Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Գրական. քաղաքական. տնտեսական շաբաթաթերթ: Վան. տպ. Բարսեղեանի. 1910 Նոյ. 7 1915 Յուլիս (առաւելագոյնը մինչեւ Յուլիս 18). 16 էջ (29 x 26 սմ, ), ապա 4 էջ (40 x 22 սմ. ): Օրկան Հ, Յ, Դ, Վասպուրականի Կեդրոնական Կոմիտէի: [Բաժանորդագինը՝ 40 ղրուշ: ]

Գարեգին Լեւոնեան իր տեղեկութիւններուն մէջ կը հաղորդէ շաբաթաթերթ (ապա եռօրեայ). 1910-1911. 1914-1915: [1] 1911-1914 դադրա՞ծ է թերթը. թէ շարունակուած: Շարունակուա՞ծ է: Ե՞րբ դարձած է եռօրեայ: Ըստ իրեն. հաւանաբար 1914-1915-ին: Նման բան չկայ: Կը փորձենք փաստել աւելի ուշ:

Յ. Պետրոսեան կու տայ 1910-1915. ինչ որ ճիշդ է: Իբրեւ չափ կու տայ 16 էջ (26 x 19 սմ, ). 4 էջ (40 x 22 սմ. ): [2] Սկզբնական շրջանին լոյս տեսած է աւելի փոքր չափով. ամսաթերթի ծաւալով եւ 16 էջով. ապա չափը խոշորցնելով. սկսած է լոյս տեսնել չորս էջով: Ե՞րբ եղած է այս փոփոխութիւնը. չի նշուիր: Գ. Լեւոնեանի տուած չափը վերցուած է անկազմ օրինակէ մը: Հոսկէ իրենց տարբերութիւնը:

Ա. Կիրակոսեան ձեռքի տակ ունենալով վերոյիշեալ աղբիւրներուն տեղեկութիւնները. նաեւ Երեւանի եւ Թիֆլիսի որոշ գրադարաններու մէջ եղած Աշխատանքի հաւաքածոները. չէ կրցած նորութիւններ աւելցնել։ Ընդհակառակը եղածէն ալ մաս մը զեղչած է: Չի նշեր չորս էջի վերածումը: Ինք ալ թութակաբար կը կրկնէ Լեւոնեանը եւ Պետրոսեանը. երբ կը գրէ, «1912 թուականից եռօրեայ»։ [3]

Թէեւ Աշխատանք ի հաւաքածոն ձեռքի տակ չունինք. սակայն որոշ վստահութեամբ կրնանք հաստատել. որ թերթը կամ երբե՛ք եռօրեայ չէ եղած. կամ ալ. եթէ եղած է շատ կարճ շրջան մը. հազիւ քանի մը թիւ: Ի՞նչ հիմամբ:

Մեր օրաթերթերը (գրեթէ միշտ). իսկ շաբաթաթերթերն ու ամսագիրները (երբեմն) կը նշեն տուեալ տարուան լոյս տեսած համարին թիւը. եւ անմիջականօրէն. այդ թիւին քով. փակագիծի մէջ. հիմնադրութեան օրէն. ընդհանուր շարքին թիւը (այս դրութիւնը կ՚որդեգրուի Բ. տարիէն սկսեալ):

Արդ. ձեռքի տակ ունինք մէջբերումներու նշումներ. որոնք կատարուած են Աշխատանքի 1915-ի որոշ ամիսներու թիւերէն: Այդ նշումները կրնան թնճուկին լուծման առաջնորդել: Օննիկ Մխիթարեան իր «Վանի ինքնապաշտպանութիւնը» յօդուածաշարքին մէջ (որ հետագային առանձին հատորով լոյս տեսաւ). կու տայ Հէր Սփէռի նամակին բովանդակութիւնը եւ իբրեւ աղբիւր կը նշէ Աշխատանքի նշեալ թիւը Յունիս 24. 1915. Ե, տարի. թ, 27 (226): [4] Շատ հաւանաբար. լոյս տեսած է քանի մը թիւ եւս. մինչեւ Վասպուրականի հայութեան 1915 Յուլիսեան գաղթը: Այդ գաղթը կամ մեծ նահանջը տեղի ունեցաւ 1915. Յուլիս 18-19-ի գիշերը: Ցարական բանակին կողմէ պայթեցուեցաւ «Աշխատանքի Տուն»ը. ուր տեղադրուած էր տպարանը: Կ՚ենթադրենք որ մինչեւ այս թուականը. առաւելագոյնը 229 թիւ. եթէ Յունիս 24-ը տրուած է նոր տոմարով) կամ 231 թիւ (եթէ տրուած է հին տոմարով) լոյս տեսած ըլլալու է:

