Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԶԱՔԱՐԻԱ Բ. ՎԱՂԱՐՇԱՊԱՏԵՑԻ

1533. ՅԱՋՈՐԴԵԼՈՒՆ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐԸ

Զաքարիայի անունը առաջին անգամ կը յիշէ Դավրիժեցին 1515-ին, իբր միակ եւ միահեծան հայրապետ, գրելով կաթողիկոս տէր Զաքարիա, բայց մենք արդէն ըսինք թէ հաւանական է աւելի կանուխէն սկսիլ անոր կաթողիկոսութիւնը ( § 1523): Չենք կարծեր բնաւ որ Զաքարիա առանց աթոռակից ըլլալու ուղղակի գահակալ կաթողիկոս ընտրուած ըլլայ: Աթոռակցութեան սովորութիւնը օրէնքի ձեւ առած ըլլալու չափ արմատացած էր, եւ եթէ բացառիկ բան մը հանդիպած ըլլար, անշուշտ յիշուած կ՚ըլլար: Այլ թէ երբ Զաքարիա աթոռակցութեան կոչուեցաւ, որոշ յիշատակութիւն չենք գտներ: Անորոշ ակնարկ մը կը գտնենք յիշատակարանի մը մէջ. Յիշեցէք զfi ետն Զաքարիա, որ զհաւատս Հայոց նոր գնեաց ի յանօրէն առաջնորդաց, եւ զեկեղեցիքս ազատեաց Աստուծոյ տեսչութեամբ եւ ձեռօք իւրովք: Թուականն է 1506 ( ԹՈՐ. Բ. 253): Մաշուած գիրերը կրնան լրացուիլ թէ վարդապետ եւ թէ հայրապետ բառերով, սակայն վերագրուած գործը, որ է բոլոր Հայոց եկեղեցիները ազատել, ընդարձակ ձեռնարկ մը ըլլալուն, աւելի կը միտինք հայրապետ կարծել յիշեալ Զաքարիան, քան վարդապետ, մանաւանդ որ նոյն տեղ առանձինն յիշուած է տեղւոյն այսինքն, Լիմին առաջնորդը տէր Յովհաննէս: Այդ խօսքը Աղթամարի վերջին Զաքարիա կաթողիկոսին ալ չի յարմարիր, քանի որ նա 1494-ին վախճանած էր ( § 1526), եւ ահա թէ ինչպէս կը հասնինք տէր Զաքարիան 1506-էն կաթողիկոս ճանչնալ, գոնէ իբրեւ աթոռակից: Բուն գահակալութիւնը հաւանական ըսինք 1515-է առաջ դնել, թէպէտ չենք կրնար վկայութեամբ հաստատել: Ըսինք ալ որ փաստ մը չկայ Եղիշէ Բ. եւ Ներսէս աթոռակիցները գահակալութեան բարձրացնելու ( § 1522), եւ եթէ Սարգիս Միւսայլէ ետքը Զաքարիան կ՚ընդունինք իբր բուն գահակալ, պէտք է ենթադրել թէ Սարգիսէ առաջ մեռած էին Եղիշէ եւ Ներսէս աթոռակիցները, եւ անոնց տեղ աթոռակցութեան կոչուած էր Զաքարիա: Այս է մեր կարծիքը, եւ պէտք դատեցինք մեր կարծիքին հիմերն ալ յստակօրէն առջեւ դնել: Սոյն Զաքարիան շատեր Գ. կը հաշուեն, թուահամարի անցնընելով Զաքարիա Աղթամարցին, զոր մենք իբր հակաթոռ նկատեցինք եւ թուահամարի անցընելը անպատշաճ դատեցինք ( § 1492), ուստի մեր թուահամարով այդ Զաքարիային կը պատկանի Զաքարիա Բ կոչումը: Իսկ Վաղարշապատեցի մակդիրը կու տանք առ ի չգոյէ որոշ տեղեկութեան մը իր ծննդավայրին եւ պաշտօնատեղւոյն վրայ: Գործերուն ընթացքն ալ կը ցուցնէ թէ հայրապետութիւնը թէ ոչ ժառանգական, գոնէ սեփական իրաւունք մը դարձած էր Էջմիածնի միաբանութեան խումբին եւ Վաղարշապատի շրջանակին, որոնք իրենց անձնական շահին հետ, գոնէ Ամենայն Հայոց հայրապետական աթոռը անխափան պահելու եւ շարունակելու օգուտը ընծայեցին:

1534. ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ԵՒ ՍԷԼԻՄ

Երբոր Զաքարիա կաթողիկոսական գահակալութեան բարձրացաւ 1515-ին, կամ թէ այդ թուականէն ալ առաջ, երկիրը ահագին շփոթութեանց մատնուած էր, երկու հզօր վեհապետներու պատերազմներուն երեսէն, որոնք էին Պարսից շահ Իսմայէլը եւ Օսմանեանց սուլտան Սէլիմը: Սէլիմ թէպէտ իր հօր Պայազիտի անդրանիկը չէր, բայց Եէնիչէրիներու պաշտպանութեամբ յաջորդ նշանակուեցաւ, 1512-ին: Պայազիտ Բ. իր որդիներն ու թոռները կուսակալութեանց գլուխ անցուցած էր, որով փառասէր ձգտումներ եւ մրցակից հակառակութիւններ տեղի ունեցան, եւ Սէլիմ հետզհետէ իր փառասիրութիւնը ընդարձակելով, իր հայրը հրաժարելու եւ զինքն յաջորդ հռչակելու ստիպեց, եւ հրաժարելուն երրորդ օրը Պայազիտ մեռաւ եւ ամէնուն համոզումը եղաւ թէ Սէլիմ զհայր իւր եսպան ( ՍԱՄ. 175), որ եւ յաջորդաբար եղբայրները ու եղբօրորդիներն ալ սպաննել տուաւ, իր ապահովութեան համար, եւ Եավուղ կամ Անողոք մակդիր անունը ստացաւ: Շրջակայ թագաւորներէն Իսմայէլ միայն Սէլիմը չշնորհաւորեց, եւ Սէլիմ 40, 000 Շիի Իսլամներ, այսինքն Պարսիկներ կամ Պարսից դաւանակիցներ կոտորել տուաւ, որուն վրայ Իսմայէլ պատերազմ բացաւ, եւ Սէլիմի յարձակումներուն առջեւ երկիրը աւերեց որ պաշար չի գտնայ: Ասով մէկտեղ Չալտրանի պատերազմին մէջ Սէլիմ յաղթական եղաւ 1514- օգոստոս 23-ին, եւ Իսմայէլ վիրաւոր Թաւրիզի մէջ ալ ապահով չըլլալով, աւելի ներքին գաւառներ ապաւինեցաւ: Բայց իսկոյն ետ դարձաւ, երբոր Սէլիմի բանակը Պարսիկ սահմաններէն քաշուեցաւ, Օսմանեան կայսերութեան կցելով Հայաստանի մի մասը, այսինքն Կարնոյ, Կամախու եւ Մշոյ գաւառները, սակայն Էջմիածին եւ արեւելեան գաւառներ միշտ Իսմայէլի մնացին, որ դէպի Վրաստան եւ Կովկաս աւելի ընդարձակեց իր տիրապետութիւնը: Սէլիմ նոր արշաւանքներ կազմեց դէպի հարաւ, 1515-ին Ասորիքի, 1516-ին Միջագետքի, եւ 1517-ին Եգիպտոսի տիրեց, եւ 1517 ապրիլ 13-ին, Եգիպտացւոց վերջին սուլտանը Թուման կախաղանի վրայ սպանուեցաւ, եւ այդ օրէն խալիֆայութեան, այսինքն իսլամութեան Մարգարէին յաջորդութեան իրաւունքը Եգիպտացիներէն Օսմանցիներուն անցաւ, եւ Արաբացի տարրը զրկուեցաւ իր դարաւոր իրաւունքէն, որ Թուրք տարրին փոխանցուեցաւ: Այս պարագան աւելի փառաւորեց Օսմանեան կայսրութիւնը, որովհետեւ Սէլիմ Մէքքէի եւ Մէտինէի եւ բոլոր Արաբիոյ ալ տէրը հռչակուեցաւ, կամ ինչպէս պաշտօնապէս կը կոչուէր սուրբ քաղաքներու ծառայն ու պաշտպանն եղաւ: Եգիպտոսէ դարձին Երուսաղէմ ալ մտաւ յաղթանակով, եւ տեղւոյն քրիստոնեաներուն հպատակութիւնը ընդունեցաւ: Հայոց պատրիարքն էր Սարգիս, որ Յովհաննէս Թաւիլի ( § 1506) երրորդ յաջորդն էր Մարտիրոսէ եւ Պետրոսէ ետքը, եւ 1507-ին աթոռ բարձրացած էր ( ԲԱՌ. 51): Սարգիս փութաց նոր աշխարհակալին վաւերացնել տալ Հայոց ազգին սեփականութիւնները, եւ ներկայելով Էօմէրի եւ Սալահէտտինի եւ Եգիպտոսի սուլտաններուն հրովարտակները` անոնց հաստատութիւնն ուզեց, եւ Սէլիմ նոր մը տուաւ, որուն մէջ յականէ անուանէ յիշած էր զվանօրայս եւ զբաժինս տնօրինական սուրբ տեղեաց եւ զիրաւունս պատրիարքին: Սէլիմի հրովարտակը առաջինն ու հիմն է Օսմանեան վեհապետներէն Հայերուն տրուած վաւերագիրներուն ( ԱՍՏ. Ա. 248): Հայերը այդ առթիւ ոչ միայն իրենց ստացութիւնները ապահովեցին, այլեւ պաշտպանեցին Լատիններուն սեփականութիւնները, երբ Սէլիմ լսելով Լատինաց անթիւ ոսկիս եւ գանձս բազումս ունենալը, եւ ուզելով տիրանալ, անոնց եկեղեցականները բանտարկել հրամայեց, ուր եւ մնացին 29 ամիս, հազիւ ոգեպահիկ սնունդ ստանալով, ու բազումք մեռան ի քաղցու եւ ի դառն տանջանաց ( ԱՍՏ. Ա. 249):

