Հայ
ընթերցողներ
իրենց
կարգին
գաղափար
մը
ունեցան
graphologieի,
այսինքն՝
գրին
ուսումնասիրութեամբ
մարդու
մը
նկարագիրը
սահմանելու
գիտութեան
վրայ,
(Բիւզանդիոն,
թիւ
2817
եւ
2838)։
Կրաֆօլօժի
ն՝
Եւրոպայի
մէջ
տաք
այժմէութեամբ
ուսում
մը
դարձած
է
այսօր։
Բազմաթիւ
լուրջ
խուզարկուներ,
իրենց
հետաքրքրութեան
եւ
հետապնդման
արժանի
նկատած
են
զայն։
Բարիզի
մէջ
ընկերութիւն
մը
կայ՝
իր
թերթով.
Միւնիխ
ունի
իր
graphologique
ընկերակցութիւնը
եւ
իր
օրկանը.
չեն
պակսիր
նաեւ
զանազան
հրատարակութիւններ,
ուր
կրաֆօլօժի
ն՝
փոխն
ի
փոխ
զննական
գիտութեանց
եւ
գուշակական
արուեստներու
իբրեւ
ժառանգութիւն,
հետաքրքիրներու
միտքը
կ՚զբաղեցնէ։
Ասոնց
ամէնը
բաւական
չէ
սակայն,
որպէսզի
պաշտօնական
գիտութիւն
ը
վճռական
կարեւորութիւն
մը
տուած
ըլլայ
կրաֆօլօժի
ին։
Նոյն
իսկ
այդ
բանին
համար
բաւական
եղած
չէ
Քռէփիէօ-
Ժամէնի
պատուական
խոշոր
հատորը,
Գիրը
եւ
նկարագիրը
(l’Ecriture
et
le
caractère)
հրատարակուած
էլիքս
Ալքանի
«
Ժամանակակից
Իմաստասիրութեան
Մատենաշար
ին»
(Bibliothèque
de
philosophie
contemporaine)
մէջ
դասակարգուած՝
Ֆույյէներու,
Կիւյյօներու,
Սբէնսըրներու,
Ռընուվիէներու,
Ռիպօներու
երկասիրութեանց
շարքին
վրայ։
Պաշտօնական
գիտութիւնը
Թովմաս
առաքեալի
հովանաւորութեան
ներքեւ
կը
բարգաւաճի։
Երանի՜
իրեն։
Իր
արժանիքը
բացարձակ
չէ
սակայն։
Առանց
Թովմաս
առաքեալի
մը
վկայութեան
ալ
Քրիստոս
յարութիւն
առած
ըլլալէ
չպիտի
դադրէր։
Սա
կայ
որ,
ճշմարտութիւնը
այլեւս
ընդհանրացած,
ես
պիտի
ըսէի՝
նոյն
իսկ
ռամկացած
կ՚ըլլայ։
Իրապէս,
սակայն,
գիւտին
հեղինակութեան
պատիւը՝
յայտնատեսութեան
(intuition)է
Միտքը,
հրաշալի
ճկունութեամբ
մը,
կը
գլէ
կ՚անցնի
բոլոր
պատուարները,
կը
ճեղքէ
բոլոր
մթութիւնները,
կը
նուաճէ
բոլոր
անստուգութիւնները,
գտնելու
համար
ճշմարտութեան
կայծը,
պահուըտած՝
անծանօթին
մութ
ծալքերուն
տակ,
խաւարին
անթափանցելի
խորշերուն
մէջ։
Հանճարի
այս
խիզախ
ոստումներուն
մէջ,
վրիպանքը
հազուադէպ
չէ
անշուշտ։
Բայց
ինչ
որ
ալ
ըլլայ,
գիւտը,
ստեղծագործութիւնը՝
յայտնատեսութեան
գործն
է։
Պաշտօնական
եւ
ակադեմական
գիտութիւնը
իր
լուրջ,
ինքնավստահ
եւ
քիչ
մը
յաւակնոտ
դանդաղութեան
մէջ,
առաւելապէս
հետեւակ
է։
Պարզապէս
ինք
իրեն
պաշտօն
տուած
է
յայտնատեսութեան
հաստատաբանութիւններուն
թուաբանական
կամ
մաթեմաթիքական
արժէք
մը
սահմանելու։
Գիւտերու
պատմութիւնը՝
հրաշալի
էջ
մըն
է
նոյն
բանը
հաստատող։
Արքիմէդէս՝
ծանրութեան
կարեւոր
օրէնքներէն
մին
գտաւ՝
բաղնիքը
լուացուած
ատեն.
