Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԷՄԻԼ ՎԷՌՀԱՌԸՆ

Այսօրուան բոլոր բանաստեղծներուն մէջ, գետակին երկայնքը հակած նարկիսներ, Պ. Վէռհառըն ամենէն նուազ հաճոյակատարն է իր վրայ հիանալ թոյլատրելու մասին։ Բիրտ, բուռն, անճարակ է ան։ Քսան տարիէ ի վեր զբաղուած արտակարգ ու մոգական գործիք մը կերտելու, կը բնակի լեռան մէկ խոռոջին մէջ, մրճահարելով կարմրած երկաթները, շողշողուն՝ կրակին ցոլքերէն, կայծերով լուսապսակուած։ Այսպէս պէտք էր ներկայացնել զինքը, դարբին՝ որ

 

Իբրեւ թէ բանէր պողպատը հոգիներուն,

Կը մրճահարէ ուժգին լեցուն հարուածներով շիղբերն

Անհուն՝ համբերութեան եւ լռութեան։

 

Եթէ գտնեն իր բնակավայրն ու զինքը հարցափորձեն, կը պատասխանէ առակով մը՝ որուն իւրաքանչիւր բառը կը թուի չափուած ու ու կշռուած ըլլալ սալին վրայ, ու, եզրակացնելու համար, ծանր մուրճով ահագին հարուած մը կուտայ։

Երբ իր դարբնոցարանին մէջ չաշխատիր, կ՚առնէ կը քալէ դէպի դաշտերը, գլխաբաց ու բազուկները սոթտած, ու ֆլամմանտ դաշտերը անոր կ՚ըսեն այն գաղտնիքները զոր տակաւին ոչ ոքի չեն ըսած։ Կը տեսնէ հրաշքով լեցուն իրերը, ու չի զարմանար. անոր առջեւէն կ՚անցնին եզական էակներ, էակներ՝ զոր ամէն մարդ կ՚արմկահարէ՝ առանց գիտնալու, միմիայն իրեն համար տեսանելի։ Անիկա հանդիպած է Նոյեմբերի հովին։

 

Վայրագ հովը Նոյեմբերին,

Հո՜վը,

Հանդիպա՞ծ էք բնաւ անոր, հովի՜ն,

Երեք հարիւր ճամբաներու կառուղիի՞ն

 

Անիկա տեսած է Մահը, եւ մէկէ աւելի անգամներ, տեսած է Վախը, տեսած է Լռութիւնը՝

 

Որ կը նստի անհունօրէն գիշերուան մօտ.

Պ. Վէռհառընի բանաստեղծութեան յատկանշական բառն է զառանցոտ (halluciné) բառը։ Էջէ էջ այս բառը կը վերականգնի. հաւաքածոյ մը ամբողջ զառանցոտ դաշտօրայք (campgnes hallucinées) չէ ազատած զինքը այս հետապնդումէն. ոգեհանութիւնը (exorcisme) անկարելի էր, վասն զի Պ. Վէռհառընի բնաւորութիւնն ու իսկութիւնն իսկ է ըլլալ զառանցոտ բանաստեղծը։ «Զգացողութիւնները, կ՚ըսէր Թէն, ճշմարիտ զառանցանքներ են»։ Բայց ուրկէ՞ կ՚սկսի ճշմարտութիւնը եւ ուր կը վերջանայ ան։ Ո՞վ պիտի համարձակէր սահմանագծել զայն։ Բանաստեղծը, որ չունի հոգեբանական բծախնդրութիւններ, չի՛ տընտընար զառանցանքները ճշմարիտի եւ սուտի բաժնելու խնամքով. անոր համար՝ անոնց ամենքն ալ ճշմարիտ են, երբ անոնք սուր են եւ ուժգին, եւ ինք կը պատմէ զանոնք միամտօրէն. ու երբ Պ. Վէռհառըն է որ կ՚ընէ այդ պատմուածքը, շա՛տ գեղեցիկ կ՚ըլլայ ան։ Արուեստին մէջ գեղեցկութիւնը յարաբերական արդիւնք մըն է եւ որ ձեռք կը բերուի շատ զանազան, յաճախ ամէնէն անսպառելի տարրերուն խառնուրդով։ Այս տարրերէն միայն մէկը՝ մնայուն է եւ տեւական. անիկայ պէտք է գտնուի ամէն բաղադրութեան մէջ. նորութիւնն է ան։ Արուեստի գործ մը պէտք է որ նոր ըլլայ. եւ անոր նորութիւնը պարզապէս կը ճանչնանք անով որ անիկա մեզի կուտայ տակաւին չզգացուած զգացողութիւն մը։