1910-ին լոյս տեսած է 8 թիւ. 1915-ին՝ 27-29 թիւ. հետեւաբար՝ եթէ հանենք ընդհանուր գումարէն. կ՚ունենանք 194-196 թիւ: 1911-1914 ունինք թերթի չորս տարի. ինչ որ շաբաթաթերթի մը համար. եթէ անխափան լոյս տեսած է. 208-209 թիւ (մէկը նահանջ տարի ըլլալով): Կը նշանակէ թերթը շաբաթաթերթ է. եւ նոյնիսկ որոշ շաբաթներ լոյս չէ տեսած (12-14 թիւ):

Երկրորդ կռուանը. որ մեզ կը մղէ զայն եռօրեայ չհամարելու. վանեցի յուշագրողներու ակնարկութիւններն են: Յուշագրողները. որոնք բազմաթիւ են. միշտ զայն իբրեւ շաբաթաթերթ կը նշեն. երբե՛ք իբրեւ եռօրեայ:

 

Խմբագրական կազմ

Հո՛ս ալ շփոթ կը տիրէ: Գ. Լեւոնեան կը նշէ. «Տնօրէն խմբ, ՝ Արմենակ Մաքսապետեան. 1912-ին՝ Իշխան [հակառակ անոր որ թերթին հրատարակումը. 1911-1914. օդին մէջ ձգած էր]. 1914-ից՝ Հմայեակ Մանուկեան»: [5]

Յ. Պետրոսեան կու տայ «Տնօրէն խմբագիր՝ Իշխան (1912). Հմ. Մանուկեան (1914-ից)»: [6] Ա, Կիրակոսեան, «Տնօրէն-խմբագիր՝ Ա. Մաքսապետեան. ապա Հմայեակ Մանուկեան»: [7]

Հայր Պոտուրեան կը նոյնանայ Գ, Լեւոնեանի հետ: Իբրեւ նորութիւն կ՚աւելցնէ, «Հիմնադիրներէն՝ Սարգիս Բարսեղեան (Շամիլ)»: [8]

Յուշապատումը կը գրէ, «Խմբագիրներ յաջորդաբար՝ Մաքսապետեան. Իշխան. Հմ. Մանուկեան»: [9] Չի նշեր անոնց խմբագրութեան տարիները:

 

Մեր որոնումներուն արդիւնքը:

Արմենակ Մաքսապետեան (1887-1957) Տնօրէն խմբագիր (1910 Նոյ, - 1912-ի ամառը). Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարանի սաներէն (1902-1906): Լսարանական բաժինը լրիւ չաւարտած՝ կը մեկնի Գահիրէ եւ 1908-ին Վան վերադառնալով՝ կը դառնայ ուսուցիչ Կեդր. Միջնակարգ վարժարանին մէջ: Կ՚ընտրուի դաշնակցական տեղական կոմիտէի անդամ: Երբ Աշխատանք թերթը կը հիմնուի. իրեն կը վստահուի խմբագիրի պաշտօնը: [10]

Ինչո՞ւ կը ստիպուի պաշտօնը ձգել: Ամերիկաբնակ վանեցի Ասքանազ Չթչեանէ. որոշ պայմանաւորուածութեամբ (ամսական 1000 ֆրանք՝ ուսման եւ ապրուստի դրամ պիտի ստանայ. որուն փոխարէն. աւարտելէն ետք. պիտի դառնայ Վարագայ վանքը՝ գիւղատնտեսական աշխատանքի լծուելու). կը յաջողի երթալ Ֆրանսա. ուր կ՚ընդունուի իբրեւ ուսանող Նանսիի Գիւղատնտեսական համալսարանը: [11]

Աշխատակցած է Աշխատանքին. Պոլսոյ. Կովկասի եւ արտասահմանի թերթերուն Ա, Մենակ. Ա, Վանենի. Վանիկ եւ այլ ծածկանուններով: [12] Պոլսոյ Ազդակ շաբաթաթերթին մէջ. Ա, Վանենիէն կայ յօդուած մը. աւելի ճիշդը՝ թղթակցութիւն մը՝ «Փաստեր օրուան իրականութենէն». [13] ուր կը խօսի Վասպուրականի իրադարձութեանց մասին: Խմբագրութիւնը յօդուածագիրը կը կոչէ «Ազդակի մասնաւոր թղթակիցը»:

