Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Զ. ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՓՈՐՁԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆ
(1985-էն մինչեւ մեր օրերը)

Անձնապէս մեզի համար Հայ Դատը ամէն բանէ առաջ հայապահպանում է, ապա՝ հայկական պահանջատիրութիւն։ Երբ չկայ հայութիւն, հայութեան ինքնութեան գիտակցութեան, ազգային դիմագիծի պահպանման ձգտում, արդէն Հայ Դատը կը վտանգուի։

Ազգային դիմագիծին պահպանումը կ՚երաշխաւորուի մեր պատմական հողերու վերստացումով, աշխարհացրիւ հայութեան՝ այդ հողերուն վրայ վերաբնակեցումով, Հայաստանի անկախութեամբ եւ գերիշխանութեամբ։ Ասիկա կը կազմէ Հայ Դատին վախճանական՝ վերջնական նպատակը։ Ինչ որ խտացուած կը գտնենք Դաշնակցութեան Ազատ, Միացեալ եւ Անկախ Հայաստան կարգախօսին մէջ։

Նոր Սփիւռքին ճիգը, մինչեւ 1980-ական թուականները, առաւելաբար յատկանշուեցաւ հայապահպանման նկարագրով (նախապայման) եւ մասամբ հայկական պահանջատիրութեամբ, հայ անկախութեան ձեռքբերման ճիգերով։ Կ՚ապրինք բախտորոշ օրեր, որոնք յղի են յուսատու նշաններով։

Միջազգային բեմի վրայ, մա՛նաւանդ Խորհրդային Միութեան մէջ տեղի ունեցան դէպքեր, որոնք ուղղակի ազդեցին մեր Հայրենիքին եւ Արտերկրի (Սփիւռքի) վրայ։ Գորբաչովի ազատամիտ քաղաքականութիւնը, յատկանշուած հրապարակայնութեամբ եւ վերակառուցումով, պատճառ դարձաւ Արցախեան պահանջատիրութեան ծնունդին։ Հայաստանի երկրաշարժը, իր աղէտին կողքին, ունեցաւ իր դրական արդիւնքը համաշխարհային գետնի վրայ ցաւ եւ օժանդակութիւն։ Արտերկրի հայութեան (նոյնիսկ կիսովին ապազգայնացած տարրերու) զօրաշարժը, աղէտեալ Հայրենիքին օժանդակութեան հասնելու, դարձաւ ինքնագիտակցութեան խթան մը։

Այլ շատ կարեւոր երեւոյթներ են ա) 1989, Մայիս 27-ին, Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդը կը ճանչնայ 28 Մայիս 1918-ը իբրեւ հայոց պետականութեան վերականգնումի օր եւ Եռագոյնը՝ Հայաստանի ազգային դրօշ։ բ) 1990, Օգոստոս 23-ին, Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդը կը քուէարկէ Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրը եւ հանրապետութիւնը կը վերակոչէ Հայաստանի Հանրապետութիւն։

Իսկ Եռագոյնը կը դառնայ Հանրապետութեան դրօշը (ցնոր տնօրինութիւն)։

Արտերկրի քաղաքական երեք կուսակցութիւնները՝ Ս. Դ. Հ. Կ., Հ. Յ. Դ. եւ Ռ. Ա. Կ. բանակցութիւններ կը վարեն հայրենի կառավարութեան հետ՝ Հայաստանի մէջ գումարելի համահայկական համագումարի մը համար։ Հ. Յ. Դ. Բիւրօն, Երեւանի մէջ հրապարակուած յայտարարագիրով մը (8 Օգոստոս), կը բացայայտէ Հ. Յ. Դ. ի կազմակերպական ներկայութիւնը։ Յայտարարագիրին առաջին մասին մէջ կ՚ըսուի. «Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը շուտով կ՚ունենայ Հայաստանի մէջ իր կեդրոնական գրասենեակը, պաշտօնաթերթը եւ մամլոյ տեղեկատուական կեդրոնը»։

Մամուլի հիմնումի մարզին մէջ իբրեւ նորութիւն ունինք Դրօշակի (Աթէնք) ֆրանսերէնով եւ անգլերէնով յաւելուածները, նոյնպիսի յաւելուածներ՝ Հորիզոնի (Մոնթրէալ) կողքին։

* * *

ՀԱՅ ԴԱՏԻՆ ԿՐԿՆԱԿ ԵՐԵՍՆԵՐՈՒՆ ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՈՒՄ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆ ԳԼԽԱՒՈՐ ԴՐՕՇԱԿԱԿԻՐՆ Է ԵՂԱԾ Հ. Յ. ԴԱՇՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ, ԻԲՐԵՒ ԴՐՕՇ ԳՈՐԾԱԾԵԼՈՎ ԻՐ ՄԱՄՈՒԼԸ։