Յօդուածներ եւ ելոյթներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ դաս

Ոճին ինքնուրոյնութիւնը

Հարց. Լաւ ոճ մը քանի՞ յատկութիւններ ունի։

Պատ. Ոճին բոլոր տեսակները երեք յատկութիւններու մէջ կամփոփուին։

1. Ինքնուրոյնութիւն

2. Կարճաբանութիւն

3. Ներդաշնակութիւն

Հարց. Ո՞րն է այն ոճը, որով պէտք չէ գրել:

Պատ. Ոճ մը կայ, որ բոլորովին պատրաստ է, հասարակ, առանց պատկերի եւ արտայայտութեան, քերականական եւ առանց ջիղի. կաղապարեալ ոճն է ան (style cliché)։ Ահա այդ ոճով պէտք չէ գրել։

Եթէ ամէնուն պէս պիտի գրէք՝ աւելորդ է գրելը։

Հարց. Ի՞նչ ոճով պէտք է գրել։

Պատ. Պէտք է գրել ինքնուրոյն ոճով, որ կը գրաւէ մեր ուշը, կը հրապուրէ, որ պատկերոտ է եւ ջղուտ։

Հարց. Ուրեմն ի՞նչ է ինքնուրոյնութիւնը։

Պատ. Ինքնուրոյնութիւնը կը կայանայ մասնաւորապէսբան մը անձնայատուկ կերպով ըսելու, գաղափարները նոր ձեւով ցայտեցնելու մէջ։

Հարց. Ի՞նչ է կաղապարեալ ոճը։

Պատ. Կաղապարեալ ոճը հասարակ տեղիք դարձած բացատրութիւններով գրուած ոճն է։ Այդ բացատրութիւնները ստէպ ճոռոմ են, զոր կարելի է պարզել, իրենց ներքեւ մթագնած կը պահեն ճշմարիտը, զոր ամէն գնով դուրս բերել եւ լուսաւորելու է։ Կ՚անձրեւէ ըսելու համար հարկ է միշտ կ՚անձրեւէ ըսել։

Գրողը պէտք է աշխատի իր գրուածքեն միշտ հեռացնելու հետեւեալ հասարակ բացատրութիւնիերը կամ շրջաբանութիւնները (périphrase), որոնք մեր նշանաւոր գրողներուն մէջ իսկ այսօր դժբախտաբար կը գտնուին։

 

Հասարակ բացատրութիւններ

Ազատութեան արշալոյսը:

Ազատութեան արեւը:

Ուժերը կրկնապատկել

Մտածումներ, որոնք մտքին

մէջ իրարու կը յաջորդէին Աւելորդ բառամոլութիւն

Սիրտը բացաւ դուռը բացաւ

Հոգեկան վիճակը պարզել անպէտ բացատրութիւն

Կատաղի թշնամի մը         յամա՜ռ ածական

Դէմքը խոր տխրութեամբ համակուեցաւ

Երեւոյթով ներկայանալ

Աչքերը հոգւոյն հայելին էին

Տպաւորութիւն կրել տպաւորուիլ

Այս առաջին զգացման յաջորդեց Տիգրանին (Ա) յաջորդեց Արտաւազդ Ա

Պաշտելիօրէն գեղեցիկ անիմաստ. ի՞նչ է գեղեցկութիւնը

Աչքերուն մէջ կը կարդացուէր… արտայայտութիւն մը        անիմաստ

Մահուան մանգաղը հնձեց

Ծաղիկ հասակին մէջ մեռաւ

Քսան գարուն տեսած է

Բռնութիւն ի գործ դնել բռնանալ

Ուժ ի գործ դնել ստիպել

Տխրութիւնը նկարուած է դէմքին վրայ

Իր քմահաճոյքին կը հնազանդի          անիմաստ խօսք

Յուսահատութեան մատնուեցաւ

Ձախողութեան մատնուեցաւ

Շքեղ կերպով զարդարուած սրահ մը պէտք է նկարագրել այդ զարդարանքը, հակառակ պարագային բացատրութիւնը անիմաստ է