1535. ԶԱՔԱՐԻԱՅԻ ՄԱՀԸ

Սէլիմի եւ Իսմայէլի Հայաստանի հողին վրայ մղած պատերազմները աղետալի եղան Հայ տարրին համար, գլխաւորապէս Իսմայէլի հրամայած աւերածներով ( § 1534), եւ այս նեղութիւնները անշուշտ Էջմիածնի եւ Զաքարիայի վրայ ալ ծանրացան: Որչափ եւ Դաւրիժեցին յայտնի նշանակած չըլլայ, հնար չէ ենթադրել որ Զաքարիա առանց աթոռակիցի մնացած ըլլայ, եւ որովհետեւ ինքն Սարգիսի աթոռակիցներուն վերջինն էր, ուստի մինակ չմնալու համար, անշուշտ իր կաթողիկոսութեան սկիզբը եւ ըստ սովորական ըմբռնման 1515-ին, իրեն աթոռակից մը առաւ, որ եղաւ նորէն Սարգիս մը, Սարգիս Դ. թուահամարի կարգով: Այդ Սարգիսի համար Ռոշքեան կը գրէ թէ 1496-էն Վրաստան կը գտնուէր, որ ըսել է թէ Սարգիս Գ. օրէն Վրաստանի առաջնորդ էր, այլ կերեւի թէ թուատառի սխալ մը սպրդած է, ուր կը գրէ թէ մինչեւ 1524 Վրաստան մնաց ( ԱՐՐ. 230), վասնզի չենք կրնար ենթադրել որ աթոռակից նշանակուելէն ետքն ալ, եւ գահակալութեան բարձրացած ատենն ալ կարող եղած ըլլայ Էջմիածինէ դուրս ապրիլ: Ռոշքեանի տուած տեղեկութիւնը կը ծառայէ մեզի Վրաստանցի մակդիր անունով որոշել այս Սարգիսը իր համանուններէն: Զաքարիայի գործունէութենէն բնաւ պատմելու յիշատակութիւն մը չենք գտներ, իսկ մահը կը ստիպուինք դնել 1520-ին, սա միակ պատճառով որ այդ թուականին աթոռակից Սարգիսը իբր բուն կաթողիկոս կը յիշատակուի Դավրիժեցիէն, եւ Զաքարիա այլեւս չի յիշուիր ( ԴԱՎ. 337): Նոյն մեկնութեամբ վարուած է նաեւ Երեւանեցիին 1520-ին դնելով Սարգիսի կաթողիկոսութիւնը ( ՋԱՄ. 20), եւ այսպէս կը շարունակեն յետագաներն ալ որչափ եւ Դավրիժեցին ըսած ըլլայ, թէ սկզբնաւորութեան տարիները չեն իրեն նշանակած թուականները ( ԴԱՎ. 334):

