ԻՄ
ԸՆԿԵՐՍ
Ա
Օտէսայի
նաւահանգիստին
մէջ
հանդիպեցայ
անոր։
Երեք
օր,
ուշադրութիւնս
գրաւեց
իր
հարստակող
եւ
լեցուն
անձը,
սիրուն
մօրուքով
մը
շրջանակուած
կովկասեան
դէմքով։
Անիկա
կը
գրաւէր
զիս.
կը
տեսնէի
զինքը
ժամերով,
քարափի
հատաքարին
վրայ
կեցած,
որ
իր
գաւազանին
գնդիկը
կը
ծծէր,
եւ
իր
նշաձեւ
աչքերը՝
տխրօրէն
կը
քննէին
նաւահանգիստի
պղտոր
ջուրը։
Օրը
տասն
անգամ
առջեւէս
կ՚անցնէր,
անհոգ
թափառկոտի
մը
գնացքով։
Ո՞վ
էր
ան…։
Սկսայ
զինքը
լրտեսել։
Եւ
ինքը,
իբրեւ
թէ
զիս
արհամարհելու
համար,
հետզհետէ
աւելի
հաճախ
կ՚երեւէր
ինծի։
Վերջապէս
սորվեցայ
հեռուէն
ճանչնալ
իր
նորաձեւ
բացգոյն,
քառակուսաւոր
հագուստը,
իր
արուեստագէտի
կակուղ
գլխարկը,
իր
ծոյլ
քալուածքը
եւ
նոյն
իսկ
իր
ձանձրացած
ու
բթամիտ
նայուածքը։
Իր
ներկայութիւնը
կատարելապէս
անբացատրելի
էր
նաւահանգիստին
մէջ,
շոգենաւներու
եւ
վայրաշարժներու
սոյլերուն,
շղթաներու
խժռտոցին,
գործաւորներու
կանչվռտուքներուն,
այս
բուռն
ու
կատաղի
իրարանցումին
մէջտեղ,
որ
կը
գրաւէ
զքեզ
ամէն
կողմէ,
որ
գլուխդ
ու
ջիղերդ
կը
բթացնէ։
Նաւահանգիստին
մէջ
բոլոր
մարդկային
էակները
գերիներն
էին
հսկայ
մեքենականութիւններուն,
որ
անոնցմէ
կը
պահանջէին
անդուլ
անդադրում,
ուշադրութիւն
եւ
աշխատութիւն։
Ամէն
ոք
իրար
կ՚անցնէր
շոգենաւներուն
եւ
վակօններուն
շուրջը,
զանոնք
բեռցնելով
կամ
պարպելով
զբաղուած։
Ամէն
ոք
յոգնած
ու
մտահոգ
էր.
կը
վազվռտէին,
կը
հայհոյէին,
փոշիին
մէջ,
ծով
քրտինքի
մէջ…։
Ու,
աշխատութեան
իրարանցումին
մէջ
յամրօրէն
կը
քալէր
այս
արտակարգ
մարդը,
մահացու
ձանձրոյթի
եւ
ընդհանուր
անտարբերութեան
դէմքով
մը
…։
Վերջապէս,
չորրորդ
օրը,
ճաշի
ժամուն,
դէպի
իր
կողմը
սայթաքուեցայ
եւ
որոշեցի
ամէն
պարագայի
մէջ
իմանալ
թէ
ո՛վ
էր
ան։
Ձմերուկ
մը
եւ
հաց
առած,
իրեն
բոլորովին
մօտիկ
տեղաւորուեցայ,
սկսայ
ուտել
եւ
քննել
իմ
մարդս,
խորհելով
իրեն
հետ
խօսակցութեան
մտնելու
ամենէն
խոհական
միջոցին
վրայ։
Ոտքի
վրայ
էր,
թէյի
սնտուկներու
կրթնած.
