Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ. ՍՓԻՒՌՔԻ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ԿԱՄ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՄԱՆ ՇՐՋԱՆ (1921-1945)

Հայկական նոր Սփիւռքը մեծ մասամբ կազմուած է 1915-1922-ի միջեւ, արդիւնք Երիտասարդ Թուրքերու ջարդարար քաղաքականութեան եւ փոքր մասով՝ Հայաստանի խորհրդայնացման։ Ասկէ առաջ, իբրեւ նկատառելի զանգուած, ունէինք Հիւսիսային Կովկասը, Վրաստանը եւ Ազրպէյճանը՝ Կովկասի մէջ, Պարսկաստանը, Եգիպտոսը եւ Ամերիկան . Նահանգներ)։ Այլ երկիրներու մէջ, ինչպէս Ֆրանսա, Յունաստան, Պուլկարիա, ունէինք փոքրաթիւ գաղութներ։

Նոր Սփիւռքին հիմնական կորիզը կը կազմէ թրքական եաթաղանէն ճողոպրած մնացորդացը, մեծ մասամբ կիլիկեցի, որ Քեմալական շարժման յաղթանակին սարսափէն փախուստ տալով, քանի մը թեւերով կ՚ուղղուի Յունաստան եւ Պալքանեան երկիրներ եւ Ֆրանսա, Սուրիա եւ Լիբանան։ Սուրիան պիտի ըլլայ մեծագոյն կեդրոնը, ուրկէ դանդաղ հոսանքով հայ տարագիրները պիտի հասնին դէպի Լիբանան, Ֆրանսա եւ զոյգ Ամերիկաները։

Հայաստանի խորհրդայնացումէն եւ Փետրուարեան ապստամբութեան ձախողութենէն ետք, շուրջ 10, 000-նոց գաղթականութիւն մը, որուն մէջ են պետական դէմքեր, դաշնակցական գործիչներ, խմբագիրներ, ուսուցիչներ, նախ կ՚ապաստանի Զանգեզուր, ապա միջոցը կը գտնէ անցնելու Արաքս գետը եւ կայք հաստատելու Պարսկաստանի մէջ։ Մեծ բարիք եւ փրկութեան լաստ մըն էր Պարսկաստանը։ Այլապէս՝ այդ ընտրանի մտաւորականութիւնը կրնար համայնավարական կացինի, սուինի, փամփուշտի զոհը դառնալ, կամ բանտերու եւ Սիպիրի աքսորավայրերուն մէջ անյայտ ճակատագիր ունենալ։

Պարսկաստան ապաստանած մտաւորականութեան հոգիները ճնշուած են, ներկան անգոյն, անբարեյոյս, իսկ ապագան՝ անորոշ, անստոյգ։ Ոմանք իրենց յուշերը գրելու հետամուտ են, ուրիշներ՝ կողմնորոշուելու դժուարութեան առջեւ։ Ոմանք, խմբագրական աշխատանքի հրաւէրներու ընդառաջելով, կը մեկնին իրենց նոր պաշտօններուն։ Այսպէս է պարագան Ռ. Դարբինեանի, որ 1922-ին կը ստանձնէ Հայրենիքի խմբագրապետութիւնը, Վ. Նաւասարդեան՝ Գահիրէի Յուսաբերը, Խոսրով Թիւթիւնճեան ու Արշակ Յովհաննէսեան՝ Պէյրութի Փիւնիկը եւ այլն։ Մտաւորականութեան մեծամասնութիւնը պիտի նախընտրէ Ֆրանսան, որովհետեւ հոն գումարուած էր Փարիզի Հաշտութեան Վեհաժողովը, հոն կը գործէին հայկական զոյգ պատուիրակութիւնները։ Առաւել, կար ֆրանսական մշակոյթին հմայքը։ Հոն պիտի ապաստանէին նաեւ արեւմտահայ մտաւորականներէն ոմանք, ինչպէս՝ Շ. Միսաքեանը եւ նորահաս սերունդէն Վ. Շուշանեան, Ն. Պէշիկթաշլեան, Հրանդ Բալուեան եւ ուրիշներ։ Այնպէս որ, 1930-ական թուականներուն, Ֆրանսայի Հայ Գրողներու Միութիւնը ունէր շուրջ 125 անդամ։ Պատկառելի թիւ եւ մարդոյժ մշակոյթի զանազան ասպարէզի մարդիկ։

