Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻՄ ԸՆԿԵՐՍ
Գ

Թէոդոսիա խաբեց մեր յոյսերը։ Երբ հոն հասանք, գրեթէ չորս հարիւր մարդիկ կային, որ մեզի պէս գործ կը փնտռէին եւ պարտաւորուած էին բաւականանալ հանդիսականի դերով՝ նաւային մեծ մթերանոցի շինութեան մէջ։ Աշխատողներուն մէջ կը գտնուէին թուրքեր, յոյներ, վրացիներ, Սմօլէնսքէն, Բօլթավաէն մարդիկ, թափառաշրջիկներ։ Ամենուրէք, քաղաքին մէջ եւ շրջակաները, կը սլքտային «անօթիներու նսեմ եւ ընկճուած խումբեր», եւ Ազօվի ու Խրիմի բոկոտն թափառաշրջիկները գայլերու նման կը վառվռտէին։

Մեզ ալ անօթիներու տեղ դրին առաջները։ Մենէ կարելի եղած օգուտը քաղեցին. բազմութեան մէջ, Շառքօի կռնակէն խլեցին այն բալթօն՝ զոր գնած էի իրեն. յետոյ իմ պարկիս փոկը կտրեցին։ Բայց, քանի մը կռիւներէ յետոյ մեր ստացուածքը մեզի վերադարձուցին, խառնիճաղանճ ամբոխը մեր ու իր միջեւ հոգեկան խնամութիւն մը նշմարած էր, եւ թափառաշրջիկները պատուաւոր մարդիկ են, թէեւ շատ գէշ տեսակէն ստահակներ։

Երբ ապահովուեցանք թէ այնտեղ ընելիք բան մը չունէինք եւ թէ կ՚ուզէին թումբը շինել առանց մեզի, այն ատեն ինքզինքնիս մեղադրելով մեկնեցանք դէպի Քէռջ։

Իմ ընկերս խոստումը պահեց, այլ եւս զիս չէր նեղեր, բայց շատ կը տառապէր անօթութենէ։ Տարեալի անցքին նման մթին էր ան։ Գայլի նման ակռաները կը կրճէր, մէկու մը ուտելը տեսած ատեն, եւ կ՚ահաբեկէր զիս կլլել ուզած կերակուրներուն պատմութիւններովը։ Ժամանակէ մը ի վեր սկսած էր կիներու վրայ երազել։ Նախ, անցած ատեն, ցաւի հառաչանքներով, յետոյ միշտ աւելի յաճախ, «Արեւելքցի մարդու» անկուշտ ժպիտներով։ Յետոյ այլեւս չկրցաւ տեսնել ո՛չ մի կին, փոյթ չէ թէ ինչ տարիքով կամ կազմուածքով ըլլար ան, առանց ինծի շնական եւ գործնականօրէն փիլիսոփայական դիտողութիւններ ընելու անոնց մարմնին որ եւ է մասին վերաբերմամբ։ Կիներուն վրայ կը խօսէր այնքան ազատօրէն, նիւթին մէկ ա՛յնպիսի ճանաչողութեամբը եւ այնքա՛ն ուղղակի տեսակէտէ մը որ թքնել միայն կարելի էր ինծի համար։ Անգամ մը փորձեցի ապացուցանել իրեն թէ, կինը այնպիսի էակ մըն էր, զոր պարտաւոր էր ամէն հայեցակէտէ իբրեւ իրեն հաւասար նկատել. յետոյ տեսնելով որ ոչ միայն իմ խօսքերէս կը վիրաւորուէր, այլ պատրաստ էր կատաղօրէն բռնկելու, այն նուաստութեան պատճառով՝ որուն զինքը կ՚ենթարկէի, որոշեցի Շառքօի անօթի եղած ատենը այլեւս խրատ չտալ իրեն։

