Անտիպներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԵՐԱԶ

Գեղեցի՞կ էր. չեմ գիտեր թէ դիտեցի՞,
Կը յիշեմ որ իր գիծերն իմ մտքիս մէջ
Ձեւացնելով՝ գիշեր մ՚ամբողջ ես լացի…։

Չեմ գիտեր ե՞րբ ճանչցեր էինք մենք իրար.
Սակայն ա՛յնքան մտերիմ էր սէրս անշէջ
Որ կարծես ան մշտնջենի քոյրս ըլլար…։

Ու մեր տղու սիրտերն իրար սիրեցին.
«Համբուրէ զիս», ըսաւ օր մը տրտմապէս,
Ես շուարա՜ծ այտըս տարի իր բերնին…։

Երբեք դպա՞ն ինձ շրթունքներն իր անշէջ.
Կ՚անգիտանամ… Երազ մ՚էր այս անոնց պէս
Որոնք կ՚անցնին երբեմն հոգւոյս մութին մէջ…։

Լօզան