Այս հիմամբ, շատ բնական պէտք է գտնել Հ. Յ. Դ. Գերագոյն Մարմինին հաստատումը Փարիզի եւ իր օրկանին՝ Դրօշակին վերահրատարակութիւնը նոյն վայրին մէջ։

Արտերկիրը կը դիմակալէր առօրեայ, ընթացիկ հարցեր որբախնամի աշխատանք, ապրուստի տագնապ, տեղացիներու հետ բախում, կրթական հարցեր եւ այլն։ Ծանրակշիռներուն կ՚անդրադառնանք աւելի անդին։

Եղեռնը որբ կը ձգէր հազարաւորներ, որոնք կը մէկտեղուէին Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Յունաստանի զանազան որբանոցներուն մէջ։ Որբանոցներէն դուրս եկող սերունդէն ոմանք կ՚արժանանային Դաշնակցութեան հոգածութեան։ Պատանեկան միութիւնները եւ Հ. Մ. Ը. Մ. ը իրենց հովանին կը տարածէին անոնց վրայ։ Անտուն որբերը ակումբներուն մէջ իրենք զիրենք կը զգային հօրենական տան մը ջերմութեան մէջ, ուր կ՚ամբողջացնէին երբեմն կիսատ, կամ թերի մնացած կրթութիւնը։ Ու զարմանալի թող չթուի, եթէ ըսենք, որ Հալէպի, Դամասկոսի եւ Պէյրութի մէջ, պատանեկան միութիւններն էին, որոնք Պատանի եւ այլ անուններով իրենց օրկանները պիտի հիմնեն (թէեւ կարճատեւ ժամանակամիջոցով) իրենց    երէցներէն առաջ։ Որբանոցներէն ելած սերունդէն շատեր   պիտի ստանձնեն ազգային եւ կուսակցական դեր, դառնալով ուսուցիչ, դասախօս, խմբագիր։ Նշենք անոնցմէ երեքը Ա. Ծառուկեան, Մուշեղ Իշխան եւ Գ. Բանեան։

Ապրուստի հարցը սրտմաշուք երեւոյթ է թէ՛ ժողովուրդին, թէ՛ մտաւորականութեան համար։ Գոյութիւն ունեցող եւ նորահաստատ կրթական օճախները, մամուլը անբաւարար էին կազմաւորուած մտաւորականութեան գործ եւ պատուագին հայթայթելու։

Շատերու համար կրնայ զարմանալի թուիլ, սակայն, իրողութիւնն է, որ Ռ. Դարբինեան երբ 1922-ի Նոյեմբերին կը հիմնէ Հայրենիք ամսագիրը, իր առաջին նպատակը եղած է նիւթական փոքր կռուան մը հայթայթել հայ մտաւորականութեան եւ մասամբ թեթեւցնել անոր ապրուստի հոգը։

Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը յեղափոխական կուսակցութիւն է, սակայն, միաժամանակ ազգային կուսակցութիւն։ Պարտաւոր զգացած է ազգին զանազան հարցերով զբաղիլ եւ անոնց դարմանը գտնել։ Տեսնելով հայ կեանքին մէջ որակաւոր ուսուցիչներու եւ հանրային գործիչներու պակասը, 1928-ի Մայիսին, Գահիրէի մէջ կը հիմնէ «Համազգային Կրթական եւ Հրատարակչական Ընկերութիւն»ը, որ 1930-ին, Պէյրութի մէջ, կը բանայ իր կրթական օճախը՝