ո՞վ
չի
գիտեր
Էվրէքա՜
ին
պատմութիւնը։
Տիեզերական
ձգողութեան
օրէնքը
փտած
խնձորի
մը
անկումով
լուսաւորուեցաւ
Նիւթընի
մտքին
մէջ.
Ֆրանքլին
շանթարգելը
գտաւ՝
թռուցիկ
թռցուցած
պահուն,
եւ
այլն։
Ամէնքն
ալ,
մաթեմաթիկոսներ,
գիտուններ,
փիլիսոփաներ
ըլլալէ
առաջ,
յայտնատեսական
մտքեր,
intuitifներ
էին։
Լոյսը
մտքին
մէջ,
շանթի
հարուածներով,
փայլակի
շողիւններով
յայտնուած
է,
վայրկեան
մը,
երկվայրկեան
մը
խաւարաթափ
ընելով
ծածուկ
ճշմարտութիւնը,
յետոյ
հաշիւը,
փորձարկութիւնը,
համբերատար
եւ
երկայնամիտ
աշխատութիւններով
եկած
են
հակակշռել
յայտնատեսութեան
գործը։
Արդ,
պաշտօնական
գիտութիւնը
խիստ
հակակշռի
մը
ենթարկեց
նաեւ
վերջերս՝
graphologieն։
Այդ
աշխատութեան
յատկացուած
է
ահա
Սօրպօնի
բնախօսական
հոգեբանութեան
աշխատանոցի
տնօրէնին,
Ալֆրէտ
Պինէի՝
Գրին
Յայտնութիւնները
(Les
Révélations
de
l'Ecriture)
անուն
խիստ
շահեկան
գործը։
Ալֆրէտ
Պինէ
խստապահանջ
միտք
մըն
է։
Իր
խուզարկութիւններուն
մէջ
երբէք
կանխակալ
կարծիք
չուզեր
դնել։
Կ՚ըսէ
թէ
ո՛չ
համակրութիւններ
ունի
ոչ
հակակրութիւններ։
Չէզոք
հետաքրքիր
մը,
անկարեկիր
համարառու
մը,
բծախնդիր,
ճշմարտախնդիր
եւ
վերջին
աստիճան
անկեղծ
ու
անկողմնակալ
կը
ներկայացնէ
ինքզինքը։
Ատոր
համար՝
իր
ընտրած
աշխատութեան
մեթոտը
կարելի
եղածին
չափ
խիստ,
շրջահայեաց,
համբերատար
եւ
բացարձակօրէն
փորձառական
է։
Իր
այս
խուզարկութեան
մէջ,
կիրառութեամբը
այդ
միեւնոյն
խիստ
ու
դժուարապահանջ
մեթոտին,
թէեւ
աշխատած
է
սահմանել
կրաֆօլօժի
ի
գրական
արժէքը,
բայց
ինք,
որ,
ընդհանուր
առմամբ,
չէզօք
խուզարկու
մըն
էր,
խնդիրը
լուծած
աւարտած
ըլլալու
յաւակնութիւնը
չունի
նորէն։
Իր
գլխաւոր
նպատակն
է
եղած,
իր
յայտարարութեամբն
իսկ,
աւելի
«ցոյց
տալ
այն
ընթացքը՝
որուն
պէտք
է
հետեւիլ
ապացուցական
մեթոտները
բարոյական
երեւոյթներուն
հարկադիր
ընելու
համար»։
Հասկնալի
է
թէ
խնդիրը
որքա՜ն
փափուկ
է։
Բարոյական
երեւոյթները
հակակշռի՛
ենթարկել։
Օրինակի
համար.
