Անտիպներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻՏԷԱԼ ՍԷՐԸ

Աղուո՛ր, այտիդ վրայ սիրած վարսըդ բոցագէս
Հայելիին մէջ դէմքըդ հրակէզ
Դիտելով երկար՝ կու լաս ու կ՚երգես,
Թէ ինչո՞ւ ոչ ոք դեռ չի սիրեր քեզ…
Ոչ ո՞ք… Ուրեմըն դուն դեռ չի գիտե՞ս
Որ մէկը - քենէ գաղտնի ու անտես -
Կը սիրէ քեզի հրեշտակներու պէս։
Իր սէրը չ՚ուզեր ցոյց տալ ի հանդէս.
Բայց ըսեմ քեզի, եթէ կը պնդես՝
Թէ փոքր հասակէդ ան կը ճանչնայ քեզ…
Գիտէ թէ ծամերդ կեղծ են կէս ու կէս
Գիտէ թէ բոսոր շրթներդ հրակէզ՝
Առտու իրիկուն ինչո՞վ կը ներկես…
Գիտէ թէ հպարտ կուրծքըդ փրփրադէզ
Որ այնքա՜ն սաստիկ կը խռովէ մեզ
Հասարակ թուղթի քուրջ մ՚է պարզապէս.
Գիտէ թէ կապոյտ տոմսերու խենթ ես.
Թէ կ՚ուզես միայն հարսնիք ու հանդէս.
Թէ սիրտ մ՚ոտքիդ տակ սիրո՜վ կը թնդես
Թէ երկաթ ճիրանըդ՝ երբոր ուզես
Փայփայիչ ու գիրգ կ՚ըլլայ իբր սէզ.
Թէ …… [1]  եղեր է որ կեանքէն խլես

Քանի մը տասնեակ հոգիներ խլէզ…
Գիտէ որ ինչ որ ալ ըլլաս՝ կի՛ն ես
Շոյուելու համար ամէ՛ն բան կ՚ընես…
Գիտես սակայն որ խիղճովըդ սուրբ ես.
Թէ անմեղ ժպտով՝ աղունիկի պէս
Օրուան մէջ քանի՜ յիմար կը խաբես…
Բայց այս բոլորն ալ ան կը ներէ քեզ
Որովհետեւ իր հոգին սիրակէզ
Քու վրա՛յ կը խորհի երբ կը նուագես
Երբ ձանձրանաս, երբ նիրհես փափկագէս
Երբոր շրջես՝ սէրըդ հանած կրկէս
Երբ մթին անկիւն մը՝ մէկը գրկես…
Կ՚ըսես. «Այդքա՜ն սուրբ սիրտ մը սիրակէզ
Սարսափելի է…», - ուսըդ կը թօթուես.
Անշուշտ շատ աղէկ կրնար պատժել քեզ
Բայց իր սէրը շատ ներող է, շատ հե՜զ…
Ի՞նչ, չե՜ս հաւատար. ուսը՞դ կը թօթուես…
Այս խօսքերն անշուշտ չեմ հաներ քովէս։
Հարցո՛ւր, թաքուն, խիղճըդ օր մը թէ ո՞վ ես
Որ ինձ կը սիրես, մարմի՞ն ես, հո՞վ ես…
Ինք քու Արարիչ հայր Աստուածն է վէս…։

Լօզան, 15 Յունուար 1909



[1]     Անընթեռնելի