Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՇՄԱՒՈՆԵԱՆԻ ՆԿԱՐԸ

Նշենք, որ ԱԶԴԱՐԱՐ սկսաւ լոյս տեսնել 28 բաժանորդի զօրակցութեամբ։ Հետագային, քանի մը բաժանորդ ալ ապահովեց Կովկասէն եւ Պարսկաստանէն։

ԱԶԴԱՐԱՐի անուան յիշատակը յարգելու երկու փորձ կատարուած է Հնդկաստանի մէջ։ Առաջինը 1846-ին, երբ Մատրասի մէջ լոյս ընծայուած է ԱԶԴԱՐԱՐ շաբաթաթերթը։ Երկրորդը, 19501957, երբ Կալկաթայի մէջ լոյս տեսած է ՆՈՐ ԱԶԴԱՐԱՐ եռամսեայ պարբերաթերթը (արտ. եւ խմբ. Զ. Մ. Հանանեան)։

Դժբախտութիւն է, որ գոյութիւն չունի Շմաւոնեան քահանային դիմանկարը։ Այն ինչ որ կը ներկայացուի իբրեւ այդպիսին, Վիեննայի Մխիթարեան հայրերուն գործն է։ Հայ մամուլին 100-ամեակին առթիւ, 1894-ին, անոնք երեւակայական նկարով մը ուզեցին պատուել հայ մամուլին նահապետը։ Նոյն նկարին հիմամբ, պարսկահայ մանրանկարիչ Աբրահամ Գուրգէնեան պատրաստած է նոր նկար մը։

ԱԶԴԱՐԱՐի իւրաքանչիւր թիւի   անուանաթերթին վրայ, տպուած է. «Հայրապետութեան Տեառն Ղուկասու Սրբազան Կաթողիկոսի Ամենայն Հայոց ՚ի Վաղարշապատ։ Եւ ի թագաւորութեան Օգոստափայլ Տեառն Երկրորդի Հերակլայ Արքայի ՚ի Թիֆլիզ»։ Կաթողիկոսին անուան նշումը բնական է։ Ինչո՞ւ վրաց թագաւորին անուան նշումը։ Հնդկահայ ազատագրական խմբակը, որ 18-րդ դարու վերջին քառորդին կը ձեւաւորէր իր քաղաքական դաւանանքը, կը նպատակադրէր Հայաստանի ազատագրումը։ Ազատագրող՝ վրաց Հերակլ թագաւորը։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ ան կրցած է միացնել Վրաստանի անջատ, իրարու թշնամի երկու թագաւորութիւնները, Կովկասի մէջ որոշ վարկ կը վայելէր, մա՛նաւանդ հայոց Բագրատունիներու տոհմէն էր։ Շմաւոնեան քահանան ալ Հերակլի յարգանք ընծայելով՝ նոյն գաղափարին եւ յոյսին արձագանգը կը հանդիսանար։