Յօդուածներ եւ ելոյթներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱՂՈՒԱՆ ՅՈԲԵԼԵԱՆՆԵՐԸ

Կը մօտենայ թուականը այն կրկնակ յոբելեաններուն, զոր մեզ կը պարտադրեն տօնելու հայ տառերու գիւտն ու տպագրութեան մուտքը հայերուս մէջ։ Եթէ ակնարկ մը նետենք այդ երկու երեւոյթներուն վրայ, անկարելի է, որ կարենանք մեր հիացումը զսպել հայ ոգիին մեծութեան վրայ, որ միշտ ի յայտ եկած է իր յամառութեան եւ փիւնիկի յարաճուն թեւաւորումին մէջ։

Տառե՜ր, որոնք ծնունդ առին Սուրբի մը սրտին արիւնին մէջ եւ շարունակեցին միշտ իրենց յարափոփոխ ձեւերով ձուլուիլ արիւնի, հրդեհի եւ անպատում սրածութեանց խորը։ Ո՜վ պիտի կրնայ գրել այդ տառերուն պատմութիւնը, անոնք հրաշէկ գամերու նման Ցեղին գոյութիւնը հաստատեցին մագաղաթներու յաւերժական հաստատութեանց վրայ։ Աստուածային «Ա»-էն սկսեալ, որ աղօթողի մը նման բազուկները վեր կարկառած, դարերու ընթացքին մէջ, երկինքը հաստատ բռնեց հայութեան գլխուն վրայ, մինչեւ ինքնամփոփ «Ֆ»-ն, որ յոյսի քղամիդին փաթթուած, սի՜րտը միայն բաց, քալե՜ց, քալե՜ց դէպի Արշալոյսները գալիք օրերուն, այդ բոլոր տառերը, կ՚ըսեմ, կարաւան առ կարաւան առաջնորդեցին մեր գոյութիւնը, մեր հայականութիւնը մինչեւ ներկայ դարուն սեմին վրայ։

Փա՜ռք հայ տառերուն, որոնք անիմանալի խնամիութեամբ, մոգական գրիչներու տակ հաւաքուած՝ Եղիշէին լեզուն ոսկի ըրին, Բագրատունիինը՝ ադամանդ եւ Ալիշանինն ու Հայրիկինը՝ մեղր քաղցրահոս։ Հայ լեզուն այդ տառերու սանդխտամատերուն վրայ ոտն առ ոտն բարձրացաւ ամէն դարու ճակատին վրայ՝ հոն փորագրելու համար Անմահութիւնը Ցեղին։

Եւ Տպագրութի՜ւնը մեր մէջ. այդ կը նշանակէ հայ մտքին լուսացիր սփռումը չորս ծագն աշխարհի, ուր հայ մը կար պանդխտացած, ծարաւ՝ Մեսրոպեան լեզուին քաղցրահոս բարբառին։ Հայ մամուլին ճռինչը ողբ մը եղաւ յաւիտենական. ան երբեք բարձրագոչ չծիծաղեցաւ։ Լացաւ այդ մամուլը լուսաւոր արցունքներով, որոնք շիթ առ շիթ թափեցան հայ սրտին, հայ հողին վրայ ու երեւան բերին ամէն քանդումէ վերջ նո՛ր վերածնունդը, ամէն առկայծումէ վերջ՝ նոր հրդեհում։

Եւ մենք անոնց յոբելեանը տօնելով՝ տօնած պիտի ըլլանք ազգի մը դարաւոր մշակոյթը եւ մշակները։ Այդ մշակներուն մեծագոյնները, որոնք արժանաւոր կերպով գործածեցին տառն ու լեզուն, թուղթն ու մամուլը, այժմ ոչ եւս են։ Սահակի ու Մեսրոպի ոսկորները, Տարօնի եւ Օշականի մէջ, իրենց յոյսին մսաւորման կը սպասեն իրենք ալ մսաւորուելու համար։ Ալիշանինն ու Բագրատունիինը պանդուխտ հողի վրայ բնաշխարհի երազովը կը մորմոքին ու կը սրսփան։ Ինչպիսի՜ գուրգուրանքով առին անոնք տառի ու լեզուի այդ աւանդը ու յաջորդական ճիգերով զայն պահեցին, յղկեցին, անոնցմով գրականութեան ադամանդներ երեսակեցին ու յետոյ յանձնեցին նոր Սերունդին։ Այժմ այդ Սերունդը տէրն է այդ աւանդին. այդ կը նշանակէ, թէ տէրն է իր եւ իր յաջորդներուն գոյութեան կռուանին։ Ինչ աւելի նուիրական պարտականութիւն, քան անխորտակելի, անկորնչելի պահել այդ կռուանը։ Ատոր վրայ միայն կրնայ կազմուիլ անբաժանելիութիւնը հայ անհատներուն ու հատուածներուն, ատոր վրայ պիտի միանան ու իրարու բոցով հրդեհուին սիրտերը ուծացած, այդ կռուանին վրայ է ջահը դարաւոր Յոյսին ու վերածնունդը դարաւոր Ողջակէզին։

Անհատները կրնան ուծացուիլ, նժդեհութեան, սրածութեան մատնուիլ, բայց երբ հաստատուն պահուած է սիրտերու մէջ՝ տառերուն բեւեռը, լեզուին անշիջելի ճառագայթը, կը բաւէ այդ ճառագայթը իրար բերելու, իրարու միացնելու համար անհատները՝ իբրեւ ժողովուրդը, ժողովուրդը՝ իբրեւ Ազգ, Ազգը՝ իբրեւ Հայականութիւն։