Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
(ՀՊԱՆՑԻԿ ԱԿՆԱՐԿ)

 

ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ

Հայ մամուլի պատմութիւն

Օսմանեան սահմանադրութիւն եւ

Համաշխարհային Ա. պատերազմ

Սփիւռքահայ եւ հայրենական մամուլը

Հայ մամուլին քանակը

Հայ մամուլին ներկայ քանակը

Տպաքանակ

Օտարալեզու թերթեր

Երկարամեայ թերթեր

Հայ խմբագիրներ

Հայ լրագրութեան դերը

Մատենագիտութիւն հայ մամուլի պատմութեան

Հայ մամուլի սկզբնաւորումը զանազան երկիրներու մէջ

Ցուցադրուող մամուլի ընդհանուր ցանկ

****************

Ամերիկահայ մամուլի 100-ամեակին առթիւ (1987), Համազգայինի Հայ Մշակութային եւ Կրթական Ընկերակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւնը Լոս Անճելըսի մէջ կազմակերպած է մամուլի ցուցահանդէս մը։ Այս առթիւ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան պատրաստած է Հայ մամուլի ցուցակ խորագրեալ գրքոյկ մը, Լոս Անճելըս, 1987, 59 էջ։

Կրկնութիւններէ խուսափելու համար դուրս բերած ենք այս գրքոյկին կարգ մը բաժինները, որոնք լոյս տեսած են Ա. Տէր Խաչատուրեանի այլ ուսումնասիրութիւններու մէջ ալ։

Գրքոյկը շատ լաւ գաղափար մը կու տայ Ա. Տէր Խաչատուրեանի կազմակերպած ցուցահանդէսներու մասին, Սփիւռքի զանազան գաղութներու մէջ։