աննպատակ
իր
շուրջը
կը
դիտէր
եւ
իր
գաւազանին
վրայ
սրինգ
կը
զարնէր։
Ինծի
համար,
որ
բոկոտն
թափառաշրջիկ
մըն
էի,
իմ
փայտակիրի
բեռնաթամբս
կռնակս,
ածուխով
սեւցած,
դժուարին
էր
խօսակցութիւն
մը
բանալ
այս
սնօպին
հետ։
Բայց,
մեծ
զարմանքով
դիտեցի
թէ
չէր
կրնար
աչքերը
բաժնել
ինէ,
եւ
թէ
իր
նայուածքը
ձախորդ
ու
անասնական
հետամտութեամբ
մը
կը
բոցավառէր։
Եզրակացուցի
թէ
իմ
դիտողութեանս
առարկայ
եղող
այս
մարդը
անօթի
էր,
եւ,
շուրջս
արագ
ակնարկ
մը
պտտցնելէ
յետոյ,
անուշութեամբ
հարցուցի
անոր.
—
Կուզէ՞ք
ուտել։
Թունդ
ելաւ,
անկուշտ
դիմածռումի
մը
մէջ՝
թերեւս
հարիւր
հատ
զօրաւոր
ու
սեղմ
ակռաներ
ցույց
տուաւ,
եւ,
իր
կարգին,
անվստահութեամբ
չորս
կողմը
նայեցաւ։
Ոչ
ոք
մեզի
ուշադրութիւն
կ՚ընէր։
Այն
ատեն
իրեն
տուի
ձմերուկին
կէսը
եւ
ցորենի
հացի
կտոր
մը։
Յափշտակեց
տուածս
եւ
աներեւութացաւ,
վաճառքի
սնտուկներու
վրայ
նստելով։
Մերթ
ընդ
մերթ
գլուխը
կը
բարձրանար.
դէպի
ետ
նետուած
գլխարկը՝
թուխ
ու
խոնաւ
ճակատ
մը
երեւան
կը
հանէր։
Իր
դէմքը
կը
ճառագայթէր
լայն
ժպիտով
մը,
եւ
ինծի
աչք
ունք
կ՚ընէր,
առանց
վայրկեան
մը
ծամելէ
դադրելու։
Նշան
ըրի
իրեն
սպասել
ինծի
եւ
գացի
միս
գնել,
զոր
բերելով
իրեն
տուի։
Սնտուկներուն
մօտ
այնպէս
մը
նստայ՝
որ
իմ
հէգ
սնօպս
ամբողջովին
ծածկեմ
բոլոր
նայուածքներէն։
Մինչեւ
այն
ատեն,
կերած
էր
անհանգստութեամբը
վայրենի
անասունի
մը՝
որ
կը
վախնայ
թէ
իր
պատառը
կը
խլեն
իրմէն.
հիմա
աւելի
հանդարտութեամբ
կ՚ուտէր,
բայց
նորէն
այնքան
արագ
եւ
այնքան
անյագօրէն՝
որ
ինծի
անհանդուրժելի
եղաւ
աւելի
երկար
ատեն
դիտել
այս
սովալլուկ
էակը,
եւ
անդին
դարձայ։
—
Շնորհակա՜լ
եմ,
շա՜տ
շնորհակալ
եմ։
Ուսս
թոթուեց,
յետոյ
ձեռքս
բռնեց,
սեղմեց
եւ
ուժգնօրէն
թոթուեց։
Հինգ
վայրկեան
չէր
անցած,
որ
արդէն
ինծի
կը
պատմէր
իր
պատմութիւնը։
Շառքօ
Օբթածէ
Վրացի
իշխանը՝
Քութայիսցի
հարուստ
կալուածատէրի
մը
մէկ
հատիկ
զաւակն
էր։
Անդրկովկասեան
երկաթուղիի
կայարաններէն
մէկին
մէջ
պաշտօնեայ
էր
եւ
կը
բնակէր
ընկերի
մը
հետ։
Այս
ընկերը
յանկարծ
անյայտացաւ,
Շառքօ
իշխանին
դրամն
ու
արժեթուղթերը
մէկտեղ
տանելով
եւ
իշխանը
զայն
փնտռելու
ելաւ։
Դիպուածով
մը
իմանալով
թէ
ընկերը
Պաթումի
համար
տոմսակ
առած
էր,
Շառքօ
իշխան
հոն
գնաց։
Բայց
Պաթումի
մէջ
տեսաւ
իր
ընկերը
Օտէսա
մեկնած
էր։
Այն
ատեն
Շառքօ
իշխան
իր
ընկերներէն
Վանօ
Սվանիծէ
անունով
տարեկից
բայց
տարբեր
կերպագրութեամբ
վարսաւիրացի
մը
անցագիրը
առաւ
ու
մեկնեցաւ
Օտէսա։
Հոն,
ոստիկանութեան
ազդարարեց
այն
գողութիւնը՝
որուն
զոհ
եղած
էր.
