Անտիպներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՈՐՈ՞Ւ ՀԱՄԱՐ

Ըսաւ ինծի հայ վաշխառուն այն՝ որ
Հազար խեղճերու անկումն ահաւոր
Կ՚որոճար՝ երկաթ իր արկղին առաջ.
«Ի զո՜ւր են արցունք, ի զո՜ւր են հառաչ
Քու քնարիդ ձայնէն. - հաւատայ խօսքիս -
Աւելի՛ քաղցրիկ կը հնչէ ոսկիս…։

«-Ջուրին տուր հիւանդ սրինգըդ եղէգ,
Սիրե՜լ, երգե՜լ, լա՜լ, լացընե՜լ, աղէկ,
Սակայն լաւագոյնը կեանքն է արի.
Թող դողդոջուն ձեռքըդ սուրին փարի,
Օգնութի՜ւն կու լան եղբայրներ խեղդուկ»
Պատուիրեց ինձ քաջ մարտիկն հայդուկ։

Ու սարն աշխատող ծերը դողդոջուն,
Որ կ՚անգիտանար կեանքի մեծ ինչո՛ւն
Ըսաւ. «Անուշ են երգերըդ հնչուն.
Բայց մարդը մարդ է, թռչունը՝ թռչո՜ւն,
Շուրջդ, տե՛ս, ամէն տեղ աւերակ, վէ՜րք,
Օգնէ, թէ մարդ ես. նախ հա՛ց, յետոյ երգ»։

Պատուհանս բացի. ցայգէն ցրտահար,
Մերկ ու մութ ամբոխը «Հա՜ց» կը պոռար…
Գործարաններուն մէջ՝ միլիոնաւոր
Մարդ կեանք կու տային հացին թունաւոր…
Իջայ երկրին մութ խորքերուն մէջ ցած
Հանքագործներ՝ հոն կը փնտռէին հա՜ց…։

Մորթն երկու ստակ չարժող հայորդին,
…… [1] ասդին ու անդին,
Այլասերած, կեղծ ժողովուրդ անգոյն
Սողուններ անթո՜յն օձերուն հանգոյն
«Բոցին տուր, - ըսին. ա՜զգ, քերթուած, տռա՜մ,
Մէ՛կ կրօնք կայ՝ Կեղծիք, մէ՛կ Աստուած՝ Դրամ»։

Հա՜ց… Ես զգացի, ու քանի անգամ,
Որ նիւթը ստրուկ, Նիւթը անզգամ
Կը պոռար. «Մսէ կերտուած ես, նօթի՜
Ես միջազգային կրօնքն եմ նիւթի
Հերիք երգեցիր սէ՜ր, ազգ, բա՛ւ է ալ,
Ես եմ ճշմարիտ, չիկա՛յ Իտէալ…»։

Բայց ես երգեցի. ես ձեզի՛ համար
Երգեցի հիւանդ կեանքե՜ր անհամար,
Գաւառի տղաք, ճակատներ դողդոջ,
Մթին ծաղիկներ հազի՜ւ թէ բողբոջ։
Ես ձեզի համար հնչեցրի քնա՜ր,
Երգեցի քաղցած շունչովս անհնար…։

Ի՜նչ փոյթ քամահրանքն ու ծաղրն ամէնուն,
Դուք դեռ միամիտ սէրն ունիք անհո՜ւն
Վսեմին, Արուեստին, Սուրբ Իտէալին…
Ձեզ համար երգն է արդէն բանալին։
Դարերով կ՚երգէք, չունիք մէկ կոթող,
Մուսային ճամբէն կ՚երթաք դէպ ի հող։

Դուք որուն համար տո՛ղ մը սրտագին
Աղօթք մ՚է, հառաչ մ՚է, ճիչ մ՚է անգին
Դուք որ Գեղեցիկ մուսայիս կառքին
Ձեր սէրերով կը կանգնէք բագին,
Դուք որ կը ձօնէք ձեր տժգո՜յն հոգին
Մեռնող Արուեստին ու մեռնող Ազգին…։

Ես ձեզի համա՛ր է որ երգեցի
Ու իմ այս ամբոստ տաղերս առնացի,
Ծնցուցի փառքի այս ոստը կանա՛չ.
Թէ հազարներ զայն կոխե՜ն անճանա՜չ,
Դուք ձեր արցունքով պահեցէք դալար
Ցաւած ազգին հո՛ւսկ այս երգը խելառ…։



[1]     Անընթեռնելի