Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՒ ՊԵՏԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆ (1915-1921)

Այս պիտակը առաւելաբար կը պատշաճի Արեւելահայաստանին քան Արեւմտահայաստանին։ Արեւմտահայաստանը 1915-1918 մղձաւանջային տարիներ կ՚ապրի։ Անճիտուած են իր մտաւորականութիւնն ու ղեկավարութիւնը։ Նահատակուած է իր ժողովուրդին մեծամասնութիւնը եւ մնացորդացը հոս ու հոն, առաւելաբար անապատներու մէջ իր կիսամեռ գոյութիւնը քարշ կու տայ։ Կովկասի մէջ ճակատագրական դէպքեր կը պատահին։ Ինչպէս Օսմանեան Սահմանադրութեան շրջանին, այս անգամ, Կովկասի մէջ է որ եռուզեռ գոյութիւն ունի։ Կովկասի հայութեան ճակատագիրն է, որ խնդրոյ առարկայ է։ Ծագած է Ա. Համաշխարհային պատերազմը եւ Օսմանեան Կայսրութիւնը, այլոց կարգին, պատերազմ հռչակած է Ցարական Ռուսիոյ դէմ։ Ռուսական բանակները կը յարձակին Թուրքիոյ վրայ։ Կամաւորական գունդեր կը կազմուին օգնելու ռուս բանակին եւ ազատագրելու Արեւմտահայաստանը։ Այդ գունդերուն կազմութեան եւ ղեկավարութեան մէջ մեծ դեր ունի Դաշնակցութիւնը։ Յարձակում, նահանջ, գաղթականութեան տեղաւորում եւ բազմաթիւ այլ հարցեր օրուան հրատապ նիւթերն են։

1917-ի ռուսական զոյգ յեղափոխութիւնները, ռազմաճակատի քայքայում, Կովկասի պաշտպանութեան հարց, որպէսզի արեւելահայութիւնը չենթարկուի արեւմտահայութեան դժխեմ ճակատագիրին։ Հոն է Դաշնակցութիւնը, լարած իր բոլոր ուժերը։ Եւ ի վերջոյ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտներով թրքական սպառնացող վտանգին չէզոքացումը եւ դարաւոր կորսուած անկախութեան վերականգնումը (1918, Մայիս 28)։

Մինչեւ այս թուականը Կովկասի մէջ ունինք Հորիզոնը (որ կը շարունակէ իր գոյութիւնը։ Հիմնուած 1909-ին)։ Պաքուի՝ Պայքարը (1914-1917), Երեւանի Զանգը (1917-1919), Պաքուի Գործը (1917-1918), Շուշիի Ապառաժը (1917-1919), Պաքուի Յառաջը (1917) եւ կարգ մը ուրիշ թերթեր։

Անկախութեան հռչակումէն ետք, մամուլի բնական աճ մը նշմարելի է։ Հսկայ աշխատանք կար կատարելիք։ Հայրենիքի պաշտպանութիւն, նոր պետութեան վարչամեքենայի կազմութիւն, արեւմտահայ գաղթականութիւն, հողային հարցեր, հայկական հարցի միջազգային ճանաչում եւ լուծում, կրթական, տնտեսական եւ մշակութային գործեր, լրատուութիւն եւ այլն։ Հետզհետէ Թիֆլիսէն, Պաքուէն, Մոսկուայէն եւ այլ վայրերէ հայ մտաւորականներ կու գան եւ կը հաստատուին Երեւան ու Ալեքսանդրապոլ։ Ասոնց մէջ են նաեւ մեր արեւմտահայ գաւառներու ջարդերէն ճողոպրած հայ մտաւորականներ, հանրային գործիչներ եւ յեղափոխականներ։ Տեղական ուժերն ալ կ՚արթննան իրենց թմբիրէն եւ միասնաբար կը լծուին նոր թերթերու հիմնումի աշխատանքին։

Առաջին հերթին կուսակցութիւնները կը մղուին այդ ճիգին, ժողովուրդը առաջնորդելու եւ լուսաբանելու, իրենց շարքերը ստուարացնելու եւ պետական մեքենային մէջ իրենց տեղը ունենալու համար։

