանց վերացական ու սնամէջ դասակարգէն։ Ասպետական դարերու մարդկութիւնը՝ ծիծաղելի այլ վսեմ Տօն-Քիշօթին հետ գերեզման մտած էր։ Դրդուած՝ զուտ բարոյական գոհունակութեան ազնուագոյն ազդակէ մը, Հայուն օգնութեան ձե՞ռք կարկառել. փրկե՞լ բարբարոսին արիւնլուայ ճիրաններուն տակ մնացող այս պզտիկ՝ այլ իր դարաւոր մարտիրոսութեան մէջ վեհացած եւ տակաւին քաղաքակրթութեան համար հոգի տուող դժբախտ ազգը՝ յամր ու եղերական ոչնչացման մը նախատինքէն. Չէ՛, ատիկա չէր կրնար ընել շահապաշտ ու նենգամիտ պաշտօնական Եւրոպան, եւ օր մը զգացինք թէ իր երբեմնակի լացած բոզի արցունքները, թափուած՝ Հայուն վիրաւոր արժանապատուութեան վրայ, անոր կսկիծը կ՚աւելցնէին, իրենց կեղծաւորութեան ծաղրալից թոյնովը։ Բարոյական մուրացկանութիւնը, որուն զիջաւ Հայը, երկարատեւ քաղաքական պատրանքի մը ժամանակամիջոցին կ՚զգանք թէ այսօր խորապէս նուաստացուցած է զինքը, եւ իր ցաւին մեծ մինակութեան հմայքէն՝ կարծես թէ բան մը խլած։

Ու բնաւ յոյս չկար նաեւ Հայուն համար, իր սեփական թուական արժէքէն, իր պաշտպանողական ուժէն։ Հայութիւնը հալածանքէն ցրուած, հայութիւնը՝ կորովաթափ եւ ուժասպառ, հայութիւնը՝ անտիրական, ի՞նչ կրնար ընել գազաններու բանակներուն միազանգուած գրոհին դէմ։ Իր իմացականութեան ազնիւ զօրութիւնն անկարող էր բարբարոս բրտութեան անմիջական սպառնալիքին առջեւ, ու վերջապէս ստիպուեցաւ հասկնալու թէ՝ անզէն ու անապաւէն, գիշատիչ գազանին հետ կատակ չէր ըլլար։ Ու վերջապէս հասկցաւ թէ՝ այդպիսի յիմար կատակ մը զարհուրելի ու անդարմանելի բան մը կրնար արժել իր ճակատագրին համար։ Եւ այսօր, կարծես թէ կ՚ընտրէ անզօր խոհեմութեան ճամբան, որ նուաստութեան տխուր ճամբան է քիչ մը, երբ չի կրնար ըլլալ յաղթութեան պանծալի ճամբան։ Անկարող իմաստութեան նսե՜մ ճամբան։ Որքա՛ն ցաւագին ու վիրաւորուած հպարտութիւն կայ այդ նախատաբոյր ճամբուն մէջ։

Ազգային կեանքին վերջին իրադարձութիւնները, բոլոր ալ, այս հոգեբանական բնաշրջութեան նշանները ցոյց կուտան։ Վերստին ինքզինքիս կ՚ուզենք վստահիլ Ժէօն-Թիւրքերու այն սակաւաթիւ հատուածին, որ ինքզինքը կը յայտարարէ լիովին սահմանադրական, եւ որ կրցաւ ինքզինքը վտանգել, սահմանադրութիւնը փրկելու համար յետադարձ բռնակալութեան ճիրաններէն։

Կարծես թէ ըսել ուզէինք որ՝ նորէն չը ջարդէին զմեզ, եւ ասիկա բաւական պիտի ըլլար առ այժմ։ Մնա՞ց ուրիշ բան մը, որ կարելի ըլլար ըսել տակաւին։ Ո՞ր քարերուն զարնելու էր այս յիմարացած գլուխները։

Բայց պիտի չը ջարդե՞ն։ Ինքնավստահ երաշխաւորութիւն մը տուող կա՞յ ատոր։ Երիտասարդ Թուրք կառավարութիւնը իր Մեծ-Եպարքոսին բերնով, կը պատասխանէ Հայոց Պատրիարքին թէ կարելին պիտի գործադրէ բոլոր այն առաջարկութեանց՝ որք պիտի գան Պատրիարքարանէն, իսկ անկարելիին համար որեւէ խոստում չի տար։ Կարելիութեանց ու անկարելիութեանց դատանիշը որի՞ն ձեռքն է արդեօք։ Արդարութիւնը, բացարձակ, զուտ, տրամաբանական, հնարաւորութիւն ունի՞ մեր անուշ երկինքներուն տակ։ Եւ մենք արդարութենէ զատ ի՞նչ պահանջ կրնայինք դնել կառավարութեան առաջ։ Ինչ որ կայ անորոշ, ընդհանուր, օձապտոյտ՝ դիւանագիտական բարբառին մէջ, դառնօրէն կը տրտմեցնէ զիս։

Արդարութիւնը, ո՛չ թէ հայուն համար, ո՛չ թէ թուրքին համար, ո՛չ թէ քիւրտին համար, ո՛չ թէ յոյնին համար, ո՛չ թէ պուլկարին համար, ո՛չ թէ հրեային համար, ո՛չ թէ առնաւուտին համար, ո՛չ թէ արաբին համար, այլ՝ որեւէ զգացումէ, որեւէ կիրքէ, որեւէ հաշիւէ դուրս, անխտրական ու բացարձակ, Արդարութիւնը՝ Արդարութեան համար։ Ահա՛ թէ ի՛նչ կ՚ուզէ հայը. ահա՛ թէ ինչ պիտի կրնային ուզել բոլոր անոնք՝ որ անկեղծ շահ մը կը փնտռեն այս երկիրը՝ քաղաքակրթութեան բարի ճամբուն վրայ տեսնելուն մէջ։

Երիտասարդ Թուրքիան՝ որեւէ ներքին կամ արտաքին արգելքով, որեւէ միակողմանի նկատողութիւնով, կամ որեւէ պատրուակով, անկարելի՞ կը խոստովանի արդարութեան գործադրումը՝ իր այդ զուտ եւ անկախ ձեւին ներքեւ։ Եթէ այո՝ ուրեմն պէտք է յուսահատիլ իր մասին։

Ինչ որ ալ ըլլայ ապագայի անակնկալը, սպասելով անոր, հայուն համար ճամբայ մը կայ, լաւագոյնը թերեւս բոլորին. Ճշմարիտ խոհեմութեան ճամբան, որ չըլլայ այս անգամ փտած ուղեղներու քարոզած ստրկութեան ու վատութեան նուաստ ճամբան, այլ՝ ճամբա՛ն կենսաւէտ ինքնապահպան արիութեան, ինքնամփոփ, վերապահ եւ անշշուկ գործունէութեան առանց յիմար ցուցամոլութիւններու, առանց անգիտակից, դիւրաբորբոք, տղայական, ունայնամիտ եւ ըստ ամենայնի առ այժմ վնասակար խանդավառումներու։

Հայութեան գիտակցութիւնը մօ՞տ է գտած ըլլալու այդ ճամբան, որ եթէ անվրէպ փրկութեան ճամբան չէ, այլ՝ ստուգիւ ճամբան է ճշմարիտ հեռատես արիութեան…։

Կը տարակուսի՜մ։

 

«Ձայն Հայրենեաց», 12-25 Փետրուար 1910, թիւ 17 (67)