կա՞յ
աւելի
խուսափուկ,
աւելի
կնճռոտ
ու
մանուածապատ
բան
քան
մարդկային
հոգին,
մարդկային
նկարագիրը։
Ո՞րն
է
ապահովագոյն
դատանիշը,
criteriumը
անհատականութեան
մը
իմացական
ու
բարոյական
ամբողջութեան
հանգամանքներուն
սահմանման։
Մանաւանդ
թէ,
կա՞յ
աւելի
անսահմանելի,
աւելի
անորոշ
բան
քան
բարոյականը,
նկարագրի
մը
մէջ։
Հոս
այլեւս
փիլիսոփայական
հայեցողութիւններու
սահմանէն
դուրս
կ՚ելնենք,
կամ
այն
վերնագաւառներէն
վար
կ՚իջնենք,
իրականութեան
մէջ,
շօշափելի,
անմիջական,
տեսանելի՛
իրականութեան
մէջ։
Մարդ
մը
քանի՞
ձեւով,
քանի՞
պատճառներով,
քանի՞
աստիճաններով
եսասէր,
անձնուէր,
բարի
կամ
չար
կ՚ըլլայ։
Որքա՜ն
առաձգականութիւն
կայ
այս
խնդիրներուն
մէջ։
Կը
բաւէ՞,
մէկուն
համար,
որուն
խնդիր
է
սահմանել
բարոյական
նկարագիրը,
ըսել
թէ
լաւ
կամ
բարի,
չար
կամ
վատ
մարդ
մըն
է,
կտրուկ
կերպով։
Յիրաւի՛
փափուկ,
դժուարին,
կնճռոտ
խնդիր։
Ի
հարկէ,
յօդուածի
մը
մէջ
կարելի
չէ
համառօտել
Ալֆրէտ
Պինէի
գործը։
Բայց
պիտի
ջանամ
ամփոփ
գաղափար
մը
տալ
մանաւանդ
այն
կէտերուն
մասին
որք
պիտի
կարենան
ուշագրաւ
բան
մը
ըսել
ի
նպաստ
կրաֆօլօժի
ի,
ի
վեր
հանելով
ճշմարտութեան
առաւելակշիռ
բաժինը՝
այս
նորածին
եւ
կրայոյզ
գիտութեան
մէջ։
Ալֆրէտ
Պինէ՝
աստիճանական
վերելակում
մը
ըրած
է
գրին
յայտնութիւններուն
դժուարին
սանդուղին
վրայ։
Այսպէս,
նախ՝
ջանացած
է
հակակշռել
գրին
սէռ
ը,
յետոյ՝
գրին
տարիք
ը,
յետոյ
քիչ
մը
աւելի
հեռուն,
իմացականութիւնը
գրին
մէջ,
եւ
վերջապէս
համադրութիւնն
իսկ
մարդկային
անհատականութեան,
նկարագիրը
գրին
մէջ
։
Իր
խուզարկութիւններուն,
զորս
առաջ
տարած
է
գիտունի
մը
եւ
հոգեբանի
մը
իմաստութեամբ
ու
շրջահայեցութեամբ,
աշխատակից
ընտրած
է
ժամանակիս
լաւագոյն
կրաֆօլօկ
ները՝
իրենց
գլուխը
ըլլալով
Քրէփիէօ-Ժամէն։
Ալֆրէտ
Պինէ
իր
եզրակացութիւնները
հիմնած
է
առ
հարիւր
համեմատութեան
(pourcentage)
տուած
արդիւնքներուն
վրայ,
եւ
այսպէսով
անոնց
ջանացած
է
տալ
գիտական
նշանակութիւն
մը,
ուրկէ
կը
ցայտեն
ճշմարտութեան
ու
վրէպին
համեմատական
բաժինները։
Համառօտակի
աչքէ
անցնենք
իր
վարած
աշխատութիւնները։
«Կարելի՞
է
գրի
մը
քննութեամբ,
զայն
գրողին
սեռը
ճանչնալ»։
Ասիկա
ամէնէն
դիւրին
կերպով
հակակշռելի
մասն
է
կրաֆօլօժի
ի
տուած
ընձեռումներուն։
Հոս
հոգեբանական
կնճիռներ
գոյութիւն
չունին։
Եթէ
ձեռք
բերուած
ճիշդ
գնահատումներուն
արդիւնքը
աւելի
կարեւոր
ըլլայ
քան
հաւանականութեանց
հաշիւին
տուած
արդիւնքը,
որ
ի
հարկէ
50%
կը
հաշուուի,
պէտք
է
ընդունիլ
որ
կրաֆօլօժին
ցնորք
մը
չէ։
Ի՞նչպիսի
հաստատագիրներ
(document)
ընտրել՝
ո
եւ
է
անտեղութեանց
առաջքը
առնելու
համար։
Պ.