Բարունակ Կապուտիկեան (1888-1918) Օգն, խմբ, 1910-1911. գլխաւոր խմբագիր՝ 1911-1913: Աւարտած է Վանի Հայկազեան-Կեդրոնական վարժարանը: Ուսուցիչ: Խմբագրութեան անդամ Նոր սերունդ խմորատիպ թերթին եւ համանուն շարժման վարիչներէն: Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք. հետզհետէ կը դառնայ կուսակցական յայտնի դէմք: Կ՚աշխատակցի Պոլսոյ Ազատամարտին՝ Հուր ծածկանունով:

Խոսրով Թիւթիւնճեան կը գրէ Բ. Կապուտիկեանի մասին, «Օգնական խմբագիր էր Աշխատանքի. մինչեւ 1911 թուականը. որուն գլխաւոր խմբագիրները եղած էին յաջորդաբար Վանի Իշխանը. Հայկակ Կոսոյեանը եւ Արմենակ Մաքսապետեանը [,,,, ]: Իսկ 1911-էն 1913-ը. Աշխատանքի գլխաւոր խմբագիրն էր, իբր օգնական ունենալով Օննիկ Մխիթարեանը»: [14]

Խ. Թիւթիւնճեանի վկայութիւնը շփոթութեան կը մատնէ մեզ: Մատենագիտական աղբիւրները առաջին խմբագիր կը նշեն Ա. Մաքսապետեանը. իսկ Վանի Իշխանը՝ Մաքսապետեանէն ետք: Հայկակ Կոսոյեանի անունը իբրեւ խմբագիր. երբեք չի նշուիր: Նոյնիսկ Հ. Կոսոյեանը. որ մահագրական ունի Ա. Մաքսապետեանի մասին (տե՛ս տողատակ թիւ 11) եւ ինքնակենսագրական մը երբեք չեն նշեր Աշխատանքի խմբագիր ըլլալու իր հանգամանքը:

Եթէ ճիշդ է Թիւթիւնճեանի վկայութիւնը. այդ պարագային. Վանի Իշխանը պէտք է ըլլայ պատուակալ խմբագիր:

Բ. Կապուտիկեան 1913-ի աշնան կը մեկնի Էրզրում. մասնակցելու Դաշնակցութեան Ընդհ, Ժողովին. անկէ ետք ուսուցչութեամբ պարապելու Սեւ ծովու եզերքի քաղաքներէն մէկուն մէջ: 1913-1914 կրթական տարեշրջանին սկիզբը. Հոկտեմբերին. արդէն ուսուցիչ է Կիրասոնի Ազգ, վարժարանին մէջ. որուն տնօրէնն էր Սարգիս Բարսեղեան (Շամիլ): Նպատակ ունի որոշ խնայողութիւն ձեռք բերելով՝ Զուիցերիա մեկնելու իր համալսարանական ուսման հետեւելու: Հետեւաբար. թերթը կը մնայ առանց գլխաւոր կամ պատասխանատու խմբագիրի։ [15]

Օննիկ Մխիթարեան (1895-1951) Խմբագրական քարտուղար, օգնական խմբագիր (Կապուտիկեանի եւ Հմ. Մանուկեանի օրով, 1911-1915) եւ «Ազատութեան լոյս» գրադարանի վարիչ։

Վանի Հայկազեան-Կեդրոնական եւ Երամեան դպրոցներու աշակերտ։ Իբրեւ ուսուցիչ պաշտօնավարած է Նորաշէնի ծխական դպրոցին մէջ։ Կանուխէն դարձած է դաշնակցական եւ գործօն մասնակցութիւն բերած՝ դաշնակցական «Աշակերտական Միութեան» կազմակերպչական աշխատանքներուն։ Աշխատանքի մէջ գործածած է Ֆէնիքս ծածկանունը (քերթուածներու տակ), իսկ Քօնսիւլ ծածկանունը (հրապարակագրական գրութիւններու տակ)։ [16]