իրեն
խոստացան
յանցաւորը
գտնել։
Երկու
շաբաթէ
ի
վեր
կ՚սպասէր,
մօտի
դրամը
կթնած
էր,
եւ
չորս
օրէ
ի
վեր
բերանը
փշրանք
դրած
չէր։
Մտիկ
կ՚ընէի
իր
պատմութիւնը,
որ
անկեղծ
կը
թուէր,
ու
հայհոյութիւններով
կ՚ընդհատուէր։
Քննեցի
այս
մատաղատի
մանչը,
հաւատացի
իրեն
եւ
գթացի։
Գրեթէ
տղայ
մըն
էր
ան,
տասնեւինը
տարեկան
էր
եւ
միամտութեան
մասին
աւելի՛
մատաղ
էր։
Յաճախ,
խորին
սրտմտութեամբ,
կը
խօսէր
իր
հին
բարեկամութեան
մասին
գող
ընկերին
նկատմամբ՝
որ
իրմէն
խլած
էր
այնքան
թանկագին
առարկաներ։
Շառքօի
սարսափելի
հայրը
իր
տղին
գլուխը
պիտի
կտրէր
ապահովապէս,
եթէ
զանոնք
չգտնէր։
Կը
խորհէի
որ,
եթէ
ոչ
ոք
օգնութեան
ձեռք
չկարկառէր
այս
երիտասարդին,
անիկա
պիտի
ընկլուզուէր
քաղաքին
մէջ։
Գիտէի
թէ
ի՛նչ
ստորնագոյն
դիպուածներով
թափառաշրջիկներու
թիւը
կը
լենար
եւ
իշխան
Շառքօի
համար
կ՚ընդնշմարէի
բոլոր
հաւանականութիւնները՝
մտնելու
այն
յարգելի
բայց
ո՛չ
յարգուած
դասակարգին
մէջ…
։
Փափաքեցայ
իրեն
օգնելու։
Իմ
ռոճիկս
անբաւական
էր
մինչեւ
Պաթում
տոմսակի
մը
համար,
եւ
բազմաթիւ
գրասենեակներ
գացի
Շառքօին
համար
ձրի
տոմսակ
մը
խնդրելու։
Ուժգնօրէն
ցոյց
տուի
օգնութեան
կարեւորութիւնը
եւ
ուժգնօրէն
մերժուեցայ։
Առաջարկեցի
Շառքօին
որ
իրեն
ընկերանամ
ոստիկանութեան
պետին
մօտ,
տոմսակ
մը
խնդրելու
համար,
բայց
խռովեցաւ
եւ
յայտարարեց
ինծի
թէ
չպիտի
երթար։
Ինչո՞ւ։
Չէր
վճարած
իր
իջած
սենեկին
սեփականատիրոջ
վարձքը,
եւ
երբ
իրմէն
դրամ
պահանջած
էին,
մէկը
ծեծած
էր,
յետոյ
փախած
էր.