Պինէ
հաւաքած
եւ
զանոնք
զանազան
ձեւերու
տակ
կրաֆօլօկ
ներու
քննութեան
ենթարկած
է
180
հատ
նամակի
պահարաններ,
ամենքն
ալ
թղթատունէն
անցած։
Հարկս
հասարակաց
պատիւս
արժանաւորաց
։
Պ.
Քրէփիէօ-Ժամէնի
տուած
արդիւնքն
է՝
180
պահարանի
վրայ
141
ճիշտ
լուծում,
այսինքն
78,
8%,
որ
կը
նշանակէ
շատ
գեղեցիկ
արդիւնք
մը։
Պ.
Էլուա,
որ
պատեհութիւն
ունեցած
է
քննելու
միայն
103
պահարաններ,
տուած
է
ճիշդ
լուծումներու
75%
համեմատութիւն
մը։
Զանց
կ՚ընենք
ուրիշ
բազմաթիւ
մանրամասնութիւններ,
որք
կուգան
զօրացնել
կրաֆօլօժիի
ի
նպաստ
ձեռք
բերուած
արդիւնքները։
Գանք
Գրի
Տարիք
ին։
Իրաւ
է
թէ
կրաֆօլօկ
ները
մեծ
կարեւորութիւն
չեն
տար
այս
երկրորդական
կէտերուն։
Սեռին
ու
տարիքին
նշանակութիւնները
իբրեւ
խնդիր՝
ինքնին
իսկ
մեծ
նշանակութիւն
չունին
ներկայ
պարագային
մէջ։
Կրաֆօլօկ
ներու
յաւակնութիւնները
աւելի
մեծ
են։
Բայց
Պինէ
զանց
չէ
ըրած
հետաքրքրուիլ
նաեւ
գրին
սեռովն
ու
տարիքովը։
Տարիքի
սահմանումին
մէջ
նկատելի
կէտ
մը
կայ
սակայն։
Բացարձակ
ճշգրտութիւն
մը
պահանջելի
չի
կրնար
ըլլալ
հոն,
ինչպէս
է
զոր
օրինակ
սեռի
ճանաչողութեան
մէջ։
Այս
անգամ
մօտաւորութիւն
մը՝
ճիշտ
լուծումի
հոմանիշ
է։
Խոշոր
տարբերութիւններ,
հեռաւորութիւնները
միայն
վրէպի
կարգ
կրնան
անցնիլ։
Արդ,
Պինէի
փորձերուն
եզրակացութիւնը
վերստին
ի
նպաստ
կրաֆօլօժի
ին
է։
Իր
ձեռք
բերած
արդիւնքին
նայելով,
ճիշտ
լուծումներուն
համեմատութիւնը
գերազանց
է
արկածին
վերագրուած
50%
համեմատութենէն։
«10էն
30
բառ
պարունակող
պահարաններու
վրայ,
ճարտար
կրաֆօլօկ
մը
կարող
եղած
է
տարիքը
սահմանել
(միջին
հաշուով)
10ի
հաւասար
աւելի
կամ
նուազի
տարբերութեամբ
մը
կամ
շեղումով
մը»
ինչ
որ
գոհացուցիչ
արդիւնք
մըն
է
նորէն։
Կարելի՞
է
նաեւ
կշռել
կամ
չափել
իմացականութիւնը։