Ինչպէս նշեցինք, Օննիկ Մխիթարեան Աշխատանքի օգնական խմբագիր էր Բ. Կապուտիկեանի խմբագրութեան շրջանին։ Հաւանաբար շարունակած է գործել իբրեւ օգն. խմբ. (թէեւ ինչպէս պիտի տեսնենք, ինք կ՚ըսէ խմբագիր) Հմ. Մանուկեանի խմբագրութեան շրջանին ալ։ Իր «Վանի ինքնապաշտպանութիւնը» ծաւալուն օրագրութեան մէջ, երբ կ՚անդրադառնայ Վասպուրականի Տեղեկատու Դիւանի կազմութեան, կը գրէ. «Մարմնի քարտուղարներ՝ Հմ. Մանուկեան եւ Օննիկ Մխիթարեան (դաշնակցական, Աշխատանքի խմբագիրներ»։ [17] Եթէ իր պաշտօնէն դադրած ըլլար, կրնար գրել, իր անուան դիմաց, Աշխատանքի երբեմնի խմբագիր։

1915 Մայիս-Յուլիս վարած է Վասպուրականի նահանգային վարչութեան քարտուղարութիւնը։

Աշխատակցած է Պոլսոյ եւ Կովկասի թերթերուն, քաղաքական, ազգային, կուսակցական եւ այլ հարցեր շօշափող յօդուածներով։

Խմբագրած է Երեւան վերհրատարակուած Աշխատանքը, իսկ Սոֆիայի մէջ (Պուլկարիա) խմբագրած Դաշնակցութեան օրկանը՝ Ազատ խօսքը, 15 տարի։ [18]

Հմայեակ Մանուկեան Գլխաւոր խմբագիր (1913, աշուն - 1915 Յուլիս)։

Բ. Կապուտիկեանի մեկնումին պատճառով, Աշխատանքի գլխաւոր խմբագիրի պաշտօնը կը մնար թափուր։ Խ. Թիւթիւնճեան ակնարկելով այս կացութեան կը գրէ. «Արամի [Մանուկեան] եւ Վռամեանի փայփայած երազն էր Վասպուրականը վերածել հայկական մտաւորական բերդի մը, եւ կեդրոնը Տաճկահայաստանի։

«Բայց, մինչ այդ, հարկ էր գտնել Բարունակի տեղը բռնող մտաւորական մը Աշխատանքի խմբագրի դերին համար, լուրվ եւ գաղափարական հրապարակագիր մը, որ ղեկավարէր հայ հանրային միտքը։ Անշուշտ թէ տեղւոյն վրայ չէին պակսեր ճեմարանաւարտ ընկերներ, որոնցմէ էր արդէն ամբողջ տարի մը 1910-1911, Աշխատանքը խմբագրած Հայկակ Կոսոյեան։

«Բայց գերադասելի էր նոր մէկը, որ ընդունակ ըլլար թերթին շուրջ հաւաքելու տեղացի մտաւորականներ եւ ունենար հմայք»։ [19]

Խ. Թիւթիւնճեան կը հաստատէ, թէ իր թելադրանքով է, որ Ա. Մանուկեան հրաւէր կ՚ուղղէ Հմ. Մանուկեանին, որ Պոլիս կը գտնուէր, վերադառնալու Վան եւ ստանձնելու Աշխատանքի խմբագրութիւնը։ [20]

Մանուկեան 1909-ին՝ Վանէն մեկնած է Պոլիս եւ յաճախած՝ Ազգային Կեդրոնական վարժարանը, զոր աւարտած է 1912-ին։ Եղած է Պոլսոյ Ուսանողական Միութեան օրկան՝ Երկունքի խմբագրութեան անդամ (1910-1912)։ Աշխատակցած է այս թերթին՝ Ասուպ ծածկանունով։ 1912-ին՝ Կեդրոնականը աւարտելէ ետք, կը հրաւիրուի իբրեւ Ազատամարտ օրաթերթի խմբագրութեան անդամ։ 1915ի Վանի ինքնապաշտպանութեան կամ հերոսամարտի օրերուն, եղած է Տեղեկատու Դիւանի անդամ։

Վանայ Իշխան Իր մասին անդրադարձանք Արեան ձայն խմորատիպ թերթի բաժինին մէջ։ Կը նշուի իբրեւ թերթին հիմնադիր եւ մէկ տարի խմբագրած ըլլալը։ Կ՚ենթադրենք որ թերթին պատուակալ խմբագիրը եղած կրնայ ըլլալ 1910-1911։

Օ. Մխիթարեան Իշխանի մասին կը գրէ.