Ընդգրկած սկզ բունքները

Ընդգրկած ասպարէզ ը

Տեսարան մը կ՚ընծայէր ֆրանս[երէն է]

Անդիմադրելի ձգողութիւն մը բիւր անգամ ըսուած

Դիմագիծերուն նրբութիւնը բիւր անգամ ըսուած

Բնազդօրէն գուշակել աւելորդ ածական

Շնորհալի աչքեր հասարա՜կ

Իր գեղեցկութեան ներդաշնակ գիծերը        իր ներդաշնակ գեղեցկութիւնը

Աչքերուն կապոյտը, մորթին թափանցկութիւնը մի՜շտ

Վարդամատն արշալոյս մաշած դասական

Անսահման ուրախութիւնը կամ սահմանել, կամ այդ մասին չխօսիլ

Վշտերու հովիտ. արտասուքի հովիտ աշխարհ

Փառաց գագաթնակէտը

Հարց. Կարելի՞ չէ երբեմն գործածել այս բացատրութիւնները։

Պատ. Երբեմն անհրաժեշտ կը դառնայ ասոնց գործածութիւնը, բայց տաղանդաւոր գրողները միայն կրնան զանոնք հաճելի ընել՝ տարբեր բացատրութեան մը կամ ուրիշ բառի մը միջոցաւ նորոգելով։

Օրինակ.

Որոնց արեան եւ արտասուաց հեղեղներ

Սընուցանին նոցա գըլխուն դափնիներ . Թերզեան) ։

«Արիւնի, արցունքի հեղեղը» մաշած ու ճոռոմ բացատրութիւն մը եղած է. բայց երբ կ՚ըսեմ, թէ ան կը սնուցանէ դափնիներ՝ այդ բացատրութեան իմաստը բաձրացուցած կ՚ըլլամ, ու հետեւաբար՝ գեղեցկօրէն նորոգած։

Ուրիշ օրինակ.

Արեամբ լեցուած է իւր կենացըն բաժակ . Թերզեան) ։

Ուրիշ օրինակ.

Յետոյ բացի սիրտս ու այնտեղ թաղեցի Երազն անկենդան . Չօպանեան) ։

Հարց. Կա՞ն ուրիշ կաղապարեալ ձեւեր։

Պատ. Կան նաեւ բոլորովին պատրաստ վերադիրներ, զոր կարգ մը բառերու ընկերացնել կարծէք ստիպուած են ոմանք։

 

Անիմաստ եւ կաղապարուած վերադիրներ.

Արդար բարկութիւն

Դառն հեգնութիւն

Աղի արցունք

Անբացատրելի սարսափ

Խուլ աղմուկ

Բնազդական մղում մը

Կատաղի թշնամի, երդուեալ հակառակորդ

Խոր տխրութիւն

Բարերար անձրեւ

Անակնկալ ուրախութիւն

Թափանցող միտք

Գերագոյն յուսահատութիւն

Դառն սուգ

Խնկելի յիշատակ

Նոյնպէս վերի ասացուածքները երբեմն լաւագոյն գրողներու գրչին տակ ալ կը գտնուին. աւելի անոնց յաճախակի գործածութիւնն է, որ կստեղծէ ոճին տափակութիւնը եւ տժգունութիւնը ։

Եթէ մի անգամ գործածենք զանոնք, կը գործածենք երկրորդ, երրորդ անգամ, ու այլեւս դժուար է հեռանալ այդ կարգի ոճէն։ Վասնզի դիւրին է տուիքներով գրել. խնդիրը անձնական ոճ ունենալուն վրայ է։

Երբեմն այդ բացատրութիւնները այնչափ առաջ կը տարուին, որ ծիծաղելի կը դառնան։

Օրինակ.