1536. ԽԱՉԱՏՈՒՐ ԿՈՂԲԱՑԻ

Երկու նոր վկաներու յիշատակներ ալ այդ միջոցին կ՚իյնան: Խաչատուր Կողբացի, ամուսնաւոր աշխարհական մը, բնակութեամբ եւ գործով Ամիթ կամ Տիարպէքիր հաստատուած էր: Չենք գիտեր ինչ դրդմամբ երկու զինուորներ օր մը Խաչատուրի համար կը վկայեն թէ տաճկցած էր, մինչ Խաչատուր կը բողոքէր: Բազմութիւնը կը խռնուի, ուրացութեան բռնադատութիւններ կը շարունակուին, սպառնալիքներ կ՚ըլլան, քարեր կը կ՚ուտուին, բոցեր կը վառուին, բայց Խաչատուրի անյողդողդ մնալուն վրայ, կրակով տանջուելէ ետքը կը գլխատուի ( ՆՈՐ. 351), 1517 ապրիլ 7-ին, յաւուր Աւետեաց Սուրբ Աստուածածնին ( ՆՈՐ. 352), որ կ՚իյնար աւագ երեքշաբթի օրը, զոր չենք իմանար ինչու հրատարակիչները ապրիլ 5 կիրակիի ուզած են վերածել ( ՆՈՐ. 352):

1537. ԱՍՏՈՒԱԾԱՏՈՒՐ ԽԹԱՅԵՑԻ

Աստուածատուր Խթայեցի, բնիկ Մողոլ, Խթայ կամ Ղատայի երկրէն, որ է այժմեան Պուխարա գաւառը ( ՍԻՍ. 531): Մխիթար Բաղէշցի վաճառականը գնած էր զայն, տղայութեանը ատեն, երբոր այն երկիրները կը շրջէր, եւ իբրեւ զաւակ խնամած էր Բաղէշի մէջ, ուր տղան քրիստոնէութիւնը ընդունած եւ մկրտուած էր: Աստուածատուրի ծագումը մէջտեղ ելաւ երբ 18 տարեկան եղած էր, եւ լսուեցաւ թէ որդի է Թուրքի ( ՆՈՐ. 355), եւ այդ ամբաստանութեամբ ամիրային ատեանը կանչուեցաւ: Ոչ ողոքանք եւ ոչ սպառնալիք չկրցան խախտել Աստուածատուրի հաւատքը, եւ թէպէտ սովով եւ ծարաւով յոլով տանջեցին, երկար գանակոծեցին, ձմեռ ատեն սառուցեալ գետը նետեցին, թկնամէջը հուր վառեցին, ձեռքն ու ոտքը կրակի բռնեցին, սուրով մարմինը ծակոտեցին, եւ ամիսս ութ անխնայ չարչարեցին, սակայն չկրնալով զայն ուրացութեան հպատակեցնել, քարկոծմամբ նահատակեցին 1519-ին ( ՆՈՐ. 357): Աղթամարցի Գրիգորիս կաթողիկոս, որ յատուկ տաղ մը գրած է, նահատակութեան օրը նշանակած չէ ( ՆՈՐ. 358)