«Վանի Աշխատանքը, մէկը երկրի ամենէն կարեւոր կուսակցական թերթերէն, հիմնուեցաւ Իշխանի ջանքերով եւ նախաձեռնութեամբ։ Իշխան ինքը խմբագրեց թերթը մէկ ամբողջ տարի։ Խմբագրականներ, քաղաքական տեսութիւններ, թարգմանութիւններ, գրական քննադատական յօդուածներ, արձակ բանաստեղծութիւններ՝ բոլորի հեղինակը ինքն էր։ Սեփական տպարան ձեռք ձգեց. ներզօր աջակցութիւն ցոյց տուաւ Աշխատանքի կուսակցական-ժողովրդական մեծ շէնքի կառուցման [կ՚ակնարկէ «Աշխատանքի տան»]։ Մեծ զարկ տուաւ Ազատութեան - Լոյս մեծ գրադարանի կազմակերպման։

«Կը յիշեմ իր մէկ խմբագրականը Աշխատանքի մէջ, Աղթամարի թեմական տեսուչ Ռաֆայէլ Երէցեանի սպանութեան առթիւ»։ [21]

Օ. Մխիթարեան դժբախտաբար չի ճշդեր տարին։ Իր հաստատումէն մեր ենթադրութիւնը այն է, որ իր խմբագրութիւնը կը զուգադիպի Ա. տարուան (1910-1911), Ա. Մաքսապետեանի խմագրութեան շրջանին։ Հաւանաբար, պատուակալ խմբագիր է։ Մատենագիտական աղբիւրները իր խմբագրութիւնը կը դնեն 1912-էն սկսեալ։ Մեզի համար անլոյծ է տակաւին այս հարցը։

Վարչութեան անդամներ Ներսէս Պասեան, [22] «տանում էր թերթի դրամարկղի գործը, առանց վարձատրութեան, » [23] այսինքն՝ կը զբաղէր վարչական եւ հաշուական հարցերով։ Արմենակ Փոխարեան Փոխանեան։

 

Տպարան

Տպարանը կոչուած է տպ. Բարսեղեան (Սարգիս Բարսեղեանի, Շամիլ ծածկանունով ծանօթ), սակայն խորքին մէջ պատկանած է կուսակցութեան։ Ուրկէ՞ բերուած է։

Բէնօ խօսելով Աբրահամ Գիւլխանդանեանի յեղափոխական գաղտնի գործունէութեան մասին, կը բերէ օրինակ մը։ Ան կը գրէ.

«Այն թուականներին, Գանձակի հայկ. քաղաքամասում կար երկու տպարան՝ Ա. Թառումեանի եւ Խ. Իսահակեանի։ Մեր պատուէրների մեծ մասը տալիս էինք Իսահակեանին եւ կանոնաւոր վճարում։

1906 թ. վերջերին, ցարական կառավարութիւնը սկսեց սաստիկ հալածանք այն տպարանատէրների դէմ, որոնք տպում էին յեղափոխական բովանդակութեամբ գրքեր, թերթեր ու թռուցիկներ։ Իսահակեանի դողը բռնեց եւ այլեւս նա չէր ուզում մեր պատուէրները կատարել։ Շաբաթներ վերջը, մի առաւօտ լուր տարածուեց, որ Իսահակեանի տպարանական մեքենան գիշերը անյայտ մարդիկ թռցրել են։

«Ո՞վ կարող էր Գանձակում այս յանդուգն յեղափոխական գործը կատարել, այն էլ Դաշնակցութեան իշխանութեան օրօք։ Բնականաբար, բոլորը համոզուած էին, որ մերոնց գործն էր այդ։ Սակայն, մեծ եղաւ բոլորի զարմանքը, երբ լսեցին, որ մեր մի քանի յայտնի ընկերներից եւ խմբապետներից՝ ընկ. Աբրահամի առաջարկութեամբ խուզարկու յանձնախումբ է կազմուած՝ մեքենան գտնելու համար։

Յանձնախումբին քննական աշխատանքներուն անդրադառնալէ ետք, կը գրէ.