Ահա՛
պարագայ
մը՝
որ
շատ
աւելի
մեծ,
շատ
աւելի
լուրջ
կարեւորութիւն
ունի։
Կրաֆօլօժի
ի
ընտրելագոյն
յաւակնութիւններէն
մին
է
ան,
եւ
հոն
կարելի
է
իբրեւ
գիտութիւն
իր
զարգացման,
վստահելիութեան
ու
կարեւորութեան
աստիճանները
մասամբ
ճշտել։
Խնդիր
է
արդէն
որ
անկախօրէն
կրաֆօլօժիք
ընձեռումներէ,
անհատներու
իմացական
նկարագրին
ճշգրիտ
սահմանումը,
աստիճանաւորումը,
ամենափափուկ
ու
դժուարին
բան
մըն
է։
Շատ
մը
անտեղութիւններու
առաջքն
առնելու
համար
այս
անգամ
ալ
Ալֆրէտ
Պինէ
բոլոր
կարելի
նախատեսութիւններով,
բոլոր
կարելի
զգուշութիւններով
գործի
ձեռնարկած
է։
Հոս
հարկ
չի
տեսնուիր
մանրամասնել
զանոնք։
Սաչափը
բաւական
է
ըսել
որ
այս
անգամ
աւելի
մեծ
թուով
կրաֆօլօկներուն
աշխատակցութեան
դիմում
եղած
է,
եւ
են՝
Քռէփիէօ-Ժամէն,
Էլուա,
Իւմպէռ,
Վիէ,
Բոլհան,
Տիկնայք
Ֆօռիշօն,
Ունկէռն–Շթայնպէռք
եւ
Տը
Սալպէռք,
որոնց
իւրաքանչիւրը
հեղինակութիւններ
են
կրաֆօլօժի
ի
աշխարհին
մէջ։
Բօլհան՝
պարզ
կրաֆօլօկ
մը
չէ,
փիլիսոփայ
մըն
է,
հեղինակ
բազմաթիւ
իմաստասիրական
եւ
հոգեբանական
լուրջ
գործերու։
Ալֆրէտ
Պինէ
այս
անգամ
երկու
դասակարգի
բաժնած
է
իր
փորձերը։
Նախ՝
իր
փորձագէտներուն
գնահատման
ենթարկած
է
զոյգ
առ
զոյգ
ձեռագրեր,
որոնց
մէջ
պէտք
է
իրարմէ
զատել
ու
պիտակել
իմացական
ամենամեծ
տարբերութիւնները՝
որոնց
գոյութիւնը
ծանուցուած
է
կրաֆօլօկին,
եւ
երկրորդ՝
20
կամ
30
ձեռագրերէ
բաղկացած
խառն
հաւաքածոյի
մը
մէջէն
զատել
իւրաքանչիւր
գրի
իմացական
նշանակութիւնը
եւ
բաժնել
երկու
դասակարգերու,
միջին
եւ
բարձր
իմացականութեանց։
Զոյգերը
կը
բաղկանան
37
զոյգ
ձեռագրերէ,
որոնց
մէջ
իրարու
քով
կը
գտնուին
անծանօթաբար՝
ժամանակիս
ֆռանսական
մեծագոյն
մտքերու
քով,
միջին
կարողութեան
տէր
ուսուցիչներ,
վաճառականներ.