Հայ Ճեմարանը (հետագային՝ Նշան Փալանճեան ճեմարան անուանուած)։ Մեծ է այս կրթարանին դերը սկզբնական շրջանին Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն, ապա ամբողջ Արտերկիրին վրայ։

Ծանրակշիռ հարցեր բազմահազար տարագիրներու եւ որբերու հարցը, զանոնք ամբողջովին կամ մասամբ Հայաստան փոխադրելու հարցը, հայրենիքի իրականութեան հանդէպ դիրք ճշդելու հարցը։ Կար հիմնական հարցը։ Սփիւռքը պիտի ըլլար կոտորակուած, աշխարհագրականօրէն եւ հոգեպէս բաժնուած հայութի՞ւն, թէ կազմակերպուած, հոգեպէս միաձոյլ հայութիւն։

Համագաղութային համագումարի մը կազմակերպումով՝ օրուան ղեկավարները կը կարծէին լուծում մը բերել վերոյիշեալ հարցերուն եւ ճշդելու Սփիւռքի դիմագիծը։ 1924 Յունուար 20-ին՝ Նիկոլ Աղբալեան Գահիրէի մէջ՝ դասախօսութեան մը ընթացքին՝ կը յայտարարէր. «Անհրաժեշտ է, որ արտասահմանի հայութիւնը, բոլոր գաղութները ստեղծեն բարձրագոյն կազմակերպութիւն մը, համապատասխան ճիւղաւորումներով։ Կազմուին գաւառային, շրջանային մարմիններ, որոնք միաւորուած ըլլան Կեդրոնական Խորհուրդի մը յատուկ եւ համապատասխան սահմանադրութեամբ։ Տեսակ մը բարոյական պետութիւն... Այդ մարմինը գերագոյն մարմինն է արտասահմանի հայութեան, իր շուրջը պիտի համախմբէ բոլոր ցրուած գա- ղութներու հայութիւնը, անոնց ազգային, մշակութային, տնտեսական գործունէութիւնները՝ պետութեան եւ քաղաքացիական փոխյարաբերութիւններով» (Յովհաննէս Թոփուզեան, Եգիպտոսի հայկական գաղութի պատմութիւնը, Երեւան, 1978, էջ 249)։

Ռամկավարներն ու հնչակեաններն ալ խանդավառ էին համագումարով, սակայն, պայման կը դնէին որ այդ «գումարումին օրակարգը ո՛չ միայն չկրէ քաղաքական դրոշմ, այլեւ հեռուէն թէ մօտէն չշօշափէ որեւէ քաղաքական հարց» (նոյն, անդ)։

1925-ի Յուլիսին արդէն այդ ծրագիրը ձախողած էր։ Նախ ռամ- կավարները, ապա հնչակեանները կը հրաժարէին։ Դրօշակ ամսաթերթի խմբագրութիւնը 1929-ի հաշուեփակը կատարելով՝ հետեւեալ տխուր հաստատումը կ՚ընէ. «Գաղութների համար էլ 1929 թուականը շօշափելի բարիք չբերեց. շարունակուեց ցրուած աշխատանքը ազգային ուժերի հաւաքման ու կազմակերպման եւ ազգային մշակոյթի զարգացման։ Ամէն հատուած, ամէն գաղութ, ամէն յարանուանութիւն, ամէն կուսակցութիւն շարունակեց քայլել առանձին-առանձին, յաճախ, ներհակ ուղիներով, անհաշտ պայքարելով իրար դէմ։ Իւրաքանչիւր վայրում որոշ աշխատանք կատարուեց եւ որոշ արդիւնքներ ստացուեցին, բայց հաւաքական գործ, ընդհանուր ծրագրով, ընդհանուր նպատակներով եւ համերաշխ ճիգերով՝ անցեալ տարի էլ գլուխ չեկաւ։ Գաղութների ինքնապաշտպանութեան ամենազդու միջոցը՝ համազգային կազմակերպութեան պահանջը մնում է չգոհացած եւ հերթական խնդիր եւ, որպէս այդպիսին, անցում է ժառանգութեան 1930 թուականին» (1930, թ. 1, Յունուար, էջ 3-4)։

Համաձայնութեան եւ համագործակցութեան երազուած եւ բաղձացուած երեւոյթներ կրնային ըլլալ, սակայն կային հիմնական հարցեր, որոնց շուրջ կողմերը ունէին հակադիր կեցուածքներ։ Խ.