Լուսաճաճանչ արեւը երկնի կամարին վրայ

Քաղաքական հորիզոնը

Գիտական կալուածի վրայ

Գրական գետնի վրայ

Կարծեաց հոսանքը

Մահուան խորշակը

Եթէ ուզենք հասարակ բացատրութիւններու ցանկ մը շինել մեր կարգ մը բանաստեղծները Գամառ-Քաթիպա, Ալեք Ծատուրեան, Մկրտ. Աճեմեան, Յովհ. Սէթեան, Աղեք. Փանոսեան, Յովհ. Յովհաննիսեան առատ նիւթ կը հայթայթեն մեզի։

Օրինակ.

Ե՛կ, գարնան անձրեւ, թափուի՛ր յորդառատ

Ցրտացած երկրի սառ կրծքի վերա յ,

Թո՛ղ նորից երկիրն շունչ քաշէ ազատ,

Թո՛ղ նորա կրծքին ջերմ կեանքը եռայ.

Երկա՜ր նա տանջուեց դառնաշունչ ձմրան

Ցուրտ կապանքներում Քեզ ըսպասելով,

Նա շա՜տ համբերեց… կենսատու գարնան

Քաղցր կարօտը ջերմ փայփայելով։

Ալ. Ծատուրեան

Թէ մայր երկիրն ազատուեցաւ

Իւր կուռ, ճնշող կապանքից.

Յ. Յովհաննիսեան

Հարց. Մէկ խօսքով ի՞նչ բանի մէջ կը կայանայ ինքնուրոյնութիւնը։

Պատ. Նախ ինքնուրոյնութիւնը կը կայանայ բնական, ճիշդ, պարզ բառով գրելուն մէջ. թէպէտեւ այս բառը աւելի ծանօթ, աւելի շատ գործածուած ըլլայ, քան թէ կեղծօրէն վայելուչ ասացուածք մը, բայց կարելի պիտի չըլլայ զայն ուրիշ ձեւով արտայայտել աւելի ճշդութիւն, աւելի փայլ ձեռք բերելու համար։

Կարգ մը հեղինակներ, ինչպէս Խրիմեան Հայրիկ, Գարեգին եպ. Սրուանձտեանց, այս ոճին կը պարտին իրենց գրական արժանիքը։

Օրինակ.

«Թող այս սերմի օրհնութիւնը. թէ պատմեմ քեզ, Թոռնիկ, պիտի զարմանաս սերմանացան տանուտիրոջ երկիւղած ջերմեռանդութեան վերայ։ Այն օրէն, երբ ցանքը կը սկսէր, նա այլեւս տուն չէր դառնար դաշտէն, այլ բացօթեայ կը մնար, իւր գիշերահանգիստ արտին ակօսն էր, մինչեւ լրանար սերմնացանի ժամանակ։ Դու տեսնայիր, թէ ինչպէ՜ս կը սկսէր ցանք. նախ եւ առաջ գօտին պինդ կը կապէր՝ բուռն մի սերմէն առնելով շապկի սրտաբացէն կը ցանէր ծոցին երկու կողմը մինչեւ անթատակեր. յետոյ երեսը խաչակնքերով՝ կը սկսէր ցանել արտը։ Քսան եւ երեսուն օր կը տեւէր ցանքին աշխատութիւնը, մինչեւ կը ծլէին ցանուորի ծոցին հատիկներ, վասնզի արեւը նորա բաց կուրծքին վերայ զարնելով՝ ջերմութիւն կու տար եւ ի ներքուստ մշակին քրտինք իբրեւ ցօղ՝ հատիկներ թրջելով, ծիլեր կը հաներ։ Եւ այդ բան մի բարեգուշակ նշան մը կը համարուէր ցանուած արտերուն պտղաբերութեան։ [Գիտե՞ս, Թոռնիկ, ինչպէս արտավարութեան ժամանակ մշակ ու հօտաղ անոյշ-անոյշ երգելով կը խրախուսէին լծատար անասունները, այսպէս եւս սերմնացանը իւր խորհրդաւոր աղօթքի մրմունջներ ունի]»։