Ճամբայ ինկանք դէպի Քէռջ, ոչ թէ ծովեզերքէն, այլ տափաստանէն ճամբան կարճեցնելու համար, եւ մեր պարկին մէջ մի միայն ունէինք երեք լիպրանոց գարիէ նկանակ մը, զոր թաթարէ մը գնած էինք մեր վերջին դրամովը։ Այս տխուր պատճառով, երբ Քէռջ հասանք, անկարող էինք գործ փնտռելու եւ նոյն իսկ հազիւ կրնայինք ոտքի վրայ կենալ։ Այն փորձերը զոր Շառքօ կ՚ընէր գիւղերուն մէջ հաց մուրալու համար, ապարդիւն կը մնային։ Ամենուրեք լակոնականօրէն կը պատասխանէին մեզի՝ «Ձեզի պէս շատեր կան»։ Ինչ որ ՝ անհերքելի կերպով ճշմարիտ էր, իրօք, այդ տարին՝ ահարկու քանակութեամբ հաց խնդրող մարդ կար։ Հետիոտն կ՚երթային, երեքէն մինչեւ քսան ու աւելի հոգինոց խումբերով, կ՚երթային անոնք՝ տղաքնին մէկտեղ, զանոնք կրելով կամ անոնց ձեռքէն քաշքշելով։ Եւ բոլոր այս տղաքը՝ թափանցիկ էին. իրենց կապոյտ մորթին տակ՝ կարծես թէ հոսողը արիւն չէր այլ վատառողջ, գարշահոտ ու պղտոր հեղուկ մը…։ Եւ իրենց ոսկորները դուրս կը ցցուէին իրենց մաշած մորթին տակէն, այնքա՜ն պերճախօս անկիւններով որ, իրենց վրայ նետուած միակ ակնարկով, մարդուն սիրտը ծանրաթախիծ տրտմութեամբ կը սեղմուէր, ու ցաւ կ՚զգար անտանելիօրէն եւ յուսահատօրէն։

Սովալլուկ, կիսովին մերկ, եւ երկար ճամբորդութենէն յոգնած այս տղաքը չէին պօռար նոյն իսկ։ Միմիայն իրենց շուրջը կը նայէին, սուր ու յարաշարժ աչքերով, որ անյագօրէն կը շողային բանջարանոց մը կամ չհնձուած արտ մը տեսած ատեննին։ Եւ երբ իրենց ծնողքներուն նայէին, կը թուէին հարցնել անոնց թէ ինչո՞ւ ծնած էին զիրենք։ Երբեմն սայլակ մը կ՚անցնէր, ու անոր վրան կերերտկար, ձի մը վարելով, կմախքի նման նիհար ծեր կին մը, եւ անոր շուրջը՝ տխուր աչքերով տղու գլուխներ, որոնք ուրիշներու հողերը կը դիտէին։ Ձին ոսկրուտ ու մաշած, հազիւ կը յառաջանայ, եւ ողորմելիօրէն կը շարժէ իր պճռքած բաշով սրածայր գլուխը…։ Սայլակին շուրջը եւ անոր հետեւելով, մեծերը կ՚երթան։ Գլուխնին վայրահակ է. թեւերնին փոկի նման կախուած են, աչքերնին՝ անփայլ ու շուարուն, նոյն իսկ տենդէ չեն շողար անոնք, ու լի են անպատում եւ մտահար վիշտով։ Եւ այս բոլորը կը յառաջանայ սողալու պէս, դանդաղօրէն ու լռութեամբ, ուրիշներու հողին վրայէն, իբրեւ թէ այս մարդիկը, դժբաղդութեան ձեռքով կեանքէն դուրս արտաքսուած, վախ ունենային խանգարելու հանդարտութիւնը աւելի երջանիկներուն, որոնց քով եկած էին…։

Ու մենք շատին հանդիպեցանք այս առանց մեռելի թաղումներուն …։ Երբ պատահէր որ անոնցմէ մէկին դէմ ելնէինք կամ ետեւէն հասնէինք, դժբաղդները յուշիկ երկչոտութեամբ մը կը հարցնէին մեզի.