«Դժբախտաբար, այս մեքենայից չկարողացանք օգտուել Գանձակում, որովհետեւ այնտեղ ցարական կառավարութեան հալածանքը Դաշնակցականներիս դէմ համեմատաբար միւս շրջանների հետ՝ աւելի սաստիկ էր։ Սրա պատճառը պարզուեց այն ժամանակ, երբ բոլշեւիկները հրատարակեցին ցարական կառավարութեան արխիւում պահուած փաստաթղթերը։ [... ]

«1908-ի ամառը մեքենան նուէր ուղարկեցինք Վասպուրականի Կ. Կոմիտէին Գանձակից-Աղստաֆա երկաթուղով եւ ապա՝ Դիլիջանով-Երեւան-Իգդիր եւ այնտեղից էլ Վան՝ սայլերով։ Վան հասել էր 1909-ին, գարնանը։ Վասպուրականի Հ. Յ. Դ. Կ. Կ. -էն, օգտուելով նրանից, սկսել էր հրատարակել Աշխատանք թերթը, որ լոյս տեսաւ մինչեւ 1915 թ., յուլիսեան մեծ նահանջը։ Երբ ռուս զինուորներ վառեցին Հ. Յ. Դ. Ժողովրդական Տունը, որտեղ գտնւում էր Աշխատանքի տպարանը»։ [24]

 

Աշխատակիցներ եւ բովանդակութիւն

Դժբախտաբար. մեր ձեռքին տակ չունինք Աշխատանքի հաւաքածոն:   Մեր տրամադրութեան   տակ   գտնուող   հատուկենտ տեղեկութիւնները մէկտեղելով. պիտի փորձենք տալ աշխատակիցներու շատ թերի ցանկ մը եւ բովանդակութեան մասին տարտամ գաղափար մը:

Յովհաննէս Պետրոսեան. Հայ պարբերական մամուլի բիբլիոգրաֆիայի Բ, հատորին [25] մէջ կու տայ Ա, տարուան թ, 1-29-էն քաղուած համառօտ բովանդակութիւն մը. իր աշխատակիցներով:

Առաջին երկու թիւերուն բովանդակութեան աւելի լայն տեղ տուած է: Կը մէջբերենք այդ մասը:

1910 Նոյեմբեր 7. թիւ 1. էջ 1-16

«Մեր նպատակը» [ Շաբաթաթերթի մասին]. էջ 1-6:

Միք, Սար, «Քրդերը». էջ 6-7, թ, 2,. էջ 22-23:

Դաթօ. «Փորթուկալի յեղափոխութիւնը». էջ 15-16:

Օրիոն. «Գրական ակնարկներ». էջ 16-17, թ, 2. էջ 26-28:

Լուրեր [Վանի կուսակցութիւնից]. էջ 17: [26]

 

Սուլթան Ապտիլ Համիտի բռնատիրութեան շրջանին. մա՛նաւանդ յեղափոխական գործիչները. գրագէտներն ու հրապարակագիրները. անուղղակիօրէն պարտաւորուած էին ծածկանունի (երբեմն քանի մը ծածկանունի) տակ թաքնուելու. իրենց կեանքին ապահովութեան համար: Երկրորդ պատճառ. երիտասարդ գրողներու իրենց գրական կարողութեան եւ արժէքին տակաւին անվստահութիւնը: Այնպէս որ Պոլսոյ եւ ներքին գաւառներուն մեր մամուլը կը վխտայ զանազան եւ զարմանազան ծածկանուններով:

Համբերատար եւ մեթոտիկ պրպտումներու պէտք կայ. քակելու համար այդ ծածկանունները եւ ճշդելու անոնց հեղինակները։

Օսմանեան Սահմանադրութիւնը հռչակուած է եւ Համիտի բռնակալութիւնը տապալած, սակայն տակաւին կը շարունակեն ծածկանուններու ապաւինիլ։

Յաջորդ թիւերուն բովանդակութիւնը աւելի համառօտ կերպով տուած է։

Միրամօ, «Մեր դատարանները», «Մեր քաղաքապետութիւնը», «Վանի թատրոնները»։ Կ՚ենթադրենք որ յօդուածագիրը Դաւիթ Փափազեանն է, որ Սահմանադրութենէն ետք դարձաւ պետական դատարանի քարտուղար, իր թրքագիտութեան շնորհիւ։

Բարունակ, Բ., «Կրթական գործը գաւառներու մէջ», «Շատախ»։ Բարունակ Կապուտիկեանն է (հայրը՝ ծանօթ բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանի)։