(Խրիմեան Հայրիկ)

«Փողոցներուն մէջտեղը՝ հասարակաց ընդարձակ ուղին, եւ ճղազարդ ծառոց թեւերն ու տերեւները այս եւ այն կողմէն իրարու գրկուած, խռնուած, սքանչելի հովանոցները կը կազմեն անցորդաց, որոց մէջէն արեւու ճառագայթները մանր-մանր հողմածփիկ աստղերու նման կը ծագին գետնին վրայ, անցնողին կամ նստողին գլխուն ու երեսաց վրայ ծածանելով, ինչպէս խաղաղ գիշերուան մը մէջ լուսնոյ հով ճաճանչները կը փայլեցնէ զեփիւռը՝ ծովուն ափանց մօտ եղած նօսր ջրերուն ծոցիկը։ Նոյն ծառերը, որոց կանանչ ու դալար վարսեր կ՚օծանին օդին ցօղով եւ արեւուն ջերմով, իրենց արմատները ի գնացս ջուրց կ՚ուռճանան. ջուրք խոխոջելով, գըլգըլալով կ՚անցնին, լզելով այն ծառոց ոտները, ոռոգելով իւրաքանչիւրին, սահմանեալ այգին, պարտէզն ու բուրաստանը…»։

(Գարեգին եպ. Սրուանձտեան)

Հարց. Պարզութիւնը բաւակա՞ն է ինքնուրոյնութեան համար։

Պատ. Պարզութիւնը ստէպ հակամէտ է տժգունութեան մէջ իյնալու, եթէ անոր չմիացնենք ոճին ցայտքը (relief) աւիւնը, պատկերներու նորութիւնը ։

Օրինակ.

«Աշնան իրիկուն մը, Արմէն կը շրջագայէր Ֆանառաքիի ծովափը. Արմէն գեղեցիկ տղամարդ մըն էր, հազիւ 30 տարեկան։ Սլացիկ հասակ, թխագեղ մորթ եւ խոշոր սեւ աչքեր ուներ։

Այդ ծովափն ընտրած էր՝ հոն լուծելու համար գոյութեան գերագոյն հարցը։

Որոշած ըլլալով գեղեցիկ մահ մ՚ունենալ, չէր կրնար լաւագոյն ընտրութիւն մը ընել։ Շրջանակն արժանի էր իր ծրագրին ողբերգական մեծութեան։

Ֆանառաքի՜։ Իրականացած ի՜նչ գեղեցիկ երազ։

Ֆանառաքին հողի լեզուամաս մըն է, որ շնորհալի կերպով կերկարի Պրոպոնտոսի մէջ, Քաղկեդոնի եւ Իշխանաց կղզիներու միջեւ ու հին Բիւզանդիոնի հանդիպակաց։ Պզտիկ փարոսին, որմէ առած է իր անունը, կը հետեւի անտառ մը նոճերու, պիստակենիներու եւ թթենիներու կանանչ վարագոյր մը երկինքի եւ ալիքներու կապոյտին միջեւ։ Ծովուն հոտէն յագեցած օդը միշտ թարմ եւ մաքուր է հոն, ուր թաքուն աստուածութիւն մը լիաբուռն կը թափէ երիտասարդութիւն, գեղեցկութիւն, շնորհ եւ հեշտանք»։

Հարց. Ոճի բնականութիւնը ստացակա՞ն յատկութիւն մըն է։

Պատ. Այո՛. անվհատ աշխատութեամբ ոճի բնականութիւնը կրնանք ընձեռել։ Բնականութիւնը արդիւնք է ճիգի ։ Օրինակ Յ. Պարոնեան բնական եւ անսեթեւեթ ոճով կրցած է տալ ամէնէն սուր եւ նրբին հեգնութիւններ։ Ղ. Աղայեան իր բնական շեշտովը ամէնէն սիրուն քերթուածները գրած է։