Յօդուածներ եւ ելոյթներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՂԻՇԷ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԴՈՒՐԵԱՆ

Բանաստեղծ չեմ, բայց բանաստեղծի նման կը սիրեմ ապրիլ, զգացմանց գաղափարից, խոկմանց, երեւակայութեանց եւ յիշատակներու վսեմագոյն աշխարհին մէջ, եւ ով որ բանաստեղծութիւնը կը սիրէ՝ նաեւ զայն ներշնչող գերագոյն էակը, սրտերու եւ հոգիներու քննիչը, բնութեան քնարերգակը, բանաստեղծն։

Այս սէրն է ահա, այս սէրն, որ միտքս ու սիրտս կը յուզէ. երեւակայութիւնս կը վառէ. թերավարժ գրչիս մղում մը կու տայ ընդհուպ, որ վայրիկ մը դեգերի այն բանաստեղծին անհունութեան մի փոքր մասին մէջ, որուն հանճարը գիտակցութիւն է տուած ամէն ազգային անհատներուն եւ այլոց, որ զինքը կոչեն՝ Գեր. [ապայծառ] Տ. [էր] Եղիշէ Ծ. [այրագոյն] Վ. [արդապետ] Դուրեան…