Օրուան կուսակցութիւններն էին 1) Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, 2) Սոցիալիստ Յեղափոխական, 3) Սոցիալ Դեմոկրատ, 4) Հայ Ժողովրդական, 5) Ռամկավար, 6) Հնչակեան, 7) Համայնավար (Կոմունիստ) եւ 8) Անկախ սոցիալիստներ։

Այս շրջանին ունինք չորս տեսակ մամուլ 1) Պետական, 2) Կուսակցական, 3) Միութենական եւ 4) Անհատական։

Ինչպէս նախորդ տարիներուն, Հանրապետական Հայաստանի երկամեայ գոյութեան ընթացքին, Հ. Յ. Դաշնակցութիւնն է, որ ղեկավարի դեր կը ստանձնէ թէ՛ ազգային-պետական կեանքին եւ թէ՛ մամուլին մէջ։ Եթէ 1890-1918 Կովկասի Հ. Յ. Դաշնակցութեան կեդրոնը Թիֆլիսն էր, հիմա ստեղծուած է հայրենիք, իր Երեւան մայրաքաղաքով։ Հետեւաբար կարեւոր ուժերը եւ օրկանները պէտք է փոխադրուին հոն։ Եւ մասամբ այդ է, որ տեղի կ՚ունենայ։ Կ՚ըսենք մասամբ, որովհետեւ գոյութիւն ունի վրացահայ մեծ գաղութ մը, որ ղեկավարումի կը կարօտի։ Կարելի չէ զայն երեսի վրայ ձգել։

Այս շրջանի կարեւոր թերթերն են Աշխատանք (Երեւան, 19171919, Վանի Աշխատանքի շարունակութիւն), Հայաստանի աշխատաւոր, (1919-1920), Յառաջ (1918-1919), Սիւնիք (Գորիս, 1919)։ Նոր թերթերը առաւելաբար հիմնուած են 1919-ին, քաղաքական կեանքի բիւրեղացումէն ետք։

Նշեցինք կուսակցական օրկաններ եւ դաշնակցական թերթեր։

Զանց ըրինք պետական օրկանները, որոնց խմբագրութեան մէջ դաշնակցականներ պաշտօններ ունին։

Հայաստանի խորհրդայնացումով կը հաստատուի Համայնավար կուսակցութեան բացարձակ տիրապետութիւնը։ Ըլլալով ամբողջատիրական կուսակցութիւն, իր մականին տակ կ՚առնէ իր ժողովուրդին բոլոր տեսակի գործունէութիւնները, որոնց կարգին մամուլը։ Տարօրինակ գործելակերպ։ Հանրապետական շրջանին իրեն գոյութեան իրաւունք տրուած է եւ մամուլ հիմնած, սակայն, ինք կը զլանայ այդ իրաւունքը ուրիշին։

1921-1990, Խորհրդային Հայաստանի տարածքին, մեր ձեռքին տակ գտնուող աղբիւրները կը նշեն դաշնակցական միակ օրկան մը, Դաշերիտ Միութեան (Դաշնակցական Երիտասարդներու Միութիւն) Յեղափոխական դարբնոց ապակետիպ ամսաթերթը (խմբ. ներ՝ Գ. Գրիգորեան եւ Հ. Տէր Թովմասեան)։ Գաղտնի թերթ։

Վերջին մէկ-երկու տարուան ընթացքին, Հայաստանի մէջ տիրող ազատ արտայայտութեան շնորհիւ, թերեւս մարդիկ քաջութիւնը ունենան յայտնելու մամուլի անուններ, եթէ զանոնք հրատարակած են իբրեւ դաշնակցական պաշտօնական օրկան։

Հանրապետական Հայաստանին նման այլ եռուզեռ մը կ՚ապրէր Պոլսոյ հայութիւնը։ Արեւմտահայութեան կրած լախտի հարուածը զինք շշմեցուցած էր։ Ճիշդ է, ինք չէր տեղահանուած, սակայն իր մտաւորականութիւնը անդարձ մեկնած էր, իր զաւակներէն շատեր պատերազմին զոհը դարձած էին, դպրոցներու մեծ մասը փակ, տարագրուած մտաւորականներէն ոմանք հետապնդումի առարկայ ըլլալով՝ թաքըստոց կը փոխեն, ինչպէս է պարագան Յակոբ Օշականի եւ Շաւարշ Միսաքեանի։ Ազգային մեքենան ջլատուած եւ Զաւէն Պատրիարք աքսորուած։ Ահագին գործ կայ, սակայն, «հունձք բազում, մշակք սակաւք»։