Գեղը հեռո՞ւն է, բարեկամ։

Եւ երբ կը պատասխանէինք, կը հառաչէին ու կը լռէին մեզի նայելով։

Իմ ընկերս կը գարշէր այս անյաղթելի մրցակիցներէն, իր մուրացկանութեան արշաւանքներուն մէջ։ Իր գործարանաւորութեան կենսական ուժերուն պաշարը իրեն թոյլ չէր տար, հակառակ ճամբուն ցամաքութեան ու սնունդի անբաւականութեան, առնել ողորմուկ երեւոյթ մը միւսներունին չափ, որոնցմով իրաւամբ կրնային պարծենալ անոնք իբրեւ տեսակին մէջ կատարելութիւն, եւ զանոնք հեռուէն նշմարելուն պէս՝ կ՚ըսէր.

—Նորէ՞ն։ Գետինն անցնելիքներ, ինչո՞ւ կուգան։ Միթէ Ռուսիան նե՞ղ կուգայ կոր իրենց։ Չեմ հասկնար։ Ռուսիոյ մէջ ժողովուրդը տխմար է։

Եւ երբ իրեն կը բացատրէի այն պատճառները՝ որ ռուս ժողովուրդը Խրիմ կը քշէր, անվստահութեամբ գլուխը կ՚երերցնէր ու կը պատասխանէր։

Չեմ հասկնար։ Կարելի՞ բան է ադ…։ Մեր երկիրը, Վրաստան, ատանկ աւանակութիւններ չկան։

Քէռջ հասանք ուրեմն հոգնած դադրած ու սովալլուկ։ Ուշ էր, եւ ստիպուեցանք գիշերը տեղաւորուիլ այն նրբակամուրջին տակ՝ որ շոգենաւէն քարափ կ՚երկարէր։

Աւելի խոհեմութիւն էր պահուըտիլ. գիտէինք թէ, մեր ժամանումէն քիչ առաջ, Քէռջի բնակչութեան բոլոր աւելորդ մասը, բոլոր թափառականները, քաղաքէն դուրս վռնտուած էին, եւ կը վախնայինք պահականոց տարուելէ։ Շառքօի մօտ գտնուելով իրեն չվերաբերող անցագիր մը, կրնար մեր գործը ծանրապէս կնճռոտել։

Բոլոր գիշերը, նեղուցին ալիքները ազնուօրէն թրջեցին զմեզ իրենց փրփուրով, եւ, արշալոյսին, դուրս ելանք նրբակամուրջին տակէն, թրջած ու ընդարմացած, բոլոր օրը քալեցինք ծովեզերքին վրայ, ու ամբողջ շահածնիս տասը կոպէկ եղաւ, զոր ստացայ տէրտէրի մը կնոջմէն, որուն տունը սեխի պարկ մը տարի շուկայէն։

Այժմ պէտք էր նեղուցը անցնիլ, Թամանը երթալու համար։ Ո՛չ մէկ նաւավար չհամարձակեցաւ զմեզ իբրեւ թիավարող ընդունիլ։ Իզուր աղաչեցի, ամէնքն ալ կը կասկածէին թափառաշրջիկներէն, որ տակաւին նոր յայտնուած էին բազմաթիւ ու հերոսական շահատակութիւններով, եւ զմեզ ալ, ո՛չ առանց պատճառի, անոնցմէ կը դասէին։

Իրիկունը, որոշեցի, կատղելով իմ անբաղդութեանս եւ ամբողջ աշխարհի դէմ, բաւական յանդուգն ձեռնարկ մը ընել։ Երբ գիշերը վրայ հասաւ, այդ որոշումը գործադրեցի։

***

Գիշերը, Շառքօ ու ես մեղմիւ մօտեցանք մաքսատան նաւահանգիստին, որուն մօտ կը գտնուէին երեք նաւակներ, շղթայով քարափի քարէ պատին վրայ հաստատուած օղակներուն կապուած։ Գիշերը սեփ սեւ էր, հով կար, նաւակները իրարու կը բաղխէին, շղթաները կը շառաչէին…։ Շղթան երերցնելով, նաւակներէն մէկին օղակը դիւրութեամբ հանեցի։

