Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ

Վանի «Նոր սերնդական» շարժումը եւ անոր պաշտօնաթերթ՝ Նոր սերունդը մէկ էջը կը կազմեն Հ, Յ, Դ, ի բազմադիմի պատմութեան։ Բայց արժէքը միայն ատոր մէջ չէ։ Բացառիկ եւ հետաքրքրական երեւոյթի մը առջեւ կը գտնուինք, մա՛նաւանդ երբ նկատի ունենանք, որ շարժման օրօրոցը Արեւմտահայաստանի մէկ գաւառաքաղաքն է։ Ան խլրտող, կենսունակ, իր շրջապատին վէրքերը դարմանելու ձգտող երիտասարդութեան մը պոռթկումն էր, որ իր շրջապատին եւ ժամանակին համար ծայրայեղական թուելով, բաւական մեծ փոթորիկ յառաջացուց Վանի եւ Վասպուրականի մէջ։ Յայտնենք, որ շարժումին դաւանած սկզբունքներէն եւ տեսակէտներէն որոշ կէտեր, մա՛նաւանդ կրթական մարզի վերաբերեալ, ցարդ իրագործուած չեն ըլլա՛յ մեր, ըլլա՛յ այլ ժողովուրդներու կեանքին մէջ։

Այս ուսումնասիրութեան մէջ մէջբերումներու պարագային, անկիւնաւոր փակագիծերու մէջ կատարած ենք յաւելումներ եւ ճշդումներ։


Նոր սերունդ

Երկշաբաթաթերթ (խմորատիպ)։ Վան, 1906 Նոյ. - 1908 Փետըրուար՞։

Հակոտնեայ տեղեկութիւններ կը հաղորդեն մեր ձեռքին տակ գտնուող աղբիւրները։ Պիտի փորձենք եզրակացութեան մը յանգիլ անոր տեւողութեան շուրջ։

Յուշապատումը կը գրէ, «Վան, 1906-1907։ Խմորատիպ։ Խմբ, Հ[մայեակ] Մանուկեան, Խոսրով Խանճեան, [Վահրամ՞] Տէր Պօղոսեան, [Արամ] Շալճեան»։ [1]

Դաւիթ Փափազեան, «Վան, 1906-1908։ Կիսամսեայ։ Խմորատիպ»։ [2]

Ժ. Միսաքեան կու տայ 1906-1909 եւ Յուշապատումի նշած խմբագիրներուն վրայ կ՚աւելցնէ Բարունակ Կապուտիկեանի անունը։ [3]

Հայկ Աճէմեան, Գալուստ Էյնաթեանի նուիրուած կենսագրական ակնարկին մէջ կ՚անդրադառնայ Նոր սերնդական շարժումին, անոր հիմնադիրներուն, ապա շարժումին թերթին։ կը գրէ, «Նոր սերունդ ամսաթերթը լոյս տեսաւ 1906 Սեպտ. - 1907 Դեկտ. »։ [4]

Կոմս կը գրէ, «Անառակ ըմբոստները 1906-ի աշնան, իրենց դաւանանքը աւելի զտելու եւ շեշտելու նպատակով՝ Նոր սերունդ անունով խմորատիպ ամսաթերթ մըն ալ հանեցին։ 15 ամիս կեանք ունեցաւ այս թերթը»։ [5]

Կոմս չի ճշդեր ամիսը։ կը բաւականանայ՝ 1906-ի աշնան գրելով։ 15 ամսուան նշումը կը գտնենք նաեւ Հ, Աճէմեանի նոյն ակնարկին մէջ։ Կոմս կրնայ այդ թիւը Աճէմեանէն առած ըլլալ։ Եթէ 15 ամիսը ճիշդ է, չի հակասեր մեր եզրակացութեան։

Բագարատ անունով աշխատակից մը, որ վասպուրականցի է, տեղւոյն բնակիչ եւ Նոր սերունդի ընթերցող, 1909-ին Պոլսոյ Ազդակ շաբաթաթերթին մէջ լոյս ընծայած է յօդուածաշարք մը (4 թիւի մէջ)։ Թերթին հիմնումին ակնարկելով՝ կը գրէ, «Նոյեմբերի կիսուն, խումբ մը Կեդրոնականցիներու կողմէն կը սկսի հրատարակուիլ Նոր սերունդ խմորատիպ երկշաբաթաթերթը»։ [6]

Երուանդ Տէր Մկրտիչեան, իր հակադաշնակցական մոլուցքէն մղուած, կը գրէ, «Նոր սերունդ - Կիսամսաթերթ, խմորատիպ։ 1907, Վան։ Պիղծ ու ամբարիշտ ոճերու եւ բաց գրականութեան բառարան։ Ընտանեկան սրբութիւններ կրծող որդը, եւ ազատ սէրի մունետիկը։ Խմբագիրները՝ Հմայեակ Մանուկեան-Խորոզեան, Բարունակ Կապուտիկեան, Ներսէս Պասեան, Արամ Սաֆրաստեան, Վահան Արտամետցեան, Խոսրով Խանջեան»։ [7]

Համբարձում Երամեան կը գրէ, «Վանի ծխական Կեդրոնականի դաշնակցական շրջանաւարտ աշակերտները սկսան խմբագրել Նոր սերունդ անուն թերթ մը՝ 1906-1908 թուականներուն»։ [8]

Շփոթեցուցիչ տեղեկութիւն կը հաղորդէ Հայր Ռաֆայէլ Կարապետեան։ Կը գրէ, «Նոր սերունդ (խմորատիպ), Վան, 1909, թ, 20-21 ունինք միայն»։ [9]