Հայաստանի գոյութեան եւ ճանաչման հարցը։ Մայիս 28 եւ Նոյեմբեր 29 տօնակատարել անկախութեա՞ն թէ խորհրդայնացման օրը։ Եռագոյնի հարցը։ Ազգային Իշխանութեանց մէջ հայոց   ներկայացուցչութեան հարցը։ Ժամանակի թաւալումով պիտի ստեղծուին նոր հարցեր ի՞նչ դիրք որդեգրել։

1920-ԱԿԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՄԱՄՈՒԼԸ

Ընթացիկ եւ ծանրակշիռ, հրատապ հարցերը իրենց լուծումին կը սպասէին։ 1920-ական թուականներուն Դաշնակցութիւնը կը զօրացնէ իր արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող օրկանները (կամ անհատական հրատարակութիւնները օրկանի կը վերածէ, ինչպէս է պարագան Գահիրէի Յուսաբերին), իսկ նորակազմ գաղութներուն մէջ կը հիմնէ իր օրկանները։ Տանք հիմնումի թուականի կարգով (առաւելաբար օրաթերթերն ու շաբաթաթերթերը, որովհետեւ թիւը աճում արձանագրած է) Այգ (Թեհրան, 1920), Հայրենիք ամս. (Պոսթըն, 1922), Հայաստանի ձայն (Փարիզ, 1922), Նոր օր (Աթէնք, 1923), Ալիք (Սելանիկ, 1923), Փիւնիկ (Պէյրութ, 1924), Դրօշակ (Փարիզ, 1925), Ազատ խօսք (Սոֆիա, 1926), Ազդակ (Պէյրութ, 1927)։ Իբրեւ շարքային դաշնակցականի հրատարակութիւն՝ Զուարթնոց (Փարիզ, 1929)։ 1930-1945-ի ընթացքին նոր օրկաններ Ալիք (Թեհրան, 1930), Արմենիա . Այրէս, 1931), Haտrenik Weekly, ապա` Armenian Weekly կոչուած (Պոսթըն, 1933), Վէմ (Փարիզ, 1933), Համազգայինի տարեգիրք (Գահիրէ, 1936), Հայ Կ. Խաչ . Օ. Մ. ի օրկան, Պոսթըն, 1939), Haiastan (Փարիզ, 1939), Ազդակ շաբ. (Պէյրութ, 1944), Ակօս (Պէյրութ, 1944), Ազատ օր (Աթէնք, 1945)։

Այս բոլորէն պէտք է առանձնացնել Հայրենիք ամսագիրը։ Հիմնուած է 1922 Նոյեմբերին եւ տեւած մինչեւ 1970։ Իւրաքանչիւր թիւը ինքնին հատոր մըն է (120-200 էջերէ բաղկացած)։ Անոր հրատարակութիւնը անկիւնադարձ մը կը կազմէ Սփիւռքի մեր մամուլին պատմութեան մէջ, թէ՛ իր ծաւալով, թէ՛ աշխատակիցներու փաղանգով եւ որակով։ Ամսագիրը իր շուրջ կրցաւ համախմբել հին եւ նոր գրագէտներ։ Երեւան բերաւ նոր տաղանդներ, ինչպէս՝ Համաստեղ, Արամ Հայկազ, Սեզա եւ ուրիշներ։ Դաշնակցական ճակատի եւ անոր համակիր բոլոր գրողներն ալ հոն են իրենց քերթուածներով, պատմուածքներով, վէպերով, գրական քննադատութեամբ,   բանահիւսութեամբ, մա՛նաւանդ յուշագրութեամբ։ Հանդէսին առիւծի բաժինը խլող մասն է ասիկա։ Մեր պատմութեան որեւէ հարցով զբաղող անհատը պարտաւոր է դիմել անոր։

