Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՄՈՒԼԻ ՄԱՏԵՆԱԳԷՏԸ

Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի աշխարհը հայ գիրքին չափ եւ հայ գիրքէն աւելի հայ մամուլի մատենագիտական զանազան հարցերն են, որոնց յատկացուած է այս հատորը։

Մամուլի հանդէպ Արտաշէսին ունեցած հետաքրքրութիւնը սկսած է պատանեկան տարիքէն եւ շարունակուած է մինչեւ իր կեանքի աւարտը։ Մամուլը կարմիր թելի պէս կ՚անցնի Արտաշէսին բոլոր գործերուն ընդմէջէն։

Ուսուցչութիւն ըրած ատեն կամ որեւէ նիւթի մասին դասախօսութիւն տուած միջոցին, խմբագրական աշխատանքի պահուն կամ զրոյց մը վարելու ընթացքին, առօրեայ խօսակցութիւններուն մէջ առիթ չէր փախցներ ան մամուլի զանազան հարցերու մասին արտայայտուելու եւ իր մտածումները փոխանցելու։ Չափազանցութիւն ըրած չենք ըլլար երբ հաստատենք, որ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան անձնաւորումն էր հայ մամուլի։

«Հայ մամուլին կոչումը» խորագրեալ իր յօդուածին մէջ, Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան կը բանաձեւէր իր մտածումները մամլոյ դերակատարութեան եւ կոչումին մասին։ Ան կը յայտնէր, թէ մամուլը կը նպատակադրէ «պատրաստել մարդը, էապէս եսասէր եւ եսապաշտ մարդը դարձնել ընկերասէր, այլասէր, ընկերութեան սպասարկու անհատ։ [... ] Իր այս նպատակով՝ մամուլը կը կանգնի նոյն մակարդակին վրայ կամ կը միանայ եկեղեցիին եւ դպրոցին, որոնցմէ աւելի ուշ ծնունդ առած է, սակայն իր ազդեցութեան կարգով կրնայ չզիջիլ անոնց»։

Ոչ միայն ասիկա։ Արտաշէսին համար մամուլը կը հանդիսանայ հայութեան հոգին եւ միտքը ձեւաւորող եւ առաջնորդող գլխաւոր ազդակներէն մէկը։ Հայ լրագրութիւնը այն թանգարանն է, կը հաստատէր ան, ուր կը քնանան մեր գրողներու ստուար մասին գրութիւնները։ «Մամուլը ինք առանձին երեւոյթ չէ, այլ հայելին է, մանաւանդ մեզի պէս ժողովուրդի մը պարագային, իրեն ծնունդ տուող հաւաքականութեան», պիտի ըսէր ինք։ Աւելի՛ն. գաղութներու պատմութեան հանքն է մամուլը, որ տակաւին կը մնայ իբրեւ չպեղուած գանձ մը։

Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան հազարներով թերթ ու գիրք փրկած է ստոյգ կորուստէ։ Ունեցած է թերթի նմոյշներ, որոնք աշխարհի մէջ փրկուած միակ օրինակներն են։ Այս շարքին է, օրինակ, Անդրանիկ Եօանէսքուի Յոյս լատինատառ հայերէնով թերթին առաջին տարուան առաջին թիւը, 4 Յունուար 1889 թուակիր։ Իսկ այս թերթէն գոյութիւն ունի Վիեննայի Մխիթարեան մատենադարանին մէջ միայն, այն ալ վեցերորդ թիւէն սկսեալ։

Արտաշէսը իր կեանքի ժամանակին մէկ մասը յատկացուց գիրք ու թերթ, ինչպէս նաեւ թուղթի վրայ արձանագրուած մշակութային որեւէ թողօն հաւաքելու   Սփիւռքի գրեթէ բոլոր գաղութներէ։ Հաւանաբար մամլոյ մեծագոյն հաւաքածոն ունեցողն էր ինք Արտերկրի մէջ։ Ասոր առընթեր, եղաւ անյագ ընթերցող մը այդ բոլորին։ Մտաւորականներ, թերթերու խմբագիրներ, ուսուցիչներ եւ ուսանողներ յաճախ կը դիմէին իրեն՝ իրենց ուսումնասիրելիք աշխատանքի մասին աղբիւր ուզելու։ Արտաշէսը զարմանալի յիշողութեամբ կու տար թերթին անունը, թուականը, յօդուածագրին անունը եւ յօդուածին խորագիրը։ Լաւագոյն ապացոյց, որ որքա՜ն թափանցած պէտք էր որ ըլլար ան իր թերթերուն խորքը։

Մամլոյ սեփական հաւաքածոյ մը ունենալու առաւելութիւնը առիթ ընծայեց իրեն կատարելու բազում ուսումնասիրութիւններ մեր մամուլի պատմութենէն։ Յովհաննէս Պետրոսեանի Հայ պարբերական մամուլի բիբլիոգրաֆիա ստուար աշխատասիրութեան գիտական-քննական գրախօսականը առանձինն կրնայ արժեցնել Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանը իբրեւ մամուլի մասնագէտ։ Ասոր վրայ կրնան աւելնալ Հ. Յ. Դաշնակցութեան եւ Ս. Դ. Հնչակեան կուսակցութեան մամուլի մատենագիտութիւնը, լիբանանահայ եւ սուրիահայ մամուլի պատմութիւնը, որոնք անկասկած մնայուն արժէքներ պիտի մնան մեր մամլոյ պատմութեան մէջ։ Ի զուր չէ, որ ոմանք զինք կոչած են «Հայ մամուլի շրջուն դեսպան», իսկ ուրիշներ՝ «Հայ մամուլի պատմութեան աշխարհակալ»։ Այս անուանարկումները չափազանցութիւններ չեն երբեք. անոնց խորքը գտնուող իրականութիւնը պիտի անմահացնէ անոր անունը մեր մամուլի եւ մշակոյթի պատմութեան մէջ։

Արտաշէսին ամբողջ երազն էր պատրաստել հայ մամլոյ ամբողջական մատենագիտութիւնը։ Ոմանք կրնան ցնորական նկատել այս ծրագիրը։

Վստահ ենք, որ Արտաշէսը կրնար գլուխ հանել այս աշխատանքը եթէ ունենար համապատասխան հովանաւորութիւն եւ մանաւանդ՝ եթէ անժամանակ չըլլար անոր մահը։

Այո՛, կանուխ մեկնեցաւ Արտաշէսը այս աշխարհէն՝ անփոխարինելի ըլլալու ժառանգը ձգելով իր ետին։ Վստահաբար շատ դժուար պիտի ըլլայ գոցել մամլոյ պատմութեան ուսումնասիրութեան մէջ իր ձգած բացը։

Կ. Յ.