1909 թուականը կ՚ենթադրենք սխալ ընթերցումի արդիւնք է: Թերթը խմորատիպ ըլլալով. կրնայ Միաբանութեան ձեռք անցած օրինակը թեթեւ մելան ստացած ըլլալով. ցանկագրողը փոխան 1908-ի 1909 կարդացած ըլլալ: Ինչո՞ւ: Թերթը դադրած է Դաւոյի ծանօթ դաւաճանութեան եւ անոր հետեւած խուզարկութեանց (1908 Փետր, 5-18) ատեն: Մինչեւ 1908 Յուլիս՝ անապահովութեան շրջան է: Յուլիսին կը հռչակուի Օսմանեան Սահմանադրութիւնը: Նոր սերնդականները դադրեցուցած են իրենց թերթը: 1909 Յունուարին լոյս պիտի ընծայեն նոր թերթ մը՝ Յորձանքը:

Հայր Կարապետեանի հաղորդումին մէջ կայ շատ կարեւոր տեղեկութիւն մը: Միաբանութիւնը իր գրադարանին մէջ ունի թերթէն օրինակ մը (եթէ միացեալ է) կամ երկու օրինակ (եթէ առանձին է). թիւ 20-21: Ասիկա ցոյց կու տայ. թէ նուազագոյնը 21 թիւ լոյս տեսած է: Եւ այս 21-ը փաստ մը կրնայ ըլլալ. որ թերթը կիսամսեայ (երկշաբաթաթերթ) է: Եւ 1906 Նոյ, - 1908 Յունուար-Փետրուար ունինք 15 ամսուան ժամանակաշրջանը. որուն կ՚ակնարկեն Աճէմեան եւ Կոմս: Թերթին հրատարակումը կրնայ անկանոնութիւններ ունեցած ըլլալ եւ որոշ թիւեր յապաղած լոյս տեսած կրնան ըլլալ (ինչ որ անսովոր երեւոյթ չէ մեր պարբերական մամուլի պատմութեան մէջ):

Թերթը դադրած է որոշ շրջան մը: Այդ մասին անուղղակիօրէն կ՚անդրադառնայ Համբարձում Երամեան:

1907-ի Մարտէն ետք կը սպաննուի ուսուցիչ Գրիգոր Աճէմեանը՝ Գուրգէն Մահարիի հայրը: Հ, Երամեան այս մասին կը գրէ, «Գիշեր մը. իր տան մէջ իսկ գնդակահար սպաննուեցաւ Գրիգոր Աճէմեան: Ըստ ոմանց նոր սերնդականներու եւ ըստ այլոց՝ անոնց համամիտ իր աներորդւոյն ձեռքէն՝ իբր թէ սխալմամբ սպրդած ատրճանակի մէկ գնդակով: Կառավարութիւնը իսկոյն խուզարկութիւններու ձեռնարկեց եւ Սանդխտեան վարժարանի տեսչական գզրոցէն գտաւ Նոր սերունդի թերթեր»։ [10] Կառավարութիւնը կը հետապնդէ նոր սերնդականները: Երամեան դպրոցէն վտարուած չորս աշակերտ կը ձերբակալէ:

Հ. Երամեան այլ տեղ կը գրէ, «Ամիսներ անցան եւ մենք կը կարծէինք, որ Նոր սերունդի խնդիրը կառավարութեան համար եւս փակուած է. երբ Յուլիսի արձակուրդին. այդ խմորատիպ թերթի խմբագիրներէն երկուքը ձերբակալուեցան՝ եւ դեռ կը փնտռուէին կասկածելի աշխատակիցները»։ [11]

Աճէմեանի սպանութեան յաջորդող խուզարկութեան եւ որոշ անձերու բանտարկութեան շրջանին՝թերթը դադրած ըլլալու է. որովհետեւ Հ, Երամեան վերի հաստատումէն ետք կը գրէ, «Նոր սերունդը քիչ վերջ [երկու խմբագիրներու ազատ արձակումէն ետք. Ա. Տ. Խ. ] վերահրատարակուիլ սկսաւ» [12]:

Կ՚ենթադրենք. որ այս ժամանակաւոր դադարն է պատճառը. որ 15 ամիս տեւած Նոր սերունդը. փոխան 29-30 թիւի. լոյս տեսած է 21 թիւ:



[1]            Յուշապատում, էջ 577։

[2]            «Հ. Յ. Դաշնակցութեան վաթսունամեայ մամուլը», Յուսաբեր բացառիկ թիւ, 18 Դեկտեմբեր 1954, էջ 55։

[3]            «Երիտասարդական մամուլ», Յուսաբեր բացառիկ՝ (նուիրուած Հ. Յ. Դ. երիտասարդութեան), Գահիրէ (2 Յունիս 1951), էջ 29:

[4]            Վասպուրական, էջ 261։

[5]            Նշ. աշխ., էջ 484։

[6]            «Նոր սերնդական շարժումը Վասպուրականի մէջ», Ա. տարի, թ. 29 (4/17 Յուլիս 1909), էջ 457։

[7]            Նշ. աշխ., էջ 623։

[8]            Նշ. աշխ., էջ 123։

[9]            Լիակատար ցուցակ հայերէն լրագիրներու, որոնք կը գտնուին Մխիթարեան Մատենադարանին մէջ ի Վիեննա [կրճատ՝ Լիակատար ցուցակ ](Վիեննա, 1924), էջ 59։

[10]          Յուշարձան, հատ. Բ., էջ 66։

[11]          Նոյն, էջ 68։

[12]          Անդ։