Մեր վերեւ, հինգ արշըն բարձրութեան մը վրայ, մաքսատան պահակ մը կը շրջագայէր, ակռաներուն մէջէն սուլելով։ Երբ մեզի մօտ կանգ առնէր, աշխատութիւնս կ՚ընդհատէի. աւելորդ նախազգուշութիւն, վասն զի չէին կարող ենթադրել թէ հոն վարը, մինչեւ վիզը ջուրին մէջ մարդ մը կար, ամէն վայրկեան ալիքէ մը քշուելու վտանգին ենթարկած ինքզինքը։ Եւ, բաց ի այդ, շղթաները անդադար կը շառաչէին, առանց որ ես բան մը ըսէի այդ մտքով։ Շառքօ արդէն տարածուած էր նաւակին խորը եւ ինծի կը փսփսար բան մը՝ զոր չէի կրնար լսել ալիքներու աղմուկին մէջ։ Վերջապէս օղակը ձեռք անցուցի…։ Ալիք մը առաւ ու մէկ անգամէն՝ ծովեզերքէն բազմաթիւ մեթր հեռուն նետեց մեր նաւակը, որուն շղթային շուլլուած էի եւ քովէն կը լողայի։ Յետոյ, վեր ելայ։ Կայմերուն երկու տախտակները հանեցինք եւ զանոնք թեւճակներու նման հաստատելով նաւակի եզերքի ցցիկներուն, մեկնեցանք …։

Ամպերը կը թռչէին, ալիքները զառանցանքով կը յուզուէին, եւ Շառքօ, ղէկին մօտ նստած, մերթ ընդ մերթ կ՚աներեւութանար, ցռուկին հետ ջուրերուն մէջ թաղուելով, յետոյ կը բարձրանար շատ վեր, եւ պօռալով գրեթէ վրաս կ՚իյնար։ Խրատեցի զինքը՝ սրունքները կապել բազմոցին, ինչ որ ինքնին պարտաւորուեցաւ ընել, եւ չպօռալ, եթէ չէր ուզէր որ պահակը զինքը լսէր։ Անմիջապէս ձայնը կտրեց։ Իր դէմքին տեղը՝ ճերմակ արատ մը կը տեսնէի։ Միշտ ղէկը ձեռքն էր։ Ժամանակ չունէինք դեր փոխելու, եւ մտքերնուս չէինք անցըներ նաւակին մէջ մեր բռնած տեղերը թողելու։ Իրեն կը պօռայի իր ընելիքը, եւ ինքը շուտով հասկնալով, հին նաւաստիի մը ապահովութեամբը կը շարժէր։ Այն տախտակները, որ իբրեւ թի կը ծառայէին, ոչինչ օգտակարութիւն մը ունէին ինծի համար, ու ձեռքերս ճեղքրտելէ ուրիշ բանի չէին ծառայեր։ Հովը կը փչէր ցռուկին դէմ ու չէի հետամտեր գիտնալու թէ ո՞ւր քշուած էինք. ջանալով միայն ջրանցքին լայնքին ուղղութիւնը բռնել։ Ասիկա դիւրին էր, վասն զի Քէռջի լոյսերը յստակօրէն կ՚երեւային։ Ալիքները կուգային մեզի նայիլ նաւակի եզերքին վրայէն, եւ բարկութեամբ կը մռնչէին իրարու բաղխելով։ Որքա՛ն կը յառաջանայինք դէպի բացը, այնքան աւելի ուժգին էին անոնք եւ աղմկոտ։