Եթէ այս բանը չտայ մեզի, գործ մը, որքան ալ կատարեալ դատենք զայն, ամէնէն գէշ ու ամէնէն արհամարհելի բանն է ան, անօգուտ ու տգեղ է ան. վասնզի ոչինչ աւելի բացարձակօրէն օգտակար է քան գեղեցկութիւնը։ Պ. Վէրհառնին մօտ՝ գեղեցկութիւնը շինուած է նորութեամբ եւ ուժով. այս բանաստեղծը հզօր մըն է, եւ Villes tentaculairesէն իվեր ոչ ոք պիտի համարձակէր վիճելի ընել անոր մեծ բանաստեղծի վիճակն ու փառքը։ Թերեւս տակաւին չլմնցուց բոլորովին այն մոգական գործիքը՝ զոր կը դարբնէ աւելի քան քսան տարիէ իվեր։ Թերեւս տակաւին բոլորովին տէրը չէ իր լեզուին. անիկա անհաւասար է. իր ամէնէն գեղեցիկ էջերը անճահ վերադիրներով կը թողու դանդաչել, եւ իր ամէնէն աղուոր քերթուածները՝ աւրուիլ՝ ինչպէս կ՚անուանէին երբեմն՝ արձակաբանութեան (prosaïsme) մէջ։ Սակայն՝ տպաւորութիւնը կը մնայ, զօրութեան եւ մեծութեան տպաւորութիւնը, եւ այո՛, անիկա մեծ բանաստեղծ մըն է։

Մտիկ ըրէք Villages illusoirsէն սա հատուածը.

 

Գիշերներու հեռաւորութեան մէջ դաշտը բռնկած է,

Եւ ճգնազանգակները տագնապալից կը հնչեն

Հորիզոնին չորս պատերուն վրայէն

Խոտի բարդ մը կրակ է առեր.

 

Ճամբաներու գիծերէն ամբոխը,

Գեղերու ճամբաներէն՝ ամբոխը ծփանք կուտայ,

Եւ բակերուն մէջ պահապան շուները կը վննան։

Խոտի բարդ մը կրակ է առեր.

 

Բոցը կը խորդայ ու կը խորտակէ ու կը փշրէ,

Խոյս կուտայ խոտի ծըւէններէն՝ զոր ցրիւ ցրիւ կը փռէ,

Եւ կամ օձագալար ու ստորակէտներ գծելով

Կը խռուանայ հրակէզ գիսակներով ու դանդաղօրէն.

Յետոյ կը հանդարտի յանկարծ ու կը զատուի,

Եւ խորամանկօրէն փախուստ կ՚ընէ, կամ վերստին կը ցատքէ։

 

Պ. Վէռհառըն Վ. Հիւկօի հարազատ զաւակ մը կը թուի, մանաւանդ իր առաջին գործերուն մէջ։ Նոյն իսկ դէպի աւելի ազատօրէն տենդագին բանաստեղծութիւն մը իր կրած բարեշրջումէն յետոյ, անիկա մնացած է ռօմանթիք. իր հանճարին համար գործածուած՝ այս բառը կը պահէ իր ամբողջ շքեղութիւնն ու պերճախօսութիւնը։ Ահաւասիկ, բացատրելու համար ըսուածը, երկու տուներ՝ որոնք անցեալը կը ոգեկոչեն.

 

Երբեմն՝ կեանքը կար թափառական ու քնաշրջիկ,

Առասպելական առտուներուն եւ իրիկուններուն ընդմէջէն,

Երբ Աստուծոյ աջը դէպի կապոյտ Քանանները

Կը գծէր ոսկեղէն ճամբան՝ վերջալոյսներուն խորը։

 

Երբեմն ահագին, գերագրգռուած կեանքը կար

Վայրենիօրէն կախուած յովատակներու բաշերէն.

Յեղակարծ փայլակներ ցայտեցնելով իր կրունկներէն.

Եւ դէպի անհուն միջոցը՝ անհունօրէն վերոտնած։

 

Այս ոտանաւորները քաղուած են Les Villages illusoiresէն, գրուած գրեթէ մէկ ծայրէն միւսը թերայանգ ու շնչասպառ կշռութեամբ ազատ ոտանաւորով։ Բայց Պ. Վէռհառըն, տէրը ազատ ոտանաւորին, տէրն է նաեւ ռօմանթիք ոտանաւորին, որուն կրնայ հարկադրել, առանց զայն խորտակելու, իր պատկերներով, ուրուականներով ու ապագայի տեսիլքներով արբշիռ մտածումին սանձարձակութիւնն ու զարհուրելի սրարշաւը։

 

«Արեւելեան Մամուլ», 1903, 22 Հոկտեմբեր, թիւ 43, էջ 1018-1021