Ա. Մենակ, «Վանայ վիլայէթի վարչական բաժանումը եւ բնակչութիւնը», «Հայոց Ձորի պատմական-աշխարհագրական նկարագրութիւնը, բուսականութիւնն ու ջրերը», «Գաւառի կրթական գործը»։ Ինչպէս անկէ առաջ նշեցինք, Ա. Մենակը Արմենակ Մաքսապետեանն է, թերթին՝ ժամանակագրական կարգով առաջին պատասխանատու խմբագիրը, գործածած է նաեւ Ա. Վանենի եւ Վանիկ ծածկանունները։

Սարգիս, «Վասպուրականի Միացեալ Կեդրոնական վրժ. ը»։ Կ՚ենթադրենք, որ Սարգիս Բարսեղեանը (Շամիլ) է, որուն անունով կոչուած է Աշխատանքի տպարանը։

Սայտօ, «Կրթական գործը Մոկսում, «Մոկսայ տնտեսական վիճակը յետադիմած ազատութիւնից յետոյ»։

Հ. Մ. Հ., «Օսմանեան պարլամենտը»։ Արդեօք Մանուկեա՞նն է, որ կրնայ աշխատակցած ըլլալ Պոլսէն։

Ուսուցիչ, «Մեր դպրոցների դրութիւնը»։

Մարս, «Մեր դպրոցները»։

Յովհաննէս Պետրոսեան, ինչպէս նշեցինք, 1-29 թիւերուն ամբողջական բովանդակութեան ցանկը չէ, որ փոխանցած է։ Եթէ տար ատիկա, այդ հիմամբ, կրնայինք բովանդակութեան ընդհանուր պատկերը ունենալ։ Թերեւս   իր նախասիրութենէն մղուած, ընտրութիւն մը կատարած է։ Մեզի հրամցուած խորագիրներէն մեկնած, թերթը առաւելասար զբաղած է կրթական տեղագրական, ժողովրդագրական, ազգային եւ տեղական մարզերով։

Մեր գտած միւս աշխատակիցներուն անունները կը նշենք այբուբենական կարգով։

Գեղջուկ Յովսէփ Խլղաթեան։ [27]

Թիւթիւնճեան Խոսրով Աշխատակցած է Վան գտնուած շրջանին։ Ապա Պոլսէն եւ Լօզանէն։ [28]

Իշխան Նիկոլ Միքայէլեան։

Իրազեկ Տիգրան Բաղդասարեան։ Ականատես եւ մասնակից Շատախի բոլոր դէմքերուն (1915) եւ յետոյ ղեկավարած Շատախի ինքնապաշտպանութեան կռիւները։ Իրազեկ ստորագրութեամբ լոյս ընծայած է իր վկայութիւնները (1915-ի թիւ 20-էն սկսեալ)։ [29]

Խ. Խորխոռունի Խոսրով Խանջեան։

Հայկունի Վահան Տէր Պետրոսեան։

Մխիթարեան Օննիկ, գործածած է Ֆէնիքս եւ Քօնսիւլ ծածկանունները։

Փափազեան Դաւիթ։

Փոխարեան Փոխանեան Արմենակ։

1915-ի Մայիսի թիւերուն մէջ յօդուածներ ստորագրած են կարգ մը ընկերներ (շարքային) եւ անկուսակցական մտաւորականներ՝

Յ[ովհաննէս] Կուլօղլեան, Յովհաննէս Աւագեան եւ ուրիշներ։ [30]

Բարունակ Կապուտիկեանի եւ ապա Հմայեակ Մանուկեանի ջանքերով կը փթթին Լեռ Կամսար (Արամ Թոմազեան), Յովհաննէս Աւագեան, Կարապետ Սիտալ եւ Վեսպէր . Տապպաղեան)։ [31]

 

Հաւաքածոներ

Բաւական ամբողջական հաւաքածոյ մը ունի ՍՄԿԿ Կենտկոմին առընթեր մարքսիզմ-լենինիզմի ինստիտուտի հայկ. մասնաճիւղի գրադարանը։ Պակասաւոր հաւաքածոներ կան Միասնիկեանի անուան հանրապետական գրադարանին, Հայաստանի պետական պատմական թանգարանի գրադարանին, Թիֆլիսի պետական համալսարանի գրադարանին եւ Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան գրադարանին մէջ։ [32]



[1]            Գարեգին Լեւոնեան. Հայոց պարբերական մամուլը [կրճատ՝ Հ. Պ. Մ. ] Երեւան. 1934. թիւ 495:

[2]            Յովհաննէս Պետրոսեան. Հայ պարբերական մամուլի բիբլիոգրաֆիա [կրճատ՝ Հ. Պ. Մ. Բ. ], Բ. հատոր. Երեւան. 1957. էջ 168: Ինք ալ կը կրկնէ Գ. Լեւոնեանի սխալը. գրելով, «1912 թուից դառել է եռօրեայ»:

[3]            Հ. Պ. Մ. Մ. թ, 1307:

[4]            Հայրենիք ամս. Բ. տարի. թիւ 11 ( Սեպտ, 1924). էջ 78:

[5]            Հ. Պ. Մ. անդ:

[6]            Հ. Պ. Մ. Բ. անդ:

[7]            Հ. Պ. Մ. Մ. անդ:

[8]            Հայ Հանրագիտակ. էջ 914:

[9]            էջ 572:

[10]          Վասպուրական…, էջ 291։

[11]          Հ. Կոսոյեան. «Ա, Մաքսապետեան». Վարագ. թ, 19 (Հոկտ,, 1957). էջ 22: Հոս՝ խմբագրութեան շրջանին համար կ'ըսէ «մօտ մէկ եւ կէս տարի». իսկ այլ տեղ՝ «մէկ տարի». Վարագ. թ, 62 (Յուլիս 1968). էջ 17: Մենք առաջին հաստատումին հետ ենք (մինչեւ 1912-ի ամառը). ուր նշած է գործը լքելուն դրդապատճառը:

[12]          Վասպուրական. էջ 291:

[13]          Ա, տարի. թ, 12 ( 28 Փետր, - 13 Մարտ 1909). էջ 188-189:

[14]          Անմահներուն հետ. էջ 166: Խ. Թիւթիւնճեան վանեցի է: Եղած է Պոլսոյ իրաւաբանական համալսարանի ուսանող: Դասընթացքներուն առկախման պատճառով. 1912-ի վերջերը կը պարտաւորուի վերադառնալ Վան: Կը լծուի կուսակցական քարոցչական աշխատանքի: Կ'աշխատակցի Աշխատանքին: Մտերիմներէն է Բ, Կապուտիկեանի: Իր յուշերը. որոնք լոյս տեսած են 1974-ին (62 տարի ետք). կրնան անձերու յաջորդականութեան եւ տարիներու շփոթներ պարունակել:

[15]          Նոյն, էջ 198-199։

[16]          Նոյն, «Օ. Մխիթարեան», Վարագ, թ. 41 (Հոկտ., 1963), էջ 47։

[17]          Հայրենիք ամս., Բ. տարի, թ. 11 (Սեպտեմբեր, 1924), էջ 79։

[18]          Սիրուն Պետրոսեան, «Օ. Մխիթարեան», Վարագ, թ. 21 (Ապրիլ, 1958), էջ 26։

[19]          Անմահներուն հետ, էջ 200։

[20]          Անդ։

[21]          «Իշխան» (Նիկոլ Միքայէլեան), Հայրենիք ամս., Ե. տարի, թ. 3 (Յունուար, 1927), էջ 82-83։

[22]          Վասպուրական, էջ 309։

[23]          Հ. Կոսոյեան, «Ն. Պասեան», Վարագ, թ. 43 (Հոկտ., 1963), էջ 29։

[24]          «Յուշեր Աբր. Գիւլխանդանեանի մասին», Հայրենիք ամս., ԻԴ. տարի, թ. 5 (Սեպտ. -Հոկտեմբեր, 1946), էջ 89-90։

[25]          Էջ 168։

[26]          Վերջին երկու յօդուածներու էջերու նշման մէջ կրնան էջերու վրէպեր ըլլալ։ Իսկ Լուրերը կրնան ըլլալ «Վանի կուսակցութիւնից»։

[27]          Օննիկ Մխիթարեան, «Վանի ինքնապաշտպանութիւնը», Հայրենիք ամս., Բ. տարի, թ. 9 (Յուլիս, 1924), էջ 128։

[28]          Անմահներուն հետ, էջ 201։

[29]          Օննիկ Մխիթարեան, նշ. աշխ., Հայրենիք ամս., Բ. տարի, թ. 8 (Յունիս, 1924), էջ 95։

[30]          Օննիկ Մխիթարեան, «Իշխան», Հայրենիք ամս., Ե. տարի, թ. 3 (Յունուար 1927), էջ 75։

[31]          Խ. Թիւթինճեան, Անմահներուն հետ, էջ 171։

[32]          Ա. Կիրակոսեան, Հ. Պ. Մ. Մ., թ. 1307։