եւ
այլն։
Միւս
կողմէն,
Պինէ
կազմած
է
երկու
հաւաքածոյներ։
Առաջինը
կը
պարունակէ
37
ձեռագրեր,
որոնց
33ը
կը
պատկանին
բարձրագոյն
իմացականութեանց
եւ
4ը՝
շատ
աւելի
համեստ
իմացականութեամբ
անձերու։
Երկրորդ
հաւաքածոն
կը
պարունակէ
միջնակարգ
իմացականութիւններ,
ուսուցիչներ,
ուսուցչուհիներ,
պաշտօնեաներ,
եւ
այլն
որոնց
հետ
գաղտնաբար
կը
բնակակցին
4
մեծ
ուղեղներ,
Թէն,
Ռընան,
Քլոտ
Պէռնառ,
Ալֆոնս
Տոտէ։
Խնդիր
է
թէ
կրաֆօլօկ
ներ
պիտի
կարենա՞ն
զատել
զանոնք,
ու
վեր
առնել
միջակութիւններու
սահմանէն։
Հոս
հնար
չէ
մանրամասնել
բոլոր
կէտերը
խուզարկութեան
մը՝
որ
Պինէի
հատորին
126
էջերը
գրաւած
է։
Սա
միայն
քաղել
կարեւոր
է
իր
եզրակացութենէն
թէ,
«կարելի
է
կրաֆօլօժիի
միջոցաւ
կարդալ
իմացականութիւնը…»։
Իր
եզրակացութեան
հիմը
կամ
ոգին
սա
է
որ,
թէեւ
կարելի
է,
բայց
ոչ
ապահով։
Passible,
mais
non
certain!
le
procédé
graphologique
n’est
pas
infaillible.
բացարձակ
անսխալականութիւն
չկայ
հոն։
«Բոլոր
կրաֆօլօկները
կրնան
խաբուիլ,
երբ
զանոնք
կը
հակակշռենք
պարագաներու
բաւական
երկար
շարքի
մը
վրա։։»
Այս
եզրակացութիւնը
խիստ
է։
Ո՞ւր
է
բացարձակ
անսխալականութիւնը՝
մարդկային
ծանօթութեանց
սահմանին
մէջ։
Վերջապէս
ամեն
բան
թուական
ու
չափական
արժէքի
մը
վերածել
կարելի
չէ
հոն։
Հետոյ,
ի
պաշտպանութիւն
կրաֆօլօժի
ին
կարելի
է
բազմաթիւ
առարկութիւններ
առաջ
քշել։
Նախ՝
documentներու
անբաւականութիւնը։
Պինէի
documentները,
ի
հարկէ
ստիպեալ,
միշտ
սահմանափակ
եղած
են։
Եւ
երկրորդ,
եթէ
ճշմարիտ
է
որ
բժշկութիւն
մը
եւ
բժիշկներ
կան,
ճշմարիտ
է
նաեւ
որ
կրաֆօլօժի
մը
եւ
կրաֆօլօկ
ներ
կան։
Կրաֆօլօժին
տեսականօրէն
շատ
աւելի
կատարեալ
է
քան
որչափ
կրնան
չեղած
ըլլալ
կրաֆօլօկ
ներ,
գիտութեան
ըմբռնումներուն
ճշգրիտ
եւ
բարւոք
կիրառութեան
մէջ։
Յետոյ
նաեւ
պէտք
չէ
յաւակնիլ
թէ
կրաֆօլօժին
աւարտած,
achevée
գիտութիւն
մըն
է։
Մնաց
որ
Պ.
Պինէ
երբէք
չի
հերքեր
այս
կէտերը։
Ինք
կուզէ
սահմանել
արդի
կրաֆօլօժի
ին
կարեւորութեան
կամ
զարգացման
աստիճանը,
եւ
ամէն
խելացի
բծախնդրութիւն
ներելի
կը
նկատէ։
Ալֆրէտ
Պինէ
այնուհետեւ
124
էջերու
մէջ
կ՚ուսումնասիրէ
նկարագիրը՝
գրին
մէջ։
Ապահովաբար
իր
ջանքին
ամէնէն
փափուկ
մասն
է
այս։
Նոյնը
նաեւ՝
կրաֆօլօկներուն
համար։
Գրքին
այս
մասը
կը
բաղկանայ
7
գլուխներէ,
1*.
կրաֆօլօժիգ
կենդանագիրներու
հակակշիռը,
2*.
Փորձ
մը՝
ոճրագործի
գրերու
վրայ,
3*.
Մեթոտի
խնդիրներ,
4*.
Բարութեան
կրաֆօլօժին,
5*.
Մարդասպաններու
հանդիսարան
մը՝
դատուած
իրենց
գրին
համաձայն,
6*.
Չափ՝
անհատական
ճարտարութեան,
7*.