Առանձին յիշատակութեան արժանի են Մենք պարբերաթերթը եւ անոր շուրջ հաւաքուած գրագէտները։ Մենքը իր գործելակերպով կ՚որդեգրէր հարթենքեան ուղեգիծ, Պոլսոյ Մեհեանին նման, բայց կը տարբերէր անկէ իր տեսլականով։ Մինչ Մեհեանը կ՚ուզէր յայտնաբերել ցեղային ոգին, Մենքը, կարծէք սփիւռքեան պառակտուած, եսակեդրոն վիճակին մէկ պատկերը կը տեսնէր Ֆրանսայի գրագէտներուն մէջ եւ գաղութները միացնելէ առաջ՝ համագործակցութեան ենթահող մը ստեղծել Մենքի շուրջ հաւաքուած գրագէտներուն միջեւ (այս է իր հանգանակը)։

Համաշխարհային Բ. պատերազմը պիտի ունենայ իր դրական եւ ժխտական ազդեցութիւնները Հ. Յ. Դ. մամուլին վրայ։ Դրական երես հայրենի ժողովուրդին անձնուէր եւ հերոսական մասնակցութիւնը այդ պատերազմին։ Այդ մասնակցութեան եւ հայոց քաջագործութեանց առթած ուրախութիւնը։ 1945-ի շուրջ, պատերազմի վախճանին, հայկական հողերու ընդարձակման եւ ներգաղթի կազմակերպման հեռանկարները։ Մամուլը կ՚արձագանգէ այս բոլորին։ Դաշնակից պետութիւններու յաղթանակը ցնծութեամբ կը դիմաւորուի։ Դաշնակցութիւնը դրական կեցուածք կ՚որդեգրէ հայրենի խորհրդահայ իշխանութեան հանդէպ եւ տեղ-տեղ ներկայ կ՚ըլլայ Նոյ. 29-ի տօնակատարութեանց։ Սակայն, շատ կարճ պիտի տեւէ այս մեղրալուսինը։ Պաղ պատերազմի իրավիճակը, յաջորդ շրջանին, պիտի շրջէ ամէն ինչ։

Ժխտական անդրադարձներ թերթերուն ծաւալը պիտի փոքրանայ (թուղթի սակաւութեան եւ սղութեան պատճառով), որուն իբր արդիւնք միջուկը պիտի նօսրանայ։ Պիտի դադրի Միսաքեանի Յառաջը եւ խմբագիրը, պարապ վախտի խաղալիկ, պիտի զբաղի Հայկաշէն եւ Արածանի պարբերագիրքերու հրատարակութեամբ։ Պիտի դադրի Կեանք եւ արուեստը (Փարիզ)։ Հ. Բալուեան պիտի գոհանայ Զուարթնոց տարեգիրքի (1944) մէկ հատորով։ Արեւելեան Եւրոպայի համայնավարացումով, պիտի խափանուին Ռումանիոյ եւ

Պուլկարիոյ դաշնակցական օրկանները եւ անհատ դաշնակցականներու թերթերը։ Դաշնակցական մտաւորականութիւնը Յ. Ճ. Սիրունի, Կարապետ Մեհեան, Ս. Սարունի եւ ուրիշներ պիտի աքսորուին։ Աքսորէն ետք, այս մտաւորականներուն մեծ մասը, բացի Սիրունիէն, պիտի նախընտրէ գործել արտասահմանի այլ գաղութներու մէջ։ Այլեւս չունին նախկին թափը։

1945-էն ետք, Արեւելեան Եւրոպայի մէջ դաշնակցական ո՛չ մէկ մամուլի գոյութիւն։