Զարհուրելի մռնչիւն մըն էր որ միտքն ու հոգին կը հիբնօսացնէր…։ Եւ նաւակը միշտ աւելի արագ կը քշուէր, շատ դժուարաւ կարելի էր ուզուած ուղղութիւնը պահել։ Անդունդներուն մէջ կ՚աներեւութանայինք եւ ջրեղէն լեռներու վրայ կը բարձրանայինք։ Գիշերը միշտ աւելի սեւ էր եւ ամպերը՝ աւելի՛ ցած։ Լոյսերը, մեր ետեւը, ստուերին մէջ կ՚աներեւութանային, եւ այն ատեն ես վախ զգացի։ Կը թուէր թէ այս կատղած ջուրի զանգուածը սահման չունէր։ Ոչի՛նչ չէր երեւար բացի ալիքները որ խաւարէն կը թռչէին նաւակը դիմաւորել։ Մեծ աղմուկով խլեցին անոնք բռնած տախտակներէս մէկը. ես ալ միւսը նաւակին խորը նետեցի եւ երկու ձեռքերով եզերքները բռնեցի։ Իւրաքանչիւր անգամ՝ որ օդին մէջ կը ցատքէինք, Շառքօ վայրենի աղաղակ մը լսելի կ՚ընէր։ Ինքզինքս ողորմելի եւ տկար կ՚զգայի այս սեւին մէջ, շրջապատուած կատաղի տարրէն ու մաղաղկուն եղած իր աղաղակէն։ Ապուշ ու ցուրտ տրտմութեամբ նայեցայ, եւ տեսածս՝ իր միօրինակութեան մէջ ահարկու էր. ամենուրեք՝ ալիքներ միայն սպիտակորակ կատարներով, որ կը պայթէին աղի ջրացայտներով, եւ ամպերը, շուրջս, թանձր, փերթ փերթ, իրե՛նք ալ ալիքներու նման։ Մէկ բան միայն կ՚ըմբռնէի. ամէն ինչ որ տեղի կ՚ունենար շուրջս, կրնար անհունապէս աւելի սաստկանալ ու սարսափելի դառնալ, ու կը վիրաւորուէի սա՛ մտածումով որ այս զօրութիւնը ինքզինքը կը բռնէր եւ չէր ուզեր սանձարձակ տարածուիլ։ Մահը անխուսափելի էր։ Բայց անհրաժեշտ էր դիմակաւորել այս անայլայլ օրէնքը, որ ամէն ինչ կը հարթէ, այլապէս անիկա չափազանց խիստ ու չափազանց բիրտ եղած պիտի ըլլար։ Եթէ պարտաւորուած ըլլայի ողջ ողջ այրիլ կամ ճահիճի մը մէջ խրիլ, պիտի ընտրէի կրակը, անիկա աւելի պատշաճ է։

………………………………………………………..

Առագաստ մը պարզենք, աղաղակեց Շառքօ։

Ո՞ւր է առագաստը, հարցուցի։

Իմ բալթօս …։

Հո՛ս նետէ զայն, ղէկը մի թողուր։

Շառքօ լռին շարժեցաւ ցռուկին վրայ։

Ա՛ռ։

Ինծի նետեց իր բալթօն։ Նաւակին խորը սողալով, մեծ դժուարութեամբ տախտակ մը եւս բրցուցի, ամուր հագուստին թեւին մէջ անցուցի զայն, բազմոցին դէմ հաստատեցի եւ ոտքերովս բռնեցի։ Հազիւ թէ միւս թեւը ու քղանցքը բռնած էի, եւ ահա՛ անսպասելի բան մը տեղի ունեցաւ …։ Տարօրինապէս վեր ցատքեցինք, յետոյ վար գահավիժեցանք եւ ինքզինքս ջուրին մէջ գտայ, մէկ ձեռքս բալթօն, միւս ձեռքով կառչած այն պարանին որ դուրսէն նաւակը կը շրջապատէր։ Ալիքները աղմուկով գլխիս վրայէն կը թռչէին, եւ դառն ու աղի ջուրը կը կլլէի։ Ջուրը կը լենար ականջներուս, քթիս ու բերնիս մէջ …։ Ամրապէս պարանին փաթթուած, ջուրէն դուրս կ՚ելնէի ու անոր մէջ կը խորասուզուէի, գլխով զարնուելով տախտակներուն, եւ զգեստը նետած ըլլալով նաւակի ողնափայտին վրայ, կը ջանայի վրան ցատքել։ Իմ բազմաթիւ փորձերէս մին յաջողեցաւ, նաւուն վրան աշտանակեցի եւ անմիջապէս նշմարեցի Շառքօն, որ ջուրին մէջ կը տապլտկէր, պլլուելով այն պարաններուն՝ զոր ես թողած էի։ Անոնք նաւակին շրջանը կ՚ընէին, եզերքին վրայ հաստատուած օղակներէն անցուած։