Ընդհանուր
եզրակացութիւն։
Չպիտի
ծանրանամ
իւրաքանչիւր
կէտի
վրայ։
Հակառակ
խնդրին
սաստիկ
շահեկանութեան,
ատիկա
անկարելի
է
յօդուածի
մը
սահմանին
մէջ։
Անոնց
համար
որ
կրաֆօլօժիի
կարեւորութեան
կամ
արժանահաւատութեան
աստիճանով
կը
հետաքրքրուին,
բաւական
է
տեղեկանալ
Պինէի
եզրակացութիւններուն,
որք
հետեւեալներն
են,
համառօտակի։
Ինչպէս
ամենուրեք,
հոս
ալ
ըստ
թրքական
առածին,
իշ
էրպապա՝
շիշ
քէպապա.
tant
vaut
l’homme
tant
vaut
le
métier.
կրաֆօլօժի
ին
արժէքը
կը
սահմանուի՝
միմիայն
զայն
լաւագոյն
կերպով
ներկայացնող
տաղանդին
կարողութեան
համեմատ։
Երկրորդականները,
երրորդական,
չորրորդական
կարողութիւնները
նշանակութիւն
չունին։
Քրէփիէօ-Ժամէն,
նկարագրի
սահմանումին
այս
ամենակնճռոտ
եւ
փափուկ
հարցին
մէջ,
միշտ
աւելի
կամ
նուազ
անգոհացուցիչ
եւ
անբաւական
documentationով
մը,
կրցած
է
73%
յաջողութիւն
ձեռք
բերել
իր
գնահատումներու
մէջ։
«Տեղի
ունեցած
վրէպները,
կ՚եզրակացնէ
Ալֆրէտ
Պինէ,
ոչինչ
ունին
յուսահատեցնող։
Երբէք
պէտք
չէ
յուսահատիլ։
Պէտք
է
փնտռել,
աշխատիլ,
եւ
մանաւանդ՝
աւելի՛
լաւ
աշխատիլ,
աւելի
ապահով
մեթոտներով
չմոռնալ
թէ՝
առանց
զննութեան
եւ
մեթոտաւոր
փորձարկութեան
կարելի
չէ
բան
մը
ձեռք
բերել,
կամ
թէ
մարդ
կը
յանգի
այնպիսի
եզրակացութիւններու,
որոնց
ճշտութիւնը
անկարելի
է
հակակշռել,
եւ
որք
կարելի
կ՚ընեն
վտանգաւոր
պատրանքներ։
Ընդունինք
թէ
նկարագիրի
կրաֆօլօժին
կրնայ
բարւոքիլ,
կատարելագործուիլ,
հաւասարիլ
այն
ճշտութեան՝
որուն
կրցած
է
հասնիլ
արդէն
իմացականութեան
կրաֆօլօժին»։
Վերջապէս
իր
ներկայ
վիճակին
մէջ
կրաֆօլօժի
ն
իրապէս
գոյութիւն
ունեցող
ուսում
մըն
է,
գիտութեան
եւ
արուեստի
խառնուրդ
մը
քանի
որ
անհատական
արժանիքի,
տաղանդի
շատ
մեծ
բաժին
մը
կը
մտնէ
անոր
մէջ,
եւ
որ
դեռ
իր
վերջին
խօսքը
չէ
ըսած,
ինչպէս
են
մարդկային
ծանօթութեան
բիւրաւոր
ճիւղերը։
Անիկա
մեծապէս
կատարելագործելի
է.
արդի
պաշտօնական
գիտութիւնը
տեսակ
մը
վճռական
վաւերացում
տուած
է
անոր
արդէն,
Ալֆրէտ
Պինէի
պէս
հռչակաւոր
հեղինակութեան
մը
վկայութեամբ.
եւ
ոչ
մէկ
վարանում
կրնայ
գոյութիւն
ունենալ
այսուհետեւ
որպէսզի
չկարենանք
պնդել
թէ
կրաֆօլօժին
«ապագայ
ունեցող
արուեստ
մըն
է»
Ալֆրէտ
Պինէի
բառերով
իսկ։
«Արեւելեան
Մամուլ»,
1906,
12
Յուլիս,
թիւ
29,
էջ
704-709