արդարապէս
կ՚ենթադրէր
որ
ոստիկանութիւնը
իրեն
շնորհակալութիւն
չպիտի
յայտնէր
իր
պարտքէն
խուսափած,
յետոյ՝
մարդու
զարկած
ըլլալուն
համար,
—
մանաւանդ
չէր
յիշեր
որ
մէ՞կ,
երկու,
կամ
երե՞ք
թէ
չորս
անգամ
զարկած
էր
…։
Կացութիւնը
կը
կնճռոտէր։
Որոշեցի
աշխատիլ,
այնքան
որ
մինչեւ
Պաթում
ճամբորդութեան
դրամը
շահէի։
Բայց,
աւա՜ղ,
յայտնի
էր
թէ
այդ
բանը
այնքան
շուտ
չպիտի
պատահէր
կամ
բնա՜ւ,
որովհետեւ,
իր
երկարատեւ
ծոմապահութենէն
ետքը,
այս
Շառքօն
երեք
հոգիի
կերածին
չափ
կամ
նոյն
իսկ
աւելին
կ՚ուտէր։
Այդ
պահուն,
սովալլուկներուն
արշաւանքին
հետեւանքով,
նաւահանգիստներուն
մէջ
օրականներու
սակագինը
ինկած
էր,
եւ,
իմ
ռոճիկս՝
ութսուն
կոպէկէն,
երկուքս՝
վաթսունը
կ՚ուտէինք։
Բաց
աստի,
իշխանին
հետ
իմ
հանդիպումէս
առաջ
որոշած
էի
Խրիմ
երթալ,
եւ
չէի
ուզեր
մինչեւ
վերջը
Օտեսա
մնալ։
Ուրեմն
առաջարկեցի
իշխան
Շառքօին
ինծի
հետ
ոտքով
ճամբորդել,
հետեւեալ
պայմանով.
եթէ
իրեն
ընկեր
մը
չգտնէի
Թիֆլիսի
համար,
ես
ինքս
պիտի
տանէի
զինքը,
եւ
եթէ
գտնէի,
իրարմէ
պիտի
զատուէինք։
Իշխանը
ակնարկ
մը
նետեց
իր
նուրբ
կօշիկներուն,
իր
գլխարկին,
իր
տաբատին
վրայ,
շտկեց
իր
ժաքէթը,
խորհրդածեց,
շատ
մը
հառաչեց,
ու
վերջապէս
հաւանեցաւ։
Եւ
այսպէս
մենք
հետիոտն
Օտէսաէն
Թիֆլիս
գացինք։
Երբ
Քէրսօն
հասանք,
իմ
կարծիքս
շինուած
էր
իմ
ընկերիս
մասին։
Միամիտ
ու
վայրենի
էակ
մըն
էր
ան,
չափազանց
քիչ
զարգացած,
զուարթ՝
երբ
կերած
ըլլար,
վհատ՝
երբ
անօթի
էր,
զօրաւոր
եւ
ոչ
չար
կենդանիի
մը
նման։
Ճամբորդութեան
միջոցին,
կը
խօսէր
ինծի
Կովկասէն,
այն
կեանքէն՝
զոր
կը
վարէին
Վրացի
սեփականատէրերը,
կը
խօսէր
անոնց
խաղերէն
եւ
իրենց՝
գեղացիներու
հետ
ունեցած
յարաբերութիւններէն։
Իր
պատմութիւնները
շահեկան
էին,
զերծ
չէին
տեսակ
մը
գեղեցկութենէ,
բայց
իմ
ընկերիս
անձը
այն
տեղ
իրեն
համար,
քիչ
շողոքորթիչ
երեւոյթի
մը
ներքեւ
կ՚երեւար։
Ահաւասիկ
նմոյշ
մը
իր
պատմութիւններէն։
Հարուստ
իշխան
մը
խնջոյք
կուտար
իր
բարեկամներուն։
Գինի
խմեցին
եւ
վրացիներու
նախամեծար
առատ
խորտիքներ
կերան,
ու
յետոյ
իշխանը
իր
հրաւիրեալները
ախոռը
հրամցուց։
Ձիերը
թամբեցին։
Իշխանը
լաւագոյնին
վրայ
ցատկեց
ու
սկսաւ
դաշտին
մէջ
շրջան
ընել։
Եռանդուն
ձի
մըն
էր
հեծածը։
Հրաւիրեալները
կը
գովէին
անոր
գեղեցկութիւնն
ու
արագաշարժութիւնը։
Իշխանը
կը
մեկնի
երկրորդ
անգամ,
երբ
դաշտին
մէջ
յանկարծ
երեւան
կուգայ
գեղացի
մը՝
ճերմակ
ձիու
մը
վրայ,
որ
իշխանը
կ՚անցնի,
որ
կ՚անցնի
եւ…
հպարտութեամբ
կը
խնդայ։
Իշխանը
ամօթ
զգաց
իր
կոչնականներուն
առջեւ…։
Սարսափելիօրէն
յօնքերը
պռստեց,
շարժումով
մը
գեղացին
կանչեց,
եւ,
երբ
անիկա
մօտեցաւ,
թուրի
հարուածով
մը
գլուխը
ճեղքեց,
իր
րէվօլվէրը
ձիուն
ականջին
մէջ
ուղղեց
եւ
զայն
սպաննեց։
Յետոյ
գնաց
իշխանութեան
իր
ըրածը
յայտարարել։
Զինքը
տաժանակիր
աշխատութեան
դատապարտեցին։
Շառքօ
կը
թուի
ցաւիլ
իշխանին
վրայ։
Կը
փորձեմ
իրեն
հասկցնել
թէ
այդ
մարդը
անարժան
է
կարեկցութեան,
բայց
ան
ինծի
քարոզ
տալու
երեւոյթով
կը
պատասխանէ.