Ո՞ղջ ես, պոռացի անոր։

Այդ վայրկեանին ջուրին վրայ ցատքեց ու ինքն ալ նաւակին վրայ ինկաւ։ Զայն ընդունեցի, եւ ինքզինքնիս իրարու դէմ գտանք երես երեսի։ Ողնափայտին վրայ էի ձի հեծածի նման, ոտքերս պարաններուն վրայ, ինչպէս ասպանդակներու մէջ, բայց ասիկա ապահով չէր, առաջին ալիքը կրնար ձգել տալ ինծի իմ թամբս։ Շառքօ ծունգերուս կառչեցաւ, գլխովը կուրծքիս կը զարնուէր։ Ամբողջ մարմնովը կը դողար եւ կ՚զգայի թէ կզակները կը շարժէին։ Պէտք էր գործել։ Ողնափայտը նոր իւղազօծուածի նման լպրծուն էր։ Ըսի Շառքօին ջուրին մէջ իջնել եւ մէկ կողմէն բռնուած կենալ պարաններէն, մինչդեռ միւս կողմէն ես ալ մի եւ նոյն բանը պիտի ընէի։ Իբրեւ պատասխան, սկսաւ գլխովը կուրծքս բաղխել։ Ալիքները, իրենց վայրենի պարին մէջ մեր վրայէն կ՚ոստոստէին ու հազիւ ինքզինքնիս կը բռնէինք։ Պարանը սոսկալի կերպով ոտքերէս մէկը կը կտրէր։ Աչքերնուս առածին չափ հեռաւորութեան մը վրայ ծնունդ կ՚առնէին ջուրի անհուն լեռներ, որ անմիջապէս շառաչիւնով կ՚անհետանային։

Հրամանս կրկնեցի Շառքօին, բայց այս անգամ աւելի՛ տիրաբար։ Ուրիշ բան չըրաւ՝ բայց եթէ աւելի՛ ուժգնօրէն գլխովը կուրծքիս զարնել։ Կորսնցնելու ժամանակ չկար։ Մէկիկ մէկիկ իր երկու բազուկները ինէ բաժնեցի եւ զայն ջուրին մէջ հրեցի, ջանալով որ պարանները ձեռքերուն կառչեցնեմ։ Եւ հոս պատահեցաւ բան մը՝ որ ամէն բանէ աւելի զարհուրեցուց զիս այս ահարկու գիշերուան մէջ։

Զիս կը խեղդե՞ս կոր, հծծեց Շառքօ, ու երեսս նայեցաւ շեշտակի։

Յիրաւի անսպասելի էր ասիկա։ Սարսափելի էր իր հարցումը, աւելի՛ եւս սարսափելի՝ իր ձայնը, որուն մէջ կար վեհերոտ համակերպութիւն մը, շնորհակալութեան երկչոտ խնդրանք մը, ու վերջին հառաջանքը էակի մը՝ որ ամէն յոյս կորսնցուցած է մահագոյժ վախճանէ մը խուսափելու։ Բայց շատ աւելի սարսափելի էին աչքերը, այն մահացու կերպով դժգոյն թրջած դէմքին վրայ։ Իրեն պօռացի.

