Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

«Երեւանի հայ մամուլի ներկայացուցիչները հայ լեզուի պաշտպանութեան համար կազմած են «Հայացման կօմիտէ» մը եւ հետեւեալ որոշումները տուած են. «Կոչ ընել պետական, հասարակական եւ մասնաւոր հիմնարկութիւններուն, որպէս զի հայերէն խօսին ու գրեն։

«Չընդունիլ ուրիշ լեզուով գրութիւններ, լուրեր եւ յայտարարութիւններ։ Բացառաբար ընդունիլ օտար լեզուով յայտարարութիւնները, երբ անոնք օտարներէ կու գան։

«Պահանջել հայ լեզուի պաշտօնականացումը, իսկ միւս լեզուներու գործածութիւնը թոյլատրել՝ իբր օժանդակ լեզու։

 

«Այս առթիւ հետեւեալ կոչը ուղղած է Հայաստանի քաղաքացիներուն։

«Ամէն տեղ պահանջեցէք պետական լեզուն. հասարակական հիմնարկութիւններէն դուրս վտարեցէք անոնք՝ որոնք պետական լեզուն չեն գիտեր, եւ կամ զայն արհամարհելով կը սիրեն ուրիշ լեզուով խօսիլ ու գրել։

«Մի՛ ընդունիք եւ ետ ղրկեցէք բոլոր այն գրութիւնները, որոնք պետական լեզուով չեն գրուած։

«Մի՛ յաճախէք այն խանութներն ու վայրերը, որոնց ցուցակներուն վրայ պետական լեզուն չէ գրուած։

«Պահանջեցէք որ դատարաններու մէջ ձեզ լսեն ձեր մայրենի լեզուով։

«Պահանջեցէք որ օրէնքներն ու հրամանները հրատարակուին անպայման պետական լեզուով։

«Պէտք է որ ամէն մի հիմնարկութիւն ճանչնայ հայ լեզուի պարտադրութիւնը»։