—
Իշխաններուն
թիւը
քիչ՝
բայց
գեղացիներունը
շատ
է։
Գեղացիի
մը
համար
պետք
չէ
իշխան
մը
դատապարտել։
Ի՞նչ
է
գեղացի
մը։
Ահաւասիկ։
—
Եւ
Շառքօ
ինծի
ցոյց
կուտայ
հողի
կոշտ
մը
–
մինչդեռ
իշխան
մը՝
աստղի
մը
կը
նմանի։
Կը
վիճինք
եւ
ան
կը
բարկանայ։
Երբ
կը
փրփրի,
գայլի
մը
նման
ակռաները
կը
ցուցնէ
եւ
իր
դէմքը
կը
խոժոռի։
—
Լռէ՛,
Մաքսիմ,
դուն
Կովկասի
կեանքը
չես
գիտեր,
կը
պոռայ
ինծի։
Իմ
փաստերս
անօգուտ
են
իր
պարզութեան
դէմ,
եւ
ինչ
որ
ինծի
պայծառ
կ՚երեւի,
ծաղրելի
կը
թուի
անոր։
Իմ
տրամաբանութիւնս
չէր
հասներ
իր
ուղեղին,
եւ
երբ,
մեծ
դժուարութեամբ,
իմ
գաղափարներուս
գերազանց
ճշդութեան
մասին
յայտնի
ապացոյցներով,
նեղը
կը
դնէի
զինքը,
չէր
շփոթեր
եւ
ինծի
կ՚ըսէր։
—
Գնա՛
Կովկաս,
մնացի՛ր
հոն,
պիտի
տեսնես
որ
ճշմարտութիւնը
կ՚ըսեմ։
Արարատ
աշխարհք
այդպէս
կ՚ընէ,
ուրեմն
արդա՛ր
է
աս։
Ինչո՞ւ
համար
քեզի
պիտի
հաւատայի,
քանի
որ
մինակ
դո՛ւն
ես
որ
կ՚ըսէս
թէ
«ասիկա
սխալ
է»,
մինչդեռ
հազարաւոր
մարդիկ
կ՚ըսեն
«ասիկա
ճիշդ
է»։
Այն
ատեն,
կը
լռէի,
հասկնալով
թէ
անոր
պէտք
էր
չէ
թէ
խօսքեր,
այլ
իրողութիւններ
մատնանշել,
վասն
զի
խելքը
անոր
պառկած
էր
թէ՝
կեանքը,
իր
ներկայ
ձեւին
մէջ,
արդար
էր
ու
կանոնաւորուած։
Ես
լուռ
կը
կենայի
եւ
ինքը
կը
յաղթանակէր,
այնքա՜ն
վստահութիւն
ունէր
իր
կեանքի
կատարեալ
ճանաչողութեան
մէջ,
եւ
իմ
լռութիւնս
թոյլ
կուտար
իրեն
չափազանցել
իր
կովկասեան
կեանքի
պատմութիւնները,
վայրենի
գեղեցկութեամբ,
հուրով
եւ
իսկատպութեամբ
լեցուն։
Այս
պատմութիւնները
զիս
կը
շահագրգռէին
ու
կը
յափշտակէին,
եւ
մի
եւ
նոյն
ժամանակ
կըմբոստացնէին
զիս
իրենց
անգթութեամբ,
իրենց
ստրկութեամբը՝
դէպի
հարստութիւնն
եւ
ուժը,
բացակայութեամբը
այն
բանին՝
զոր
իւրաքանչիւր
մարդու
համար
կ՚անուանեն
պարտաւորիչ
բարոյական։
Անգամ
մը
պատեհութիւն
ունեցայ
Շառքօին
հարցնելու
թէ
Քրիստոսի
ուսուցումը
կը
ճանչնա՞ր.