Աւելի՛ ուժով բռնէ ինքզինքդ։

Եւ ես ինքս այլ ջուրին մէջ իջայ, պարանէն բռնելով։ Ոտքովս բանի մը զարնուեցայ, եւ, առաջին վայրկեանին, ցաւը արգիլեց ինծի որ եւ է բան հասկնալէ։ Յետոյ սակայն հասկցայ։ Իմ մէջս ջերմ զգացողութիւն մը բռնկեցաւ, արբշիռ էի, ու աւելի քան երբէք զօրաւոր կ՚զգայի ինքզինքս …։

Երկիրը՜, գոչեցի։

Թերեւս մեծ նաւարկուները նոր երկիրներ երբ կը գտնեն, ինէ աւելի եռանդով կ՚աղաղակեն այդ բառը, բայց կը կասկածիմ թէ կարենան աւելի ուժգին աղաղակել զայն։ Շառքօ մռնչեց ու մենք ջուրը նետուեցանք։ Բայց մեր եռանդը մարեցաւ, ջուրը տակաւին մինչեւ մեր կուրծքը կուգար, եւ ո՛չ ուրեք ծովեզերքին նշանը չէր երեւնար։ Ալիքները աւելի տկար էին ու չէին ոստոստեր, եւ մեր վրայէն ծուլօրէն կը թաւալէին։ Բարեբաղդաբար նաւակը թողած չէի։ Շառքօ եւ ես երկու կողմը անցանք, եւ ազատութեան պարաններէն բռնելով, յառաջացանք զգուշութեամբ, առանց գիտնալու թէ ո՛ւր, առաջնորդելով նաւակը, զոր իր կանոնաւոր դիրքին մէջ դրած էինք։

  Շառքօ բան մը կը մրմռար ու կը խնդար։ Ես, մտահոգ, շուրջերնիս կը նայէի։ Խաւար էր։ Մեր ետեւը ու մեր առջին՝ ալիքներուն աղմուկը աւելի սաստիկ էր, մեր առջեւը ու դէպի ձախ՝ աւելի տկար։ Դէպի ձախ ուղղուեցանք։ Գետինը հաստատուն, աւազուտ, բայց անհարթ էր։ Երբեմն երբեմն ալ յատակին չէինք դպչեր ու սրունքներով կը լողայինք, միւսով նաւակը բռնած։ Ուրիշ անգամ ջուրը մինչեւ ծունկերնիս էր։ Խոր տեղերը, Շառքօ կը հեծէր ու ես կը դողդղայի սարսափէ։ Եւ, յանկարծ, ո՜հ փրկութիւն, մեր առջեւ լոյսեր փայլեցան։

Շառքօ ամբողջ ուժով ոռնաց, բայց ես կատարելապէս կը յիշէի թէ նաւակը մաքսախոյզներուն կը պատկանէր, եւ զայդ յիշեցուցի իրեն։ Շառքօ լռեց, բայց քանի մը վայրկեան յետոյ, իր հեծկլտուքները թնդացին։ Չկրցայ զինքը հանդարտեցնել. այդ բանը ընելու համար պէտք եղածը չունէի։

Ջուրը հետզհետէ կը նուազէր. մինչեւ ծնկուըներնիս իջած էր, յետոյ մինչեւ պճեղները. յետոյ ա՜լ բնաւ։ Շառքօ եւ ես միշտ կը քաշէինք նաւակը. վերջապէս ուժերնիս հատաւ, ու թողուցինք զայն։ Տեսակ մը սեւ կոճղ ճամբանիս կը գոցէր։ Անոր վրայէն վեր ելանք ու ոտքերնուս վրայ ինկանք փուշոտ խոտի մը վրայ։ Ասիկա ցաւալի ու անհիւրընկալ էր երկրին կողմէն. բայց ուշադրութիւն չըրինք ու վազեցինք դէպի կրակը։ Մենէ մէկ վերսդ հեռուն էր ան ու իր զուարթ բոցերը կը թուէին մեզի խնդալ իբրեւ թէ մեզ հիւրասիրելու համար. ստուերը չարաշուքօրէն անոնց շուրջը կ՚երերտկար։