Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱԶԴԱՐԱՐԻ ՎԵՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

1969-ը 175 ամեակն էր ԱԶԴԱՐԱՐի հիմնադրութեան։ Երեւանի Մատենադարանին եւ Լիզպոնի Գալուստ Կիւլպենկեան հիմնարկութեան գործակցութեամբ, լուսատիպ (offset) տպագրութեամբ վերատպուեցաւ թերթին ամբողջ շարքը (18 թիւ), երկու հատորով (1970, 771 էջ)։ Մատենադարանը տրամադրեց ամբողջական հաւաքածոյին լուսապատճենները, իսկ Կիւլպենկեան Հիմնարկութիւնը հոգաց նիւթական ծախսերը։ Չէ նշուած, սակայն կ՚ենթադրենք, որ լոյս տեսած է Վենետիկի Ս. Ղազարի տպարանէն։ Լոյս տեսած է Հայկական Մատենաշար Գալուստ Կիւլպենկեան Հիմնարկութեան շարքին մէջ։

Առաջին հատորին սկիզբը, «Երկու խօսք» խորագիրին տակ, Մարգարիտ Մխիթարեան բաւական բծախնդրութեամբ կը ներկայացնէ ԱԶԴԱՐԱՐն ու անոր դերը։ [1]



[1]            Էջ V-XIX։