Առաջին առիթով պէտք է սգահանդէս մը սարքել Ապրիլեան մեր բիւրաւոր նահատակներուն յիշատակին։ Հաւաքել որբերը եւ որբանոցներու մէջ պատսպարել։ Որոնել եւ գտնել թուրք ընտանիքներու որդեգրուած կամ բռնի վար դրուած, մանաւա՛նդ հայուհիներ։ Վերաբանալ դպրոցները եւ կազմակերպել ուսումնական կեանքը։

Կապ պահել նորանկախ Հայրենիքին հետ եւ կարելի միջոցներով օժանդակել Հանրապետական Հայաստանի ամրապնդման եւ վերելքին։ Պոլսահայութիւնը լիաբուռն կը մասնակցի օգնութեան ֆոնտին։ Գրկաբաց կ՚ընդունի Հանրապետական Հայաստանի՝ Պոլիս այցելող պատուիրակութիւնները։

Եղեռնէն մազապուրծ ազատած դաշնակցական գործիչներ, մտաւորականներ եւ խմբագիրներ հրապարակի վրայ են։ Նախ կը վերակազմակերպեն կուսակցութեան քանդուած կառոյցը, ապա կ՚անցնին ազգային հարցերու ղեկավարման գործին։ Վերոյիշեալ գործունէութիւններուն խթան եւ նախաձեռնող կը հանդիսանան։

Երիտասարդ թուրք ղեկավարներու եւ ջարդարարներու դատավարութեան ատեն կը հայթայթեն փաստաթուղթեր։ Անոնց Մալթա աքսորուելէն եւ ազատ արձակումէն ետք, իւրայատուկ Նիւրեմպերկեան դատավճիռ արձակելով, աստ ու անդ, մահափորձի կ՚ենթարկեն մեր ժողովուրդին դահիճները։

Այս բոլորը կատարելու համար մամուլը անհրաժեշտութիւն է։

Եւ ահաւասիկ, Զինադադարէն քանի մը օր ետք, լոյս կը տեսնէ Ճակատամարտը, իբրեւ շարունակութիւն Ազատամարտի, նոյն ոգիով, բայց ոչ նոյն խմբագիրներու փաղանգով։ Անոնցմէ շատեր նահատակի դափնեպսակին արժանացած են։ Ճակատամարտի խմբագրական կազմ Շաւարշ Միսաքեան, Յակոբ Ճ. Սիրունի եւ Մանուկ Ասլանեան։ Ճակատամարտը ունեցած է մանկավարժական եւ գիւղատնտեսական յաւելուածներ, շատ փոքրադիր, գրքոյկի ձեւով տպուած, որոնց խմբագրութիւնը ստանձնած են անուանի մանկավարժներ, դասախօսներ եւ գիւղատնտեսներ։

Պոլսոյ մէջ դաշնակցական բովանդակութիւն ունեցող թերթ է այս շրջանին՝ Մերուժան Պարսամեանի Շանթը (1918-1919), որ առանձին թիւեր կը յատկացնէ Եղեռնին զոհ գացած մեր մտաւորականութեան։

  Հիմը կը դրուի Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (Նոյ. 1918), որուն մէջ մեծ դեր վերապահուած է Յակոբ Սիրունիին։

Միութիւնը նպատակ ունի «առողջ միտք, առողջ մարմնի մէջ» սկզբունքէն մեկնելով, գաղափարապաշտ սերունդ յառաջացնել «պատուոյս վրայ կ՚երդնում հաւատարիմ մնալ ազգիս եւ հայրենիքիս»։ Կը կազմակերպէ ողիմպիականներ, ուր ցեղին յարութիւնը ի յայտ կու գայ։ Դրապէս պատասխանելով Հանրապետական Հայաստանի կրթական նախարար Ն. Աղբալեանի հրաւէրին, նուիրեալներու փոքրաթիւ խմբակ մը կ՚ուղարկէ Հայրենիք, մարմնակրթանքն ու սկաուտութիւնը կազմակերպելու համար։ Կը հիմնէ իր օրկանը՝ Հայ սկաուտ (Նոյ. 1, 1919)։

