Յօդուածներ եւ ելոյթներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԹԱՏՐՈՆԻ ՇՈՒՐՋԸ

Թատրոնը բարոյականի դպրոց մ՚է։ Մարդս հոն բացարձակ կը տեսնայ յոռի կամ լաւ բարքեր, չարն ու բարին յստակօրէն կը պատկերանայ անոր աչքին առջեւ… թատրոնի մըթնոլորտին ներքեւ մարդ մերթ աչքին մէջ արտօսր մը ունի, մերթ շրթանցը վրայ ժպիտ մը, աչքը չուզեր հեռանալ անոր աչքէն, որ բեմին վրայ կը խօսի բուռն թէ մեղմ, տխուր թէ զուարթ…։