—
Անտարակո՜յս,
պատասխանեց
ուսերը
բարձրացնելով.
բայց
երբ
զինքը
լաւ
մը
հարցուփորձեցի,
յայտնուեցաւ
թէ
իր
գիտցածը
սա՛
էր
միայն.
«Յիսուս
անունով
մէկը
գոյութիւն
ունեցած
էր,
որ
ապստամբած
էր
հրէաներուն
օրէնքին
դէմ,
եւ
այս
պատճառով
հրէաները
զայն
խաչը
հանեցին։
Բայց
անիկա
Աստուած
էր
ու
խաչին
վրայ
չմեռաւ,
երկինք
բարձրացաւ
ու
մարդերուն
տուաւ
ուրիշ
օրէնքներ»։
—
Ո՞ր
օրենքները,
հարցուցի։
Շառքօ
ինծի
նայեցաւ
ծաղրածու
զարմացումով
մը
եւ
ըսաւ.
—
Դուն
քրիստոնեա՞յ
ես։
Լա՛ւ,
ե՛ս
ալ
քրիստոնեայ
եմ։
Երկրի
վրայ
գրեթէ
ամէն
մարդ
քրիստոնեայ
է։
Այն
ատեն
ի՛նչ
կը
հարցնես
ինծի։
Կը
տեսնես
թէ
ամէն
ոք
ի՛նչպէս
կ՚ընէ
…։
Ա՛յդ
է
ահա
Քրիստոսի
օրէնքը։
Ես
յուզուեցայ
եւ
սկսայ
անոր
պատմել
Յիսուսի
կեանքը։
Նախ
ուշադրութեամբ
մտիկ
ըրաւ,
յետոյ
քիչ
քիչ
ուշադրութիւնը
ցրուեցաւ
ու
վերջապէս
յօրանջեց։
Տեսնելով
որ
իր
սիրտը
ինծի
չէր
լսեր,
վերստին
իր
միտքին
դիմում
ըրի։
Խօսեցայ
այն
առաւելութիւններուն
մասին
զոր
կարելի
է
քաղել
գթութենէն,
գիտութենէն,
արդարութենէն,
—
առաւելութիւններու՝
եւ
մի
միա՛յն
առաւելութիւններու
վրայ
խօսեցայ։
—
Ան
որ
զօրաւոր
է,
իր
ձեռքովը
օրէնքը
կը
հաստատէ։
Անոր
սորվեցնելու
բան
չկայ,
—
եթէ
նոյն
իսկ
կոյր
ըլլայ,
նորէ՛ն
իր
ճամբան
կը
գտնէ
ան
–
պատասխանեց
ինծի
յուլօրէն՝
իշխան
Շառքօ։
Գիտէր
ինքն
իրեն
հաւատարիմ
մնալ,
եւ
ասիկա
իմ
յարգանքս
կը
գրգռէր։
Բայց
ան
վայրենի,
անգութ
էր,
եւ,
մերթ
ընդ
մերթ
կ՚զգայի
թէ
ատելութեան
կայծ
մը
կը
բռնկէր
իմ
մէջս
անոր
դէմ։
Այսու
հանդերձ
մեր
միջեւ
շփման
կէտ
մը
գտնելու
յոյսը
չէի
կորսնցնէր,
—
գետին
մը՝
որուն
վրայ
կարենայինք
իրարու
հանդիպիլ
ու
հասկնալ
զիրար։
Սկսայ
աւելի
պարզ
խօսիլ
իրեն,
ջանացի
մօտենալ։
Դիտեց
իմ
փերձերս
եւ,
եզրակացնելով
թէ
կ՚ընդունէի
իր
գերակշռութիւնը,
հետզհետէ
ինծի
դէմ
աւելի
խրոխտ
շեշտ
