Անտիպներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԱՂՕԹՔ

Օ՜, անջրպետն անհունօրէն կ՚երկարի
Մո՜ւթ կիրքերուս անդնդախոր խաւարէն
Մինչեւ լոյսէ կոյս տաճարներդ եթերի։
Անհունօրէն, մեռելօրէն, հեգնօրէն,
Սրտիս ճամբան դէպի քեզի կ՚երկարի։

Ա՜խ, դէպի քե՜զ, ու դէպի քեզ, դէպի քե՜զ…
Ի՜նչ ահաւոր է բարձունքըդ սարսռագին,
Ու ի՜նչ երկար ու դառնօրէն հըրակէզ,
Կրակէ ճամբան քու աչերուդ Արեգին…
Ախ, դէպի քեզ, ու դէպի քեզ, դէպի քեզ…։

Դուն որ Սէրն ես, ու Իտէալն, ու Հոգին.
Ու ինչ որ կայ ամէնէն վեհ ու մաքուր.
Ու ինչ որ կայ լացընող մեր ախտագին
Սրտին հազա՜ր հիւսկէնները թաքթաքուր,
Դուն որ Սէրն ես, ու Իտէալն, ու Հոգին…։

Ցո՜յց տուր ինծի ոսկի շաւիղն եթերի.
Ցո՜յց լուսեղէն երկնազըւարճ այն ճամբան
Ուր էութիւնըս յոգնատանջ գալարի։
Բարձունքներուդ գալու համար անխափան
Ցո՛յց տուր ինծի ոսկեշաւիղդ եթերի։

Թողէ՜ք հոգիս, մսի երգեր գինեբո՜յր,
Թաքո՜ւն այրող այգեստաններ կանացի.
Կեանքի, մահո՜ւ բաժակ՝ խորշեր կաթնաթոյր.
Ուր ախտագին Արաս խեղդել ջանացի…
Մսի երգեր, խօլ ծաղիկներ գինեբոյր…։

Օ՜ մեղքերու ու վէրքերու խօլապար
Դիւացընո՜ր գերեզմաններ խաւարին
Ինչո՞ւ կմախք ձեր բազուկները կապար
Գարշապարիս մեռելօրէն կը փարին։
Ա՜խ, մեղքերուս դիւահանդէսն խօլապար…։

Ձեռքս աչերուս չ՚արտասուելու համար բնաւ
Վիրաւոր, ծեր արծուի մը պէս անկարող՝
Զազիր դիակս պիտի քաշեմ իր խոնաւ
Փոսէն մինչե՜ւ կոյս բարձունքներդ լուսաշո՜ղ։
Ա՜խ ի՜նչ ընել չ՚արտասուելու համար բնաւ…։