Անտիպներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՄԵՐ ՍԻՐՏԸ

Ես վարդին ըսի. «Ո՜վ գեղեցիկ վարդ
Սիրտըս լեցուցեր սեւ ամպեր բարդ-բարդ,
Կուրծքիս վրայ դնեմ ժըպիտըդ զուարթ…
Ան ձեռքըս խոցեց
Թերթերը գոցեց
Թիթեռնին կ՚ուզէր բանալ իր սիրտը։

Կարապին ըսի. «Ո՜վ ճերմակ կարապ,
Գգուանքով լեցուր իմ հոգիս պարապ
Սիրտը սեւ դժոխք մըն է խոր վիրապ…»
Ան թեւըս հրեց,
Հեռացա՜ւ, լռե՜ց.
Ալեակին կ՚ուզէր բանալ իր սիրտը։

Ծեր սարին ըսի. «Ո՜վ խոժոռած սար,
Գահավէժ ձիւնիդ մէջ խե՜ղճ հոգիս ա՛ռ,
Պահէ խեղճ հոգիս պատանքիդ մէջ սա՛ռ…»
Ողբիս դառնահեծ
Ծեր սարը լռե՜ց.
Ան ջրվէժներո՜ւն բացաւ իր սիրտը։

Աղջկան ըսի. «Ո՜վ քոյրիկ, ո՜վ կոյս,
Բնութիւնն անտարբե՜ր կը լռէ հոգւոյս,
Դուն սիրէ գոնէ զիս, իմ յետի՜ն յոյս…»
Հուրի դէմքը կարմրեց.
Փախաւ ու լռե՜ց.
Ան խե՜նթ հովերուն բացաւ իր սիրտը։