մը
առաւ։
Կը
տագնապէի,
տեսնելով
իմ
փաստերուս
ջախջախուելով
փոշի
դառնալը,
իր
կեանքի
ըմբռնումին
քարէ
պատին
դէմ։
Բէռէքօփը
անցած
էինք
եւ
կը
մօտենայինք
Խրիմի
լեռներուն։
Երկու
օրէ
ի
վեր
արդէն
կը
տեսնէինք
զանոնք
հորիզոնին
վրայ։
Կապոյտ
էին
անոնք
եւ
կը
նմանէին
ամպի
թեթեւ
փերթերու։
Հեռուէն
կը
հիանայի
անոնց
վրայ
եւ
կ՚երազէի
Խրիմի
ծովեզերքը։
Բայց
իշխանը
վրացերէն
երգեր
կ՚երգէր
եւ
տրտում
էր։
Մեր
ամբողջ
դրամը
վատնած
էինք
եւ
ստակ
շահելու
հաւանականութիւնը
չէր
ներկայանար
ոչ
մէկ
տեղ։
Կը
փութայինք
դէպի
Թէոդոսիա,
ուր
աշխատութիւններ
սկսուած
էին
նաւահանգիստի
մը
շինութեան
համար։
Իշխանը
ինծի
կ՚ըսէր
թէ
ինքն
ալ
պիտի
աշխատէր,
եւ
թէ
վաստկուած
դրամով՝
ծովով
մինչեւ
Պաթում
պիտի
երթայինք։
Պաթումի
մէջ
շատ
բարեկամներ
ունէր,
եւ
դիւրութեամբ
ինծի
պաշտօն
մը
պիտի
գտնէր
…
պահապանի
կամ
դռնապանի։
Ուսիս
կը
զարնէր
պաշտպան
դէմքով
մը
եւ
լեզուն
շառաջեցնելով
կ՚ըսէր
ինծի.
—
Քեզի
համար
աղուոր
կեանք
մը
պիտի
կարգադրեմ։
Ցէ՜,
ցէ՜։
Ուզածիդ
չափ
գինի
պիտի
խմես,
կրցածիդ
չափ
ոչխարի
միս
պիտի
ուտես։
Վրացուհիի
մը,
խոշոր
վրացուհիի
մը
հետ
պիտի
կարգուիս,
ցէ,
՜
ցէ՜,
ցէ՜։
Քեզի
աղուոր
կերակուրներ
պիտի
եփէ,
քեզի
զաւակներ,
շա՛տ
մը
զաւակներ
պիտի
տայ,
ցէ՜,
ցէ՜։
Այս
«ցէ՜,
ցէ՜»ն
նախ
զարմացումս
գրաւած
էր,
յետոյ
սկսաւ
գրգռել
զիս,
ու
վերջապէս
տխուր
կատաղութեան
մը
մատնեց։
Ռուսիոյ
մէջ,
այս
աղմուկը
խոզերը
կանչելու
կը
ծառայէ.
Կովկասի
մէջ՝
հիացում,
ցաւ,
հաճոյք,
վիշտ
կը
բացատրէ։
Շառքօ
մաշեցուցած
էր
իր
շքեղ
հագուստը,
եւ
իր
կօշիկները
բացուած
էին
մէկէ
աւելի
տեղերէ։
Քէրսօնի
մէջ՝
ծախած
էինք
գլխարկն
ու
գաւազանը։
Գլխարկին
տեղ
եկած
էր
կայարանի
պաշտօնէի
հին
գդակ
մը։
Երբ
առաջին
անգամ
զայն
դրաւ,
սանկ
աղուոր
մը
ականջին
վրայ,
ինծի
հարցուց.
—
Ինծի
կը
վայլէ՞
կոր,
սիրո՞ւն
է։