Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒ

Վանի երիտասարդութեան գաղտնի թերթ։ 1915՞։

Օննիկ Մխիթարեան այս թերթի 1915-ի Փետրուարի թիւին ակնարկութիւն կ՚ընէ երկու առիթով։

1) 1915-ի Ապրիլեան հերոսամարտէն առաջ պատահած դէպքերուն անդրադառնալով, կը խօսի Աւզարիկի կոտորածին մասին։ Տողատակի բացատրութեան մէջ կը գրէ. «Այս դէպքերու[ն] արձանագրութիւնը քաղուած է Վանի երիտասարդութեան հրատարակած Տեղեկատու գաղտնի թերթէն 1915 Փետրուար»։ [1]

2) Նոյն օրերուն պատահած խումարցի Պետրոսի եղերական վախճանը։ Հոս ալ տողատակի ծանօթութեան մէջ կը գրէ. «Այս դէպքերու[ն] արձանագրութիւնը նոյնպէս վերցուած է Տեղեկատուէն»։ [2]



[1]            Նշ. աշխ., Հայրենիք ամս., Բ. տարի, թ. 6 (Ապրիլ, 1924), էջ 94։

[2]            Նոյն, էջ 96։