Այդ օրերուն, ունինք Արտերկիր մը, որ կը տուայտի ազգին տագնապներով եւ կը խանդավառուի անոր յաջողութիւններով։ Տէր Զօրի անապատներէն եւ այլ տեղերէ հաւաքուած հայութիւն ունինք Հալէպի մէջ։ Զինադադարը հազիւ հռչակուած (Յուլիս, 1918) Բենիամին Միլտոնեան լոյս կ՚ընծայէ Տարագիր օրաթերթը (խորագիրը այնքան խօսուն է։ Հայութեան օրուան վիճակն է)։ Կարճ պիտի տեւէ անոր հրատարակութիւնը, որովհետեւ Սուրիա հաւաքուած հայութեան մեծամասնութիւնը (կիլիկեցիներէ բաղկացած) պիտի տեղափոխուի Կիլիկիա եւ Ատանայի մէջ (որ ֆրանսական հոգատարութեան կեդրոնն է) պիտի սկսին հրատարակուիլ զանազան թերթեր։ Դաշնակցութիւնն ալ պիտի հիմնէ Կիլիկիան (Կիլիկիոյ մէջ, իր առաջին եւ վերջին օրկանը)։

Եգիպտոսի մէջ 1913-էն ի վեր լոյս կը տեսնէ Յուսաբերը։ Հեռաւոր Ամերիկայի մէջ կը շարունակէ լոյս տեսնել Հայրենիքը։ Ֆրեզնոյի մէջ՝ 1908-էն ի վեր Ասպարէզը։ Հոն ունինք նաեւ Փիւնիկ ամսաթերթը, գրական-գեղարուեստական բովանդակութեամբ։ Թերթը ճիգ թափած է մեր նահատակ գրագէտներուն անտիպները ձեռք ձգելու եւ հրատարակելու։ Համաստեղ, Հայրենիքի կողքին, հոս իր թարգմանական եւ գրական նախափորձերը կը կատարէ։

Ունինք Պարսկաստանը, որ յարաբերաբար ազատ պայմաններու մէջ ապրելով, ազատ թռիչք կու տայ իր մտածումներուն։ Հոն, 1909-1911, ունեցած ենք կուսակցութեան առաջին օրկանը՝ Առաւօտը։ Այգը՝ 1912-1922։ Կան անհատ դաշնակցականներու կողմէ խմբագրուած թերթեր ալ։

Առանձնապէս կ՚ուզենք անդրադառնալ Հ. Յ. Դ. Պալքանի Կեդրոնական Կոմիտէի օրկան Հայաստան կիսաշաբաթաթերթին, Սոֆիա, 19 Մարտ - 26 Սեպտեմբեր 1915 (57 թիւ)։ Պոլսոյ մտաւորականութեան ձերբակալման եւ ներքին գաւառներու հայութեան տեղահանութեան վերաբերեալ առաջին թղթակցութիւնները լոյս ընծայած է։ Ուղարկողն է Շ. Միսաքեան։ Խմբագրութիւնը, ձեռքին տակ ունեցած տեղեկութիւններուն հիմամբ, կապ կը պահէր Սոֆիայի մօտ Ֆրանսայի, Անգլիոյ եւ Ռուսիոյ ներկայացուցիչներուն հետ եւ կոտորածի մը՝ ջարդի մը գործադրումը կը յայտնէր։ Վերոյիշեալ պետութիւնները միացեալ յայտարարութեամբ՝ թրքական կառավարութիւնը կ՚ամբաստանէին իբրեւ կոտորած սարքող։ Կը զգուշացնէին Բ. Դուռը, թէ գործուած ոճիրներուն համար պատասխանատու կը նկատեն օսմանեան կառավարութեան բոլոր անդամները։