Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ. ՊԱՂ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՇՐՋԱՆ (1946-1960)

Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք, երկու գեր-պետութիւններ կը յայտնուին միջազգային բեմին վրայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ Խորհրդային Միութիւն։ Անոնց հակամարտութիւնը իր անխուսափելի անդրադարձը կ՚ունենայ։ Պաղ պատերազմի մթնոլորտին մէջ ենք նաեւ մենք։

Շրջանին հիմնական հարցերուն անդրադառնալէ առաջ, փակագիծ մը։ Եթէ Ֆրանսան, մասնաւորաբար Փարիզն էր մինչեւ 1930-ական թուականներու սկիզբը Սփիւռքին ծանրութեան կեդրոնը, յաջորդ տասնամեակներուն, Մերձաւոր Արեւելքի կեդրոնները, մասնաւորաբար Գահիրէ, Պէյրութ եւ Հալէպ, կը կազմաւորուէին եւ ուժականութիւն կ՚ամբարէին։ Այս կեդրոնները կը սկսէին Սփիւռքի ղեկավարութեան դերը ստանձնել։

Պաղ պատերազմի տարիներուն հայութեան հիմնական հարցերն են Հայրենիքը, ներգաղթ, Հայ Դատի հետապնդման նախնական փորձեր, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան շուրջ բարձրացուած փոթորիկը, Էջմիածնական թեմերու կցումը Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։

Հայաստանը եւ ներգաղթը (1946-1947, Յունաստանէն, Ֆրանսայէն, մա՛նաւանդ Սուրիա-Լիբանանէն), այն երկու յուռութքներն են, որոնք մեր ժողովուրդը եւ մամուլը կը պահեն իրենց հմայքին տակ։ Քերթուածի, վէպի, պատմուածքի եւ հրապարակագրութեան առատ նիւթ կը հայթայթեն։ Այդ սրբութիւնները, սակայն, կ՚ունենան նաեւ իրենց մռայլ եւ ժխտական երեսները։ Դաշնակցութիւնը դրական կեցուածք ցուցաբերած էր ներգաղթի հանդէպ։ Նոյնիսկ քաջալեր կը հանդիսանար իր շարքայիններուն ներգաղթին։ Վերապահութիւններ ունէր Հայրենիքի մէջ իշխող համայնավար վարչաձեւին դէմ։ Սակայն, Հայրենիքը գերագոյն սրբութիւնն էր, որուն ինք սպասարկած էր իր հիմնադրութեան օրէն ի վեր։ Հայրենիք մը, որուն կերտումը գրեթէ, մեծաւ մասամբ, իր գործն էր։ Կը բազմանար հայութիւնը, կը դառնար քանակ եւ որակ։

Ներգաղթի նախօրեակին, Սուրիա-Լիբանանի մէջ կատարուեցաւ ողբերգա-կատակերգական բեմադրութիւն մը, հրաժարականներու արշաւ մը (ո՞ր սադայէլատիպ ուղեղին հնարքը), Դաշնակցութիւնը հարուածելու յետին նպատակով։

Ներգաղթողներու հիասթափութիւնը, անոնց ուղարկած ծածկագիր նամակները, այդ ներգաղթողներուն շատերուն Սիպերիա աքսորը տխուր երեւոյթներ են, որոնց Սփիւռքի մամուլը լայնօրէն կ՚արձագանգէ։

Հայրենի իշխանութիւնները, իրենց ներգաղթի պատուիրակներով եւ տեղական մանկլաւիկներով չէին կրցած արատաւորել Դաշնակցութիւնը։ Սակայն, կրցած էին յաջողցնել ազգավնաս գործ մը։

Հայութիւնը, իր եկեղեցիով, կուսակցութիւններով, համայնքներով եւ մամուլի ներկայացուցիչներով համերաշխութեան, հանդուրժողութեան մթնոլորտի մէջ ապրած էր 1940-ական թուականներու առաջին հնգամեակին (հակառակորդ ճակատի գրողներ աշխատակցած են Ա. Ծառուկեանի Նայիրիին եւ Ն. Փ. Ճեմարանի Ակօսին), շրջել պատկերը եւ կուսակցութիւնները մղել հակամարտ պայքարի, անզիջող, այլամերժ կեցուածքի։

Այս հիմամբ, շատ դիւրաւ կարելի է ըմբռնել 1950-ական թուականներուն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան շուրջ ստեղծուած արուեստական փոթորիկը։

Ի՞նչ էր պատճառը։ Դաշնակցութիւնը, որ կը ջանար ազգային մեքենային մէջ իր դերը ունենալ, նախորդ ընտրութիւններուն զիջած էր իր իրաւունքներէն, հիմա կը մնայ իր հաստատ որոշման վրայ։ Պատուիրակներուն ընտրածը պիտի ըլլայ կաթողիկոս։ Ինչ որ հաճելի չէր հակառակորդ ճակատին։

Մէջբերենք ծանօթ մտաւորական Բիւզանդ Եղիայեանէն կարեւոր հաստատում մը. «Հայաստան-Սփիւռք բացուած նոր փոխ-յարաբերութեանց հեռանկարներով, պաշտօնական եւ անպաշտօն ազդեցութեանց ճամբաներով կը հետապնդուէր յամառ քաղաքականութիւն մը արտասահմանի մէջ կազմակերպեալ ոյժ Դաշնակցական տարրերը բոլորովին դուրս նետելու ազգային ժողովականութենէ։ Դէպի Հայաստան հայեացքի՝ ժողովրդային խանդավառ օրեր էին եւ Հայաստանէն շարունակ Ս. Էջմիածնի անունով զոյգ-զոյգ պատուիրակներ կ՚այցելէին Սուրիա եւ Լիբանան ու կը հետեւէին կացութեան, կը ջա- նային ուղղութիւն տալ արտասահմանի ազգային գործերուն» (Ժամանակակից Պատմութիւն Կաթողիկոսութեան Հայոց Կիլիկիոյ, Անթիլիաս, 1975, էջ 653)։

Կաթողիկոս ընտրուեցաւ Զարեհ եպս. Փայասլեան, Հալէպի թեմին Առաջնորդը։ Կիրքերը աւելի հրահրուեցան։ Պարզուեցան անպատուաբեր երեւոյթներ։ Հակառակ ճակատը չճանչցաւ զԱյն։

Կտրեց իր նիւթական նպաստները՝ նիւթական նեղութեան մատնելու համար Կաթողիկոսարանը։

Շիկացած այս մթնոլորտին մէջ է, որ կը ծագէր Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը (1958)։ Եղբայրասպան դէպքեր կը պատահէին, բնական արդիւնք՝ տասնամեակներու կուտակուած ոխին եւ վրէժխնդրութեան։

1946-ին, Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը կը դիմէր Սան Ֆրանսիսքոյի ժողովին, վերյիշեցնելով պետութիւններուն Հայ Դատին արդար լուծման հարցը։

Այս շրջանին կարեւոր նոր թերթերն են Յառաջ (վերահրատարակում, Փարիզ, 1946), Արեւելք (Հալէպ, 1946), ՀայաստանHaiastan (Փարիզ, 1947, նախապէս՝ 1939-1940), Armenian Review (Պոսթըն, 1948), Ամէնուն տարեգիրքը (Պէյրութ, 1954), Բագին (Պէյրութ, 1962), եւ այլն։